ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒՀԻ ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆԻ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ ձօնուած էր անմոռանալի բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս յոբելենական ձեռնարկը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ գիտաժողովը, որու կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակցած էր նաեւ «Սիլվա Կապուտիկեան» գրական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը։ Գիտաժողովի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն։ «Հոգելոյս Սիլվա Կապուտիկեան մեր նոր գրականութեան մէջ թողած է կարեւոր աւանդ ու ժառանգութիւն, որուն մեր ժողովուրդը լաւ ծանօթ է թէ՛ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Սիլվա Կապուտիկեան ջերմութեամբ կապուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ։ «Իր ստեղծագործութիւնը պահապան զին-ւորի պէս կը հսկէ հազարագանձ մեր լեզուի մաքրութիւնը, մեր ժողովուրդի զաւակաց սրտերուն մէջ հայրենեաց սէրը, որպէսզի ազգս հայոց միաւորուած ըլլայ իր սրբազան, աստուածապարգեւ հայրենիքով եւ միշտ հարազատ իր ինքնութեամբ կերտէ իր կեանքը», ըսաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։

Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ նաեւ «Սիլվա Կապուտիկեան» գրական հիմնադը-րամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Թաթուլ Մանասէրեան։

Գիտաժողովի ծրագիրը ընդգրկեց բանախօսութիւններ եւ զեկուցումներ՝ անուանի բանաստեղծուհիի կեանքի, գործունէութեան եւ ստեղծագործական վաստակին վերաբերեալ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2019