ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՄԵՐԳ
Անի Յովսէփեանի թղթակցութիւնը.-
2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով Սփիւռքի զանազան անկիւններուն մէջ տեղի կ՚ունենան բազմաբնոյթ ձեռնարկներ։ Այս շրջագծով վերջերս յատկանշական երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ Մարսէյլի մէջ, ուր Սէն Վիքթորի պատմական եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ խորապէս տպաւորիչ եւ անմոռանալի համերգով մը հանդէս եկաւ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը։ Մաէսթրօ Խաչիկ Եըլմազեանի մականին ներքեւ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը հերթական անգամ յաղթանակ մը տարաւ համերգի ընթացքին։ Նկատի ունենալով, որ ան Սփիւռքի ամենանախանձելի երգչախումբերէն մին է՝ այդ յաղթանակը թէկուզ հերթական էր, սակայն ձեռնարկին նշանակութիւնը՝ իսկապէս արտասովոր։ Խաչիկ Եըլմազեան եւ իր սաները անցեալի մէջ ալ քանիցս հանդէս եկած էին նոյն պատմական միջավայրին մէջ, սակայն այս անգամ խումբին տրամադրութիւնն ալ տարբեր էր։ Զգացումներու խտութիւնը, յուզումնախառն միջավայրը ըմբոշխնելով հանդերձ, Մարսէյլի Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը եւ այդ յաջողութիւնով պանծացուց նաեւ հայոց բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը։ 100-րդ տարելիցին ձօնուած այս համերգը Մարսէյլի մէջ կեանքի կոչուած եւ կոչուելիք ձեռնարկներու շարքին վստահաբար պիտի առանձնանայ՝ երկար ժամանակ թարմ մնալով մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։
Մարսէյլի Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը 20 Մարտ Ուրբաթ, փառահեղ Սէն Վիքթորի եկեղեցւոյ կամարներու տակ համդէս եկաւ 1915-ի 100-րդ տարելիցին առթիւ:
Համերգի բոլոր երգերը մեծ ընդունելութիւն գտան եւ ջերմապէս գնահատուեցան տաճարը բերնէ բերան լեցուցած ֆրանսացի եւ հայ հասարակութեան կողմէ: Ներկայ էին Մարսէյլի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս՝ Փոնթիէ, Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան, Մարսէյլի Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու հովիւները, նաեւ բազմաթիւ ընտրեալներ:
Մենք կ՚ուզենք հոս աւելի ընդգծել հայրենի բանաստեղծներու մէջ իր առանձնաշնորհեալ տեղը գրաւած Գէորգ Էմինի գրած եւ Սփիւռքի արժէքաւոր երա-ժըշտագէտ, խմբավար եւ յօրինող Գրիգոր Փիտէճեանի ստեղծած «Տէր Զօր»ը, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ երգահան, բարձրորակ վիպաշատ արտայայտութիւններով, հայաշունչ բեղուն ստեղծագործող Արա Պարթեւեանի «Օրաթորիօ»ն : Այս գործը ան յօրինած է սիմֆոնիկ նուագախումբի, երգչախումբի եւ պարիթոնի համար, ներշնչուելով հայ գրականութեան ամենախոշոր ներկայացուցիչ՝ Սիամանթոյի «Մահուան տեսիլք» քերթուածէն:
Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը նախ մեկնաբանեց «Տէր Զօր»ը մեծ յուզականութեամբ, հարուստ երանգաւորումներով: Մաէսթրօ Խաչիկ Եըլմազեան իսկապէս կրցաւ այս երկին երաժշտութեան խորը թափանցել եւ միաձուլելով իր հոգին բանաստեղծի եւ յօրինողի մրրկայոյզ հոգիներուն հետ, անհուն զգացականութեամբ արտայայտել «Տէր Զօր»ի թելադրած հարուստ ապրումներու վիճակները:
Նախքան օրաթորիոյին սկսիլը, արհեստավարժ դերասան՝ Տիտիէ Ֆոր խոր զգայնութեամբ եւ շատ յստակ առոգանութեամբ արտասանեց «Մահուան տեսիլք» քերթուածը ֆրանսերէնով՝ ընկերակցութեամբ տաղանդաւոր տուտուկահար Լեւոն Գոզեանի:
Արա Պարթեւեանի այս երկարաշունչ գործը կազ-մըւած է բազմաթիւ մասերէ: Այս ստեղծագործութեան մէջ դաշնակը շատ կարեւոր տեղ կը գրաւէ, քանի որ ան նուագախումբի պակասը կը լրացնէ: Դաշնակի մուտքէն յետոյ մեղմաձայն կը մտնեն թենորները եւ պասերը ողբաձայն աղաղակելով՝ «կոտորած, կոտորած, կոտորած հայրենի քաղաքներուն մէջ եւ քաղաքներէն դուրս»: Այնուհետեւ, սոփրանօ եւ ալթօները կը կրկնեն նոյնը ուժեղաձայն եւ պոռթկումով : Իգական եւ արական ձայներու միացումով երգը կը շարու-նակուի մերթ ուժեղագոյն, մերթ շատ մեղմագոյն մասերով եւ կը հասնի անհամար զգացումներու կուտակումով, խելագարութեան հասնող պատկերներու եւ վիճակներու...
Երիտասարդ դաշնակահար Ժան Ժագ Պետիկեան, որ եղած է Մարսէյլի Ազգային երաժշտանոցի ուսուցչուհի եւ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբի վաստակաշատ եւ անկրկնելի դաշնակահարուհի՝ Ժիւլիէթ Եըլմազեանի աշակերտը, աւելի քան քսան տարիներ շարունակ, ան խոր զգայնութեամբ, ջերմ մեկնաբանութեամբ, ճարտար թեքնիկով սքանչելի ներդաշնակութիւն մը կազմեց, ամբոզջ համերգի ընթացքին, երգչախումբին, մեներգիչներուն եւ անշուշտ ղեկավարին հետ: Իսկ պարիթոն Նուպարիկ Տէր-Մինասեան օրաթորիոյի վերջին մասին մէջ շատ տպաւորիչ եւ յուզիչ կերպով մեկնաբանեց իր մեներգը:
Մաէսթրօ Խաչիկ Եըլմազեան, որ հոգին է երգչախումբին, հրապուրիչ եւ զգայուն ղեկավար ըլլալով, ինչպէս ամբողջ համերգի տեւողութեան, եւ յատկապէս այս ստեղծագործութեան մէջ, հեշտութեամբ փոխանցեց ուժ եւ խորութիւն երգչախումբի անդամ-անդամուհիներուն, որոնք խիստ լրջութեամբ, կատարեալ կեդրոնացումով հետեւեցան անոր բոլոր շարժումներուն եւ ցուցմունքներուն:
Համերգի երկրորդ մասին մէջ հաճոյքն ունեցանք ունկնդրելու Կապրիէլ Ֆորէի «Cantique de Jean Ra-cine»ին, Շուպերթի «Sanctus, Sanctus»ին, անոր գերմանական պատարագէն առնուած կրօնաբոյր խմբերգին, որոնք իսկապէս ջերմ հաղորդականութեամբ, խոր զգայնութեամբ երգուեցան, շատ-շատերու զարմանք պատճառելով:
Ունկնդրեցինք նաեւ հայրենի արուեստագէտ Կոտոյեանի «Իմ Երեւան» ժողովրդական ոճով յօրինած գործին, որու ընթացքին մեներգիչ թենոր Անդրանիկ Մինասեան, որ երգչախուբի սիւներէն մին է տասնեակ տարիներէ ի վեր, դիւրահաղորդ եւ տաք ձայնով, անկեղծ նրբերանգներով հմայեց ունկնդիրները:
Այս համերգի ընթացքը սկսաւ տառապանքով, յիշողութեամբ, սուգով, յանգելու համար յոյսի եւ կենսունակութեան:
Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը երկրորդ բաժնին մէջ բացառիկ կերպով մեկնաբանեց Ալեքսատր Յարութիւնեանի «Քանթաթ հայկական»ը : Ան ներշնչուած է Յովհաննէս Թումանեանի «Հայրենիքիս հետ» բանաստեղծութենէն: Առաջին երկու տուներուն մէջ հեղինակը կ՚արտայայտուի «Զարկուած հայրենիք, զրկը-ւած հայրենիք, որբի հայրենիք, ողբի հայրենիք»ի մասին: Հոգեյոյզ մեղեդին խոր տխրութիւն կը յառաջացնէ ունկնդրի հոգիէն ներս, բայց սոփրանոյի մեներգը, լաւատեսութիւն եւ յոյս կը սփրէ այնուհետեւ: Իսկ վերջին մասի «patetico»ն կ՚արտայայտէ նոր հայրենիքի յոյսն ու լոյսը եւ կը փառաբանէ Հայաստանը: Այս սրտախօսիկ ստեղծագործութեան մէջ մեներգչուհի Անի Եըլմազեան, որ ունի ճշգրիտ, ճկուն ու գեղեցիկ ձայն մը, իսկապէս հրապուրեց ունկնդիրը, շնորհիւ իր ձայնային յուզական խորութան եւ ուժականութեան:
Համերգը վերջ գտաւ բոլորին հաճելի եւ ծանօթ Առնօ Բաբաջանեանի «Ազգ իմ փառապանծ»ով :
Բծախնդիր, լուրջ աշխատանքի արգասիքը եղող այս երգահանդէսը մեծ ընդունելութիւն գտաւ ներկայ հասարակութեան մօտ, որ երկարատեւ, յոտնկայս եւ տեղատարափ ծափահարութիւններով գնահատեց բոլոր մասնակիցները:
Վստահաբար այս ելոյթը քանդակուած պիտի մնայ ունկնդրի յիշողութեան մէջ, իր բարձրորակ մակարդակով: