ԱՐԷՏ ԿԸՃԸՐԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Նկա­րիչ Ա­րէտ Կը­ճըր ներ­կա­յիս բա­ցած է իր ան­հա­տա­կան երկ­րորդ ցու­ցա­հան­դէ­սը։  «Ընդ հուր եւ ընդ սուր» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան բա­ցուե­ցաւ Ղա­լա­թիոյ «Էօք­տէմ եւ Այ­քութ» գե­ղա­րուես­տաս­րա­հին մէջ։ Մին­չեւ 9 Մա­յիս բաց պի­տի մնայ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կ՚ընդգր­կէ Ա­րէտ Կը­ճը­րի վեր­ջին շրջա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ 

«Ընդ հուր եւ ընդ սուր» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ իր ա­նու­նը կ՚առ­նէ Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի 1909-ի Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծին տուած բնո­րո­շու­մէն, կը քննէ Ա­նա­տո­լուի մէջ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ պա­տա­հած, ան­դառ­նա­լի բե­կու­մը։ Իր այս ցու­ցա­հան­դէ­սով՝ Կը­ճըր կը փոր­ձէ մեր­ձե­նալ Ա­ղէ­տին՝ մեկ­նե­լով, մինչ 1915-ը եր­կա­րող մի­ջո­ցին, ի­րենց զա­ւակ­նե­րը, ըն­տա­նիք­նե­րը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, դպրոց­նե­րը, հո­ղե­րը եւ ի­րենք զի­րենք պաշտ­պա­նե­լու հա­մար զի­նուած, ապ­րե­լու հա­մար դի­մադ­րող հայ կա­նանց պատ­մու­թիւն­նե­րէն։

Ա­րուես­տա­գէ­տը, իր կտաւ­նե­րուն մէջ, վե­րա­ցար­կուած տա­րած­քը եւ մար­դի­կը այլ տա­րա­ծու­թիւն մը փո­խադ­րե­լով կ՚օ­տա­րաց­նէ եւ ան­գամ մը եւս կը վե­րա­ցար­կէ։ Դէմ կը կե­նայ Ա­նա­տո­լուի «մի­նակ», «վի­պա­պաշտ», «ա­մա­յի» եւ «կա­յուն» պատ­կեր­նե­րուն, ո­րոնք Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան վեր­ջին եւ Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րէն ի վեր շա­րու­նակ վե­րար­տադ­րուած են՝ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ա­րուես­տի, գրա­կա­նու­թեան եւ շար­ժա­րուես­տի մի­ջո­ցով։ Ան կը մատ­նան­շէ, որ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ եր­բեք ճշմա­րիտ չէ ե­ղած Ա­նա­տո­լուի այն մտա­պատ­կե­րը, ո­րուն յատ­կա­պէս 90-ա­կան­նե­րէն ետք վերս­տին կը փոր­ձեն տար­բեր ի­մաստ­ներ վե­րագ­րել։ 

«Ընդ հուր եւ ընդ սուր» այս կի­նե­րը, ո­րոնց պատ­մու­թիւն­նե­րը եւ ա­նուն­նե­րը նուազ յայտ­նի են, ա­ռա­ռա­ւելն քա­նի մը լու­սան­կար միայն մնա­ցած է ի­րենց­մէ, մեր դէմ կը յայտ­նուին վկա­յու­թեան եւ վկա­յու­թեան ան­կա­րե­լիու­թեան մի­ջեւ։ Կտաւ­նե­րը թե­րեւս կը հար­ցաքն­նեն ա­րուես­տա­գէ­տին կա­րե­լիու­թիւ­նը՝ միտ­քի սահ­ման­նե­րով Ա­ղէ­տը հասկ­նա­լու, ինչ­պէս կ՚ը­սէ վի­պա­գիր Յա­կոբ Օ­շա­կան՝ «Ա­ղէ­տը՝ ան­հուն, բայց տա­րօ­րի­նակ կեր­պով միա­ձեւ, կը վրի­պի ա­րուես­տա­գէ­տին պա­րագր­կու­մէն․․․»։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015