ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՔԱՅՔԱՅՈՒՄ
«Ընկերային քայքայումը լուռ մարդասպան է»։
ՄԱՐԹԻՆ ԼՈՒԹԵՐ ՔԻՆԿ ԿՐՏՍԵՐ
Ինչպէ՞ս կը տարածուի ընկերային քայքայումը եւ ինչպէ՞ս կարելի է զայն կանխել:
Ընկերագիտութեան մէջ հասարակութիւնը կը դիտարկուի որպէս համակարգ մը, որ համայնքէ մը աւելին է եւ բաղկացած է յարաբերութիւններէն, որոնք ցոյց կու տան տարբեր ձեւեր եւ առանձնայատկութիւններ, եզակի են եւ կը փոխուին ու կը զարգանան մարդոց առօրեայ գործունէութեամբ, նիւթական արտադրութեան եւ դասակարգային պայքարի համաձայն։ Այս համակարգը բաղկացած է հաստատութիւններէն եւ կազմակերպութիւններէն, որոնք ստեղծուած են անհատներու կողմէ՝ իրենց կարիքները բաւարարելու, ընդհանուր նպատակներուն հասնելու եւ միասին ապրելու համար:
Հասարակութիւնը բազմաթիւ առումներով օգուտ կը բերէ անհատներուն: Անհատները հասարակութեան մէջ կը գտնեն ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ ապահովութեան զգացում: Հասարակութիւնը անհատներուն կը շնորհէ միջոցներ եւ հնարաւորութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են անոնց կարիքները բաւարարելու համար: Բաց աստի, հասարակութիւնը անհատներուն կը տրամադրէ կրթութեան, առողջապահութեան եւ ընկերային գործունէութեան նման կարեւոր ծառայութիւններ:
Ժամանակակից հասարակութիւններու մէջ արագ փոփոխուող տինամիքը, փորձագիտական յառաջընթացը եւ տնտեսական դժուարութիւնները խոր հետքեր կը թողեն անհատներու եւ համայնքներու ընկերային կառուցուածքներու վրայ: Այդ հետքերը ժամանակի ընթացքին կը ծնին երեւոյթ մը, որ կրնանք անուանել ընկերային քայքայում։
Արդեօք ի՞նչ է ընկերային քայքայումը եւ ինչո՞ւ այդքան կարեւոր է:
Ընկերային քայքայումը կարելի է սահմանել որպէս հասարակութեան հիմնական բարոյական եւ էթիք արժէքներու թուլացման, անհատներու միջեւ վստահութեան նուազման եւ բարեկամական կապերու խզման գործընթաց: Սա կը նուազեցնէ հասարակութեան ընդհանուր բարեկեցութեան մակարդակը եւ երկարաժամկէտ հեռանկարով կը յանգեցնէ տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային խնդիրներու:
Ընկերային քայքայման ամենաակնառու նշաններէն մէկը բարոյական արժէքներու վնասումն է։ Եթէ ազնուութեան, արդարութեան եւ համագործակցութեան նման արժէքներ հասարակութեան հիմնասիւներն էին, այսօր սկսած է որդեգրուիլ ապրելակերպ մը, ուր անհատական շահերը առաջնային են: Սա ընդհանրապէս կը վնասէ հասարակութեան վստահութեան զգացումը եւ կը նուազեցնէ մարդոց յարգանքը իրարու նկատմամբ։
Բարոյական արժէքներու քայքայման գործօններէն մին այն է, որ ներկայ հասարակութիւններու մէջ չափազանց մեծ նշանակութիւն կը տրուի նիւթական ունեցուածքին եւ սպառման։ Այս իրավիճակը կը ստիպէ անհատները անտեսել բարոյական արժէքները եւ առաջնահերթութիւն տալ միայն սեփական շահերուն:
Անհատական մտածելակերպը աճած է, քանի որ թուլացած են աւանդական ընտանեկան եւ համայնքային կապերը: Սա կը նուազեցնէ մարդոց համերաշխութիւնն ու համագործակցութիւնը իրարու հետ եւ կը խրախուսէ եսամոլութիւնը։
Որոշ կրթական համակարգեր բաւարար նշանակութիւն չեն տար բարոյական արժէքներուն եւ բարոյական դաստիարակութեան։ Սա կը յանգեցնէ նոր սերունդներու բարոյական արժէքներէ զրկման:
Բարոյական արժէքներու վնասումը մեծ վտանգ կը ներկայացնէ հասարակութիւններու համար։ Այս վտանգի գիտակցումը եւ անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցներ ձեռնարկելը շատ կարեւոր է հասարակութեան բարոյապէս եւ առողջ ձեւով զարգացման։ Պէտք չէ մոռնալ, որ բարոյական արժէքները հասարակութեան հիմնաքարն են եւ բոլորիս պարտականութիւնն է պաշտպանել եւ պահպանել զանոնք։
Ժամանակակից հասարակութիւններու մէջ անհատականութեան տարածումը կը թուլացնէ մարդոց ընկերային կապերը։ Հարեւանական յարաբերութիւններու նուազումը, ընտանեկան կապերու թուլացումը եւ համայնքներու քայքայումը կը յանգեցնեն անհատներու առանձնութեան։ Անհատները, որոնք կը դառնան առանձին, իրենք զիրենք օտարուած կը զգան հասարակութենէն եւ ընկերային քայքայման գործընթացը թափ կը ստանայ:
Տնտեսական անհաւասարութիւնները ընկերային քայքայման հիմնական պատճառներէն են։ Եկամուտներու բաշխման անհաւասարութիւնը կը խորացնէ հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ անջրպետը եւ կը խթանէ դասակարգային հակամարտութիւնները հասարակութեան մէջ: Տնտեսական անհաւասարութիւնը կը բորբոքէ հակամարտութիւնները տարբեր խաւերու միջեւ, նաեւ կը դժուարացնէ աղքատներու համար ընկերային կարգավիճակի բարձրացումը եւ աւելի բարւոք կեանք վարելը: Այսպէսով հասարակութեան մէջ կը յառաջանայ հնարաւորութիւններու անհաւասարութեան աճ եւ պատճառ կը դառնայ մարդոց յուսահատութեան:
Տնտեսական անհաւասարութիւնը կը խթանէ նաեւ յանցագործութեան մը ներգրաւուելու վտանգը։ Աղքատները կրնան աւելի մեծ հաւանականութիւն ունենալ յանցագործութեան մը ներգրաւուելու՝ ապրուստը հոգալու համար: Տնտեսական անհաւասարութեան հետեւանքներէն մին ալ առողջապահական միջոցներու օգտագործմումն է։ Սա կը յանգեցնէ նաեւ առողջական խնդիրներու աճի։ Համեստ խաւի մարդոց համար չափազանց դժուար է առողջապահական աջակցութիւն ստանալը, ինչ որ կը յանգեցնէ հիւանդութիւններու տարածման եւ մահացութեան մակարդակի բարձրացման։
Ընկերային քայքայումը ունի այլ բազում պատճառներ եւ զայն կարելի է համարել կենսական խնդիր: Հաշուի առնելով խնդրի բարդութիւնն ու բազմակողմանիութիւնը, արագ լուծում դժուար թէ գտնուի: Այնուամենայնիւ, բաց եւ ազնիւ քննարկելով՝ կրնանք աւելի լաւ հասկնալ խնդրի պատճառներն ու հետեւանքները եւ աշխատիլ աւելի արդիւնաւէտ լուծումներ մշակելու ուղղութեամբ:
Ընկերային քայքայումը կանխելու համար պէտք է քայլեր ձեռնարկուին անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ: Կրթական համակարգերու մէջ պէտք է ընդգծել բարոյական եւ էթիք արժէքներու կարեւորութիւնը, քաղաքականութիւն մշակել ընտանիքի կառուցուածքի ամրապնդման համար եւ ապահովել տնտեսական արդարութիւն։ Բաց աստի, հասարակութեան մէջ պէտք է որդեգրուին թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան սկզբունքները՝ անհատներու միջեւ վստահութիւնը բարձրացնելու համար:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ