ՄՈՒՇԵՂ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ (1869-1951)
Կը շարունակենք ներկայացնել Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանի արգասիքէն հատուածներ:
1901-ին դեռ եւս Վարդապետ, Պոլսոյ մէջ հրատարակած է «Պատկերները» գիրքը, ու զայն ձօնած է՝ իր վաղամեռիկ մօր: Այդ առումով Սերոբեան հետեւալը գրած է.
«ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
ԻՄ ՎԱՂԱՄԵՌԻԿ ՄՕՐՍ
ՏԻԿԻՆ ԿԱՏԱՐԻՆԷ Հ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆԻ
ԾՆԱԾ
1846 Դեկտ. 31
ՄԵՌԱԾ
1877 Յուլիս 12
Երեսուն եւ մէկ գարուններս ջնջեցին մանուկ հոգիիս մէջ հազիւ փորագրուած պատկերիդ գծերը, զոր անդրաշխարհ տարիր իր աշխարհայնութիւնը կորսուած հոգիիդ հետ: Ի զուր՝ քսաներեք տարիներ՝ թեւ տուի իմ երեւակայութեանս, քու դէմքդ լուսագրելու, բայց անի չը կրցաւ ճեղքել քեզ վարագուրող ամպերը: Հիմա երեսուներկուերորդ աշնանս այս ցուրտ հովերուն, որոնց մէջ ծնար զիս, Մայր, եւ ուրկէ քու հիւանդագին հառաչանքիդ եւ մաշած ձայնիդ հեծկլտուքը կը փորձուիմ լսել, կը ջանամ վերակազմել ջինջ երեսիդ նիշերը, սոյն ՊԱՏԿԵՐՆԵՐուս գծերով, զորս յիշատակիդ կը նուիրեմ, Մայր: Ընդունէ՛ զանոնք իբր շիրիմը քու ցուրտ գերեզմանիդ, եւ իբր ցոլացումը քու պայծառ եւ կատարուն հոգիիդ, որ իմ մէջս կը բնակի:
1900 նոյ. 22
ՄՈՒՇԵՂ ՎԱՐԴԱՊԵՏ»
Սերոբեանի «Պատկերները» գիրքը խորքին մէջ ուսումնասիրութիւն մըն է եկեղեցիէն ներս օգտագործուող պատկերներուն մասին: Այս հարցը դարերով յուզած է քրիստոնէական եկեղեցին: Ոմանք համաձայն գտնուած են եւ դրական կարծիքներ յայտնած են, ոմանք ալ հակառակը ըրած են: Այս գիրքը շատ օգտակար աղբիւր մըն է բոլոր անոնց, որոնք այս նիւթով հետաքրքրուած են:
Սերոբեանի այս ուսումնասիրութիւնը-գիրքը բաղկացած է 10 գլուխներէ, ուր Սերոբեան գլուխ առ գլուխ անդրադարձած, ուսումնասիրած ու բազմաթիւ մէջբերումներով եւ տողատակի ծանօթութիւններով ներկայացուցած է հետեւեալները.
ա. Նկարչութեան արուեստը:
բ. Պատկերը հեթանոս կրօններու մէջ:
գ. Նկարչութիւնը քրիստոնէութեան մէջ:
դ. Պատկեր եւ դիմագծութիւն Քրիստոսի:
ե. Անձեռագործ պատկերներ կամ դաստառակ եւ Վերոնիքա:
զ. Պատկերներն առ Յոյնս. Պատկերամարտութիւն եւ Պատկերապաշտութիւն:
է. Պատկերներն առ Լատինս:
ը. Պատկերները Հայ Եկեղեցւոյ մէջ. Ա. շրջան (դար Ա.-ԺԱ.):
թ. Պատկերները Հայ Եկեղեցւոյ մէջ. Բ. շրջան (դար ԺԲ.-ԺԴ.):
ժ. Պատկերները Բողոքականութեան մէջ:
Գիրքի յառաջաբանին մէջ Սերոբեան անդրադառնալով իր ուսումնասիրութեան նպատակին, կը գրէ.
• Մեր այս համառօտ ուսումնասիրութեան նպատակն է.-
1. Ցոյց տալ այն մեծ երեւոյթները, որոնք տեղի ունեցան պատկերներու աշխարհի հորիզոնին վրայ. ցոյց տալ այն զեղծումները ու գայթակղութիւնները, որոնք երեւցան Արեւելեան եւ Արեւմտեան եկեղեցիներու մէջ. ցոյց տալ այն արիւնհեղութիւնները, որոնք քրիստոնեայ գետինը կարմիր ներկեցին պատկերներու դատին համար: Սոյն երեւոյթները բացատրելու համար, մեր տեղեկութիւնները եւ յիշատակարանները պիտի քաղենք եւրոպական ընտրելագոյն մատենագիրներէն, կազմելու համար մեր Պատկերներու մենագրութիւնը:
2. Մեր երկնաւոր Վարդապետին դիմագծութեան եւ պատկերներուն նուիրուած ուսումնասիրութիւնները համառօտել, արդէն եղած աշխատութիւններէն օգտուելով:
3. Հայ եկեղեցւոյ առաջին օրէն մինչեւ ԺԳ-ԺԴ դար՝ ընթացքը ուսումնասիրել, եկեղեցական մատենագրութեան վրայ յենլով, բան մը, որ մեր աշխատութեան ամէնէն ինքնուրոյն մասը պիտի կազմէ:
Այս ամէնուն հասնելէ առաջ պիտի բաւականանանք համառօտակի ներկայացնել՝ մեր ընթերցողներուն՝ պատկերագրութեան հեթանոս գետնին վրայ վայելած դիրքը, եւ ցոյց տալ այն կարեւորութիւնը, զոր անիկա ստացած էր շատ կանուխ ժամանակներէ ի վեր:
Պէտք է կանխաւ ըսենք, թէ այս նիւթերնուս մէջ տոհմային եկեղեցական պատկերներու մենագրութիւնը ըրած ատեննիս, կարելի եղածին չափ հրաժարեցանք նիւթը մշակելէ: Այդ մասին մէջ, տետրակիս ամբողջութիւնը կազմուած պիտի ըլլայ՝ մեծաւ մասամբ՝ անտաշ ատաղձներէ, ու գործը ինքնին ձուլածոյ ամբողջութիւն մը կարենալ կազմելու համար, պէտք պիտի ունենայ հալոցի մը: Այդ հալոցի պաշտօնը թողուցինք ժողովրդական քննադատ մտքին, ուր պիտի հրահրուի մեր նիւթը, գաղափարներու հոսանքին մէջ ձուլուելու, եւ իր փայլուն արդիւնքը ցոյց տալու համար:
Եթէ չեմ սխալիր, ցարդ մերիններէն միայն Կարապետ Վարդապետ Շահնազարեան անխոհեմութիւնը ունեցած էր՝ ժամանակէն շատ կանուխ՝ կարծիք մը յայտնել պատկերագրութեանս մասնաւոր մէկ կէտին համար: Ժամանակը եւ այն ատենի տիրող ոգին լռեցուցին զինքը (տես, Արեւել. Մամուլ 1875. Էջ 217, 257, 286, 321, 370):
Տակաւին այսօր պիտի գտնուին ոմանք որ անժամանակ համարին մեր այս գործը: Պատմական ուսումնասիրութիւն մը՝ անկախ կրօնական բոլոր հաւատալիքներէ՝ իրեն ժամանակի չափ չի ճանչնար բնաւ: Ճշմարտութիւնը միեւնոյնն էր երէկ, այօր, ու պիտի մնայ մինչեւ յաւիտեան: Հետեւաբար մարդուն գործը պիտի ըլլայ փնտռել զայն, դատել, կշռել եւ հասկնալ քան թէ հաւատալ, երբ խնդիրը, նիւթական ու պատմական ճշմարտութեան մը վրայ ըլլայ: Այս ընթացքով մարդ իրաւունք պիտի ունենայ միշտ երկբայիլ ստուգելու համար, եւ ստուգել ի բաց մերժելու համար այն ամէնը, որոնք հաւատքի մաս չեն կազմեր: Ո՛չ անկեղծ ու պարզ հաւատքը եւ ոչ մարդկային բանականութիւնը պիտի դատապարտէ զանի, որ այդպիսի խնդիրներու մէջ աւելի մեծ բաժին մը կու տայ գիտակցութեան, որ հոգիին յայտնութիւնն է մեր բոլոր գործերուն մէջ:
Այս հաւատքով միայն ձեռնարկեցինք գրքուկիս պատրաստութեան («Պատկերները», Կ. Պոլիս 1901, էջ Է.-Ը.):
Պատկերներու եկեղեցիէն ներս գործածութեան սկիզբին, յետագային խնդիրներու դուռ բանալուն, ժողովուրդին կողմէ ժխտական մօտեցում ցուցաբերելու մասին խօսելով, Սերոբեան կը գրէ.
• Պատկերներու՝ եկեղեցիին մէջ իբր պէտք գործածուելուն դրական ծագումը եղաւ այն սովորութիւնը, որ հաստատուեցաւ չորրորդ դարու սկիզբէն: Այդ սովորութիւնն էր մարտիրոսներու նուիրուած եկեղեցիներու մէջ նկարել անոնց կրած չարչարանքի տեսարանները, որոնց ներքեւ պատմական տողեր ալ կ՚աւելցնէին: Ինքնին անմեղ էր այս ձեռնարկը, որուն նպատակն էր հրահանգել ժողովուրդը եւ քրիստոնէական բարոյականին խստութիւնը ազդեցիկ ընել անոր բարքերուն վրայ: Ժողովուրդը, սակայն, շուտով կրնար զեղծանիլ այդ կիրառութենէն եւ կերպարանափոխել զայն աւելորդապաշտութիւններով: Եկեղեցին մնաց իր արդար միջավայրին մէջ, խորշելով իբր հեթանոսական՝ այն եղանակէն, որով հեթանոսները կը պատուէին պատկերները, եւ արգիլելով քրիստոնէից՝ որ այդ պատկերներուն չերկրպագեն կամ բացարձակ պաշտամունք մը չմատուցանեն:
Ժողովուրդը՝ սակայն՝ դեռ կ՚ապրէր հեթանոս մորթին մէջ. քրիստոնէութիւնը՝ իբր նոր ուժ մը՝ դեռ չէր կրցած զանի նորոգել իր կենսաբեր օժտումովը, հետեւաբար անցումի այդ վճռական վայրկեաններուն միակ քայլ մը բաւական պիտի ըլլար ամենէն աւելի անմեղ զգացումները թանձրացեալ նիւթապաշտութեան մը տանելու: Այդ զեղծման առաջին օրինակն էր անշուշտ այն, զոր մեզ կ՚աւանդէ Թէոդորէտ: Սիմէոն Սիւնակեցի (Ե. դար), կենդանութեանը ատեն իսկ, իր խստակեցութիւններով Հռովմի մէջ ա՛յնքան գրգռեց բարեպաշտ մտքերը, որ գործաւորներ իրենց խանութներուն առջեւ դրին այդ սուրբին փոքրիկ պատկերները, իբրեւ տեսակ մը պահապան եւ բժժանք: Ուրեմն ինչ որ ի սկզբան զարդարանք մըն էր եղած կամ կրթութեան միջոց մը, կամ օրինաւոր պատուոյ մը առարկայ, անզգալաբար սրբապիղծ պաշտաման մը նիւթ եղաւ, այն հաւատքով թէ սրբոց զօրութիւնը մարմնացած էր իրենց մասունքներուն եւ պատկերներուն մէջ: Պատկերագրութեան սովորութիւնը, որ միայն մարտիրոսներուն համար սահմանուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, ընդարձակ կալուած մը գրաւեց հետզհետէ եւ այնուհետեւ նկարուեցան Ս. Երրորդութեան, հրեշտակներուն եւ Կոյսին պատկերները:
Եկեղեցիի վարդապետներէն եւ ոչ մին համակերպութիւն ցոյց տուաւ այդ մասին, եւ Եպիփան կը պատմէ՝ թէ օր մը Պաղեստինի գիւղերէն մէկուն եկեղեցին մտնելով կը տեսնէ վարագոյր մը, որուն վրայ նկարուած էին Քրիստոսի եւ Հրեշտական պատկերներ. կը պատռէ զայն, եւ պարզ վարագոյր մը կը դնէ այդ եկեղեցիին համար: Սերինոս՝ Մարսիլիոյ Եպիսկոպոսը (600), ականատես վկայ ըլլալով այդպիսի պատկերներու տեղի տուած զեղծումներուն, իր թեմի եկեղեցիներէն դուրս հանել տուաւ զանոնք:
Ժողովրդեան աւելորդապաշտ ձգտումները կանուխէն զգալ տուին եկեղեցւոյ այն մեծ պայքարները, որոնք օր մը տեղի պիտի ունենային այդ պատկերներուն շուրջը: Անմեղ բարեպաշտութենէ մտած սովորութիւն մը տակաւ առ տակաւ պիտի տարածուէր, ժամանակը պիտի վաւերացնէր զայն, եւ ատեն անցնելով աւանդական հեղինակութիւն մը պիտի հագնէր, այնպէս որ, եկեղեցւոյ վարդապետներն իսկ, յետոյ պիտի վարանէին վճիռ արձակել պատկերներու կիրառութեան դէմ: Ուրեմն պէտք էր սովորութիւնը խեղդել իր մանկութեան ատեն, երբ տակաւին հեղինակութիւն չունէր անիկա. մտածումը կանուխէն վճիռի փոխուեցաւ 306-ին, Էլվիրի մէջ գումարուած ժողովով, որ իր կանոններուն 36-րդ յօդուածով խստիւ կը պատուիրէր. (Placuit picturas in ecclesia non esse debere ne quod colitur at adoratur in parietibus depegnatur) «Հաճոյ թուեցաւ մեզ որ ո՛չ մէկ պատկեր ընդունուի եկեղեցւոյ մէջ, եւ թէ՝ որ ինչ առարկայ է պաշտելութեան, երբեք չներկայացուի այդ շինուածոց պատերուն վրայ»:
Չգիտենք, թէ Էլվիրի ժողովական այս որոշումը ունեցա՞ւ՝ գործնականին մէջ, իր արժանաւոր արդիւնքը, որ Եկեղեցիին ու Աւետարանին բացարձակ իրարունքն էր («Պատկերները», Կ. Պոլիս 1901, էջ 24-25):
Տէր Յիսուս Քրիստոսի պատկերին ու դիմագիծին մասին բազմաթիւ մէջբերումներով հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը կատարած է Սերոբեան, իր՝ «Պատկեր եւ դիմագծութիւն Քրիստոսի» գլուխին տակ: Այս նիւթին մասին հետաքրքրուողները կրնան կարդալ այս գրութիւնը գիրքին 26-38 էջերուն վրայ, ինչպէս նաեւ 39-48 էջերը:
Ինչ կը վերաբերի Հայ Եկեղեցիին, ապա պատկերներու գործածութեան հարցը բաւական բարդ ճամբայ մը ունեցած է եւ մեր նախնիները այդքան ալ դիւրութեամբ չեն ընդունած անոնց գործածութիւնը: Այս մասին Մուշեղ Վարդապետ կը գրէ.
• Մանրամասն չենք գիտեր, թէ քրիստոնէութիւնը իր առաջին օրերուն ի՞նչ ընթացք բռնեց՝ մեր մէջ՝ պատկերներու հանդէպ, այլ սակայն, գործը ինքնին ենթադրել կու տայ՝ հաւաստեաւ, թէ իր կրօնական հոգեկանութիւնը աններող թշնամին պիտի ըլլար այն նիւթական մարմնացումներուն, որոնց տակ կը պատուուէին կամ կը պաշտուէին աստուածութիւնները: Եկեղեցական Պատմութիւնը կ՚աւանդէ, թէ Գրիգոր Լուսաւորիչ ջարդեց, փշրեց մեհենական բոլոր անդրիները ու արձանները եւ անոնց տեղ քրիստոնէութիւնը խորհրդանշող Խաչը կանգնեց, առանց Քս.ի, Ս. Կոյսին կամ ուրիշ պատկերներու:
Ուրիշ կէտ մը.- մեր Եկեղեցին իր գոյութեան առաջին օրէն սերտ յարաբերութիւններ ունեցաւ Աղեքսանդրիոյ աթոռին հետ, ինչպէս ցոյց կու տան Մեհրուժան կաթողիկոսի եւ Դիոնիսիոս Աղեքսանդրացիին թղթակցութիւնները, եւ Անանիա Նարեկացիի վկայութիւնը թէ՝ «իսկ որ ի մերազնեայս աստի էին, քանզի երամակիցք եւ ուսումնակիցք էին Աղեքսանդրացւոյն, եւ կցորդ եգիպտական ճգնաւորացն, ընթացին ընդ հետս առաքելական շաւղաց»: Բնական էր որ երկու ժողովուրդներու քրիստոնէական արուեստի անսիրելութեան զգացումները պիտի փոխանցուէին մէկմէկու, կազմելու համար կուռ դաշնակցութիւն մը պատկերապաշտութեան ի վնաս:
Ասկէ զատ, պատկերագրութեան արուեստի մասին, մեր նախկին մատենագիրները բնաւ բան մը չեն հաղորդեր մեզի: Իրենց այս մասին ունեցած լռութիւնը կրնայ թերեւս յայտնի ապացոյց նկատուիլ մեր այն համոզումին, թէ պատկերամոլ ձգտումներ չպղտորեցին մեր տոհմային հաւատքին զգացումը, եւ թէ մեր քրիստոնէական կրօնքը չունեցաւ այն թանձրացումը, որ ախտանշանական երեւոյթ մը եղաւ յոյն եւ լատին եկեղեցիներուն համար:
Պատմական հետազօտութիւնները ցոյց կու տան թէ, վերջապէս պէտք է ըսել, պատկերագրութեան արուեստը հազիւ Ը. կամ Թ. դարուն կրցաւ մուտ գտնել մեր մէջ: C. Bayer իր Արուեստից Պատմութեան մէջ կը գրէ, թէ Բիւզանդիոյ Սրբազան պատկերագրութիւնը Արեւմուտքի վրայ մեծ ազդեցութիւն ի գործ դնելէն վերջ միայն դէպի Արեւելք դարձաւ, եւ Վրաստան ու մերձաւոր երկիրներ Է. դարէն մինչեւ ԺԱ. դարուն վերջերը ընդունեցան զայն կամաւոր յեղանակաւորումներով: Սխալ մը պիտի ըլլար ենթադրել, թէ պատկերագրութենէն առաջ պատկերներ մուտ գտած ըլլան մեր մէջ («Պատկերները», Կ. Պոլիս 1901, էջ 78-79):
Հետաքրքրական է Մուշեղ Սերոբեանի կարծիքը Սուրբ Աստուածամօր պատկերին մասին, որ ըստ աւանդութեան Բարթուղիմէոս առաքեալը Հայաստան բերած է: Այս մասին Սերոբեան կը գրէ.
• …Այդ պատմութիւնը (թէ ինչպէս Աստուածամօր պատկերը Բարթուղիմէոս առաքեալին հասած է եւ ան իր հետ բերած է զայն Հայաստան), զոր առաջին անգամ կ՚աւանդէ մեզ Մովսէս Խորենացի, Սահակ Արծրունիի խնդարնօք, ինքնին կրնայ նշանակութիւն մը ունենալ մեզի համար: Ինչ որ կարելի է քաղել ասկէ, սա է թէ այդտեղ կար Ս. Աստուածածնայ անունով վանք մը, ու Ս. Կոյսին հրաշագործ պատկերը, որ կոյսերու խնամքին յանձնուած էր:
Հնագոյններէն մէկն է Հոգեաց վանքը։ Աստուածածին, որ ամենէն աւելի մեր սրտին հետ խօսող անձնաւորութիւնն է, իբր մարմնացումը բարի մօր մը, իր անունը տուած է բազմաթիւ սրբավայրերու, վանքերու, եկեղեցիներու եւ մատուռներու, այնպէս որ առաջին սրբավայրերը իր անունով պաշտպանուած են: Իսկ երբ յետոյ ապա սկսաւ մարտիրոսներու թիւը շատնալ, ասոնցմէ նշանաւորագոյններն ալ արժանացան իրենց անունով աղօթատեղիներ ունենալու պատուոյն:
Պահ մը ընդունելով հանդերձ, թէ Դարբնաց Քարի Հոգեաց վանքը շինուած ըլլայ առաքեալին ձեռքով, ինչ որ ողջմտութիւնը կ՚արտաքսէ, պատկերի գոյութիւնը սակայն, չէ կարելի ընծայել Բարթուղիմէոսի, որովհետեւ այն ատեն պատկերի գաղափարը անգամ գոյութիւն չունէր, ո՛չ հրեաներու եւ ոչ քրիստոնեայ ժողովրդեան ու մանաւանդ առաքեալներուն մէջ, որոնք իբր հրեայ՝ հակառակորդ ըլլալով պատկերներու, ո՛չ պիտի փորագրէին զայն, ոչ պիտի նկարէին եւ ոչ ալ գործածութեան պիտի դնէին զայն հաւատացեալներուն առջեւ: Այդպիսի պատկերի մը հաստատութիւնը առաքեալին ընծայել հակառակ պիտի ըլլար քրիստոնէական ոգւոյն եւ հրէական վարդապետութեան:
Ըստ ամենայն հաւանականութեան, երբ յունական աշխարհը տակաւ պատկերներու մոլեռանդութեան կը զառածէր, Դ.-Ե. դարէն սկսեալ, ասորիք ալ նոյն շաւիղը բռնած էին արդէն: Այդ թուականներուն այս վերջիններու ազդեցութեան տակ մեր սահմանակից վանքերը կամ եկեղեցիներն ալ փափաքած էին ունենալ պատկերը այն սուրբին կամ սրբուհիին, որուն անունով կոչուած էր եկեղեցին: Հոգեաց վանքի եկեղեցին շինուած էր յանուն Աստուածածնի. ուստի հոն դրուելիքը պէտք էր ըլլալ Տիրամօր պատկերը, զոր հաւանաբար շինեցին ասորի արուեստագէտները («Պատկերները», Կ. Պոլիս 1901, էջ 80-81):
Պատկերայարգութեան եւ պատկերապաշտութեան տարբերութիւններուն ու Հայ Եկեղեցւոյ ունեցած դիրքորոշումին մասին խօսելով, Սերոբեան կը գրէ.
• Նախ՝ ընդհանուր իրողութիւններն ու դէպքերը այնպէս ցոյց կու տան, թէ հայերը պատկերներու համար համակիր չեն եղած, եւ Հայ Եկեղեցին մերժած է պատկերները: Այս մերժման պարագային, սակայն, Հայ Եկեղեցին պէտք չէ շփոթել այն աղանդներուն հետ, որոնք ծանօթ են Պաւղիկեան եւ Թոնդրակեան անուններով, եւ որոնք պատմութեան տեսարանին վրայ կը ներկայանան իբր պատկերամարտ եւ խաչամարտ: Որովհետեւ Հայ Եկեղեցին առանց այդ աղանդներուն հետ վարդապետական կամ ծիսական գաղափարակցութեան կապ մը ունենալու, կարող եղած է պատկերապաշտութենէ խորշիլ կանուխ ժամանակներէ ի վեր: Այս պարագան դիւրին կը բացատրուի այն յարձակումներով, զորս ըրին հայ վարդապետները այդ աղանդաւորներու դէմ, միմիայն այն պատճառաւ, որ անոնք «չարեաց ի չարիս վերացեալ ելին ի պատկերամարտութենէ ի խաչամարտութիւն եւ ի Քրիստոսատեցութիւն, եւ յանգաւոտ յանաստուածութիւն եւ ի դիւտապաշտութիւն» (ՕՁՆԵՑԻ, Ընդդէմ Պաւղիկեանց, էջ 34): Խաչը մեր եկեղեցիին համար պատուելի նշան մը եղաւ քրիստոնէութեան ծագումէն ի վեր:
Երկրորդ՝ հայերուն համար բոլորովին տարբեր բան է պատկերներ ունենալ, եւ տարբեր բան՝ անոնց պաշտօն մատուցանել, եւ ստիպել ուրիշները, որ պատկերները ընդունին կամ պատուեն: «Մեք նկարագրեմք, կ՚ըսէ Անանիա Նարեկացի, զպատկեր Քրիստոսի, եւ զառաքելոց եւ զմարգարէից, եւ հայեցեալ տեսանեմք եւ պատուեմք, այլ ոչ հրամայեմք տխմարաց եւ տգիտոց ժողովրդոց առաւել քան զչափն պատիւ եւ պաշտօն մատուցանել, զի մի՛ տգիտութեամբ գայթակղեալ ի կռապաշտութիւն անկանիցին»: Միւս կողմէ, սակայն, չեն հանդուրժեր, որ աղանդաւորներէն ոմանք մասնաւոր դիտաւորութեամբ մը անարգեն եւ անպատուեն զանոնք. «Բայց զհայհոյիչս եւ զանարգիչս այնպիսի պատկերաց, կը գրէ Յովհաննէս Սրկ. վարդապետ, յիմարս կարդասցուք եւ զապշեալս»:
Երրորդ՝ պէտք է դիտել տալ, թէ մեր հին մատենագիրները եւ վարդապետները միայն Քրիստոսի պատկերը իբր պատուոյ առարկայ կը ներկայցնեն եւ ոչ թէ առաքեալներու, մարգարէներու եւ ուրիշ սրբոց պատկերները, որոնց յիշատակութեանը հազիւ կը հանդիպինք՝ անոնց մօտ՝ գէթ ԺԲ. դարէն առաջ…:
Չորրորդ, ամէն անգամ որ պատկերներու խնդիր յուզուած է հայերուն մէջ, Քաղկեդոնականութեան հետ սերտ յարաբերութիւնով մը կապուած է այն, Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներու միութենական խնդրոյն վրայ հիմնուած: Երբ հայերը 451 տարին կը պատրաստէին հայ քրիստոնէութեան թանկագին յաղթանակը, յոյները չուշացան գալ այդ յաղթութեան պտուղը իրենց սեփականելու դիտումով: Յանկարծ մէջտեղ ձգեցին Քաղկեդոնի ժողովին խնդիրը: Մեր ուղղափառ եկեղեցին իր դաւանաբանութեան ցանկը փակած էր այլեւս, հայրապետներու կանոնադրութեամբ, եւ ալ պէտք մը չէր զգար բան մը աւելցնել կամ պակսեցնել անկէ: Երբ բիւզանդական կայսրերը Զ. դարուն կէսէն սկսեալ ձեռնարկեցին երկու ազգերուն կրօնական միութեան, բնական էր որ տոհմային զգացումը անոնց դէմ ելլէր: Ահա այդ վայրկեանէն Յունականութիւն եւ Քաղկեդոնականութիւն միեւնոյն բանը եղան մեզի համար: Հայ Եկեղեցին այդ վէճերուն մէջ ունեցաւ իր գործին պայծառ հասկացողութիւնը եւ շատ կանուխ նշմարեց, թէ այդ միաբանակցութիւնը իր գոյութեան ջնջումը յառաջ պիտի բերէր: Այդ գաղափարն էր, ահա, որ զիրենք աւելի առաջ մղեց, եւ պատկերներու մասին իրենց ունեցած բնական անսիրելութիւնը պատկերամարտութեան նկարագիրը հագաւ («Պատկերները», Կ. Պոլիս 1901, էջ 82-84):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024