ԿԵԱՆՔԸ ԵՐԱԶ ՄԸՆ Է
Հաղորդակցութիւնը յաճախ կը սահմանափակուի՝ որպէս հաղորդագրութեան մը թարգմանը: Այնուամենայնիւ, հաղորդակցութիւնը բարդ կառուցուածք մըն է, որ ըստ էութեան, կ՚ընդգրկէ մարդու ամբողջ կեանքը։ Որեւէ հարցի վերաբերեալ որոշելու, ուրիշներու հետ շփուելու ժամանակ գործընթացի մը վրայ ազդող իւրաքանչիւր գործօնը չենք գիտեր: Այդ իսկ պատճառով, միշտ պարզ չ՚ըլլար հասկնալ, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս առած ենք այդ որոշումը։ Այս առումով, հաղորդակցութեան գիտութիւնները պէտք է հետազօտեն նոր ոլորտներ այս բարդ գործընթացի խոր ֆոնին վրայ:
Երազ կոչուած երեւոյթը նոյնպէս այս գործընթացի մէկ մասն է։ Մենք կ՚ապրինք կեանքի երկու տարբեր փուլերու արանքին, ինչ որ կը կոչենք որպէս գիշեր եւ ցերեկ։ Ցերեկը կը ներկայացնէ ծանօթ եւ իրական կեանքը, մինչդեռ գիշերը մեր առջեւ կը բանայ անյայտութեամբ զարդարուած երազի դաշտը։ Առօրեայ խօսակցութիւններու մէջ կը շրջանառուին անթիւ երազային պատմութիւններ, որոնք կ՚արտայայտուին «ցերեկուան» լեզուով եւ այսպէսով անոնք ներգրաւուած կ՚ըլլան նաեւ «ցերեկային աշխարհին»։ Զգացումներու թարգմանն է երազը, որ կարելի է համարել նաեւ մարդոց՝ իրական կեանքը վերաիմաստաւորելու ջանքը։
Օրուան ընթացքին մենք կը դիտենք աշխարհի մանրամասնութիւնները, մեր ենթագիտակցութեան մէջ կ՚արձանագրենք մեր տեսած իւրաքանչիւր դրուագը։ Անոնց մասին նոյնիսկ մեր չյիշած տպաւորութիւնները, զգացումները կը մարմնաւորուին երազելու ընթացքին։ Իսկ արթննալու ժամանակ կը փափաքինք երազի ստեղծած զգացական մթնոլորտի ուժգնութիւնը ձեւով մը անմահացնել, արձանագրել՝ հաղորդակցութեան միջոցաւ։ Մենք կը պատմենք մեր երազները, կը մտածենք, կ՚ազդուինք. առօրեան լի է նման երեւոյթներով: Այնուամենայնիւ, երազներու ուսումնասիրութիւնը մնացած է հոգեբուժութեան եւ հոգեբանութեան շրջանակին մէջ։ Այս ուսումնասիրութիւնը կը փորձէ հաղորդակցութեան տեսանկիւնէն դիտարկել երազներու տեղն ու նշանակութիւնը՝ մարդոց կեանքի իմաստաւորման համակարգին մէջ: Եթէ հաղորդակցութիւնը կեանքը իմաստաւորելու փորձ մըն է, ապա երազները, անկասկած, կարեւոր ներդրում ունին այս գործընթացէն ներս: Եթէ փորձենք երազը որպէս շփման միջոց ընկալել ու մարդկային մտածելակերպը գնահատել հաղորդակցութեան տեսանկիւնէն, ապա սա կը նշանակէ նոր ճանապարհ մը բանալ մարդու եւ կեանքի միջեւ փոխյարաբերութիւններու պարագային:
«Կեանքը երազ մըն է. արթննալը կը սպաննէ մեզ: Այս զարթնումը, որ կը գողնայ մեր երազները, նաեւ կը գողնայ մեր կեանքը», ըսած է Վիրժինիա Ուուլֆ։ Հոգեբաններու կողմէ՝ երազներու մեր մտային առողջութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան բացայայտումէն շատ աւելի առաջ Վիժինիա Ուուլֆ յայտնաբերեց երազներու ուժեղ եւ դրական կողմերը եւ զանոնք գրի առաւ «Օրլանտօ» անունով իր գիրքին մէջ։ Ուուլֆի 1928 թուականին հրատարակուած նշեալ բեկումնային գիրքը կը համարուի գրականութեան ամենաերկար եւ ամենագեղեցիկ սիրոյ նամակը։ «Երազները ամենաթանկագին ու անհրաժեշտ բաներն են», գրած է ան իր այս հատորին մէջ։
Ըստ Ուուլֆի, երազները կը փշրուին, երբ կը շփուին իրականութեան հետ։ Երազի եւ իրականութեան բախումը կը թողէ ցնցուած միտք եւ մարդկային ոգիի համար շատ վտանգաւոր պահ մը կը ստեղծէ։ Ուուլֆ, որ հազուագիւտ տաղանդաւոր գրողներէն մին է, կը պաշտպանէ այն թեզը, որ բանաստեղծական իրականութեան հետ մեր երազները մեր երեւակայածէն ա՛լ աւելի հզօր են։ «Երազները կը նմանին մթնոլորտի՝ աշխարհը շրջապատող ոգիին: Վերացնենք այս փափուկ օդը. բոյսերը կը մահանան, ամէն ինչ կը գունաթափի: Աշխարհը, որու վրայ մենք կը քալենք, մոխիր կը դառնայ։ Կեանքը երազ է. արթննալն է, որ կը սպաննէ մեզ: Այս արթնութիւնը, որ կը գողնայ մեր երազանքները, կը գողնայ նաեւ մեր կեանքը», գրած է գրագիտուհին։
Թերեւս, մեր բոլոր ցանկութիւններու եւ մոգական մտածումներու նման, մեր երազները կը կազմեն մեր ինքնութիւնը, մեր յոյսերն ու վախերը, որոնք կը պարունակեն հիմնական ճշմարտութիւնը, թէ ո՛վ ենք մենք: Այնուհետեւ, գուցէ մեր երազանքները կը պարունակեն նոյնիսկ աւելի իրատեսական արձանագրութիւններ՝ քան մեր կենսագրական իրականութիւնը: Ուուլֆ «Օրլանտօ»ի մէջ գրած է նաեւ հետեւեալը. «Ես կը ծերանամ… կը կորսնցնեմ իմ երազները. թերեւս նորերուն պիտի արժանանամ»։ Երբ կը ծերանանք, մեր երազներն ալ կը մեծնան, կը ծերանան եւ երբ անոնք կը դադրին մեզի ծառայելէ, ուրիշի մը հետ կը փոխենք զանոնք՝ օձի կաշիի նման։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ