«ԱՍՊԵՏ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ»

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, շա­բա­թա­վեր­ջին, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ մե­ծա­րան­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն մը՝ ի պա­տիւ Հա­յաս­տա­նի Բարձ­րա­գոյն դա­տա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Գա­գիկ Յա­րու­թիւ­նեա­նի, որ եր­կար ժա­մա­նակ գլխա­ւո­րած ըլ­լա­լով երկ­րի Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը վեր­ջերս հրա­ժեշտ ա­ռած էր այդ պաշ­տօ­նէն։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի տնօ­րի­նու­թեամբ Գա­գիկ Յա­րու­թիւ­նեա­նին շնոր­հուե­ցաւ «Աս­պետ Սուրբ Էջ­միած­նի» տիտ­ղոս եւ Հայ­րա­պե­տա­կան շքան­շան։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը այս տնօ­րի­նու­թիւ­նը կա­տա­րած է մե­ծա­րեա­լին կող­մէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի պայ­ծա­ռու­թեան բե­րուած բա­ցա­ռիկ ա­ւան­դին ու աս­տուա­ծա­հա­ճոյ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ 
Մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ մայ­րա­վան­քի տա­րած­քի «Գա­րե­գին Ա.» գի­տա­կան կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի սրբա­տառ կոն­դա­կը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս սրահ վե­րա­բե­րուե­ցաւ եւ ա­նոր ըն­թեր­ցու­մէն վերջ Գա­գիկ Յա­րու­թիւ­նեա­նին յանձ­նուե­ցաւ տիտ­ղո­սի շքան­շանն ու ըն­թեր­ցուած կոն­դա­կը։ Մե­ծա­րեա­լի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին ար­տա­յայ­տուե­ցան զա­նա­զան հիւ­րեր։ Գա­գիկ Յա­րու­թիւ­նեանն ալ հան­դէս ե­կաւ ե­րախ­տա­գի­տա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։ 
Հան­դի­սու­թիւ­նը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ա­ղօթ­քով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018