ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

2023 թուականին, երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն՝ հայութեան համար փոթորկալի օրեր էին՝ Արցախի կորուստը եւ հազարաւոր արցախցիներու տեղահանումը տագնապի եւ անորոշութեան քօղով պատած էին մարդոց սիրտերը…

Այդ իրադարձութիւններէն մէկ տարի ետք կրկին տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն, իսկ երկրի ընդհանուր մթնոլորտը կրկին խաղաղ չէ: Ահա, ինչու եպիսկոպոսական ուխտի պատարագները մատուցելէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ անմիջապէս յայտարարուեցաւ համահայկական աղօթքի օր. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի ու սփիւռքի թեմերու բոլոր եկեղեցիներու մէջ կատարուեցաւ համահայկական աղօթք՝ Սուրբ Պատարագի աւարտին: Միասնական աղօթքը նուիրուած էր արցախահայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, մասնաւորապէս՝ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջին:

Վերջերս եպիսկոպոս ձեռնադրուած Տ. Մակար Եպիսկոպոս Յակոբեանի անդրանիկ պատարագը՝ Սիւնեաց թեմի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, համընկնեցաւ յայտարարուած միասնական այդ աղօթքի օրուան: Սրբազան Հայրը իր եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագին յատուկ ուղերձով կրկին բարձրաձայնեց հայութեան համար հրամայական դարձած հարցերու մասին:

Սիւնիքի մարզը Հայաստանի սահմանային մարզերէն է՝ Արցախի հետ անմիջական սահմանով: Անցեալ տարի բազմաթիւ արցախցիներ տեղահանուելէ ետք ապաստանած էին Սիւնիքի մարզին մէջ, ստացած՝ խնամք, օժանդակութիւն եւ մխիթարութիւն: Արցախցիները իրենց սփոփանքն ու մխիթարութիւնը նաեւ հոգեւոր կեանքի, առ Աստուած հաւատի միջոցով ստացած են, մինչեւ հիմա ապաւինած են Աստուծոյ։ Սիւնիքի մարզի աւելի քան քսան եկեղեցիներու դռները բաց են անոնց առջեւ, ինչպէս մարզի բոլոր բնակիչներուն համար:

Սիւնեաց թեմի առաջնորդը թեմի հոգեւորական դասին հետ տեղահանման ծանր օրերուն արցախցիներու կողքին էր, արցախցիներու առաջին վրան-ապաստարանները թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մօտ էին, ողջ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռուած էր այդ փողոցին վրայ, ուրկէ նաեւ կը հնչէին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ զանգակները…

Ինչպէս կը նշէ Սրբազան Հայրը, այդ օրերուն վերապրած է անցեալի դաժան իրականութիւնները, ինչպէս Սպիտակի երկրաշարժը, որուն ականատես եղած է:

Տ. Մակար Եպիսկոպոս Յակոբեան ծնած է 1979 թուականին՝ Կիւմրի քաղաքին մէջ՝ հոգեւորականներու ընտանիքի զաւակ է:

Ութ-ինն տարեկանէն սկսեալ ծառայած է Կիւմրիի Սուրբ Եօթ Վէրք եկեղեցւոյ մէջ: 1994-1997 թուականներուն ուսանած է Շիրակի թեմի Հոգեւոր ընծայարանին մէջ: 1997-2003 թուականներուն ուսանած է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի երդիքին տակ: 2003 թուականի դեկտեմբերին Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի տօնին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ Տ. Ներսէս Արքեպիսկոպոս Պոզապալեանի, ձեռնադրուած է սարկաւագ: Պաշտպանած է աւարտաճառ՝ «Մխիթար Գոշի «Գիրք Դատաստանի» աշխատութիւնը» նիւթով:

2004 թուականի մայիսի 2-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ՝ ձեռամբ Տ. Աբրահամ Եպսիսկոպոս Մկրտչեանի:

2004 թուականին տեսուչ նշանակուած է Մայր Աթոռի Մկրտարանին մէջ:

2004-2005 թուականին ծառայած է Տաւուշի թեմին մէջ, իբրեւ Նոյեմբերեանի հոգեւոր հովիւ: 2005-2006 թուականներուն եղած է Գօշավանքի վանահայրը:

2006-2011 թուականներուն ծառայութեան կոչուած է Էջմիածնի Սուրբ Գայիանէ վանքը:

2011 թուականին պաշտպանած է վարդապետական թեզ՝ «Եկեղեցական կանոնները հայ կանոնական իրաւունքի յուշարձաններու մէջ» նիւթով, նաեւ ստացած վարդապետական աստիճան ու գաւազան: Նոյն տարին նշանակուած է Սիւնիքի թեմակալ առաջնորդ:

Սիւնեաց թեմը, ունենալով պատմական անցեալ, իբրեւ թեմ ստեղծուած է 1988 թուականին՝ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Պալճեան Կաթողիկոսի կոնդակով: Այնուհետեւ վերակազմաւորուած է 1996 թուականին՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի կոնդակով: Այն Հայաստանի ներկայ եպիսկոպոսական աթոռներուն մէջ միակն է, որ միջնադարին մետրապոլիտութեան կարգավիճակ ունեցած է (Սիւնեաց մետրապոլիտութիւն): Սիւնեաց եպիսկոպոսութիւնը միջնադարին մէկն էր այն չորս աթոռներէն, առանց որոնց համաձայնութեան օրինական չէր նկատուեր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ընտրութիւնը: Սիւնեաց աթոռի պատմութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները աւելի ամբողջական են՝ շնորհիւ մետրապոլիտ Ստեփանոս Օրբելեանի պատմութեան եւ հարուստ մատենագրական ու վիմագիր սկզբնաղբիւրներու:

Այս թեմը Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ մեծ դեր կատարած է ո՛չ միայն նուիրապետական համակարգէն ներս իր ունեցած առանձնայատուկ դիրքին շնորհիւ, այլեւ՝ որպէս վարդապետական կեդրոն: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կոնդակով 2010 թուականին Վայոց ձորի թեմը զատուած է Սիւնեաց թեմէն եւ Սիւնիքի ու Վայոց ձորի թեմերը սկսած են գործել որպէս զատ թեմեր:

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութենէն եւ օծումէն ետք Սիւնեաց թեմակալ առաջնորդ Տ. Մակար Եպիսկոպոս Յակոբեան առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։

*

-Սրբազան Հայր, վերաօծուած Մայր Տաճարին մէջ ձեռնադրուելէ, ուխտի պատարագ մատուցելէ ետք կ՚ուղեւորուիք պատմական հայոց թեմերէն մին՝ Սիւնեաց թեմ, ի՞նչ կը զգաք:

-Զգացումներս հրաշալի են: Նախ՝ շատ ուրախալի է, որ Մայր Տաճարը բացած է իր դռները եւ մենք ալ, իբրեւ նորաօծ եպիսկոպոսներ, առաջին անգամ պատարագ մատուցած ենք: Շատ ոգեւորուած եմ եւ Սուրբ Էջմիածնի զօրութեամբ կը վերադառնամ թեմ եւ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնները պէտք է հասցնեմ մեր ժողովուրդին:

Այո՛, պատմական թեմ է Սիւնեաց թեմը, ըստ աւանդութեան՝ ստեղծուած է Լուսաւորիչ Հայրապետի կողմէ, թեմը մեր հաւատքի եւ մեր երկրի համար միշտ դարպասներ եղած է: Պատմական է, բայց, այնուամենայնիւ, ես չեմ կարծեր, թէ այդ առումով կարելի է տարբերութիւն դնել մեր միւս թեմերուն միջեւ: Կը կարծեմ, որ բոլորին քով ալ նոյն զգացողութիւնը կայ, երբ ունին մէկ մայր՝ Սուրբ Էջմիածինը: Եւ մեր ժողովուրդը մէկ է՝ անկախ ուր կը բնակի:

Ընդհանրապէս Աւետարանը կ՚ըսէ՝ բեռը ծանր է, բայց լուծը՝ փոքրոգի: Այսինքն, Տիրոջ կամքն է՝ ո՛վ, ո՛ւր, ինչպէ՛ս կ՚ընդունի կամ կ՚ընկալէ, կապ չունի՝ Շիրա՞կ կը բնակին, Գուգա՞րք, թէ՞ Սիւնիք, բոլորն ալ մեր հայ ժողովուրդն է: Մենք պատմական ազգ ենք եւ նաեւ՝ ընտրեալ:

-Սիւնիքը վերջին շրջանին կը սեպուի իբրեւ վտանգուած մարզ: Ձեր աշխատանքը, ծառայութիւնը այդ առումով աւելի՞ դժուարացած են:

-Մեր ազգը, ընդհանրապէս, վտանգուած է եթէ նայինք իրականութեան աչքերուն: Սիւնիքն ալ մեր երկրէն, մեր հայրենքէն հատուած մըն է: Աշխատանքը միշտ նոյնն է՝ ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի մեր երկիրը պահենք, մեր եկեղեցիներն ու ժողովուրդը պահենք:

-Բնակիչները եկեղեցիին մօտեցնելու առումով ի՞նչ աշխատանքներ կը տարուին:

-Իւրաքանչիւր տեղ մեծ աշխատանք կը պահանջուի՝ մարդիկը եկեղեցիին մօտեցնելու առումով: Ոչ միայն հիմա՛ եղած են այս խնդիրները, այլ ասկէ առաջ ալ կար, եօթանասուն տարի մեր եկեղեցին հաւատի առումով բաւականին լուրջ հարուած ստացած է, իսկ այսօր ջանքերը աւելիով են, որպէսզի մարդիկ գան դէպի իրենց հայրերուն հաւատքը: Եւ Փառք Աստուծոյ, այդ մէկը կը յաջողինք, մարդիկ կու գան: Երբ ես եկայ Սիւնիք, առաջին անգամ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի մէջ պատարագ մատուցելու ժամանակ եկեղեցին ընդամէնը եօթ-ութ հոգի կար, այդպէս էր նաեւ Սիւնիքի միւս քաղաքներուն մէջ: Այդ մէկը կը տխրեցնէր, բայց չէր յուսահատեցներ: Այսօր, եթէ նայիք՝ շատ բան փոխուած է: Այսօր Սիւնիքի եկեղեցիներուն մէջ տօներուն, տաղաւարներուն բազմաթիւ հաւատացեալներ կը հաւաքուին: Այդ մէկը վկայութիւնն է այն բանի, որ մեր ջանքը տեղ մը հասած է իր նպատակին՝ մեր ժողովուրդը ձեւով մը դարձի եկած է, հոգեւոր զարթօնք կ՚ապրի, մինչ դեռ անցեալին խաւարի մէջ էր:

-Դուք, ի տարբերութիւն ձեր օծակից եղբայրներուն, հոգեւորականի ընտանիքի մէջ մեծցած էք, այդ արմատները ունիք: Այդ մէկը ինչ-որ առաւելութիւն կը հաղորդէ՞ ձեր ծառայութեան:

-Մեր ընտանիքը նոր հոգեւորականի ընտանիք չէ, մեր ընտանիքը մօտաւորապէս չորս հարիւր տարիէ ի վեր պահած է «հոգեւորականի ընտանիք» անունը: Մեր ընտանիքի հոգեւորականները այդքան հինէն կու գան: Եւ այսօր ալ, մեր ընտանիքին մէջ այս պահուն հինգ հոգեւորական ենք: Այդ մէկը աւելի շատ պատասխանատուութիւն կու տայ, քան թէ՝ հանգստութիւն, որովհետեւ մենք միշտ ուշադիր եղած ենք, որ մեր հայրիկի, մեր մեծ հայրերու անունին հետ չխաղանք, այլ հակառակը՝ իրենց պատիւը բարձր պահենք եւ այդ մէկը դժուարութիւններ ստեղծած է մեզի համար, բայց ատոնք քաղցր դժուարութիւններ են: Մեր ընտանիքի պատիւը պահած ենք, հետեւաբար, պահած ենք նաեւ մեր եկեղեցւոյ պատիւը:

-Ի՞նչ էր ձեր ուխտի պատարագի քարոզի բանաբանը:

-Երկինքի արքայութեան մասին էր: Քրիստոս երկինքի արքայութիւն կը քարոզէր եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի նպատակն է, որ ինք ձգտի դէպի երկնքի արքայութիւն, դէպի յաւիտենականութիւն: Արքայութեան մասին «Հայր մեր»ի մէջ ալ կը խօսուի՝ «Թող գայ քու արքայութիւնդ»…

Մարդու կեանքը քրիստոնէական ընկալմամբ տանիլ դէպի փրկութիւն, դէպի յաւիտենականութիւն… Այս էր հիմնական բնաբանը:

-Ի՞նչ ուրախութեան պահեր ապրեցաք ձեր օծակից եղբայրներուն հետ այս օրերուն:

-Վերաօծուած Մայր Տաճարին մէջ ձեռնադրուելու ուրախութիւնը նաեւ իրենք ապրեցան: Անոնց բոլորին կը մաղթեմ միայն ու միայն յաջողութիւն եւ Աստուծոյ աջը պահապան ըլլայ իրենց եւ իրենց հաւատացեալ զաւակներուն:

Ինծի համար եւ իմ օծակից եղբայրներուս համար ամենամեծ ուրախութիւնը այն էր, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի առընթերականերէն մէկը Պոլսոյ Պատիրարքն էր, որու նաեւ օրհնութիւնը ստացանք մեր ձեռնադրութեան պահուն: Աղօթքս է, որ մեր ժողովուրդը, աշխարհի ո՛ր կողմն ալ ապրի, Աստուծոյ կամքին համաձայն, ապրի խաղաղութեան, սիրոյ մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2024