ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ. ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ, ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՀԱՆՃԱՐԵՂ ԵՐԳԻՉԸ

Յու­լիս 4-էն 5-ի լուս­ցող գի­շե­րը, 107 տարի ա­ռաջ, մեր աշ­խար­հէն առ­յա­ւէտ բաժ­նո­ւե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մե­նէն գե­ղա­պաշտ բա­նաս­տեղ­ծը՝ Մի­սաք Մե­ծարենց (Մեծատուրեան, 1886-1908)։

Գե­ղե­ցի­կի պաշ­տա­մուն­քը կա­տա­րե­լութեան հաս­ց­նող բա­ռե­րու, պատ­կեր­նե­րու եւ զգայ­նու­թիւն­նե­րու ա­ռինք­նող աշ­խարհ մը ա­րա­րեց Մե­ծա­րենց, որ ճա­կա­տագ­րո­ւած էր ապ­րե­լու միայն քսաներկու տա­րի…

Որ­քան ժա­մա­նա­կը կ­՚անց­նի, այն­քան հայոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման մէջ միտք ու հո­գի ազ­նո­ւաց­նող իր շունչն ու բա­բա­խու­մը զգա­լի կը դարձ­նէ Մե­ծա­րենց, ո­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան վաստա­կը թէեւ զրկո­ւե­ցաւ քա­նա­կով ա­ճելու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն, բայց անկրկ­նե­լի բար­ձունք մը նո­ւա­ճեց իր հան­ճա­րեղ ո­րա­կով։

Հա­յոց գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հանճա­րի ա­մե­նէն բո­ցա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծը՝ Ե­ղի­շէ Չա­րենց ա­մե­նայն հա­րա­զա­տու­թեամբ կ­­՚ար­տա­յայ­տէր Մե­ծա­րեն­ցի հանդէպ մեր ժո­ղո­վուր­դին տա­ծած պաշ­տամուն­քը։

Ճիշդ այդ­պէ՛ս, բնու­թիւնն ու մարդ էակը, գե­ղեց­կու­թիւնն ու սէ­րը Մե­ծա­րենց վե­րածեց յա­ւեր­ժա­կան եր­գի եւ, իբ­րեւ ա­նեզր ու ան­հուն՝ խո­րա­խոր­հուրդ մէկ աշ­խարհ, ժա­ռանգ կտա­կեց հա­յու հո­գիին՝ սե­րունդնե­րու շրթնե­րուն զար­դը դարձ­նե­լով իր անկրկ­նե­լի «­Սի­րերգ»ը։

1886 թո­ւա­կա­նի Յու­նո­ւա­րին Ակ­նայ (­Խար­բերդ) Բին­կեան գիւ­ղը ծնած էր Մե­ծատու­րեան Մի­սաք, որ նախ­նա­կան իր կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ծննդա­վայ­րի Մես­րոպեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Ակ­նայ շրջա­նը մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Մե­ծա­րեն­ցի բա­նաս­տեղ­ծա­կան կազ­մա­ւոր­ման վրայ. մէկ կող­մէ կա­նա­չա­զարդ եւ ջրա­ռատ իր բնութեան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րով, իսկ միւս կողմէ ա­րեւմ­տա­հայ ժո­ղովր­դա­կան եր­գերու («Ան­տու­նի­ներ») իր հա­րուստ յու­զաշ­խար­հով՝ Ակ­նը հիմ­նա­րար դեր ու­նե­ցաւ գե­ղե­ցիկ Բա­նի, գե­ղա­գէտ Պատ­կե­րի եւ գե­ղա­պաշտ Յոյ­զի այն ե­զա­կի հա­մադ­րու­մին մէջ, որ մայր ա­կունքն ու տի­րա­կան առանձ­նա­յա­տու­թիւ­նը ե­ղաւ Մի­սաք Մե­ծա­րեն­ցի թարմ ու նո­րա­րար գրա­կան ժա­ռան­գու­թեան։

Ակ­նայ աշ­խար­հին գե­ղեց­կու­թեան Մե­ծարեն­ցեան քան­դա­կումն է «­Հիւ­ղը», որ միա­ժա­մա­նակ ա­դա­ման­դա­կուռ վկա­յութիւնն է հա­յու անս­պառ բա­րու­թեան, հիւ­րըն­կալ մար­դա­սի­րու­թեան։

1895-ին, Մե­ծա­տու­րեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Սե­բաս­տիա, ուր Մի­սաք յա­ճա­խեց Ա­րա­մեան վար­ժա­րան: Եր­կու տա­րի ետք, 11-ա­մեայ Մի­սաք ղրկո­ւե­ցաւ Մար­զո­ւան, որ­պէս­զի հե­տե­ւի «Ա­նա­տո­լիա» գի­շե­րօ­թիկ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի դասըն­թացք­նե­րուն։

Մե­ծա­րեն­ցի գրա­կան կազ­մա­ւոր­ման մէջ օրհ­նա­բեր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ 1902-ին ըն­տա­նի­քին Պո­լիս տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը։ 16-ա­մեայ պա­տա­նին յա­ճա­խեց Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­ն, ուր ու­սու­ցիչ ու­նե­ցաւ Հ­­րանդ Ա­սա­տու­րը, ո­րուն շուն­չին տակ Մե­ծա­րենց դրսե­ւո­րեց եւ զար­գա­ցուց իր գրա­կան կան­խա­հաս ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը։

1902-ը նաեւ ան­բու­ժե­լի իր թո­քախ­տին ա­ռա­ջին ախ­տան­շան­նե­րու բա­ցա­յայտ­ման տա­րին ե­ղաւ։

Հա­կա­ռակ թո­քախ­տին, բայց նաեւ ա­նոր չա­րա­գու­շակ ան­բու­ժե­լիու­թեան հե­տե­ւան­քով՝ մե­ծա­րենց թա­փով փա­րե­ցաւ ստեղ­ծագոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի։ 1902-1903-ին իր գրած ո­տա­նա­ւոր­նե­րը, խմբե­լով «­Բա­բախում­ներ» ա­նու­նով տետ­րի մը մէջ, յանձ­նեց Հրանդ Ա­սա­տու­րի ու­շադ­րու­թեան եւ դա­տո­ղու­թեան։ Ար­ժա­նա­ցաւ իր ու­սուցչին ամ­բող­ջա­կան քա­ջա­լե­րան­քին եւ 1903-ին մաս­նակ­ցե­ցաւ «­Մա­սիս» հան­դէ­սի գրա­կան մրցոյթին՝ շա­հե­լով 5-րդ մր­ցա­նակը:

Բայց թո­քախ­տը ան­տա­նե­լի դար­ձած էր եւ 1905-ին Մե­ծա­րենց ստի­պո­ւե­ցաւ դադրեց­նել ու­սու­մը ու հե­ռա­նալ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նէն։

1905-էն մին­չեւ իր կեան­քին վախ­ճա­նը՝ 1908-ին, Մե­ծա­րենց ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րուե­ցաւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի։ Ս­­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան վե­րել­քի, գրա­կան հասու­նաց­ման եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ըմբռնում­նե­րու մշակ­ման բեղմ­նա­ւոր շրջա­նը ե­ղան իր կեան­քին այդ վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րը։

1907-ի գար­նան Մե­ծա­րենց լոյս ըն­ծա­յեց իր «­Ծիա­ծան» գիր­քը, որ մեծ աղ­մուկ բարձ­րա­ցուց պոլ­սա­հայ գրա­կան մա­մու­լի է­ջե­րուն։ Գ­­նա­հա­տա­կան­նե­րու կող­քին յարձա­կում­նե­րու բուռն պայ­քար մը ծա­ւա­լե­ցաւ Մե­ծա­րեն­ցի բա­նաս­տեղ­ծու­թեան շուրջ։

1907-ի աշ­նան լոյս տե­սաւ իր երկ­րորդ գիր­քը՝ «­Նոր տա­ղեր»ը, որ ա­ւե­լիով բոր­բոքեց Մե­ծա­րեն­ցի շուրջ ծա­ւա­լած գրա­կան բա­նա­վէ­ճը: Մե­ծա­րեն­ցին ի պաշտ­պա­նութիւն հրա­պա­րակ ի­ջան ոչ միայն ա­տենի ա­նո­ւա­նի գրա­կա­նա­գէտ­ներ, այ­լեւ ինք՝ Մե­ծա­րենց, որ այդ առ­թիւ բա­նա­ձե­ւեց ու խորա­ցուց իր գրա­կան ըմբռ­նում­նե­րը. այդ յօ­դո­ւած­նե­րու շար­քին գրա­կա­նա­գի­տա­կան մնա­յուն գործ մը ե­ղաւ «Ինք­նաքն­նա­դատու­թեան փորձ մը…» խո­րագ­րով իր տե­սա­բա­նա­կան յօ­դո­ւա­ծը:

1908-ի Յու­լիս 4-էն 5-ի լուս­ցող գի­շե­րը, ընդ­միշտ դադ­րե­ցաւ բա­բա­խե­լէ Մե­ծա­րենցի սիր­տը, որ այն­քա՜ն լոյս եւ գե­ղեց­կու­թիւն բաշ­խեց իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ:

1934-ին, Մե­ծա­րեն­ցի կեն­սա­գիր Թորոս Ա­զա­տեան, իր «Մ­­շա­կոյթ» հրա­տա­րակ­չակա­նով, լոյս ըն­ծա­յեց վա­ղա­մե­ռիկ հայ հան­ճա­րին ան­տիպ գոր­ծե­րը՝ «Ոս­կէ ա­րի­շին տակ» խո­րագ­րով։ Մե­ծա­րենց թա­ղո­ւե­ցաւ Պոլ­սոյ Պա­լըք­լըի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը: Գերեզ­մա­նին վրայ յու­շար­ձան մը կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ՝ «Իր ըն­կեր­նե­րէն եւ հա­մա­կիր­նե­րէն» մա­կագ­րու­թեամբ:

Մե­ծա­րեն­ցին նո­ւի­րո­ւած այս հա­կիրճ վկա­յու­թիւ­նը կ­­՚ար­ժէ պսա­կել Հա­յու Մարդա­սի­րու­թեան իր կտա­կը հան­դի­սա­ցող «Ար­դի մար­դուն Հայր Մե­րը» բա­նաս­տեղծու­թե­նէն հե­տե­ւեալ հա­տո­ւա­ծով.

Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան,
Ծա­ղիկ­նե­րո՜ւ պէս զայն ժո­ղո­ւեմ ճամ­բուս վրան`
Նա­յո­ւածք­նե­րուն մէջ ա­մէ­նուն եւ ա­մէն օր:
Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան,
Եւ ես` հան­գոյն երփ­նա­լուց­կի վա­ռող ման­կան`
Զայն գու­նաժ­պիտ տես­նեմ ու­րիշ դէմ­քի մը վրան:
Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան,
Զան­գակ­նե­րո՜ւ պէս զայն կա­խեմ ա­մէն դը­րան`
Ու զերթ նա­րօտ ա­մէն դը­րան զայն պը­սա­կեմ:
Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան,
Ճ­­րագ­նե­րու պէս զայն բո­ցեմ բազ­մաս­տեղ­նեան`
Խա­ւա­րին մէջ ա­մէն երդ ու խրճիթ­նե­րու:
Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան.
Ու սե­ղա­նիս վրայ դրո­ւած մէն մի նը­կան՝
Զոյգ մը խին­դե՜ր գէթ ու­նե­նայ թող խա­չա­նիշ:
Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան.
Զայն իբր անձ­րեւ ցօ­ղեմ ա­մէն դաշ­տի վը­րան,
Զայն իբր ա­րեւ բաշ­խեմ ա­մէն հո­րի­զո­նի:
Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան.
Զայն ընդգր­կած՝ ի­տէա­լի՜ն ըլ­լամ սրսկան.
Զայն լաստ ը­րած ես Լոյ­սե­րու նա­ւո՜րդն ըլ­լամ:
Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան.
Ժող­վել՝ հոգ­ւոյն մէջ ծե­րե­րուն, կոյ­սին, ման­կան,
Պարզ մար­դե­րուն՝ գեղ­ջուկ­նե­րուն ու բա­նո­ւո­րին:
Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան.
Ժող­վել՝ հոգ­ւոյն մէջ ա­մէ­նո՜ւն, հա­մայ­նա­կան
Հոգ­ւոյն ա­մէն մաս­նիկ­նե­րուն մէջ՝ ա­մէն ժամ:
Ճամ­բա­նե­րէն, ու գե­տե­րէն, ու դաշ­տե­րէն,
Ան­տառ­նե­րէն, ու լեռ­նե­րէն, ու ձո­րե­րէն,
Տա­նիք­նե­րէն, ու տու­նե­րէն, ու դուռ­նե­րէն՝
Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան:

115 տա­րի ան­ցած է Միսաք Մե­ծա­րեն­ցի վա­ղա­ժամ հե­ռա­ցու­մէն աս­դին, բայց հա­յու հո­գիին մէջ ան­վերջ կը թրթռայ ե­րաժշ­տական գե­ղեց­կա­գոյն բա­բա­խու­մը ա­նոր արա­րած բա­նաս­տեղ­ծու­թեան, ո­րով­հե­տեւ Մեծն Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի իսկ բնու­թագ­րումով՝

«…­­Մեր երկ­րին նկա­րա­գեղ քաղց­րու­թիւն­նե­րը, մեր հո­գիին ըն­դո­ծին դալ­կու­թիւն­նե­րը, մեր շնորհն ու տրտմա­նոյշ ե­րա­զանք­նե­րը սքան­չե­լի ծա­ղիկ­նե­րու նման կը բուս­նին ա­նոր ար­նա­շա­ղախ է­ջե­րուն»:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

(Յապաւուած)

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015