ՔԱԼԵԼ ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍՈՎ

Հոգեւոր ուրախութեամբ կը տօնենք տարւոյն երրորդ տաղաւարը, ժողովրդական աւանդական կոչումով Վարդավառը, իսկ եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Հայ քրիստոնէական իրականութեան մէջ Վարդավառի տաղաւարին ուրախութեան մէջ իրարու հետ կ՚ընդելուզուին մեր ժողովուրդի նախաքրիստոնէական շրջանի աւանդութիւններն ու քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքները։ Մեր եկեղեցին ի սկզբանէ իմաստութիւնը ունեցած է պահել հինը, զայն զգեստաւորելով նոր զգեստով։ Այսինքն այն աւանդութիւնները որոնք չեն վնասեր մեր քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներուն՝ պահուած են, միշտ թագադրուելով քրիստոնէական հաւատքի սրբութիւններով ու սկզբունքներով։ Վարդավառի տաղաւարին իրարու վրայ սրսկուած ջուրին ընդմէջէն յիշած ենք ջուրին մաքրիչ յատկութիւնը, մեր մկրտութեան սուրբ ուխտը։ Արձակուած աղաւնիներուն մէջ տեսած ենք առ Աստուած ներկայացուած խաղաղութեան խնդրանքներու առաքումը եւ աստուածապարգեւ խաղաղութեամբ օրհնուելու մեր յոյսն ու հաւատքը։ Վարդավառի կարմիր վարդին մէջէն յիշած ենք մեր հաւատքի կեանքի պայծառազարդումը՝ Քրիստոսով, Սուրբ Հոգիի ներգործութիւնը՝ հրեղէն զօրութեամբ եւ քրիստոնէական հաւատքի օրհնութեանց վարդաբոյր գեղեցկութիւնը։ Նաեւ մեր ժողովուրդը իր կարեւոր սուրբերէն Ս. Վարդան Մամիկոնեանի վարքին ընդմէջէն տեսած է հաւատքի վառ կրակի խորհուրդը եւ երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի բառերով Աւարայրի Զօրավարը կոչած՝ «բոսորափայլ արեամբ ներկեալ Վարդակարմիրն Վարդանայ յազգէն Մամիկոնի»։

Այս բոլորը յիշելով հանդերձ մենք մեր հոգեւոր աչքերը կը սեւեռենք դէպի Քրիստոսի Պայծառակերպութեան վայրը շնորհքի ակնկալութեամբ, զգալու հոն պարզուած սքանչելի տեսարանի առինքնող զօրութիւնը, երբ Քրիստոս կը յայտնուէր իր Աստ-ւածային բնութեան փայլով։ Մեր հաւատքի սկզբունքն է, թէ «Քրիստոս մարմին առած Աստուծոյ Խօսքն է»։ Ան նաեւ «օրինաց եւ մարգարէութեանց լրումն» է, ինչպէս որ ամէն Սուրբ Պատարագի աւարտին կը կարդանք եւ բոլորով սրտիւ կը խոստովանինք Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի աղօթքին բառերով։ Այս բառերը կը ցոլացնեն Քրիստոսի խօսքը, թէ «Ան չէր եկած Օրէնքը եւ մարգարէները ջնջելու, այլ լրացնելու» (Մատթէոս, 5.17)։ Պայծառակերպութեան վայրը ունի թելադրութիւններ, որոնց պէտք է ականջ տալ լաւագոյնս ըմբռնելու համար պայծառակերպութեան խորհուրդը։ Հոն պարզուած տեսարանին ականատեսները եղան Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները։ Քրիստոս անոնց առջեւ պայծառակերպուեցաւ, Սուրբ Աւետարանի գրաբար բառերով «այլակերպեցաւ առաջի նոցա» (Մատթէոս 17.1)։ Թէ ի՞նչ էր այդ սքանչելի տեսարանը։ Գալիլիացի պարզ զգեստներով շրջող Վարդապետը յանկարծ կը յայտնուէր լուսեղէն կերպարանքով։ Հին Կտակարանի օրէնքը ներկայացնող Մովսէսը, մարգարէական դպրոցի ներկայացուցիչ Եղիան յայտնուած էին հոն եւ կը խօսէին Քրիստոսի հետ։ Այդ սքանչելի տեսարանը շուարումի մատնած էր երեք առաքեալները, որոնցմէ Պետրոս խորապէս ազդուած ուզեց «երեք տաղաւարներ շինել, մէկը Քրիստոսի, մէկը Մովսէսի, միւսը Եղիայի համար» (Մատթէոս 17.3-4)։ Պայծառակերպութեան սքանչելի դէպքը իրականացաւ երբ Քրիստոս «կ՚աղօթէր» (Ղուկաս. 9.20)։ Այս հրաշալի տեսարանը մեզի կը ներկայանայ յիշեցնելու աղօթքի կարեւորութիւնը մեր կեանքէն ներս։ Եկեղեցւոյ աղօթանուէր սուրբերը իրենց վարքով վկայեցին, թէ յիրաւի կարեւոր էր աշխարհի սայթաքումներէն հեռու մնալու, սայթաքումներու հետ դէմ յանդիման գալու պարագային անոնց դէմ դնելու եւ ի վերջոյ անոնց յաղթելու զօրութիւնը կու գար աղօթքի զօրութենէն։ Այդ զօրութիւնն է որով մարդ կը կերպարանափոխուի, կ՚այլակերպուի դրական առումով։ Նոյնպէս այդ զօրութիւնն է, որով մարդ կը մերժէ ժխտական առումով այլակերպման առաջնորդող աշխարհի սատանայական ծուղակները։

Պայծառակերպութեան պահուն ամպին ընդմէջէն լսուեցաւ Հօր Աստուծոյ վկայութիւնը Քրիստոսի մասին. «Ատիկա է իմ ընտրեալ Որդիս, անոր լսեցէք» (Ղուկաս, 9.35)։ Քրիստոսի մասին Հօր Աստուծոյ առաջին վկայութիւնը լսուեցաւ Յորդանան գետի ջուրերուն վրայ, յետ Քրիստոսի մկրտութեան։ Այս երկրորդ վկայութեամբ Հայր Աստուած մեզի կարեւոր բանալի մը կը շնորհէ, բանալու համար մեր կեանքի պայծառազարդման դուռը։ Այդ է լսել Քրիստոսին։ Եթէ կը լսենք Անոր, ոչ միայն կ՚արժանանանք Աստուածային լոյսով լուսաւորուելու պատիւին, այլ նաեւ ընդմիշտ կը վայելենք Աստուածային օրհնութիւնները։ Յիշենք, թէ Քրիստոսի առաքեալները պարզ ձկնորսներ էին։ Անոնք Քրիստոսի մէկ խօսքովը թողուցին իրենց աշխարհիկ զբաղմունքը եւ հետեւեցան Իրեն։ Եթէ Քրիստոսի հրաւէրը անպատասխանի մնացած ըլլար եւ անոնք շարունակէին իրենց աշխարհիկ կեանքը, բնականաբար պիտի չկարենային ականատեսները ըլլալ պայծառակերպութեան սքանչելի դէպքին։

Տիրոջ ներկայութեան բարձրանալու գաղտնիքը Դաւիթ մարգարէն կը սորվեցնէ մեզի հարցման մը ու անոր տրուած պատասխանին ընդմէջէն։ Դաւիթ մարգարէ կը հարցնէ. «Տէր քու վրանիդ մէջ ո՞վ պիտի կենայ, կամ ո՞վ քու լերանդ վրայ պիտի բնակի» եւ կը պատասխանէ ըսելով՝ «Ան, որ անմեղութեամբ կը քալէ, արդարութիւն կը գործէ եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտին մէջ» (Սաղմոսք, 15.1-2)։ Դաւիթ մարգարէի բանալիին վրայ փորագրուած պայմանները ինչպէ՞ս կարելի է ներարկել մեր կեանքերէն ներս։ Այդ կարելի է միայն Քրիստոսի խօսքին լսելով։ Քրիստոս ի զուր չէ, որ Լերան քարոզին մէջ ըսաւ. «Երանի անոնց որոնք սրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն» (Մատթէոս, 5.8)։ Սրտով մաքուր անձերը անոնք են, որոնք անդրանցած են պարզ օրինական լուացման, միայն արտաքնապէս մաքուր երեւնալու օրէնքերու սահմանը եւ Աստուծոյ Խօսքին մարմնացումով իրենց ոտքը եկած փրկութեան Աւետարանին միջոցաւ թողած են աշխարհի գայթակղութիւնները եւ փոխանակ արտաքին մաքրութեան, ընդգրկած են Աստուծոյ Խօսքով ներքնապէս սրբուելու ճանապարհը։ Կարելի՞ է աշխարհի մէջ ապրելով սրբակենցաղ վարք ունենալ։ Անկարելի չէ այդ, սակայն ունի դժուարութիւններ որոնց կարելի է յաղթահարել հաւատքով։ Աստուծոյ Խօսքին մեր կեանքին մէջ տեղ յատկացնելու համար, նախ պէտք է լաւ հասկնալ, թէ առանց Աստուծոյ օգնութեան չենք կրնար յաջողութիւն արձանագրել այդ ուղղութեամբ։ ԶԱստուած երբ օգնականութեան կը կանչենք, արդէն իսկ մեր առաջին քայլը նետած ենք դրական առումով այլակերպուելու ճանապարհին մէջ։ Այդ ճանապարհին մէջ է, որ կը ծանօթանանք Աստուծոյ Խօսքին։ Այդ ճանապարհին մէջ կը տեսնենք համբերութեան, հաւատարմութեան, սրբակենցաղ կեանքի օրինակները եւ կը լսենք անոնց վկայութիւններուն։ Այդ ճանապարհէն ընթանալով կ՚առաջնորդուինք դէպի Սուրբ Գրքի սրբազան կատարները եւ կը վայելենք այդ կատարին վրայ ճառագայթող լոյսին ներկայութիւնը։

Պայծառակերպութեան տօնին, սրբազան շարականագիրին բառերով զՔրիստոս օգնականութեան կը կանչենք եւ կ՚երգենք ըսելով. «Քրիստոս Աստուած մեր, շնորհէ որ Պետրոսի եւ Զեբեդէոսի որդիներուն՝ Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի հետ արժանանանք քու աստուածային տեսիլքիդ»։ Նոյն շարականագիրին բառերով կը մաղթենք, որ Տէրը «մեզ բարձրացնէ զգալի Թաբորական լեռնէն աւելի բարձր, երկնաբերձ եւ զգալի խորաններ», որուն համար «մեր հողեղէն մարմինները վերածուին հոգեւոր տաղաւարներու, զանոնք յատկացնելով միակ Մարդասէր եւ Փրկչին բնակութեանը»։

Աստուած զմեզ հեռու պահէ ժխտական առումով այլակերպուելու փորձանքներէն, քանի որ սատանայական այդ փորձանքները կը փորձեն խափանել Քրիստոսի Մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ առողջ գոյատեւման առաքելութիւնը։ Այդ փորձանքներուն ներգործութիւնը կը դիւրանայ այն ատեն, երբ մենք տարուելով մեր մարդկային տկարութենէն, կամայ եւ ակամայ կը գործակցինք անոնց, աշխարհի իշխանը կը գերադասենք Խաղաղութեան Իշխանէն։ Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը այս առումով եւս ունի իր կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, թէ ո՞վ է մեր Փրկիչը եւ մենք որո՞ւն պէտք է հաւատանք, որո՞ւն պէտք է յուսանք, զո՞վ պէտք է սիրենք մեր ամբողջ էութեամբ։ Աղօթենք առ Աստուած, որ Իր ներկայութեամբ եւ Աստուածային զօրութեամբ բոլորս պահպանէ ամենազօր Սուրջ Աջին հովանիին ներքեւ եւ մեր կեանքը պայծառացնէ դրական առումով այլակերպութեամբ։ Ամէն։

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

6 յուլիս 2018, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Յուլիս 7, 2018