ՀԱՍՑՆԵԼ ՏԻՐՈՋ ԽՕՍՔԸ…
Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծումէն վերջ առաջին անգամ տաճարին մէջ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում տեղի ունենալէ ետք նորաօծ վեց եպիսկոպոսները Մայր տաճարին մէջ կատարած են իրենց ուխտի պատարագները եւ վերադարձած իրենց թեմերը: Անոնց մեծ մասը իրենց թեմերէն ներս նոյնպէս մատուցած է իր անդրանիկ պատարագը:
Յունաստանի հայոց թեմական առաջնորդ Տ. Խորէն Եպիսկոպոս Առաքելեանի անդրանիկ պատարագը նախատեսուած է քիչ մը աւելի ուշ՝ նոյեմբերի 24-ին, պայմանաւորուած նոյեմբերի 17-ին Յունաստանի օրացոյցի մէջ ընդգրկուած տօնելի օրով, որուն պիտի մասնակցին քաղաքական ու հոգեւոր իշխանութիւնները եւ այդ օրը տօնելու յաջորդ շաբաթը հրաւիրուած են ներկայ գտնուելու հայ բարձրաստիճան հոգեւորականի եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագին:
Մինչ այդ Յունաստանի եւ Կրետէի հայ համայնքներէն Մայր Աթոռ այցելած ուխտաւորները ընդունած է Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ թեմակալ առաջնորդի գլխաւորութեամբ: Ուխտաւորները Հայաստան ժամանած էին Տ. Խորէն Եպիսկոպոս Առաքելեանի ձեռնադրութեան եւ օծման առթիւ:
Տ. Խորէն Եպիսկոպոս Առաքելեան ծնած է Կոտայքի մարզի Արգէլ գիւղին մէջ: Ուսանած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժինը, այնուհեւտեւ՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, ծառայութիւն բերած է Մայր Աթոռին մէջ, հովուական սպասաւորութեան կոչուած է Յունաստանի հայոց թեմէն ներս, ապա նշանակուած նոյն թեմի առաջնորդական տեղապահ։ Նորաօծ եպիսկոպոսը օծուելէ վերջ առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
*
-Սրբազան Հայր, ի՞նչ են ձեր զգացողութիւնները վերաօծուած Մայր Տաճարին մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուելու առթիւ:
-Ամէն անգամ Մայր Տաճար մտնելը ինծի համար ոչ թէ ուխտի պարզ վերանորոգում է եկեղեցւոյ հետ, այլ կարծես կրկնակի հանդիպում է Աստուծոյ հետ: Ես իմ կեանքիս մէջ ամէ՛ն վայրկեան կը զգամ Աստուծոյ ներկայութիւնը, բայց Մայր Տաճարը ինծի համար Աստուծոյ հետ իւրայատուկ հանդիպման վայր մըն է: Մանաւանդ, այսքան երկար դադարէ, գոց ըլլալէ յետոյ Մայր Տաճարը իր ամբողջ լեցունութեամբ, ամբողջ շնորհաբաշխ վիճակով մեզ իր գիրկը առաւ եւ մեզի համար աւելի խորհրդաւոր դարձաւ այս արարողութենէն՝ ձեռնադրութենէն եւ օծումէն ետք:
Սուրբ Հոգիի ներկայութիւնը շատ զգալի էր, հոգենորոգ իրավիճակ մը կար, բացառիկ էր իմ կեանքիս մէջ: Յոյս ունիմ՝ այդ ապրումները ինձ շարունակ պիտի ուղեկցին իմ կեանքիս ընթացքին, մանաւանդ հոգեւոր առաքելութեան մէջ, մանաւանդ Աստուծոյ հետ իմ ունենալիք զրոյցներու ժամանակ, աղօթքներու ժամանակ:
Եւ նաեւ ուրախ եմ, որ Մայր Տաճարը այլեւս բաց պիտի մնայ եւ հարիւրամեակներ մենք խնդիրներու չենք բախիր՝ շնորհիւ այս հիմնարար նորոգութիւններու. մենք՝ թէ՛ հոգեւորականներ, թէ՛ հաւատացեալներ եւ թէ յետագայ սերունդները, պիտի գան եւ պիտի ոգեշնչուին, իրենց ուխտը կատարեն, իրենց հոգենորոգ պահերը ապրին Մայր Տաճարին մէջ, ինչ որ մենք ապրեցանք այդ օրը: Մեր ապրումները հազարապատիկ աւելի էին, որովհետեւ ժողովուրդի բազմութիւնը, հաւատացեալ ժողովուրդի բազմութիւնը ոչ թէ դիտորդներու, ոչ թէ հետաքրքրուողներու, այլ իսկապէս ուխտաւորներու բազմութիւն էր, անոնք եկած էին ուղղակի աղօթակից դառնալու եւ այդ միասնական աղօթքի զօրութիւնը եւս իր զգալի ազդեցութիւնը փոխանցեց մեզի: Անշուշտ, կարելի է շարունակ նկարագրել այս դրական ապրումները…
-Այդ ապրումներով պիտի վերադառնաք թեմ եւ ի՞նչ պիտի փոխանցէք ձեզի սպասողներուն:
-Ես հիմա, տակաւին չվերադարձած թեմ՝ այս օրհնութիւններու մասին կը խօսիմ շարունակ: Յունաստանէն մեր հաւատացեալներէն հեռաձայններ կը ստանամ, կը շնորհաւորեն եւ պահը օգտագործելով կը փորձեմ իրենց ալ իմ ապրած նոյն զգացողութիւններս փոխանցել, իմ օրհնութիւնը փոխանցել, որպէսզի իրենք ալ վերապրին, ատոր կրողը դառնան եւ վստահ եմ՝ այնտեղ երթալով, Տիրոջ խօսքը հասցնելու ճանապարհին այս օրհնութիւնները նոյնպէս պիտի փոխանցուին մեր հաւատացեալներուն:
-Ի՞նչ գլխաւոր մարտահրաւէրներ ունի Յունաստանի հայոց թեմը։
-Սփիւռքի մէջ ինծի համար թիւ մէկ մարտահրաւէրը կամ առաջին խնդիրը հոգեւոր գիտելիքներու փոխանցումն է մեր հաւատացեալներուն, այսինքն Աստուծոյ խօսքին մէջ ապրելու, Աստուծոյ խօսքին մէջ մնալու կարեւորութիւնն է գերխնդիրը, ինչ որ իր կարգին այլ խնդիրներ կը լուծէ: Եթէ մարդը, այս պարագային՝ օտարութեան մէջ բնակող հայը, մնայ Աստուծոյ խօսքին մէջ, անով ո՛չ միայն քրիստոնէական իր կերպարը, հաւատացեալի իր կերպը պէտք է ճիշդ ձեւաւորէ, այլեւ՝ անոր մէջ ան կրնայ ըլլալ ազգային աւանդութիւններու լաւագոյն կրող, լեզուի կրող, լեզուն պահպանող, չձուլուող եւ այլն եւ այլն: Այսինքն, միայն մեր եկեղեցւոյ քրիստոնէական դաւանաբանութիւնը սեփականացնելը եւ կեանքի առօրեան դարձնելը, մարդ մը, վստահ եմ, սփիւռքի մէջ ո՛չ իր ազգային դիմագիծը կը կորսնցնէ, ո՛չ կը ձուլուի օտարներու հետ, ո՛չ բարոյական սկզբունքները կը մոռնայ. այդ մէկը ապացուցուած է հարիւրամեակներով: Այդպէս է, որովհետեւ մեր քրիստոնէական այս արժեհամակարգը իր մէջ կը ներառէ այս բոլորը:
-Եւ ունի՞ք յաջողութիւններ այդ առումով:
-Թուային իմաստով չեմ կրնար ըսել, թէ որքա՛ն, ի՛նչ չափով յաջողած ենք, բայց այս գիտելիքները, չափորոշիչները կրելու որակային իմաստով մեր հաւատացեալները այդ գիտակցումը ունին: Մեր հաւատացեալները, որոնք եկեղեցի կ՚այցելեն, եկեղեցի կը յաճախեն ունին այդ քրիստոնէական գիտելքիները, ընկալումները, զանոնք դարձուցած են իրենց կեանքի մաս, իբր այդ, աւանդութիւններու կրողն են, ազգային արժէքները պահպանողն են: Անշուշտ, ասիկա նոր ձեւաւորուած երեւոյթ մը չէ: Բարեբախտաբար, յունահայ գաղութը այսպիսին էր եւ այսպէս ալ կը շարունակէ, եւ մենք, իբրեւ մեր առաքելութեան ջատագովը, կը փորձենք նաեւ նորօրեայ միջոցները կիրառելով նաեւ շարունակել այս գործը մեր նախորդներու, որոնք ջանք եւ եռանդ չեն խնայած յունահայ գաղութը հայ եւ Հայ Եկեղեցւոյ հետեւորդ պահելու համար:
-Որքա՞ն պատասխանատու առաքելութիւն է այդ մէկը:
-Ես չափ չեմ կրնար դնել պատասխանատուութեան զգացումին մէջ: Այդ պատասխանատուութեան մասին մտածելու ընթացքին երբեմն վախի տեսակ մը զգացողութիւն կու գայ, որովհետեւ ես պատասխանատու չեմ որեւէ նիւթական արժէքի համար, որ եթէ փճացնեն, ինչ-որ ձեւով կրնամ նորոգել կամ տարիներ յետոյ տեղը դնել: Ես պատասխանատու եմ հոգեւոր արժէքներու համար: Այսինքն, եթէ հայ մը իր ինքնութիւնը մոռնայ, ատոր պատասխանատուութիւնը իմ վրաս է: Եթէ մէկ հայ, մէկ քրիստոնեայ, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած մէկ զաւակ մոլորուի, ատոր պատասխանատուութիւնը իմ վրաս է: Հետեւաբար, չեմ կրնար ըսել, թէ ո՞ւր է ասոր չափը եւ սահմանը, մինչեւ ո՞ւր է իմ պատասխանատուութիւնը: Իմ պատասխանատուութիւնս սահման չունի, ժամանակ չունի, չափումներ չունի:
-Ինչպիսի՞ թեմ մըն է ձեր առաջնորդածը՝ Հայաստանի հետ կապերու առումով:
-Մեր հաւատացեալները (այսպէս ըսեմ) կ՚արթննան եւ կը քնանան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինով, իրենց հայրենիքը կը սկսի Մայր Աթոռէն, իրենց հպարտութեան բոլոր թելերը զիրենք կը բերեն մինչեւ Մայր Աթոռ եւ, անշուշտ, Հայաստանի սահմաններ, մինչեւ նոյնիսկ պատմական Հայաստան: Անոնք Հայաստանի, հայրենիքի, պետականութեան կողքին են գիշեր-ցերեկ, այնքանով որքանով եկեղեցիի մէջ են, այնքանով անոնք կապուած են պետութեան, պետութեան ամրապնդման գաղափարին, պետութեան յաջողութիւններով կ՚ուրախանան, պետութեան դժուարութիւններով կը տխրին…
Եւ վերջին շրջանի այն դժուարութիւնները, որոնք կան Հայաստանի մէջ (թող ինձ ներեն Հայաստանի մեր քոյրերն ու եղբայրները), ատոնք ինչ-որ իմաստով նաեւ աւելիով ցաւ է մերիններուն համար: Հայաստանի մէջ գտնուելով, իւրաքանչիւր քաղաքացի կրնայ ինչ-որ դրական քայլ ընելով սփոփուիլ, հանգստանալ, որ այդ քայլով օգնեց, քաղաքացիական պարտքը կատարեց, նպաստեց իր հայրենիքի վէրքերու սպիացման, բայց անոնք, հեռու ապրելով, օտարութեան մէջ ապրելով, ինչ-որ իմաստով մեղաւորութեան զգացում մը ունին՝ անմիջական մասնակցութիւն չունենալու համար: Բայց եւ այնպէս, զանազան առիթներով, եթէ կրնան ձեւով մը մասնակցիլ եւ օգտակար ըլլալ հայրենիքի զօրացման՝ պատրաստակամ են եւ միասնական:
-Ի՞նչ կը մաղթէք ձեր օծակից եղբայրներուն:
-Իմ եղբայրներուն ուղղուած մաղթանքս ու աղօթքս՝ Տիրոջ զօրակցութիւնն է: Իրենց սորվեցնելու բան չունիմ, թերեւս իրենցմէ սորվելու բան ունիմ, մանաւանդ աւելի կրտսերն եմ իբրեւ հոգեւորական: Մաղթանքս է՝ Սուրբ Հոգիով զօրանան, Սուրբ Հոգիով առաջնորդուին, որովհետեւ այն առաքելութիւնը, որուն կանչուած ենք մենք, չենք կրնար մեր գիտելիքներով զայն հասցնել, եթէ մեզ չառաջնորդէ Սուրբ Հոգին, եթէ մեզ չառաջնորդէ Աստուած, այլապէս կը ձախողինք:
-Ստացաք նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքին օրհնութիւնը, ի՞նչ կը զգաք եւ ի՞նչ կը մաղթէք նաեւ պոլսահայերուն:
-Անշուշտ, Պոլսոյ մէջ ունին նոյնպէս մեր քոյրերը, եղբայրները այն նոյն դժուարութիւնները, ինչ որ ըսի սփիւռքի համար, թերեւս ատոր կրկնապատիկը, եռապատիկը ունին, բայց մեր Պոլսոյ քոյրերն ու եղբայրները բախտաւոր են, որովհետեւ իբրեւ հոգեւոր առաջնորդ ունին Պոլսոյ Պատրիարքը, որ իրաւ օրհնեալ խօսք եւ գործ ունի եւ լաւագոյն առաջնորդն է ու ինծի համար՝ մշտապէս ուսուցիչ, մանաւանդ՝ Տիրոջ խօսքի քարոզութեան ճանապարհին: Ան եղած է իմ քարոզխօսութեան դասախօսը՝ Ճեմարանին մէջ եւ ես մինչեւ հիմա կ՚առաջնորդուիմ իր քարոզխօսութեան մեթոտով: Մաղթանքս եւ խնդրանքս է նաեւ պոլսահայերուն՝ մնալ համախմբուած եկեղեցւոյ շուրջ, ինչպէս որ ե՛ն, որովհետեւ իրենք երբեմն նաեւ մեզի համար օրինակ են՝ եկեղեցւոյ շուրջ իրենց համախմբուածութեամբ, իրենց միասնականութեամբ, հայրենասիրութեամբ: Մենք մեր համայնքին մէջ ունինք պոլսահայեր, որոնք Պոլսէն բերուած իրենց աւանդութիւններով կ՚ոգեւորեն նաեւ տեղացիները, Հայաստանէն վերջերս Յունաստան տեղափոխուած մեր հայրենակիցները՝ եկեղեցասիրութիւն վարակելով անոնց: Մաղթանքս է, որ այս եկեղեցասիրութեան մէջ մնան, որովհետեւ այդ կերպով իրենք կրնան պահել իրենց ինքնութիւնն ու տեսակը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան