ԶԱՅՐՈՅԹԻ ԵՒ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Այլեւս մեր կեանքի անբաժան մասը համարուող զայրոյթը դարձած է այնպիսի զգացումի մը, որ կը սնուցէ քաղաքականութիւնն ու մշակոյթները։ Արդեօք կարելի՞ է զսպել այս զգացումն ու դուրս գալ այս յորձանուտէն։

Մարդիկ յաճախ կը զայրանան, երբ անոնց դէմ անարդարութիւն խնդրոյ առարկայ ըլլայ կամ ենթարկուին անբարոյ վարքագծի կամ արհամարհանքի։ Հետեւաբար, հիասթափութիւնն ու նուաստացումը սերտօրէն կը կապուին անհատի խնդիրներու յաղթահարման ռազմավարութեան հետ։ Այսինքն՝ մինչ ոմանք հակուած են մեղադրել իրենք զիրենք եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել, ուրիշներ կրնան զայրոյթ, ատելութիւն եւ վրէժխնդրութիւն զգալ։

Իւրաքանչիւրս գրեթէ ամէն օր կը զգանք զայրոյթ՝ մեր առօրեայ յարաբերութիւններու, աշխատավայրին, փոխադրամիջոցներու, հանրային վայրերու մէջ եւ այլն։ Բայց եւ այնպէս, զայրոյթը թունաւոր է։ Թէեւ մարդիկ գիտեն անոր կործանարար երեսակը, սակայն յաճախ կը կառչին անոր, քանի որ զայրոյթը կը սեպեն ուժ, ինչ որ յաճախ կապուած է «տղամարդ» ըլլալու կամ կիներու հաւասարութիւնը շեշտելու հետ։ Երբ վիրաւորանքներու կամ անարդարութեան կ՚արձագանգենք առանց զայրոյթի, թշուառ կամ անզօր կը համարուինք։ Բազում մարդոց համաձայն, երբ մէկը ձեր դէմ յանցանք մը գործէ, ան պէտք է պատժուի եւ ջղային արձագանգ ցոյց տալով անհրաժեշտ է արդարութիւնը վերահաստատել:

Երբ խոշորացոյցի տակ առնենք զայրոյթը, ապա կարելի է դիտարկել, թէ անոր դիմելը որքան անիմաստ է։ Այս առթիւ կարելի է մէջբերել Արիստոտելի միտքը, ըստ որու զայրոյթը պատասխանն է ոեւէ մէկուն հասցուած լուրջ վնասի եւ յառաջացած ցասումը կը պարունակէ վրէժխնդրութիւն։ Այս բոլորը կը թուին ճիշդ եւ տրամաբանական։ Հակասականը այն է, թէ բարկացած մարդը յաճախ կ՚ուզէ վրէժ լուծել եւ կը կարծէ, թէ վրէժխնդրութիւնը անբաժանելի մասն է զայրոյթին։ Այսինքն՝ եթէ դուք չէք փափաքիր վրէժ լուծել, ապա այդ զգացումը իրական զայրոյթ չէ, գուցէ վիշտ է։

Զայրացած մարդ մը կրնայ վրէժ լուծել չփափաքիլ, բայց կրնայ ուզել, թէ չարագործի կեանքը ապագային վատթարանայ։ Օրինակ՝ կին մը կրնայ յոյս ունենալ, որ իրեն դաւաճանած ամուսնոյն երկրորդ ամուսնութիւնը հեզասահ չըլլայ։ Ինչպէս Արիստոտել համոզուած էր՝ զայրոյթը կը պարունակէ վրէժխնդրութիւն։

Իրական հանելուկը վրէժխնդրութեան գաղափարի անտրամաբանականութիւնն է։ Ինչ որ ալ ըլլայ յանցագործութիւնը՝ սպանութիւն, բռնաբարութիւն, խաբէութիւն եւ այլն, յանցագործի ցաւը չ՚օգներ վերադարձնել կորսուածը: Երբ զայրանանք, ըստ էութեան, գրեթէ բոլորս անընդհատ կը մտածենք վրէժի մասին։ «Յանցագործը պէտք է պատժուի» մտածումը շատ մարդկային է, սակայն, կորսուածը չի վերադարձներ։ Զոր օրինակ՝ մեր ընկերներէն մէկը բռնաբարուած է, կ՚ուզենք, որ յանցագործը անյապաղ ձերբակալուի ու պատժուի։ Բայց, իրականութեան մէջ, սա ի՞նչ օգուտ ունի։ Կրնանք ուզել, որ մեր ըներոջ կեանքը վերականգնուի, ուրեմն կրնանք թոյլ չտալ, որ ան նման ողբերգութիւն մը վերապրի… Բայց եւ այնպէս, պարզ չէ, թէ արդեօք յանցագործի նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը կը հասնի՞ իր նպատակին։ Սակայն շատեր այսպէս չեն մտածեր։ Անոնք տարուած են «արեան դէմ արիւն» գաղափարով։ Վրէժխնդրութեան գաղափարը մարդկային է, սակայն, կեանքը իմաստաւորելու գործին մէջ՝ թերի եւ անտրամաբանական։

Վշտացած կամ վիրաւորուած անձը, որ առիթը կը փնտռէ վրէժ լուծելու, կարծեմ, կը յայտնուի խաչմերուկին։ Անոր դիմաց երեք ճանապարհ կայ։ Առաջին ճանապարհը՝ մարդը կողմնորոշուած է ընկերային կարգավիճակի վրայ եւ ամէն ինչ կապուած է անոր եւ իր այդ դիրքին հետ։ Այս հանգամանքին տակ անոր վրէժխնդրութեան ծրագիրը կրնայ տրամաբանական համարուիլ, սակայն սա եսակեդրոն գաղափար մըն է։ Երկրորդ ճանապարհը՝ անձը կը կեդրոնանայ բուն յանցագործութեան վրայ եւ վրէժխնդիր կ՚ըլլայ՝ մտածելով, որ յանցագործի տառապանքով ամէն ինչ կը լուծուի։ Այս պարագային ան կեդրոնացած է ճիշդ բանի վրայ, սակայն անոր մտածելակերպը տրամաբանական չէ։ Երրորդ ճանապարհը՝ եթէ մարդ խելամիտ է, միւս երկու ուղիները քննելով եւ մերժելով կը հասկնայ, թէ իրեն համար կայ երրորդ ճանապարհ մը, որ ամենալաւն է. ան կը կեդրոնանայ միայն իրեն համար նպատակայարմարին ու բարեբերին։ Ի հարկէ, ան կրնայ ներառել յանցագործը պատժելը, սակայն պատիժի հիմնական նպատակը զսպում է, ո՛չ թէ վրէժ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2024