ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ 2008 թուականէն ի վեր առաջին անգամ եկեղեցւոյ տարեկան աւանդական ուխտի օրուան տօնակատարութիւններուն նախագահեց պատրիարք մը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր վիրապէն ելլելու տօնակատարութիւններու օրուան կը զուգադիպի այդ ուխտի օրը։ Սա Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 186-րդ տարեդարձն էր։
Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Ժիրայր Աքմերճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Հերման Փորթագալեանի։ Նախքան Տէրունական աղօթքը, Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ օրուան քարոզը։ Հաւատացեալներ համաճարակի շրջանի սահմանափակումներուն համապատասխան ձեւով հետեւեցան արարողութեան։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցաւ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի եւ գործակից ընկերներուն հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց թաղային խորհուրդին կողմէ տարուած աշխատանքը։ Օրուան քարոզին մէջ ալ ան գնահատած էր, որ թաղային խորհուրդը թէ՛ պայծառ կը պահէ իր եկեղեցին եւ թէ կ՚օժանդակէ ամբողջ համայնքին։ Եկեղեցւոյ խորհրդարանի զրոյցին ժամանակ ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յորդորեց նոյն ոգիով շարունակել։ Այս հանդիպման ներկայ էր նաեւ ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ, որ կը վերահսկէ եկեղեցապատկան քանի մը կալուածներու բարենորոգութեան ծրագիրը։ Ան աշխատանքներու ընթացքին շուրջ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Այդ դրական տեղեկութիւններու լոյսին տակ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց եւ մաղթեց, որ ծրագիրը ի կատար ածուի հնարաւորինս արագ եւ արդիւնքէն սկսին օգտուիլ թէ՛ Գուզկունճուքի եկեղեցին եւ թէ մեր ամբողջ համայնքը։