ՅԻՇԱՏԱԿՄԱՆ ՕՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Ապ­րի­լի 6-ը հռչա­կեց Հա­մայ­նա­վա­րա­կան բռնա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն հա­լա­ծուած ու նա­հա­տա­կուած հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու յի­շա­տա­կի օր։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ նա­խըն­թաց օր, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին նա­խա­գա­հու­թեամբ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ նա­հա­տակ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց յու­շա­պա­տին առ­ջեւ։ Այս առ­թիւ ո­գե­կո­չուե­ցան հա­մայ­նա­վա­րա­կան բռնա­պե­տու­թեան զոհ դար­ձած հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ապ­րի­լի 6-ը ե­րա­նաշ­նորհ Տ.Տ. Խո­րէն Ա. (Մու­րատ­բէ­կեան) Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տի նա­հա­տա­կու­թեան օրն է, այդ թուա­կա­նը հռչա­կուե­ցաւ Հա­մայ­նա­վա­րա­կան բռնա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն հա­լա­ծանք­նե­րու եւ աք­սո­րի են­թար­կուած ու նա­հա­տա­կուած հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու յի­շա­տա­կի օր։ Հո­գե­հանգս­տեան կար­գին մաս­նակ­ցե­ցան Մայր Ա­թո­ռի միա­բան­ներ, պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը, բա­րե­պաշտ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ինչ­պէս նաեւ բռնա­դա­տուած ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու հա­րա­զատ­ներ կամ ժա­ռանգ­ներ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը օ­րուան խոր­հուր­դին շուրջ իր պատ­գա­մը ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը այս առ­թիւ ը­սաւ.

«Ա­ղօ­թա­կան ո­գիով կա­տա­րե­ցինք հա­մայ­նա­վա­րա­կան բռնա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն նա­հա­տա­կուած մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ ար­ժա­նա­ւոր սպա­սա­ւոր­նե­րու հո­գե­հանգստեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Մեր նա­հա­տա­կեալ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու շար­քին է նաեւ ե­կե­ղե­ցա­մարտ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ բռնու­թեան են­թար­կուած եւ սպան­նուած Խո­րէն Ա. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը՝ դժուա­րին ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­յոց հո­գե­ւոր կեան­քի վե­րա­զար­թօն­քի հա­մար ան­ձն­­դիր ջան­քեր ներդ­րած մե­ծա­նուն հայ­րա­պե­տը, ո­րու մա­հուան տա­րե­լիցն է այ­սօր։ Ո­գե­կոչ­ման այս ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը մե­զի վերս­տին ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ անդ­րա­դառ­նա­լու պատ­մու­թեան հո­լո­վոյթ­նե­րուն մէջ Ա­ռա­քե­լա­կան մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ կրած զրկանք­նե­րուն ու փոր­ձու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց ընդ­մէ­ջէն անց­նե­լու ժա­մա­նակ մեր Մայր Ե­կե­ղե­ցին չէ սպան­նըւած, այլ հաս­տա­տուն քայ­լե­րով շա­րու­նա­կած է իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս՝ շնոր­հիւ նուի­րեալ սպա­սա­ւոր­նե­րու կո­րո­վի ջան­քե­րուն ու սխրան­քին։ Երկ­նա­հա­ճոյ եւ ազ­գօ­գուտ ծա­ռա­յու­թիւ­նը նո­րոգ ձեռք­բե­րում­նե­րով զար­դա­րե­լու վճռա­կա­մու­թեամբ լի՝ հա­լա­ծանք­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին Տի­րոջ ար­ժա­նա­ւոր սպա­սա­ւոր­նե­րը կ՚ապ­րէին ու կը գոր­ծէին բա­զում ար­գելք­նե­րու ու խո­չըն­դոտ­նե­րու մէջ, առ Բարձ­րեալն ա­ղօ­թե­լով, առ Քրիս­տոս մեր Տէ­րը ան­բե­կա­նե­լի հա­ւա­տար­մու­թեամբ եւ լու­սա­ւոր գա­լի­քի յոյ­սով։ Պատ­մա­կան այդ ծանր շրջա­նին մեր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը ի­րենց կեան­քը զո­հե­ցին, որ­պէս­զի ան­մար մնայ հա­ւատ­քի լոյ­սը հա­յոց մէջ, շա­րու­նա­կուի մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւ հա­ւա­տա­ւոր հա­յոց ազ­գը դէ­պի փրկու­թիւն եւ յա­ւի­տե­նու­թիւն ա­ռաջ­նոր­դե­լու ծա­ռա­յու­թիւ­նը»։

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017