Նշան Պէշիկթաշլեան. Հայ Երգիծանքի Սփիւռքեան Շնչաւորումը
Սեպտեմբեր 7-8-ի լուսցող գիշերը, 43 տարի առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայ գրականութեան տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն Նշան Պէշիկթաշլեան, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ յաւերժութեան արժանի է իբրեւ հայկական երգիծանքի սփիւռքեան շնչաւորման տաղանդաւոր վարպետը։
Միայն երգիծագիր չեղաւ Նշան Պէշիկթաշլեան։ Նաեւ բանաստեղծութեանց, վէպերու եւ թատերախաղերու հեղինակ դարձաւ։ Իսկ իր կեանքի վերջալոյսին հռչակուեցաւ նաեւ իբրեւ հմուտ թատերագէտ՝ հայ գրականութեան կտակելով շուրջ 1200 էջերէ բաղկացած «Թատերական դէմքեր» կոթողական աշխատասիրութիւնը, որ արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին ու հրատարակութեան։
Արեւմտահայերէնի գեղեցկութեան եւ կատարելութեան անվիճելի վարպետ մը հանդիսացաւ Պէշիկթաշլեան, որ իր գրիչին գեղեցիկ պարզութեան միացուց պատկերաւոր արտայայտութեան եւ խորաթափանց մտածողութեան վաւերական թռիչքը։ Իր այդ արժանիքներուն շնորհիւ՝ երգիծանքի իր ուրոյն ոճն ու դպրոցը ստեղծեց. բնաւ հեգնող ու քինախնդիր չեղաւ, այլեւ իր ամենէն սուր խայթոցներուն մէջ անգամ մնաց… յարգալիր։
Այդ պատճառով ալ սիրուեցաւ ընթերցող լայն հասարակութեան կողմէ, որ անհամբեր սպասումով «լափեց» հայ մամուլի էջերուն հրամցուած Պէշիկթաշլեանի գրեթէ ամէնօրեայ տոմսերը, որոնք ինքնաքննարկման, քննադատութեան եւ ինքնաքննդատութեան առումով հարազատ հայելին դարձան հաւաքական մեր կեանքին՝ Սփիւռքի բոլոր ափերուն։
Անխոնջ աշխատող մը եւ ներշնչումի անսպառ աղբիւր մը եղաւ Պէշիկթաշլեան, որ աւելի քան քսան հատոր կազմող հրատարակուած իր գործերու կողքին ժառանգ ձգեց նաեւ անտիպ գործերու ամբողջ հարստութիւն մը։
Ծնած էր 1898-ին (որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ 1896-ին) Պոլիս, ուր Բերայի նախակրթարաններուն մէջ տարրական իր ուսումը ստանալէ ետք՝ տասներկու տարեկանէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ եւ ինքնաշխատութեամբ ո՛չ միայն տիրապետեց հայոց մայրենիին, ո՛չ միայն կատարելագործեց գրելու իր տաղանդը, այլեւ՝ նուաճեց հայ մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան մասին գիտական այնքա՜ն լայն պաշար։
Սկսաւ ստեղծագործել պատանի տարիքէն՝ պոլսահայ մամուլի էջերուն քերթուածներ եւ պատմուածքներ հրատարակելով։
Միայն կարճ ժամանակ մը զբաղեցաւ հայերէնի ուսուցչութեամբ, որմէ ետք ամբողջ կեանքը նուիրեց գրական ստեղծագործութեան։
Եղեռնէն վերապրած պոլսահայ գրողներէն շատերու պէս, Պէշիկթաշլեան ինք եւս նախ ձեռնամուխ եղաւ յետեղեռնեան պոլսահայ գրական կեանքի վերաշխուժացումին, ապա՝ 1922-ին անցաւ Յունաստան, կարճ ժամանակ մը նուիրուեցաւ Քերքիրայի որբանոցները հաւաքուած հայ մանուկներու հայեցի դաստիարակութեամբ։ Այնուհետեւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր ամբողջ կէս դար իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ արեւմտահայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հոգեմտաւոր ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման նուիրական պայքարին։
Մնայուն եւ փնտռուած աշխատակիցը դարձաւ ատենի հայ մամուլին՝ օրաթերթային տոմսեր հասցնելով Փարիզի «Յառաջ»էն ու Պոսթընի «Հայրենիք»էն մինչեւ Աթէնքի «Ազատ Օր»ին ու Պէյրութի «Ազդակ»ին եւ «Սփիւռք»ին։ Իսկ գրական իր ստեղծագործութիւններով՝ մնայուն ներկայութիւն եղաւ նախ «Հայրենիք» ամսագրի եւ, ապա, «Բագին»ի էջերուն։ Յատուկ կանոնաւորութեամբ աշխատակցութիւն բերաւ յատկապէս «Բժիշկ» ամսագրին։
Պէշիկթաշլեան անձուկ պայմաններու մէջ ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց, բայց բնաւ վար չդրաւ գրիչը. ապրուստի դժուարութեանց եւ հիւանդութեան դէմ շարունակ պայքարեցաւ, բայց բարութիւնն ու լաւատեսութիւնը բնաւ չկորսնցուց։ Եւ որքա՜ն դիպուկ է հայկական երգիծանքի վերջին իշխանին նուիրուած Մինաս Թէօլէօլեանի այն արժեւորումը, թէ՝
Պէշիկթաշլեան բնաւ «չէ ծաղրած, այլ՝ երգիծած է, չէ խնդացած, այլ՝ ժպտած է։ Երգիծողը հոն է, ուր մարդը կրնայ ճապաղիլ, կոպտանալ։ Ու Պէշիկթաշլեան առ հասարակ կրցած է նուրբ երգիծանքին վարպետը մնալ»։
«Նուրբ երգիծանք»ի այդ ոճին խօսուն վկայութիւններէն մէկն է Արշակ Չօպանեանին նուիրուած Պէշիկթաշլեանի «դիմաստուեր»ին հետեւեալ պատկերը.-
«Երբ ծնած է Արշակ Չօպանեան՝ իր դայեակը սարսափէն գետին ինկած, մարած է։
«Հայրն ու մայրը՝ վերցնելով այդ գլուխը, խանթարը զարկած են ու կշռած։ Կապար՝ 3500 տիրէմ։
«Բժիշկ մը, վրայ հասնելով, կը յայտարարէ.
«-Վախու բան չկայ։ Ընդհակառակն՝ ուրախացէ՛ք, քանզի ծնաւ նոր արքայ, ի Պէշիկթաշ քաղաքի։ Գլուխ մը՝ մեր անգլուխ ազգին համար։
«Անուշիկ մայրը կ՚առարկէ.
«-Տոքթոր էֆէնտիս, սա ամէնը աղէկ, ամմա, ասանկ անմարմին ինտո՞ր պիտ որ ապրի իմ մինուճար զաւակը…
«-Կնիկ, ըսի քեզի, որ ազգը անգլուխ է ու զաւակդ ալ գլուխ է։ Բռնէ զաւակդ ու ազգին վիզը անցուր»։
Իր կեանքի վերջին տարիներուն Պէշիկթաշլեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացաւ։ Անկողնոյ ծառայեց երկար տարիներ, բայց դարձեալ շարունակեց թափով ստեղծագործել, մինչեւ որ 1972-ին, Սեպտեմբեր 7-էն 8-ի լուսցող գիշերը, առյաւէտ փակեց բարութեամբ զեղուն իր աչքերը։
Յուշատետրի այս հակիրճ վկայութեան աւարտին, ընթերցումի վայելքի համար կ՚արտատպենք Նշան Պէշիկթաշլեանի օրաթերթային տոմսերէն՝
«Ժպիտը»
Նշան Պէշիկթաշլեան
Ժպիտը շնորհաց շնորհն է, Աստուծմէ առաքուած միմիայն մարդ արարածին։ Մարդը պարտի գործածել ու փայլեցնել այդ շնորհը։ Երեսը կախ մարդը կը մեղանչէ Արարիչին, արարածներուն եւ մանաւանդ իր շուրջիններուն դէմ։
Գիտէ՞ք թէ ինչո՛ւ Երկնաւոր Հայրը ժպտելու շնորհը միայն մարդ էակին տուաւ։ Ատով ան ըսել ուզեց.
-Ա՜յ մարդ, աշխարհի վրայ, բոլոր շնչաւորներուն մէջ, դուն ես, որ ամէն միջոց ու պատճառ ունիս երջանկանալու։ Դուն ես, որ կրնաս խնդալ՝ վայելելով առատաձեռն մայր բնութեան բարութիւնները։
Մարդը երջանկացա՞ւ, խնդա՞ց։ Ո՛չ։ Մարդը չխնդաց ու չխնդացուց։ Իր երջանկութիւնը, ամէն դարերու մէջ, իր ձեռքով խեղդեց։
Հիմա պէտք է մարդկութիւնը ժպտիլ սորվի, վերագտնելու համար կորուսեալ դրախտը։
Ու երգիծաբանը, այս բարի սատանան, հարկ է ներբողեան հիւսէ ժպիտին համար։
Ժպիտը անթառամ ոսկեշուշան մըն է, զուարթուններու խումբի մը կողմէ յանձնուած մարդուն։
Ժպիտը աստղն է հոգիին։ Ու ճառագայթը մարմնոյն։ Բարերար է աստղը ու կենսատու է այդ ճառագայթը։ Երանեալ է ան, որ այդ բարի աստղին տակն է միշտ։ Գովեալ է ան, որ այդ ճառագայթին ազդեցութեան ներքեւ է։
Ժպիտը կը պարգեւէ մեզի ներքին ծափեր։ Կ՚ընծայէ մկանային շարժումներ։ Կու տայ արեան ալիք, կարմիր գնդիկներուն հրճուանք, մեր յօրինուածքին կենսահոսանք։ Անով կը վերանորոգուի արիւնը, կ՚արագանայ շրջանը։
Մարդ կ՚երիտասարդանայ ժպտելով։
Մտածումը կ՚ոսկեջրուի, երազը կը բուրումնաւէտուի եւ յոյսը կը մտնէ լուսեղէն ոլորտի մէջ։
Ժպիտը լոյսն է գոհունակութեան, եւ գոհունակութիւնը աստուածահաճոյ է։ Ժպտիլը ուրեմն քրիստոնէական է։ Ժպտողին գլխուն շուրջը կարծես լուսապսակ կայ։
Լուտաս ծաղիկը եղտիւրներու մէջ կ՚աճի։ Ժպիտն ալ լուտաս մըն է, որ կրնայ ծաղկիլ թշուառութեան եւ դժբախտութեան մէջ։ Աղքատ մարդուն ոսկին է ժպիտը։ Անիկա մեր հոգեկան հանքերէն հանուած ոսկին է։ Անիկա պէտք է ըլլայ սրբազանօրէն մաքուր՝ այսինքն անչար ու զերծ հետեւեալ թոյներէն,- դառնութիւն, մախանք, փոքրոգութիւն։
Անխարդախ ոսկի է։ Այդ ոսկեդրամին վրայ չկայ կայսրի մը պատկերը, այլ միայն ու միակ Աստուծոյ դրոշմը։
«Տուր զԱստուծոյն Աստուծոյ»։ Ժպտողը Երկնաւորին փոխ կու տայ։
Հոտաւէտ է ժպիտը։ Կը բուրէ հոգի։ Ու մուշկ եւ զմուռս եւ խունկ լիբանոն, որ կը վառի սրբաշառայլ, լուսաւորելով դէմքը եւ անուշ օծելով նայուածքը։
Հարկ է ժպտացնել։ Որով պէտք է ժպտիլ։ Կին մը ժպտեցնելու համար՝ կը ժպտինք։ Բախտն ալ կին մըն է, պէտք է ժպտիլ, որ ան ալ մեզի ժպտի։
Ժպիտը բերկրութեան երգն է, անոր ձայնը թէեւ լսելի չէ, սակայն ըմբռնելի է։
Կաթիլ մը մեղր է ան, որ սրտէն յորդած է ու ծաւալած դէմքին վրայ։ Ան կ՚երեւի աչքերուն մէջ, շրթներուն քով ու նոյնիսկ մորթին վրայ։ Աչքերուն մէջ աստղն է աւետեաց։ Շրթներուն քով շառայլ ու մորթին վրայ իւղ արեգական։
Կարելի է սնանիլ ժպիտով։ Փորձուած է։ Յաճախ երկու հոգի, դէմ դիմաց կշտացած են ժպիտով։ Քննուած ու տեսնուած է, որ մէկ ժպիտը աղուոր նարինջի մը կամ ողկոյզի մը խնկահամ խաղողի չափ օգտակար է։ Երբեմն նոյնիսկ կեանք մըն է։
Այս դժնդակ օրերուն, կը տեսնեմ ու կը լսեմ բարեկամներէս շատեր տխուր են։
Կ՚աղաղակեմ անոնց.
-Յամենայն դէպս բացէք լաւատեսութեան դրօշը՝ Ժպիտը։
Շողացուցէք մեծափառ հերոսութեան զէնուզարդը՝ Ժպիտը։
Ու գիտցէք ապրիլ, տառապիլ եւ եթէ պէտք ըլլայ մեռնիլ՝ ժպտելով։ Արդէն ժպտողը դժուար թէ հանդիպի արկածի։ Անխոցելի է ժպիտը։
Եղէք ժպտիլ ուսուցանող վարպետ դաստիարակներ։ Եթէ չէք կրնար՝ եղէք լաւ աշակերտներ եւ ժպտիլ ուսանեցէք։
Բանտարկեցէք ձեր տրտմութիւնը ձեր աչքերուն մէջ, ձեր հոգիներուն մէջ, մէջերուն մէջը։ Լաւագոյն է անշուշտ ազատ արձակել այդ բանտարկեալը։ Թող կորսուի երթայ։ Երբեմն ալ խեղդեցէք այդ բանտարկեալը, ասպետօրէն, ազնիւ գինիի մէջ։
Ժպտեցէ՜ք, ժպտեցէ՜ք…
Ու աշխարհը պիտի լեցուի ծիծեռնակներով, սոխակներով եւ աղաւնիներով։
Նորէն գարուն պիտի գայ, նորէն արշալոյս, նորէն հոգեպար ու նորէն անուշ երգեր։ «Դեռ ինչ արշալոյսներ կան ծագելիք»։ Արշալոյսները ժպիտներով կը հիւսուին։
Ժլատներ, ժպտեցէ՜ք, ժպտեցէ՜ք… ձրի է ժպիտը։
Եթէ երկրագունդին բոլոր մարդիկը խմբովին, ամբողջովին, հաւաքականօրէն, համայնականօրէն մէկ վայրկեան ժպտին, ամէն բան կը փրկուի։ -Հաւատացէ՜ք, հաւատացէ՜ք-։ Կ՚ըլլայ զինադադար, հաշտութիւն, խաղաղութիւն խաղաղութեանց։ Ուրախութեան փոթորիկներ։
Աղաւնիները կը խենթանան… կը թառին պետական մարդոց ջիղերուն վրայ, յետոյ կը կամարուին հազարաւոր քաղաքներու վերեւ ու կը թափեն լուտասնե՜ր, լուտասնե՜ր…
Ս. Ոգին կը յայտնուի եւ անշունչ իրերն անգամ կը սկսին ժպտիլ ու երգել։
1939
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ