«ՄԵՐ ՅՈՐԴՈՐՆ ՈՒ ԿՈՉՆ Է, ՈՐ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ՉՅԱՊԱՂԻՆ ԻՐԵՐԸ ԱՆՈՒԱՆԵԼ ԻՐԵՆՑ ԱՆՈՒՆՈՎ»
Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած արդարութեան եւ խաղաղութեան միջկրօնական աղօթքը եզրափակուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին պատգամով։ Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, թէ Հայոց եղեռնի ոճրի ահռելիութեան եւ ահաւորութեան դիմաց նսեմացան պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին բաժին վիճակած տառապանքի եւ կորուստներու միւս դրուագները։ Եղեռնի տարողութեան եւ աշխարհի անտարբերութեան անհամատեղելի իրողութեան առջեւ հայ ժողովուրդը անցեալ հարիւր տարիներու ընթացքին բոլորէն առաւել ունեցաւ արդարութեան քաղցն ու ծարաւը։ «Պետութիւններու մասնաւոր շահերու եւ քաղաքականութեան զոհասեղանին բազմիցս ողջակիզուեցաւ մեր ժողովուրդի արդարութեան պահանջը, իսկ ժխտողականութիւնն ու անպատժելիութիւնը խրախոյս եղան ցեղասպանութեան նոր ողբերգութիւններու», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Իր խօսքին մէջ ան մատնանշեց նաեւ հետեւեալը.
«Աշխարհի տարբեր ծագերուն կը շարունակենք ականատես ըլլալ բռնութեան, մարդու իրաւանց ոտնահարման, զանգուածային սպանութիւններու եւ էթնիք զտումներու։ Մարդիկ կը շարունակեն տառապիլ քաղաքական, տնտեսական, ազգամիջեան եւ կրօնական հակամարտութիւններէն։ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մասնաւորապէս՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի կ՚ունենան անասելի ողբերգութիւններ։ Իրենց հաւատքին համար կը նահատակուին նաեւ քրիստոնեաներ, կ՚աւերուին սրբութիւններ։ Այդ աւերներէն օրեր առաջ հալածուեցաւ նաեւ դիտաւորութեամբ կործանուած Հալէպի Սրբոց Քառասուն Մանկանց 15-րդ դարու հայկական եկեղեցին»։
Չդադրող եւ տագնապայարոյց այս ցաւալի իրավիճակներուն լոյսին տակ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ պարտաւորութիւն կը յառաջանայ միջազգային իրաւունքի ընձեռած բոլոր հնարաւորութիւններով, միջկրօնական ու միջեկեղեցական համագործակցութեամբ ձեռնարկել քայլերու՝ կանխելու համար մարդկութեան եւ մարդկային կեանքի ու արժանապատուութեան դէմ գործուող չարիքներն ու եղեռնագործութիւնները։ «Ընդհանուր այս մտահոգութեան առջեւ բոլորս՝ պետութիւն, եկեղեցի, հասարակութիւն, պէտք է հոգանք, որ 21-րդդարու գիտաթեքնիկ յառաջընթացին ներդաշնակ՝ բարձրութեան վրայ պահպանուի հոգեւոր-բարոյական արժեհամակարգը։ Քանզի այս ընթացքները մեծ չափով հետեւանքն են հասարակական ներկայ կեանքէն ներս բարոյական արժէքներու նահանջին», շարունակեց ան։
Իր պատգամի վերջին բաժնին մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետը աղօթք բարձրացուց, որպէսզի աշխարհի վրայ վերջ գտնեն մարդկութեան դէմ իրագործուող յանցագործութիւնները, ցաւն ու տառապանքը, ժողովուրդներու եւ պետութիւններու կեանքէն ներս հաստատուի ճշմարտապէս եղբայրութիւն եւ խաղաղութեան ու համերաշխութեան մէջ յագենան արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունեցող բոլոր հոգիները։ «Մեր յորդորն ու կոչն է, որ պետութիւնները եւ պետութեանց ղեկավարները չյապաղին իրերը անուանել իրենց անունով եւ ճանչնան ու դատարպարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։