ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ

Երէկ, Արցախի մէջ պատմական օր մը ապրուեցաւ՝ Ստեփանակերտի մէջ կառուցուած Աստուածամօր Ս. Հովանի Մայր տաճարի օծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ օծուեցաւ նորակառոյց այս եկեղեցին, ուր մատուցուեցաւ նաեւ անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Ս. Աստուածածին Առաջնորդանիստ եկեղեցին կառուցուած է լուսահոգի բարերար Հրանդ Վարդանեանի երկու որդիներուն՝ Կարէն եւ Միքայէլ Վարդանեաններու կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններով։ Վարդանեան ընտանիքը ընդհանուր առմամբ 400 միլիոն հայկական դրամ յատկացուցած է այս եկեղեցւոյ շինարարութեան նպատակով։ Շաբաթավերջի օծման եւ անդրանիկ Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, նախկին նախագահներէն Արքատի Ղուկասեան եւ Արցախի պետական աւագանիէն բազմաթիւ դէմքեր մասնակցեցան արարողութեան։ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ներկայացուցիչներ ալ մասնակցեցան արարողութեան։

Եկեղեցական հոգեզմայլ արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Արցախի թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան, Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Օծման այս արարողութիւնը զուգադիպեցաւ Ս. Աւետման տօնին եւ Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցին անուանակոչեց Ս. Աստուածածին։

Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Օծման եւ անդրանիկ Ս. Պատարագի ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը այս նորակառոյց աղօթքի տան ընծայեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն տարուած Տիրոջ Ս. Ծննդեան սրբապատկերը, որպէսզի այդ տէրունական օրհնեալ դրուագին առջեւ աղօթելով՝ հաւատաւոր արցախցիները արժանի դառնան Տիրոջ բերած փրկութեան բիւր շնորհներուն։

Երկարամեայ հոգեւոր ծառայութեան եւ վաստակի գնահատանքով Նորին Սրբութիւնը Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանին շնորհեց եպիսկոպոսական պանակէ մը՝ Տիրոջ Ս. Աջի հանապազ զօրակցութեան սրտագին մաղթանքով։ Վեհափառ Հայրապետը Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեաններու նկատմամբ ալ արտայայտեց իր գնահատանքը եւ անոնց շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը։

Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ընծայեց Ծիրանաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ԺԷ. դարու պատմական սկիհը՝ պատշաճ նկատելով, որ այդ մէկը պահպանուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Օծման արարողութեան մասնակից հոծ թիւով հաւատացեալները ունկնդրեցին Նորին Սրբութեան պատգամին եւ ստացան իր օրհնութիւնը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019