ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ

​Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը ար­դէն յայ­տա­րա­րած է Ա­ւագ Շաբ­թուան եւ Զատ­կուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ծրա­գի­րը: Հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը կը պատ­րաս­տուի ներ­կայ գտնուիլ Զատ­կուան Ս. Պա­տա­րա­գին՝ Կի­րա­կի օ­րը՝ 5 Ապ­րի­լին, իսկ աշ­խար­հաս­փիւռ հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նին Ս. Պա­տա­րա­գը դի­տել ար­բա­նեա­կա­յին կա­պի մի­ջո­ցով՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին պատ­կե­րաս­փիւ­ռի ու­ղիղ ե­թե­րէն:

Հայ­րա­պե­տա­կան Ս. Պա­տա­րա­գին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը Ս. Յա­րու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով Հայ­րա­պե­տա­կան իր պատ­գա­մը կ՚ուղ­ղէ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­մայն հայ ժո­ղո­վուր­դին:

Ա­ւագ Շա­բա­թը Յի­սուս Քրիս­տո­սի այ­սերկ­րա­յին վեր­ջին օ­րե­րը կ՚ամ­փո­փէ: Ա­ւագ Շաբ­թուան օ­րե­րուն մէջ յատ­կան­շա­կան տեղ ու­նի Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թին, որ յի­շա­տակն է Յի­սուս Քրիս­տո­սի վեր­ջին ընթ­րի­քին, իբ­րեւ Ս. Հա­ղոր­դու­թեան խոր­հուր­դի հաս­տա­տում:

Վեր­ջին ընթ­րի­քի ժա­մա­նակ Յի­սուս իր ա­շա­կերտ­նե­րը հա­ղորդ դար­ձուց Իր Մարմ­նին ու Ա­րեա­ն՝ ա­նով հաս­տա­տե­լով Ս. Պա­տա­րա­գի խոր­հուր­դը:

 Այ­սօր ա­ռա­ւօ­տեան՝ ժա­մը 07.30-ին, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ (ինչ­պէս նաեւ բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ) տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր­գու­թիւն եւ Կարգ ա­պաշ­խա­րո­ղաց, որ հաս­տա­տած է ընդ­հան­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ նշա­նա­ւոր հայ­րա­պետ, ե­կե­ղե­ցա­կան մեծ գոր­ծիչ եւ գրող Բար­սեղ Կե­սա­րա­ցին: Ժա­մը 10.30-ը Ս. Պա­տա­րա­գի ժամն է, իսկ ա­ւե­լի ուշ՝ օ­րուան երկ­րորդ կէ­սին՝ ժա­մը 16.00-ին, մին­չեւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն կը կա­տա­րուի Ոտն­լուա­յի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը եւ կը խորհր­դան­շէ այն խո­նար­հու­թիւ­նը, ո­ր մարմ­նա­ւո­րեց Յի­սուս Քրիս­տոս: Ինչ­պէս Քրիս­տոս վեր­ջին ընթ­րի­քէն յե­տոյ, ցու­ցա­բե­րե­լով ճշմա­րիտ հե­զու­թեան ու ան­սահ­ման խո­նար­հու­թեան օ­րի­նակ, ջուր լե­ցու­ցած է կոն­քի մէջ, ծուն­կի ե­կած եւ լուա­ցած է իր տաս­ներ­կու ա­շա­կերտ­նե­րուն ոտ­քե­րը՝ չորց­նե­լով կռնա­կին կա­պուած ան­ձե­ռո­ցով։ Նոյն­պէս ալ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Տի­րոջ այս օ­րի­նա­կով քա­հա­նան ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նին ծնկա­չոք կը լուայ տաս­ներ­կու մա­նուկ­նե­րուն կամ ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն ոտ­քե­րը եւ ա­պա կ՚օ­ծէ օրհ­նուած իւ­ղով: Իւ­ղը, ինչ­պէս յայտ­նի է, կը խորհր­դան­շէ Յի­սու­սի ոտ­քե­րուն մե­ղա­ւոր կնոջ թա­փած ա­նու­շա­հոտ իւ­ղը: Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը Մայր Տա­ճա­րին մէջ կը կա­տա­րուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ: Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րու բնո­րոշ­մամբ «Ոտն­լուա­յի ժա­մա­նակ երկն­քի եւ երկ­րի Ա­րա­րի­չը խո­նար­հե­ցաւ հո­ղի՝ մար­դու ա­ռջեւ, ին­չ որ մարդ ա­րա­րա­ծին հան­դէպ Աս­տու­ծոյ կա­տա­րեալ սի­րոյ եւ խո­նար­հու­թեան գե­րա­գոյն դրսե­ւո­րումն էր»: Ինչ­պէս Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թիի շա­րա­կան­նե­րէն մէ­կուն մէջ կ՚ը­սուի. «Ան, ում հրեշ­տակ­ներն իսկ չէին հա­մար­ձա­կեր նա­յիլ, այ­սօր ծա­ռա­յի կեր­պա­րան­քով ա­շա­կերտ­նե­րուն ոտ­քե­րը լուաց՝ եր­կինք ուղ­ղե­լով մարդ­կա­յին ցե­ղին ըն­թաց­քը»:

Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 19.00-ին կը կա­տա­րուի Խա­ւար­ման կարգ, որ ար­դէն կը վե­րա­բե­րի Ա­ւագ Ուր­բա­թին՝ խորհր­դան­շե­լով Տի­րոջ խա­չե­լու­թիւնն ու թա­ղու­մը: Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ա­ւե­տա­րա­նա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րը կը յի­շեց­նեն Յի­սու­սի ա­ղօթ­քը Գեթ­սե­մա­նիի պար­տէ­զին մէջ, Յի­սու­սի մատ­նու­թիւ­նը, Ա­նոր ա­նար­գուի­լը, Պետ­րո­սի ու­րա­նա­լը:

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ա­ւան­դոյ­թի հա­մա­ձայն այդ ժա­մա­նակ խո­րա­նին վրայ կը վա­ռուի տաս­ներ­կու մոմ, իսկ մէկ մեծ մոմ կը դրուի կեդ­րո­նը: Իւ­րա­քան­չիւր ան­գամ, երբ կ՚ըն­թեր­ցուի Ա­ւե­տա­րա­նը, մէկ-մէկ կը մա­րին մո­մե­րը, վեր­ջա­ւո­րու­թեան կը մնայ միայն կեդ­րո­նի­նը. ծա­նօթ այս պատ­կե­րը կը խորհր­դան­շէ Քրիս­տո­սը, որ միայ­նակ մնա­ցած էր:

Ո­րոշ քրիս­տո­նեա­ներ սո­վութիւն մը ու­նին Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի օ­րը ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն թի­ւով հաւ­կիթ ներ­կել եւ ճա­շա­կել:

Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը, սա­կայն, կը սո­րվեց­նեն, որ ե­թէ ամ­բողջ Մեծ պահ­քը պա­հես ա­մե­նայն խստու­թեամբ, սա­կայն Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի ձե­ւով մը լու­ծա­նես զայն, ա­պա չե­ղեալ կը նկա­տուի Մեծ պահ­քը պա­հե­լու ամ­բողջ ջան­քը:

ԽՈՐ­ՀՈՒՐ­ԴԸ՝ ՈՂՋ ՏԱ­ՐՈՒԱՆ ՀԱ­ՄԱՐ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը բազ­միցս ա­ռաձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րած են Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թին, իբ­րեւ Ա­ւագ Շաբ­թուան ա­մե­նէն յա­գե­ցած օ­րը՝ գրա­ւիչ ծէ­սե­րով ու հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղա­կար­գով: Ա­նոնք միշտ կը յոր­դո­րեն Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թիի խոր­հուր­դը պա­հել ո՛չ թէ միայն մէկ օ­րուան, այլ ամ­բողջ տա­րուան եւ հե­տա­գայ կեան­քի օ­րե­րուն հա­մար՝ իբ­րեւ քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան ան­բա­ժան մաս: Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թիի խոր­հուրդ­նե­րը ամ­բողջ կեան­քի ի­մաս­տը կը բո­վան­դա­կեն եւ միայն Ա­ւագ Շաբ­թուան յա­տուկ չեն: «Խո­նար­հու­թիւ­նը մար­դը հրեշ­տակ կը դարձ­նէ», այս­պէս կ՚ը­սեն հայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը՝ Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թիի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին կրկին շեշ­տե­լով խո­նար­հու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ մեր կեան­քին մէջ եւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը, որ քրիս­տո­նեա­յի գլխա­ւոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րէն մէկն է: Հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին այս օ­րը կրկին կը յի­շե­ցուի, որ եօ­թ մա­հա­ցու մեղ­քե­րէն ա­ռա­ջի­նին՝ հպար­տու­թեան մեղ­քին հա­կա­դիր ա­ռա­քի­նու­թիւնն է խո­նար­հու­թիւ­նը:

Չար­չա­րա­նաց շաբ­թուան բո­լոր օ­րե­րու խոր­հուրդ­նե­րով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը կը մաս­նակ­ցին Ս. Յա­րու­թեան տօ­նին, որ հա­մայն քրիս­տո­նէա­կան աշ­խար­հը կը նշէ մեծ շու­քով ու հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ: Մի­լիո­նա­ւոր ուխ­տա­ւոր­ներ տօ­նին ա­ռի­թով կը բռնեն Ե­րու­սա­ղէմ տա­նող ճամ­բան:

Ե­րու­սա­ղէ­մի պա­րիսպ­նե­րէն դուրս՝ Կեդ­րոն ձո­րէն դէ­պի ա­րե­ւելք բարձ­րա­ցող Ձի­թե­նեաց լե­ռան լան­ջին առ այ­սօր Գեթ­սե­մա­նիի պար­տէ­զին մէջ կ՚ա­ճին դա­րա­ւոր ձի­թե­նի­նե­րը, ո­րոնց ստուե­րին տակ, ըստ ա­ւան­դու­թեան, Քրիս­տոս յա­ճախ կ՚ա­ռանձ­նա­նար Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ: Խորհր­դա­ւոր ընթ­րի­քէն ետք Յի­սուս ա­նոնց հետ այն­տեղ գա­ցած է ա­ղօ­թե­լու, եւ ուր շու­տով յայտ­նուած է Յու­դան՝ քա­հա­նա­յա­պե­տի զի­նուած ծա­ռա­նե­րուն ու­ղեկ­ցու­թեամբ եւ համ­բոյ­րով մատ­նած է իր ու­սու­ցի­չը: Ուխ­տա­ւոր­նե­րը կ՚այ­ցե­լեն Գեթ­սե­մա­նի եւ յի­շե­լով այս ա­մէ­նը կը հա­մա­կուին նուի­րա­կան զգա­ցում­նե­րով: Ա­նոնք, իբ­րեւ մա­սունք, այն­տե­ղէն ձի­թե­նիի ճիւ­ղեր կը տա­նին:

ԱՆ­ԳԻՆ ԳԱՆ­ՁԵՐ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցիէն ներս Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թիի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ հնչող շա­րա­կան­ներն ու ըն­թեր­ցուող խրատ­նե­րը Հայ շա­րա­կա­նա­գի­տու­թեան եւ խրա­տա­բա­նու­թեան ոս­կեայ նմոյշ­նե­րէն են, այն­պէս ինչ­պէս Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թին իր ու­նե­ցած խոր­հուր­դով փա­ռա­հեղ ի­մաստ դրած է քրիս­տո­նեա­յի կեան­քին մէջ:

Ոտն­լուա­յի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կը կար­դա­ցուին Ս. Գրա­յին ըն­թե­րում­ներ, կ՚ըն­թեր­ցուի Յով­հան­նէս Պլուզ Վար­դա­պե­տի «Սի­րոյ մա­սին» խո­րի­մաստ խրա­տը: Ոտն­լուա­յի հիաս­քանչ ա­րա­րո­ղու­թեան ծի­սա­կար­գի ու ա­ղօթք­նե­րու հե­ղի­նակ կը նկա­տուի Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ տիե­զե­րա­լոյս վար­դա­պետ­նե­րէն Ս. Եփ­րեմ Խու­րի Ա­սո­րին (306-373): Ա­մե­նայն Հա­յոց Գրի­գոր Բ. Վ­­կա­յա­սէ­ր Կա­թո­ղի­կո­սը (1066-1105) ԺԱ. դա­րուն այդ կար­գը թարգ­մա­նած է հա­յե­րէն եւ ներ­մու­ծած է Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ծի­սա­կարգ: Հե­տա­գա­յին կար­գը հարս­տա­ցած է նաեւ զուտ հայ­կա­կան շա­րա­կան­նե­րով ու ա­ղօթք­նե­րով, ո­րոնց­մէ է շատ ծա­նօթ «Սիրտ իմ սա­սա­նի» տա­ղը: Այս տա­ղին հե­ղի­նա­կը Մխի­թար Այ­րի­վա­նե­ցին է (13-րդ դար), ո­մանք կը վե­րագ­րեն Ա­ռա­քել Սիւ­նե­ցիին (15-16-րդ դդ.): Իսկ Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թիի ե­րե­կո­յեան (Ա­ւագ Ուր­բաթ) կը հնչէ «Ուր ես, մայր իմ» ան­յայտ հե­ղի­նա­կի գե­ղեց­կա­հիւս մե­ղե­դին:

Հայ ման­րան­կար­չու­թիւ­նը նոյն­պէս հա­րուստ է Աւագ Շաբ­թուան մա­սին պատ­կեր­նե­րով եւ մա­նա­ւանդ՝ Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թիի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նուի­րուած ար­ժէ­քա­ւոր ման­րան­կար­նե­րով ու ա­ւե­տա­րա­նա­կան նկա­րա­զար­դում­նե­րով: Հայ ման­րան­կա­րիչ­նե­րը, իսկ հե­տա­գա­յին նաեւ՝ ա­րուես­տա­գէտ­ներ մե­ծա­գոյն գոր­ծեր ստեղ­ծած են Ոտն­լուա­յի, Խորհր­դա­ւոր ընթ­րի­քի, Մատ­նու­թեան եւ Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թիին առըն­չուող այլ նիւ­թե­րով: Հա­մաշ­խար­հա­յին ա­րուես­տին մէջ նաեւ այս նիւ­թե­րով կան գլուխ գոր­ծոց­ներ, ո­րոնց­մէ ա­մե­նան­շա­նա­ւո­րը Լէո­նար­տօ Տա Վին­չիի վրձնի գործն է «Խորհր­դա­ւոր ընթ­րիք» խո­րագ­րով։ Ան այս մէ­կը նկա­րած է Մի­լա­նո­յի Սան­թա Մա­րիա Տել­լէ Կրա­ցիէ­ի վան­քի սե­ղա­նա­տան պա­տին։

ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ՊԼՈՒԶ ՎԱՐ­ԴԱ­ՊԵ­ՏԻ ԽՐԱ­ՏԸ՝ ՍԻ­ՐՈՅ ՄԱ­ՍԻՆ ԿԸ ԿԱՐ­ԴԱ­ՑՈՒԻ ՈՏՆ­ԼՈՒԱ­ՅԻ Ա­ՐԱ­ՐՈ­ՂՈՒ­ԹԵԱՆ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ

Աս­տուած սէր է, կ՚ը­սէ Ո­րոտ­ման որ­դին, Քրիս­տո­սի սի­րե­լի ա­շա­կերտ Յով­հան­նէ­սը. եւ ան, որ սի­րոյ մէջ կը բնա­կի, Աս­տու­ծոյ մէջ կը բնա­կի եւ Աս­տուած ալ ա­նոր մէջ: Եւ արդ, եղ­բայր­ներ, սի­րոյ (մա­սին) այս ճա­ռը լսե­ցէք եւ ձեր մտք­­ե­րուն մէջ պա­հե­ցէք: Ա­մէն ոք, որ Աստուած կը սի­րէ՝ նաեւ իր եղ­բայ­րը կը սի­րէ, ո­րով­հե­տեւ առ Աս­տուած ու­նե­ցած սէ­րը եղ­բօր հան­դէպ ու­նե­ցած սի­րով յայտ­նի կ՚ըլ­լայ: Ո­րով­հե­տեւ ա՛ն, որ չի սի­րեր իր եղ­բայ­րը՝ զոր կը տես­նէ, ինչ­պէ՞ս կրնայ սի­րել Աս­տուած՝ զոր չի տես­ներ: Այս­պէս Աստ­ուած սի­րող­ներ կը ճանչ­ցուինք, երբ մեր եղ­բայ­րը հոգ­ե­ւոր սի­րով սի­րենք եւ ոչ թէ մարմ­նա­ւոր, ո­րով­հե­տեւ ու­րիշ է հոգ­ե­ւոր սէ­րը եւ ու­րիշ՝ մարմ­նա­ւո­րը, ո­րուն մա­սին, ա­ռաջ անց­նե­լով ը­սեմ, պէտք է խօ­սինք, ա­ւե­լի ուշ, իր տե­ղը: Բայց արդ, ա­մէն ոք, որ կը սի­րէ, կը ճանչ­ցուի Աստ­ուծ­մէ, եւ ինք կը ճանչ­նայ զԱս­տուած: Եւ ա­մէն ոք, որ իր եղ­բայ­րը ցա­ւակ­ցա­բար չի սի­րեր՝ օ­տար է Աս­տու­ծոյ հա­մար, եւ չի կրնար աս­տուա­ծա­յին շնորհ­ներ ըն­դու­նիլ: Ա­մէն ոք, որ իր եղ­բայ­րը սուրբ սրտով կը սի­րէ, Աս­տու­ծոյ հա­մար բնա­կա­րան կ՚ըլ­լայ եւ Աս­տուած ա­նոր մէջ կը բնա­կի: Ո­րով­հե­տեւ Ին­քը՝ Տէ­րը, սի­րեց մեզ եւ Ճշ­­մար­տու­թեան Հո­գին ու­ղար­կեց մեր մէջ բնա­կե­լու, որ­պէս­զի մեր ի­մա­նա­լի հո­գի­նե­րը Աստ­ու­ծոյ ա­նի­մա­նա­լի Հո­գիին հետ սի­րով կա­պակ­ցուին: Եւ ինչ­պէս Ան սի­րեց մեզ, նոյն­պէս եւ մեր մէջ կը կա­մե­նայ մի­մեանց հան­դէպ սէր: Տե՛ս, թէ Աս­տու­ծոյ քով սէ­րը որ­չափ ա­ռա­ւե­լու­թիւն ու­նի, որ մար­դս Աստ­ու­ծոյ նման կը դարձ­նէ, քա­նի որ Աստուած իր սի­րով մար­դա­ցաւ եւ ցոյց տուաւ, որ մար­դիկ ի­րենց սի­րով Աս­տու­ծոյ նման պի­տի ըլ­լան: Ո­րով­հե­տեւ Աս­տուած այն­չափ սի­րեց աշ­խար­հը, որ մին­չեւ իսկ իր Միա­ծին Որ­դին ղրկեց աշ­խար­հի փրկու­թեան հա­մար: Եւ ե­թէ մենք սի­րենք մի­մեանց այն­պէս, ինչ­պէս որ Աս­տուած սի­րեց մեզ, ո­չինչ է չա­րը, որ մեր սէ­րը խա­փա­նէ, ա­մէն ոք, որ կը սի­րէ, մար­դոց առ­ջեւ յայտ­նի է եւ Աս­տու­ծոյ ա­ռաջ՝ հա­մար­ձակ, ո­րով­հե­տեւ մա­հա­ցու մեղ­քե­րէն եր­կիւղ չու­նի, այլ՝ Աստ­ու­ծոյ սի­րով զի­նուած է եւ բո­լոր եր­կիւ­ղա­լի վտանգ­նե­րէն ան­վախ է: Ուր սէր կայ, այն­տեղ եր­կիւղ չկայ, ինչ­պէս Յով­հան­նէ­սը կ՚ը­սէ, սի­րոյ մէջ եր­կիւղ չկայ, ո­րով­հե­տեւ սէ­րը կա­տա­րեալ է եւ հե­ռու կը վա­նէ եր­կիւ­ղը, քա­նի որ եր­կիւ­ղը տան­ջան­քի են­թա­կայ է, իսկ սէ­րը՝ հա­մար­ձա­կու­թեան, ուս­տի սէ­րը կը վտա­րէ եր­կիւ­ղը: Եւ ուր սէր չկայ, այն­տեղ դա­տաս­տա­նի սար­սափ կայ եւ կորս­տեան վախ՝ մեծ դա­տաս­տա­նի օ­րուան հա­մար: Իսկ սէ­րը մար­դս բո­լոր տան­ջանք­նե­րէն ան­վախ կը պա­հէ, այն սէ­րը կ՚ը­սէ, թէ բո­լո­րո­վին հե­ռու է կաս­կա­ծէ, ո­րով­հե­տեւ կաս­կածն ու սէ­րը միա­սին չեն կ­ր­նար բնա­կիլ: Եւ բա­ցա­յայտ է, որ սէ­րը ոչ միայն յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քին մէջ կը պտղա­բե­րէ իր խա­ղա­ղու­թեան պտու­ղը, այ­լեւ այս աշ­խար­հի մէջ բո­լոր թշնա­մու­թիւն­նե­րը՝ նա­խան­ձը, ա­տե­լու­թիւ­նը, ո­խա­կա­լու­թիւ­նը, չա­րու­թիւ­նը, չա­րա­խօ­սու­թիւ­նը, հայ­հո­յու­թիւ­նը, տրտուն­ջը, բամ­բա­սան­քը, հպար­տու­թիւ­նը, եւ ամ­բար­տա­ւա­նու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւանդ բո­լոր չա­րիք­նե­րու մայ­րը՝ ար­ծաթ­սի­րու­թիւ­նը եւ ա­գա­հու­թիւ­նը կը վա­նէ: Արդ, ան, որ սէր ու­նի, այս բո­լոր չա­րիք­նե­րէն հե­ռու կը մնայ եւ երկ­նա­յին ա­պա­հով՝ խա­ղա­ղա­կան հան­գիստն ու մշտնջե­նա­ւոր բա­րիին ար­ժա­նի կը դառ­նայ: Ի՞նչն է ա­ւե­լի խա­ղա­ղա­կան, քան սէ­րը՝ ձեր­բա­զա­տուած ըլ­լա­լով բո­լոր խռո­վու­թիւն­նե­րէն եւ Աս­տու­ծոյ հա­մար հա­ճե­լին կա­տա­րե­լով: Սէ­րը երկն­քի ար­քա­յու­թեան բա­նա­լին է եւ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի ճա­նա­պար­հը: Սէ­րը մար­դի­կը Աստ­ու­ծոյ որ­դի­ներ եւ երկն­քի ար­քա­յու­թեան ժա­ռան­գորդ­ներ կը դարձ­նէ: Սէ­րը ա­պա­կա­նա­ցած բնու­թիւ­նը ա­նա­պա­կա­նի կը վե­րա­ծէ եւ մահ­կա­նա­ցուն ան­մա­հու­թեան կը փո­խէ: Սէ­րը երկ­րա­յին­նե­րը երկ­նա­յին­ներ կը դարձ­նէ եւ հո­ղե­ղէն­նե­րը հրե­ղէն­նե­րու կը վե­րա­ծէ: Եւ արդ ո՞վ կրնայ պատ­մել սի­րոյ ան­չափ մե­ծու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ան ան­ճա­ռե­լի եւ ան­պատ­մե­լի է եւ ինչ­պէս որ Աս­տու­ծոյ ա­նեղ բնու­թիւ­նը անքն­նե­լի է, այն­պէս ալ սի­րոյ բնու­թիւնն ալ անքն­նե­լի: Եւ ինչ­պէս Աս­տուած ան­բա­ւե­լի է, բայց բո­լո­րին քով է, եւ կը բնա­կի հե­զե­րուն, խո­նարհ­նե­րուն քով եւ ա­նոնց, ո­րոնք իր խօս­քէն կը դո­ղան, նոյն­պէս եւ սէ­րը բո­լո­րին քով է, ով որ կը կա­մե­նայ ի­րեն եւ ին­քը գա­լով կը բնա­կի ի­րեն խնդրող­նե­րուն մէջ, քա­նի որ սէ­րը կը սի­րէ ա­նոնք, զոր կը սի­րէ ի­րեն եւ կ՚ա­տէ ա­նոնք, որ ի­րեն կ՚ա­տէ: Ա­նոնք, ո­րոնք սէր կը փնտռեն, մօտ է ա­նոնց աս­տուա­ծա­պէս, ո­րով­հե­տեւ Աստուած սէր է եւ սուրբ սիր­տէն ու ան­կեղծ հա­ւատ­քէն բխող սի­րոյ կա­մե­ցողն է:

Ա­ՒԱԳ ՀԻՆԳ­ՇԱԲ­ԹԻՆ` ՏԱՐ­ԲԵՐ ԱԶ­ԳԵ­ՐՈՒ ՄՕՏ

Հե­տաքրք­րա­կան է գիտ­նալ, թէ Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թիի հետ  կա­պուած ի՞նչ ազ­գա­յին սո­վո­րու­թիւն­ներ կան աշ­խար­հի մէջ:

Անգ­լիոյ մէջ Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թին ստա­ցած է «Ար­քա­յա­կան ո­ղոր­մու­թեան օր» անուա­նու­մը: 8-րդ դա­րէն սկիզբ առ­նող այս ա­ւան­դոյ­թի հա­մա­ձայն՝ այդ օ­րը Անգ­լիոյ գա­հա­կա­լը իր կեան­քի տա­րի­նե­րու թի­ւով այր մար­դոց եւ կի­նե­րու եր­կուա­կան քսակ կը նուի­րէ: Կար­միր քսա­կի մէջ գու­մար կը դրուի մեր ժա­մա­նակ­նե­րու ար­տար­ժոյ­թի տես­քով (սնունդ եւ հա­գուստ գնե­լու հա­մար), իսկ սպի­տակ քսա­կի մեջ՝ 1822 թուա­կա­նին հա­տուող յա­տուկ փեն­նի մե­տա­ղադ­րամ­ներ՝ կրկին գա­հա­կա­լի կեան­քի տա­րի­նե­րու թի­ւով: Մինչ Ճէյմս Բ. Ս­­տի­վըր­տի գա­հա­կա­լու­թեան ա­ւար­տը (1701 թուա­կան) Անգ­լիոյ տի­րա­կալ­նե­րը Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի օ­րը լուա­ցած են աղ­քատ­նե­րուն ոտ­քե­րը (պատ­մու­թեան մէջ պահ­պա­նուած է Է­լի­զա­պէթ Ա. թա­գու­հիի նկա­րը՝ Ոտն­լուա­յի ժա­մա­նակ):

Գեր­մա­նիոյ մէջ Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թին կը կո­չուի Չար­չա­րա­նաց կամ Կա­նաչ Հինգ­շաբ­թի:

Չե­խիոյ, Սլո­վա­քիոյ եւ Լիւք­սեմ­պուր­կի մէջ Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի օ­րուը­նէ մին­չեւ Շա­բաթ օ­րը բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու զան­գե­րը կը լռեն, եւ ե­րա­խա­նե­րը փայ­տեայ կոչ­նակ­նե­րով կը շրջին տու­նէ տուն՝ ստա­նա­լով քաղց­րա­ւե­նիք եւ ման­րադ­րամ­ներ:

Մալ­թա­յի մէջ այս օ­րը կը կո­չուի Հա­ղոր­դու­թեան Հինգ­շաբ­թի եւ սո­վո­րու­թիւն կայ օ­րուան մէջ եօ­թ ե­կե­ղե­ցի այ­ցե­լել:

Դա­նիոյ, Նոր­վե­կիոյ, Սպա­նիոյ եւ լա­տի­ն­-ա­մե­րի­կեան եր­կիր­նե­րու մէջ օ­րը պաշ­տօ­նա­պէս ոչ-աշ­խա­տան­քա­յին է:

Շուէ­տի մէջ օ­րը միա­հիւ­սուած է վհուկ­նե­րու մա­սին հին ժո­ղովր­դա­կան ա­ւան­դազ­րոյ­ցի մը հետ: Ե­րա­խա­նե­րը վհուկ­նե­րու զգեստ­նե­րով կը շրջին տու­նէ տուն եւ զատ­կա­կան հաւ­կիթ­նե­րու հա­մար գու­մար կը հա­ւա­քեն:

Պուլ­ղա­րիոյ մէջ Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի օ­րը կը սկսի զատ­կա­կան ու­տեստ­նե­րու, մաս­նա­ւո­րա­պէս, հաւ­կիթ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեամբ։ Կարգ մը այլ եր­կիր­նե­րու մէջ նոյն­պէս զատ­կուան հաւ­կիթ­նե­րը կը ներ­կեն Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի օ­րը:

Փի­լի­պեան­նե­րու մէջ այս օ­րը չեն աշ­խա­տիր ժա­ման­ցա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, հե­ռա­տե­սիլն ու ձայ­նաս­փիւ­ռը, միայն կարճ ե­թե­րա­ժա­մով կը հե­ռար­ձա­կուին։ Թեր­թերն ան­գամ չեն տպագ­րուիր, ո­րով­հե­տեւ ժո­ղո­վուր­դը մեծ ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ կը մաս­նակ­ցի ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2015