ՄԵՏՐԱՊՈԼԻՏ ՆԻՔՈԼՈԶԻ ԱՅՑԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեսակցեցաւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ախալքալաքի եւ Քումուրտոյի Մետրապոլիտ Նիքոլոզի հետ։ Այս վերջնոյն ընկերացաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Բաբգէն Վրդ. Սալբիեան։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Նիքոլոզ Մետրապոլիտի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցը ու ջերմութեամբ վերյիշեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Ախալքալաք։ Ան անդրադարձ կատարեց նաեւ Մետրապոլիտի նուիրեալ գործունէութեան։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ այցելութեան ընթացքին ականատես եղած է հայ եւ վրաց համայնքներու, նաեւ երկու եկեղեցիներու կառոյցներուն միջեւ ձեւաւորուած ջերմ փոխյարաբերութիւններուն ու սերտ համագործակցութեան։ Այդ ամբողջին մէջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Նիքոլոզ Մետրապոլիտի դերակատարութիւնը։ Ընդունելութեան համար Վեհափառ Հայրապետին խորին երախտագիտութիւն յայտնելով՝ Մետրապոլիտ Նիքոլոզ ուրախութիւն յայտնեց Հայաստան այցելելու հնարաւորութեան համար։ Ան կարեւորեց երկու ժողովուրդներու միջեւ շփումներու եւ կապերու զօրացումը՝ ի մտի ունենալով նաեւ ժողովուրդներու միջեւ պատմական աղերսները, ընդհանրութիւններն ու համանման աւանդութիւնները։ Զրոյցի տեւողութեան խօսուեցաւ երկու եկեղեցիներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղեալ ջանքերուն շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցիներու հոգեւոր-կրթական գործունէութեան, մասնաւորապէս եկեղեցականներու նոր սերունդի պատրաստութեան եւ հովուական ծառայութեան։ Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը վերստին գնահատեց Նիքոլոզ Մետրապոլիտի ջերմ վերաբերմունքը Հայ Եկեղեցւոյ եւ Սամցխէ-Ջաւախքի հայութեան նկատմամբ։ Նորին Սրբութիւնը անոր մաղթեց Աստուծոյ զօրակցութիւնը՝ պատասխանատու առաքելութեան մէջ։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024