ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՍԷՐ ԵՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Ոչ միայն այս տա­րուան, այլ նաեւ հե­տա­գայ դա­րե­րու հա­մար մե­ծա­գոյն ի­րա­դար­ձու­թիւն էր 12 Ապ­րի­լին Վա­տի­կա­նի Ս. Պետ­րո­սի տա­ճա­րին մէջ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին կող­մէ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի հռչա­կու­մը իբ­րեւ «Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տ»: Այդ շնոր­հու­մով հայ գրա­կա­նու­թեան վե­րած­ննդեան հիմ­նա­դիր եւ հայ ի­մաս­տա­սի­րու­թեան մտքի գա­գաթ նկա­տուող Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին դար­ձաւ այն ա­նուն­նե­րէն մէ­կը, ո­րուն տրուե­ցաւ այս խիստ բա­ցա­ռիկ պա­տուա­ւոր կո­չու­մը, որ 2000-ա­մեայ քրիս­տո­նէա­կան պատ­մու­թեան մէջ երեսունվեց ան­ձե­րու տրուած է միայն: «Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տ» կո­չու­մը կը նկա­տուի քրիս­տո­նեայ աս­տուա­ծա­բան­նե­րու ու ի­մաս­տա­սէր­նե­րու ա­մե­նա­բարձր ճա­նա­չու­մը: Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին այս կո­չու­մին ար­ժա­նա­ցած ա­ռա­ջին ու միակ հայ սուրբն է։ Իբր այդ, մենք՝ հա­յերս բառին իսկական առումով կրնանք հպարտ զգալ, որ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին աշ­խար­հը այ­սու­հետեւ կը ճանչ­նայ ա­նուա­նի ե­կե­ղե­ցա­կաններու կողքին, օրինակ՝ Յով­հան Ոս­կե­բե­րա­ն, Թով­մա Աք­ուի­նա­ցի, Գրի­գո­րիոս Մե­ծ, Վա­սիլ Մե­ծ, Ալ­պէրթ Մե­ծ եւ այլք։

12 Ապ­րի­լին Վա­տի­կա­նի մէջ կա­յա­ցած պատ­մա­կան Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Վա­տի­կա­նի Սրբա­դաս­ման դա­տե­րու ժո­ղո­վի կա­ռա­վա­րիչ Կար­տի­նալ Ան­ճե­լօ Ամ­մա­թօ նա­խե­ւա­ռաջ ըն­թեր­ցեց բազ­մա­թիւ ե­պիս­կո­պոս­նե­րու խնդրան­քը եւ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տէն խնդրեց Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ­նե­րու շար­քը դա­սել Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին:

«Ան իր կեան­քով եւ իր վար­դա­պե­տու­թեամբ քա­րո­զած է գե­ղեց­կու­թեան աստուա­ծա­բա­նու­թիւ­նը, ա­նոր խօս­քի գե­ղեց­կու­թիւնն ու աս­տուա­ծա­բա­նա­կան միտ­քը միշտ մե­ծա­պէս գնա­հա­տուած են թէ՛ պարզ ժո­ղովուր­դի եւ թէ խո­րի­մաց աս­տուա­ծա­բան­նե­րու կող­մէ: Ժո­ղովուր­դը տեւական անոր կա­պուած է իր գլխա­ւոր գլուխ գոր­ծո­ցի՝ «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեա­ն»ի հետ, զո­ր ժո­ղո­վուր­դը պար­զա­պէս զայն կո­չած է «Նա­րե­կ» եւ ո­ր Ա­ւե­տա­րա­նէն յե­տոյ հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու քով ա­մե­նա­տա­րա­ծուած գիրքն է», իր խօս­քին մէջ ը­սած է կար­տի­նա­լը:

Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբազան Քա­հա­նա­յա­պե­տը, ունկն­դրելով այդ խօս­քին, յայ­տա­րա­րեց, որ ըն­դու­նե­լով բազ­մա­թիւ ե­պիս­կո­պոս­նե­րու եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խնդրան­քը, Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին կը հռչա­կէ Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ:

ՆԱ­ԽԱ­ՊԱՏ­ՄՈՒ­ԹԻՒՆ

Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ հռչա­կել տա­լու գա­ղա­փա­րը ծնունդ ա­ռած է ա­ւե­լի վաղ։ Այդ գա­ղա­փա­րը ան­գամ մը եւս յայտ­նուած է 2005 թուականի 19 Յու­նուա­րին, Հռո­մի Սուրբ Պետ­րո­ս Մայր տա­ճա­րի ար­տա­քին գա­ւի­թին մէջ, ձե­ռամբ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Յով­հան­նէս Պօ­ղոս Բ. Քա­հա­նա­յա­պե­տին Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­ր­չի մե­ծա­դիր ար­ձա­նի հան­դի­սա­ւոր օրհ­նու­թե­նէն ու զե­տե­ղու­մէն յե­տոյ: Այդ պատ­մա­կան դէպ­քին յա­ջոր­դած է նոյն գա­ւի­թին պաշ­տօ­նա­կան յոր­ջոր­ջու­մը իբր «Cortile San Gregorio Illuminatore d՚Armenia», Պենետիքտոս ԺԶ. Պա­պին կող­մէ, 2008 թուականի 22 Փետ­րուա­րին:

Մինչ այդ, Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­պիս­կո­պո­սաց եկե­ղե­ցա­կան գե­րա­գոյն ժո­ղո­վը (Սիւն­հո­դո­սը) լծուած էր՝ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին Տիե­զե­րա­կան եկե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ հռչա­կել տա­լու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ իր 2003 թուականի սիւն­հո­դո­սա­կան նիս­տե­րու ըն­թաց­քին։ Կազ­մուած էր յա­տուկ յանձ­նա­խումբ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Ար­հիա­պա­տիւ Գրի­գոր Եպսկ. Կապ­րո­յեա­նի, ան­մի­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ Փրոֆ. Ժան-Փիէռ Մա­հէի եւ Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­ն Գե­րա­պայ­ծառի։ Ա­նոնց ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուե­ցան եր­կու կա­րե­ւոր գի­տա­ժո­ղով­ներ, ա­ռա­ջի­նը՝ Հռո­մի Ա­րե­ւե­լեան ուս­մանց քա­հա­նա-յա­պե­տա­կան հի­մնար­կին մէջ (Յու­նուար, 2005) իսկ երկ­րոր­դը՝ Լի­բա­նան, Քաս­լի­քի «Սուրբ Հո­գի» հա­մալ­սա­րա­նի երդիքին տակ (Հոկ­տեմ­բեր, 2009): Գի­տա­ժո­ղով­նե­րը լա­ւա­գոյնս բա­ցա­յայ­տե­ցին Նա­րե­կա­ցիի դե­րը՝ թէ՛ հայ ծէ­սին մէջ եւ թէ ա­նոր նշա­նա­կու­թիւ­նը՝ հա­մաշ­խար­հա­յին ի­մաս­տով: Եր­կու ձեռ­նարկ­ներն ալ մեծ յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րե­ցին, մաս­նակ­ցող­նե­րու խում­բին մաս կը կազ­մէին հան­րա­ծա­նօթ աս­տուա­ծա­բան­ներ, ծի­սա­գէտ­ներ ու պատ­մա­գէտ­ներ, թէ՛ հայ եւ թէ օ­տար շրջա­նակ­նե­րէ: Գի­տա­ժո­ղով­նե­րու զե­կու­ցում­նե­րը զար­գա­ցու­ցին քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հի գի­տե­լիք­նե­րը՝ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի եւ ա­նոր ար­ժէ­քի մա­սին եւ գի­տա­ժո­ղով­նե­րու ըն­թաց­քին բե­րուած վկա­յու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նա­բար չէին կրնար ան­տար­բեր ձգել Վա­տի­կա­նի Սուրբ Ա­թո­ռը: Աշ­խա­տանք­նե­րը չսահ­մա­նա­փա­կուե­ցան միայն գի­տա­ժո­ղով­նե­րով. ան­ցեալ մօտ տա­սը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիար­քին, ջանք ու ժա­մա­նակ չխնա­յե­ցին աշ­խար­հին լա­ւա­գոյնս ներ­կա­յաց­նե­լու Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին, իբ­րեւ հա­մայն քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն ար­ժէք­նե­րէն մէ­կը: Շնոր­հիւ «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեա­ն» քեր­թու­թեան ֆրան­սե­րէ­նի թարգ­մա­նու­թեան Ժան-Փիէռ Մա­հէի կող­մէ՝ ամ­բողջ ֆրան­սա­խօս աշ­խար­հը ծա­նօ­թա­ցաւ Նա­րե­կա­ցիին։ Ժան-Փիէռ Մա­հէի կող­մէ թարգ­մանուե­ցաւ նաեւ Նա­րե­կա­ցիի «Գան­ձեր եւ տա­ղե­ր» հա­տո­րը:

Այս ամ­բողջ աշ­խա­տանք­նե­րուն զու­գա­հեռ կապ կը պա­հուէր Հռո­մի պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ՝ ու­սում­նա­սի­րե­լու Տիե­զե­րա­կան վար­դա­պե­տի հռչա­կին ար­ժա­նա­նա­լու պայ­ման­նե­րը, եւ այս ծի­րէն ներս գնա­հա­տե­լի է Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­ն Գերապայծառի ներդրու­մը՝ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիին Տիեզե­րա­կան վար­դա­պե­տու­թեան տի­տղո­սին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը անժխ­տե­լի դարձ­նող հինգ հարիւր էջ­է բաղկացեալ թղթած­րա­րը պա­րաս­տե­լու գոր­ծին մէջ:

Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը կա­րե­ւոր կը նկա­տեն այս գործընթացին մէջ դե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի, Վրաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի եր­բեմ­նի պա­պա­կան նուի­րակ Մոն­սենիէօր Քլաու­տիօ Ար­քե­պիս­կո­պոս Կու­ճե­րոթ­թի, որ այժմ Մինս­քի ա­ռա­քե­լա­կան նուի­րակն է: Ան հա­յա­գէտ է, հա­յա­խօս եւ կը հա­մա­րուի մեծ հա­յա­սէր, որ հե­ղի­նակ է Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի մա­սին բազ­մա­թիւ յօ­դուած­նե­րու եւ աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու:

Ա­հա­ւա­սիկ, Նա­րե­կա­ցին Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ հռչա­կե­լու Ֆրան­սիսքոս Ա. Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին ո­րո­շու­մը լայն ար­ձա­գանգ գտաւ հա­մայն աշ­խար­հի մէջ եւ 10-րդ դա­րուն ապ­րած եւ ճգնած հայ մե­ծա­գոյն սուր­բը իր ար­ժա­նի պա­տուան­դա­նը ու­նե­ցաւ Վա­տի­կա­նի Սուրբ Պետ­րո­ս Մայր տաճարի ճա­կա­տը զար­դա­րող Ընդ­հան­րա­կան եկե­ղեց­ւոյ սուր­բե­րու քան­դակ­նե­րու շար­քին մէջ:

ԿՈ­ՉՈՒ­ՄԸ

«Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տ» կո­չու­մը կը շնոր­հուի 1298 թուա­կա­նէն ի վեր եւ կը տրուի միջ­նա­դա­րէն ի վեր գոր­ծած աս­տուա­ծա­բան­նե­րուն՝ ե­կե­ղե­ցիին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցե­լու կամ սրբու­թեան հա­մար՝ ա­ռա­քի­նի կեան­քով ու վար­քով հռչա­կուած գոր­ծիչ­նե­րու: «Ի­մաս­տա­սէր­նե­րու ար­քա­յազ­ն» (Princeps philosophorum) կը հա­մա­րուի 13-րդ դա­րու աս­տուա­ծա­բան ու ի­մաս­տա­սէր Թով­մա Աք­ուի­նա­ցին, որ 1879 թուականին հռչակուած է ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր կա­թո­ղի­կէ կրօ­նա­կան ի­մաս­տա­սէ­րը, ո­ր կա­պած է Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ դա­ւա­նա­բա­նու­թիւ­նը՝ Ա­րիս­տո­տէ­լի ի­մաս­տա­սի­րու­թեան հետ։

Վաղ միջ­նա­դա­րուն ե­կե­ղեց­ւոյ ու­սուց­չի այս բարձր տիտ­ղո­սին՝ Տիե­զե­րա­կան վար­դա­պե­տու­թեան ար­ժա­նա­ցած են Հնա­գոյն Ա­րեւմ­տեան ե­կե­ղեց­ւոյ միայն չորս ներ­կա­յա­ցու­ցիչներ՝ Հռո­մի Գրի­գո­րիոս Ա. Պապը, Ամբ­րո­սիոս Մե­տիո­լա­նա­ցին, Օ­գոս­տի­նոս Ավ­րե­լիո­սը ու Իե­րո­նի­մոս Սդրի­տո­նա­ցին: Հին Ա­րե­ւե­լեան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ո­րուն կը պատ­կա­նի Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին, այն ժա­մա­նակ այս պա­տուա­բեր կո­չու­մին ար­ժա­նա­ցած են Ս. Յով­հան­ Ոս­կե­բե­րա­նը, Վա­սի­լի Մեծն ու Գրիգո­րիոս Աս­տուա­ծա­բա­նը:

Ա­նոնք կը հա­մա­րուին ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րեր: Ե­կե­ղե­ցւոյ հայ­րե­րը այն ա­ռա­քի­նի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներն են, ո­րոնք ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ դա­սուած են սուր­բե­րու կար­գը եւ ճանչ­ցուած են իբ­րեւ հա­ւատ­քի հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րու ճշմա­րիտ եւ ուղ­ղա­փառ ե­րաշ­խա­ւոր­ներ, Սուրբ Գրքի հե­ղի­նա­կա­ւոր մեկ­նիչ­ներ ու ա­ւան­դա­պահ­ներ, ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թեա­ն նուի­րուած եւ ե­կե­ղե­ցա­կան նուի­րա­պե­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու դէմ­քեր: Կա­թո­ղի­կէ­նե­րը այս բոլորին կը յա­ւե­լեն նաեւ վա­ղե­մու­թիւ­նը: Ա­ւե­լի վերջ Հռո­մի Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղե­ցին մշտա­պէս ընդ­լայ­նած է ցու­ցա­կը՝ այդ կո­չու­մը շնոր­հե­լով ա­ւե­լի քան քսան աստուա­ծա­բա­նի:

ԿԵԱՆ­ՔԷՆ ԴՐՈՒԱԳ­ՆԵՐ

Հնա­գոյն ձե­ռա­գիր կեն­սագ­րա­կան­նե­րու եւ ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան բնոյ­թի յի­շա­տա­կու­թիւն­նե­րու մէջ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի կեան­քին մա­սին շատ քիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ պահ­պա­նուած են։ Ինչ­պէս կը կար­դանք հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նին մէջ, Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցի ծնած է Վաս­պու­րա­կան նա­հան­գի Ռշտու­նի գա­ւա­ռը, Վա­նայ լճի հա­րա­ւա­յին ա­փե­րուն գտնուող Նա­րեկ գիւ­ղին մէջ՝ 951 թուա­կա­նին։ Նա­րե­կա­ցին Ան­ձե­ւա­ցեաց գա­ւա­ռի Խոս­րով Ե­պիս­կո­պո­սի որ­դին էր։

Մա­նուկ հա­սա­կէն ան կա­պուած ե­ղած է Ռշտու­նեաց աշ­խար­հի Նա­րեկ գիւ­ղի վան­քին հետ։ Ան այս վանքի երդիքին տակ իր եղ­բօր հետ միա­սին կրթուած եւ դաս­տիա­րա­կուած է ժա­մա­նա­կի ա­մե­նա­զար­գա­ցած անձերէն մէ­կուն՝ Ա­նա­նիա Նա­րե­կա­ցիին մօտ, ո­ր նաեւ Գրի­գո­րի մօր հօ­րեղ­բայ­րը ե­ղած է։ Իւ­րաց­նե­լով դպրո­ցի մա­տե­նա­դա­րա­նի թարգ­մա­նա­կան եւ ինք­նու­րոյն ձե­ռա­գիր կրօ­նա­խո­հա­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը՝ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին հե­տա­գա­յին դար­ձած է ուս­ման այդ կեդ­րո­նի սիւ­նե­րէն մէ­կը։

Ու­սու­մը ստա­նա­լէ յե­տոյ Գրի­գո­րը վար­դա­պետ ձեռ­նադ­րուած է նոյն Նա­րե­կայ վան­քին մէջ եւ ստա­ցած է Նա­րե­կա­ցի ա­նու­նը։ Իր հա­րուստ գի­տե­լիք­նե­րու եւ ան­բա­սիր վար­քի շնոր­հիւ Նա­րե­կա­ցին մեծ համ­բաւ շահած է, ա­նոր մա­սին հիւ­սուած են զա­նա­զան ա­ւան­դու­թիւն­ներ, ո­րոնց մէկ մա­սը բա­նա­ւոր եւ գրա­կան մշա­կում­նե­րով հա­սած է մեր օ­րե­րը։

Յայտ­նի է նաեւ, որ մեծ հռչակ վա­յե­լող Նա­րե­կա­ցին ին­չ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով հա­լա­ծուած է իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն կող­մէ, նոյնիսկ կանչուած է հո­գե­ւոր դա­տա­րան: Ան վախ­ճա­նած է 1003 թուա­կա­նին ու թա­ղուած՝ Նա­րե­կայ վան­քին մէջ։ Ա­նոր գե­րեզ­մա­նը եր­կար ժա­մա­նակ ուխ­տա­տե­ղի ե­ղած է շրջա­կայ հայ բնակ­չու­թեան հա­մար։

Հա­կա­ռակ իր կեան­քի մա­սին սակաւաթիւ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու, Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիէն մնա­ցած են բա­ւա­կան թի­ւով գործեր. օրինակ՝ «Մեկ­նու­թիւն եր­գոց եր­գոյն Սո­ղո­մո­նի», չորս ներ­բող, գան­ձեր, տա­ղեր (թի­ւով երեսունէ ա­ւե­լի), «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեա­ն» հան­րահռ­չակ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, որ հայ ժո­ղովուր­դի մօտ ծանօթ է «Նա­րե­կ» ա­նու­նով։ Հայ մար­դը զայն ա­մէ­նուր եւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ պա­հած է իր բար­ձին տակ, իբ­րեւ իր էու­թեան ա­մե­նէն հա­րա­զատ վկա­յա­րա­նը, ո­րու մի­ջո­ցաւ գտած է հո­գա­կան մխի­թա­րու­թիւն, եւ «Նա­րե­կ»ը միա­ժա­մանակ ե­ղած է մարմ­նա­կան ցա­ւե­րէն փրկուե­լու նշա­նա­ւոր բժշկա­րան: Իր բու­ժիչ եւ ա­մո­քիչ յատ­կու­թեամբ այս սուրբ վկա­յա­րա­նը նշա­նա­ւոր է աշ­խար­հի մէջ: «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեա­ն» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, որ իննսունհինգ ա­ղօթք­նե­րու ընդ­մէ­ջէն տե­ղի ու­նե­ցող սրտա­բուխ զրոյց մըն է, Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցի գրած է՝ ներշն­չուած Սուրբ Հո­գիէն եւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ բա­ցա­ռիկ օ­րի­նակ մըն է՝ ա­մե­նա­բարձր գրա­կան լե­զուով գրուած մեղ­քի, ա­պաշ­խա­րու­թեան, երկ­նա­յին գթու­թեան, հո­գե­ւոր պայ­քա­րի եւ հո­գե­ւոր տա­ռա­պան­քի մա­սին: Ան կը պատ­կա­նի մարդ­կու­թեան ստեղ­ծած գե­ղա­ր-ւես­տա­կան մե­ծա­գոյն ար­ժէք­նե­րու կար­գին եւ թարգ­մա­նուած է բազ­մա­թիւ լե­զու­նե­րով: Աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն աս­տուա­ծա­բան­նե­րը, կրօ­նա­գէտ­ներն ու փի­լի­սո­փա­նե­րը բազ­միցս անդ­րա­դար­ձած են Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի գրչին պատ­կա­նող այս գլուխ­ գոր­ծո­ցին:

Դա­րեր շա­րու­նակ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին պաշ­տա­մուն­քի ու սի­րոյ ա­ռար­կան ե­ղած է հայ ժո­ղո­վուր­դին, մինչ­դեռ ա­նոր սրբա­զան վար­քը եւ մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, հա­ւատ­քի ապ­րու­մը, ամ­բողջ մարդ­կու­թեան մեղ­քե­րուն տա­ռա­պան­քը, ա­ղօթք­նե­րը, ա­նոր բա­րե­պաշ­տա­կան զգա­ցում­նե­րը, Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ուղ­ղա­դա­ւան վար­դա­պե­տու­թեան հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը (ո­րուն հա­մար Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին հա­լա­ծ-ւե­ցաւ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն կող­մէ) 10-րդ դա­րուն ապ­րած այս հայ Սուր­բը կը դարձ­նեն ար­ժա­նի Քրիս­տո­սի բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու սի­րոյն ու պաշ­տա­մուն­քին։

Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին, իր ներ­կա­յա­ցու­ցած ար­ժէ­քով այ­սօր ար­դէն քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հին մէջ պաշ­տօ­նա­պէս կը դա­սուի այդ աշ­խար­հի գա­ղա­փա­րա­կան հէն­քը ստեղ­ծած մար­դոց դա­սուն։ Այս մէկը ի­րաւ ո­գեշն­չող է, ո­րով­հե­տեւ դժուար է պատ­կե­րաց­նել ա­ւե­լի մնա­յուն ու պա­տուա­ւոր ա­ռիթ, քան ա­նոր շնորհուած կո­չու­մը ո՛չ միայն մեր ե­կե­ղե­ցին ու Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին կը յա­ւեր­ժաց­նէ մարդ­կու­թեան ու քա­ղա­քակր­թու­թեան պատ­մու­թեան մէջ, այ­լեւ այս շնոր­հու­մով յա­ւեր­ժա­կան ու­ղիի մէջ մտած են նաեւ հայ ժո­ղո­վուրդն ու մեր մշա­կոյ­թը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015