ԶԱՀՐԱՏ 91 ՏԱՐԵԿԱՆ
Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ անմոռանալի բանաստեղծ Զահրատի ծննդեան 91-րդ տարեդարձը։ Զահրատ թէեւ իսկապէս անմահ անուն մըն է, սակայն իրեն ի յիշատակ պարբերաբար կազմակերպուած գրական ձեռնարկները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն, որպէսզի գրասէրները նոր երեսակով մը յայտնաբերեն իր ստեղծագործութիւնները, որոնց իմաստն ու արժէքը կը վերանորոգուի յարափոփոխ ժամանակներուն մէջ։ Այս վերջին ձեռնարկը միեւնոյն ժամանակ շնորհանդէսն էր «Արաս» հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուած Զահրատի գործերու թրքերէն թարգմանութեան ժողովածուին։ «Ferah Tut Yüreğini» խորագրեալ այս գիրքը կ՚ընդգրկէ մեծանուն բանաստեղծին Յովհաննէս Շաշքալի կողմէ թարգմանուած գործերը։ Գինեձօնին ներկայ էր նաեւ Զահրատի կողակիցը՝ Անայիս Եալտըզճեան, որ հետեւողական ջանքերով ամէն զոհողութիւն յանձն կ՚առնէ, որպէսզի իր ամուսնոյն թողած ժառանգը առաւելագոյնս արժեւորուի ու մատչելի դառնայ բոլորին։
Գրական ձեռնարկի ընթացքին նախ պարքովիզիոնի ցուցադրութիւն մը կատարուեցաւ Զահրատի կեանքին ու գործունէութեան կապակցութեամբ, մինչ Նարօտ Էրքոլ-Սէլվիեան կը ներկայացնէր անոր գործերէն նմոյշներ։
Աւելի վերջ Զահրատի մասին ասուլիս մը տեղի ունեցաւ, «Արաս» հրատարակչութեան խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշի ղեկավարութեամբ։ Ատենախօսներն էին գրող Գարին Գարաքաշլը, բանասէր ու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմէնճեան, հրատարակիչ Նազար Պիւյիւմ եւ Զահրատի գործերը թրքերէնի թարգմանած Յովհաննէս Շաշքալ։ Զրոյցի սկիզբին Ռոպէր Քոփթաշ ողջունեց ներկաները ու տեղեկացուց, թէ «Արաս» հրատարակչատունը յառաջիկայ շրջանին պիտի շարունակէ նորանոր ծրագրերով արժեւորել Զահրատի թողած ժառանգը։ Գարին Գարաքաշլը խօսեցաւ Զահրատի ոճին եւ իր միտքերը բանաձեւելու ինքնուրոյն ձեւին, նաեւ կարողութիւններուն շուրջ։ Նազար Պիւյիւմ վերյիշեց Զահրատի վերաբերեալ անձնական յուշերը։ Ան պատմեց, թէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքը աւարտելէ վերջ ինչպէս պարագաներու բերումով հասած էր հայերէնը մոռնալու եզրին եւ Զահրատի հետ իր ունեցած յարաբերութիւնը այդ հանգրուանին որքան անփոխարինելի գործօն մը հանդիսացած էր այդ ընթացքը կասեցնելու համար։ Սեւան Տէյիրմէնճեան, իր հերթին, վերյիշեց համալսարանական ուսանողութեան տարիներուն Երեւանի մէջ Զահրատի հետ ունեցած շփումները եւ անոնց իր վրայ գործած խոր տպաւորութիւնը։ Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց թարգմանական գործին կարեւորութիւնը, մանաւանդ Զահրատի նման յառաջատար հեղինակներու պարագային, որոնց արտադրանքը ունի համամարդկային նշանակութիւն։ Յովհաննէս Շաշքալն ալ կանգ առաւ բանաստեղծութիւն թարգմանելու նրբութիւններուն վրայ։ Այս ամբողջին մէջ ան բացատրեց նաեւ, թէ Զահրատի գործերու թարգմանութիւնը իսկապէս ունէր առանձնայատկութիւններ եւ ինք փորձած էր աշխատանքը իրականացնել այդ բոլորը հաշուի առնելով։
Ձեռնարկի յայտագրի այս հանգրուանին ալ ներկայացուեցան Զահրատի գործերէն նմոյշներ։ Այսպէս, ասմունքեց յայտնի դերասան Գէորգ Մալիքեան, որ իսկապէս յաջողեցաւ Զահրատի խօսքը ազդու ձեւով մատուցել գրասէրներուն։
Եզրափակիչ փուլին ելոյթ մը ունեցաւ Անայիս Եալտըզճեան, որ իր սրտի խօսքի ընթացքին երախտագիտական զգացումներ արտայայտեց բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք նպաստած էին գիրքի հրատարակութեան եւ ձեռնարկի կազմակերպման։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին ներկաները շնորհաւորեցին «Արաս»ի ներկայացուցիչները, նաեւ ջերմօրէն շրջապատեցին Անայիս Եալտըզճեանը, որու հետ ունեցան անմիջական զրոյց, մինչ մթնոլորտին կը գերիշխէր անխուսափելի զգացականութիւն մը, որովհետեւ ձեռնարկը կը զուգադիպէր Զահրատի 91-րդ տարեդարձին։