ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութեան հետ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գտնուող բաժանմունքներու պաշտօնէութեան հետ Նորին Սրբութիւնը տեսակցեցաւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի յարկէն ներս։

Տէրունական աղօթքէն վերջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան ներկաներու անունով շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը բերկրալի տօներու առթիւ։ Ան վստահեցուց, թէ Մայր Աթոռի պաշտօնէութիւնը պիտի շարունակէ լծակից ըլլալ Հայոց Հայրապետին՝ ազգանպաստ եւ եկեղեցաշէն ծրագրերու իրականացման գործին մէջ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութեան անունով շնորհաւորական խօսք մը արտասանեց նաեւ համակարգչային եւ ճարտարապետաթեքնիկ սպասարկման բաժնի տնօրէն Սմբատ Մարգարեան։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ ներկաները շնորհաւորեց՝ անոնց յղելով իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց տարեմուտի այս հանդիպման համար՝ փոխանցելով իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը Մայր Աթոռի աշխատակազմին։ Ան ընդգծեց, որ աշխատակազմը իր գործը կ՚իրականացնէ սիրով, նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ։

Վեհափառ Հայրապետը հաւաքոյթի ընթացքին անդրադարձաւ յառաջիկայ ծրագրերուն, խօսեցաւ մասնաւորապէս տարուան ընթացքին նշուելիք յոբելեաններուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորութեամբ կանգ առաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին վրայ, քանի որ յոբելենական տօնակատարութիւններուն կարեւոր մասնակցութիւն պիտի բերուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը տեղեկացուց նաեւ, որ 2018 թուականը հռչակուած է Երիտասարդութեան տարի եւ սփիւռքի թեմերէն դէպի Հայաստան կը ծրագրուի երիտասարդներու բազմաթիւ ուխտագնացութիւններ եւ այլ ձեռնարկներ։

Զրոյցի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աշխատակիցներուն մաղթեց քաջառողջութիւն եւ ընտանեկան երջանկութիւն՝ հայցելով Երկնաւորին իր օրհնութիւնն ու շնորհները հեղել անոնց օճախներէն ներս, որպէսզի ուրախութեան զգացումով կարողանան իրենց ամբողջանուէր ծառայութիւնը բերել Ս. Եկեղեցւոյ։

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2018