Գրիգոր Նարեկացի Հայկեան Հանճարին Գրական Սրբազնագոյն Ճաճանչումը
Մայիս 7-ին, 1064 տարի առաջ, լոյս աշխարհ եկաւ Հայկեան Հանճարին գրական սրբազնագոյն ճաճանչումը հանդիսացող Գրիգոր Նարեկացին (951-1003), որ ի լուր համայն աշխարհի, 100-րդ տարելիցին առիթով, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ դասուեցաւ Տիեզերական Վարդապետներու կարգին։
«Նարեկ» անունով մեր ժողովուրդին կողմէ սրբացուած «Մատեան Ողբերգութեան» կոչուած իր բանաստեղծական գործով՝ Նարեկացի ոչ միայն հայ գրականութեան «վեհաշուք Արարատը» դարձաւ, այլեւ՝ Աստուածաշունչի կամ Սուրբ Գիրքի չափ, հոգեմտաւոր լոյսի ու սնունդի վարար աղբիւր եւ լուսաւոր փարոս մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար՝ ահա աւելի քան հազար տարիէ ի վեր։
Ամենայն Հայոց Բանաստեղծը՝ Յովհաննէս Թումանեան ամբողջ հայ ժողովուրդին ամենէն խորունկ եւ իրա՛ւ ապրումները կ՚արտայայտէր, երբ «Նարեկ»ի առիթով ատենին կը վկայէր, թէ՝ «Այստեղ («Մատեան Ողբերգութեան» գործին մէջ) արդէն հայի լեզուն չէ, որ խօսում է, բերանը չէ, որ պատմում է, կրակուած սիրտն է, որ այրւում է երկիրը բռնած, տանջուած հոգին, որ մռնչում է մինչեւ երկինք»:
Նարեկայ վանքէն դուրս աշխարհ չտեսաւ եւ ճգնաւորութենէ զատ կեանք չճանցաւ Գրիգոր վարդապետ, բայց ի վերուստ իրեն շնորհուած հանճարի մտքով ու սրտով, այլեւ բոլոր զգայարանքներով՝ շօշափեց, պեղեց եւ վերծանեց մարդն ու աշխարհը, կեանքն ու անդենականը իմաստաւորող բոլոր ճշմարտութիւնները։
Մանաւա՛նդ այդ բոլորը յաւիտենութեան յանձնեց բանաստեղծական այնպիսի երաժշտութեամբ, յուզական այնպիսի իրաւութեամբ եւ իմաստասիրական այնպիսի խորութեամբ, որ իր ժամանակին շունչը դառնալով մէկտեղ՝ եղաւ բոլոր ժամանակներուն համար անանց ճշմարտութեանց պատգամախօսը։
Բնաւ ալ պատահական չէ, հետեւաբար, որ հայ գրականութեան բոլոր մեծութիւնները, Խաչատուր Աբովեանէն մինչեւ Սիամանթօ, Պետրոս Դուրեանէն մինչեւ Յովհաննէս Թումանեան, Դանիէլ Վարուժանէն ու Միսաք Մեծարենցէն մինչեւ Եղիշէ Չարենց ու Պարոյր Սեւակ, անվարա՛ն բոլորը Նարեկացին կ՚ընդունին իբրեւ իրա՛ւ յոյզերու, խորագո՛յն ճշմարտութեանց եւ գեղարուեստակա՛ն արարումի մեծագոյն առաջնորդն ու վարպետը միանգամայն։
Իսկ հայ մարդը ամէնուր եւ բոլոր ժամանակներուն «Նարեկ»ը պահեց իր բարձին տակ, իբրեւ իր էութեան ամենէն հարազատ ու խորասոյզ վկայարանը՝ անոր մէջ փնտռելով ու գտնելով ոչ միայն հոգեկան մխիթարութեան եւ փրկութեան, այլեւ՝ մարմնական ապաքինման ու առողջութեան հրաշազօր բալասանը։
Վասպուրական աշխարհի Ռշտունեաց գաւառի ծնունդ էր Գրիգոր Նարեկացի՝ Բզնունեաց տոհմի շառաւիղ, որ լոյս աշխարհ եկաւ Վանայ լիճի հարաւը գտնուող աննշան գիւղի մը մէջ, հոգեւորական եւ մտաւորական ընտանիքի մը յարկին տակ։ Հայրը՝ Խոսրով, արքեպիսկոպոս էր ու ծանօթ գրող։ Գրիգոր մանուկ տարիքին կորսնցուցած էր մայրը եւ ղրկուած էր հօրեղբօր՝ Անանիա Վարդապետի մօտ, որ Նարեկայ վանքի վանահայրն էր. ամբողջ իր կեանքը Գրիգոր անցուց Նարեկայ վանքին մէջ եւ հոնկէ ալ ստացաւ իր Նարեկացի անուանումը։
Բանաստեղծի յորդաբուխ յուզաշխարհով օժտուած եւ աստուածաբան-իմաստասէրի ընդգրկուն գիտելիքով ու ճանաչողութեամբ զարգացած հեղինակութիւն էր Գրիգոր Նարեկացի, որ իր ժամանակի ուսումնական այդ կարեւոր օճախի՝ Նարեկայ վանական դպրոցի սիւներէն մէկը դարձաւ։ Հակառակ որ միայն 52 տարի ապրեցաւ, բայց գրական եւ իմաստասիրական հարուստ ժառանգութիւն մը ընծայաբերեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան գանձարանին։
Նարեկացի նորարարական շունչով ու գեղարուեստական մշակումով յատկանշուող իր «Տաղեր»ով մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։ Հայ հոգեւորական դասական գրականութեան մէջ իսկական յեղաշրջում կատարեց՝ հայրենի բնութեան գեղեցկութիւնն ու երաժշտականութիւնը բանաստեղծական կշռոյթի վերածող իր տաղերով ու գանձերով։ Յեղաշրջեց նաեւ հոգեւոր ճշմարտութեանց ու գեղեցկութեանց բանաստեղծական ընկալումը՝ մարդկայնացնելով Աստուածայայտնութեան ողջ խորհուրդն ու կրօնական պաշտամունքը, աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդ էակին ներաշխարհը բանի եւ երաժշտութեան վերածելով ու անդուլ ինքնամաքրման հունով զարգացընելով։ Այդպէ՛ս է, որ Գրիգոր Նարեկացիի «Տաղեր»ուն մէջ Աստուածամայրը խորհրդանշեց գերագոյն գեղեցկութիւնը. Աստուածամօր նուիրուած «Տաղ Վարդավառի»ն կը հանդիսանայ համաշխարհային գրականութեան գոհարներէն մէկը։
Բայց յատկապէս իր կեանքի վերջալոյսին, 1002 թուականին աւարտած «Մատեան Ողբերգութեան» երկարաշունչ բանաստեղծութեամբ՝ Գրիգոր Նարեկացի յաւերժութիւնը նուաճեց, բոլոր ազգերու եւ լեզուներու գրականութեան գանձարանին տալով հանճարեղ գլուխգործոց մը, որ մինչեւ մեր օրերը սքանչացումով ու յափշտակութեամբ կը համակէ ընթերցողներն ու գիտաշխատողները աշխարհի չորս ծագերուն։
«Մատեան Ողբերգութեան» բանաստեղծութիւնը կը կրէ իր ժամանակաշրջանի շեշտակի դրոշմը։ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ թուրանական ու մոնկոլական՝ սելճուքեան ասպատակումի եւ աւերումի, հոգեմտաւոր արժէքներու խորտակման ու խաւարման դարերը կը սկսին եւ ահա ճիշդ այդ ահաւո՛ր անկումներու դարաշրջանին դէմ ըմբոստացման ինքնուրոյն՝ հայաշունչ պոռթկում է «Նարեկ»ը.
Խաւարին կը հակադրէ յաւերժական Լոյսը, երկնաւոր կեանքի մեղքերուն եւ չարիքներուն կը հակադրէ հաւատքի գեղեցկութիւնն ու հոգիի ազնուացումը։ Ինքնախարազանման եւ ինքնամաքրման ամենէն իրաւ զգայնութիւնները լոյս աշխարհ կը բերէ՝ ուրուագծելու համար դէպի յաւերժական Լոյսին ու Գեղեցկութեան աղբիւրը առաջնորդող հայու ուղին։
Նարեկացի իր «Տաղեր»ով ու «Մատեան Ողբերգութեամբ» անբաժան ընկերակիցը եւ առաջնորդող փարոսը հանդիսացաւ բազմաչարչար հայ ժողովուրդին՝ խաւարանիստ այդ երկարատեւ դարերու ամբողջ երկայնքին։ Իր ներշնչած Հաւատքի ուժով եւ հոգեմտաւոր Գեղեցկութեան ու Լոյսի անխառն պաշտամունքով՝ Նարեկացի դարերէն վեր բարձրացաւ ու Յաւերժի Ճամբորդին, հա՛յ ժողովուրդին կտակեց ինքնապահպանման ու վերապրումի ամենէն հրաշազօր զէնքերէն մէկը։
Նարեկայ վանքը այսօր չկայ, քսաներորդ դարասկիզբին վերջնականապէս քանդուեցաւ, ինչ որ մնացած էր երբեմնի հայկական լոյսի այդ մեծ օճախէն։ Բայց «Նարեկ»ը կա՛յ ու կը շարունակէ շունչ եւ լոյս տալ հայ ժողովուրդի ինքնահաստատման յաւերժական երթին։
Ինչպէս որ Հայկական Հանրագիտարանը կը վկայէ՝
«Նարեկացիի գլուխգործոցը «Մատեան Ողբերգութեան» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնն է՝ բաղկացած իննսունհինգ գլուխներէ (բանք), որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սկսի «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ» տողով:
«Մատեան Ողբերգութեան» պոէմը հոգւոյ խորերէն բխած զրոյց է Աստուծոյ հետ։ Զրոյց, ուր ներկայացուած են մարդկութիւնը պարուրած վիշտերն ու ցաւերը, կասկածներն ու համոզմունքները, մեղքերն ու խոստովանանքները, ինքնադատապարտման ու ինքնամաքրման ճամբով կատարելութեան հասնելու ձգտումը։
«Նարեկ»ի մէջ բանաստեղծը կը խօսի կեանքի ու մահուան, անկման ու փրկութեան մասին։ Կը վերլուծէ մարդկային կեանքի անկատարութիւնը, ուրկէ եւ կը սկսին անոր ողբերգական ապրումներն ու տարակոյսները։ Մարդ էակը կը կասկածի՝ մաքրագործուելով վեր բարձրանալուն, Աստուծոյ մերձենալուն, անբասիր դառնալուն վրայ, կը տարակուսի՝ որովհետեւ անոր մեղքերը աստիճանաբար կ՚աւելնան շարունակ։ Այնուամենայնիւ, իր բոլոր մեղքերով հանդերձ, մարդը յոյս ունի եւ կը հաւատայ Աստուծմէ սպասուող փրկութեանը։ Փրկութեան հասնելու միակ ճամբան խոստովանութիւնն ու զղջումն են, որոնց շնորհիւ մարդը կ՚ազատագրուի սուտէն, կեղծիքէն, յանցանքներէն, սխալներէն, բազում այլ արատներէն եւ կը մաքրուի։
«Նարեկացիի հոգին լի է հաւատով առ Աստուած։ Իր պոէմը Նարեկացի ձօնած է Աստուծոյ՝ Անոր մէջ տեսնելով գեղեցիկը, լաւագոյնը, կատարեալն ու անաղարտը: Նարեկացի կը հաւատայ, որ իր Մատեանը կ՚օգնէ մարդուն եւ սէր, ազնուութիւն ու բարութիւն կը սերմանէ մարդկանց հոգիներուն մէջ։ «Նարեկացիի գեղարուեստական մտածողութիւնը էապէս ազդած է հետագայ շրջանի, յատկապէս ԺԲ.-ԺԳ. դարերու (Ներսէս Շնորհալի, Ֆրիկ) եւ 20-րդ դարու առաջին կէսի (Միսաք Մեծարենց, Սիամանթօ, Եղիշէ Չարենց) հայ բանաստեղծութեան վրայ։
«Անգերազանցելի է Նարեկացին հայ գրականութեան մէջ իր ստեղծած տաղաչափութեամբ, բանաստեղծական անկրկնելի կշռոյթով եւ երաժշտականութեամբ, խօսքի տարերքով ու բառագանձով։ Ան նաեւ, իբրեւ երաժիշտ, նոր շունչ ու կեանք հաղորդած է հայ միջնադարեան մասնագիտացուած երաժշտութեան, մասնաւորապէս անոր տաղերուն մէջ յաղթահարուած են շարականներու հին, տուեալ պատմաշրջանին համար իսկ արդէն հինցած ձեւերը»։
Ահա՛ աշխարհաբար արեւելահայերէնի վերածուած պատառիկ մը «Նարեկ»էն՝
… Կէս-գիշերային այս լռութեան մէջ
Նշանդ օրհնեալ՝ ձեռքիս մատներով
Քեզ եմ կարկառում, ո՜վ ամենատես,
Որ անգիտութեան խաւարով երբեք չես աղօտանում,
Այլ բնակւում ես ու հանգչում ես միշտ
Անմատոյց լոյսի ջինջ ոլորտներում:
Գոհաբանութեամբ աղաչում եմ քեզ՝
Ա՛ռ վշտահարիս հզօր թեւերիդ պաշտպանութեան տակ,
Փրկի՛ր ներխուժող խուռնամբոխ պղտոր այս ցնորքներից,
Մաքրի՛ր լիովին զգայարանը սրտիս տեսութեան,
Կենացդ փայտով ամրապնդի՛ր ինձ
Այս տխրաթախիծ անուրջների դէմ,
Արեամբդ ցօղի՛ր իմ կացարանի շուրջն ամբողջութեամբ,
Կողիդ կենարար սուրբ կաթիլներով
Սրսկի՛ր ճամբան իմ ելումուտի,
Քառաթեւդ թող լինի մշտապէս երթիս պահապան,
Վեր յառած աչքիս տեսութեան հանդէպ
Թող որ պատկերուի խորհուրդը միայն
Ամենափրկիչ տառապանքներիդ,
Չարչարանքների քո գործիքը թող
Սեմիս ճակատին դրոշմուի ամուր,
Հաւատքը յոյսիս՝ կախուի հանապազ ծառիցդ օրհնութեան:
Սանձի՛ր սրանցով, տէ՜ր, հոգեսպանին.
Թող որ մուտք գործի պաշտպանը լոյսի ինձ մօտ անխափան.
Թեթեւացրո՛ւ բեռը պարտքերիս՝
Անլուր ցաւերիս ծանրութեամբ հանդերձ:
Եւ ահա մահճում, ամփոփուած մտքիս լսարանի մէջ,
Մտաբերելով պտուղները դառն յուսահատութեան՝
Խոստովանում եմ ամենագէտիդ
Անօրէն ու չար գործերս բոլոր:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ