ՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ԵՒ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆԻ ԲԱԽՈՒՄԻՆ ՄԷՋԷՆ
Նոյեմբեր 2024, Լոս Անճելոս։
Արի Աղպապեան ծնած է Լոս Անճելըս։ Ան մեծ քրոջս որդին է։ Արին կարելիութիւն չունեցաւ հայկական դպրոց յաճախելու, բայց ծնողքին հետեւողական եւ բծախնդիր հոգածութեան տակ ան սորվեցաւ մայրենին։ Արիին հետ Լոս Անճելըս նստած սուրճ կը խմէինք եւ կը զրուցէինք՝ եթէ հայերէնով բայց նաեւ ատեն-ատեն անգլերէնով։
Չնշմարեցի, թէ մեր մօտ նստած էր տարեց ամերիկացի մը։ Երբ ոտքի ելանք երթալու համար, այս տարեց ամերիկացին ընդմիջեց մեզ։ Յստակ էր, թէ կ՚ուզէր բան մը ըսել. «Ինչ հաճելի էր, որ երկու լեզուով կը խօսէիք։ Մէկը անգլերէն էր, իսկ միւս լեզուն չգիտցայ», ըսաւ ան։
«Միւս լեզուն հայերէն է։ Մեր մայրենի լեզուն է», ըսի ես ։
«Երանի ձեզի, որ երկու լեզու կը խօսիք։ Ես չկրցայ անգլերէնի կողքին ուրիշ լեզու մը սորվիլ։ Կը նախանձիմ ձեզի, որ դուք կրնաք երկու լեզուով արտայայտուիլ», ըսաւ ան։
Սփիւռքահայ մեր իրականութիւններու համար, երկու լեզու կիրարկելը հիմնական մարտահրաւէր է։ Եթէ մեր ապրած երկիրներու տեղական լեզուն պիտի սորվինք, բայց կը մնայ մայրենին։ Մեր մայրենին եւ զայն պահելը կարեւոր հիմք է սփիւռքեան իրականութեան մէջ՝ հայապահպանումի եւ հայակերտումի գործընթացին մէջ։ Բայց կայ ներկայ օրերու ապրած մեր իրականութիւնները։
Մոնթրէալ՝ նոյեմբեր 2024։
Գանատա աշխատանքային այցելութեան ընթացքին կարելի չէր չհաղորդակցիլ հայկական իրականութեան հետ։ Այս պարագային նաեւ Մոնթրէալը՝ Գանատայի այս ֆրանսախօս Քէպէք նահանգի կարեւոր քաղաքը։ Կարելի չէ զանց առնել այն իրականութիւնը, որ Քէպէքի մէջ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները բախումի մէջ են։ Այն ինչ որ ուշադրութիւնս գրաւեց՝ հայկական իրականութիւնն է այս քաղաքին մէջ։ Մոնթրէալի գաղութին կազմաւորումը սկսած է 1950-ական տարիներուն, երբ Յունաստանէն, Եգիպտոսէն, Պոլիսէն, Լիբանանէն, Իրաքէն եւ վերջին շրջանին Սուրիայէն, հայեր հաստատուած են հոս։ Նոր գաղութ մը ըլլալով հանդերձ հոս տեսայ հայախօս գաղութ մը, եւ հայկական այժէքներով ապրող գաղութ մը։
Իսկ պատճառնե՞րը։
Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը եկած է Միջին Արեւելքէն։ Ան ազգային, հասարակական մեծ գործունէութիւն կը տանի։ Ան ըսաւ. «Անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի բախումը ճամբայ հարթեց, որ հայը կառչի իր մայրենիին։ Բայց նաեւ կայ երկրին ընկերային կարգն ու սարքը, որ կը քաջալերէ փոքրամասնութիւնները, որպէսզի պահեն իրենց լեզուն եւ մշակոյթը»։
Այս տեսակի երեւոյթներ սկսած եմ տեսնել, երբ տարբեր երկիրներ կ՚այցելեմ։ Կ՚ապրինք ժամանակներու մէջ, ուր համակարգեր նախանձախնդիր են պահելու ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուն եւ մշակոյթը՝ նկատելով զանոնք երկրին համար հարստութիւն։ Երեւի անցած ենք «մեծ կաթսայի» մէջ «ձուլուելու» ռազմավարութենէն։ Մշակոյթներու պահապանումը սկսած է դառնալ այժմէական եւ առաջնահերթ մտահոգութիւն։
Վահագն Գարագաշեանը եկած է Լիբանանէն։ Ան մամուլի գործիչ է։ Անոր տեսանկիւնէն, Մոնթրէալի ազգային փոքրամասնութեան քաղաքացիներու 35-40 տոկոսը կը նախընտրէ խօսիլ իր մայրենի լեզուն։ Բայց այս նոյնքան արդիւնքն է Գանատայի կառավարութեան կողմէ ընդունուած բազմամշակութային օրէնքի ընկալումին։ «Քէպէք նահանգը վերապահութեամբ կը մօտենայ բազմամշակութային գաղափարին՝ վախնալով կորսնցնել ֆրանքոֆոնեան մշակոյթը», ըսաւ Վահագնը։ «Անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու եւ մշակոյթներու բախումներուն դէմ ազգային փոքրամասնութիւններ կը նախընտրեն փարած մնալ իրենց մայրենիին», շարունակեց ան։
Եթէ Գանատայի ու յատկապէս Մոնթրէալի այս համակարգի «բախումը» պիտի որակուի որպէս «պատուհաս», բայց կը տեսնենք դարձեալ, որ այդ կրնայ դառնալ «պատեհութիւն»։ Պատեհութիւնը հայուն, որ այս պատուհասը վերածած է հայակերտումի պատեհութեան եւ ի նպաստ իր ազգային առաքելութեան համար։
Աւետիս Պագգալեանը կու գայ Հալէպէն։ Ան ուսուցիչ է եւ հայ մամուլի սպասարկու՝ որպէս խմբագիր եւ հրապարակագիր։ Աւետիս կը կարեւորէ Միջին Արեւելքէն արտահոսքը դէպի Մոնթրէալ, որ նպաստած է այդ գաղութի հայախօսութեան եւ հայապահպանումին։ «Մոնթրէալահայ գաղութին հայախօս մնալը որոշ ծրագրի կամ յատուկ աշխատանքի արդիւնք չէ, այլ պատահականութեան։ Միջին Արեւելքի պատերազմները պատճառ դարձան, որ նորաստեղծ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ գաղութները օգտուին», ըսաւ Աւետիս։
Բայց Աւետիս կրցաւ «պատահականութիւնը» կամրջել «ի՞նչ կրնանք ընել եւ պէտք է ընել» ընտրանքներուն հետ՝ որպէսզի գաղութը պահէ իր ազգային դիմագիծը։ Ան համոզուած է, որ շատ բան պէտք է ընել, որպէսզի հայախօսութիւնը եւ հայապահպանումը պատահականութեան ենթակայ չի դառնան», եզրաբակեց ան։
«Շատ բան պէտք է ընել»։ ճիշդ է Աւետիսը։
Մհեր Գարագաշեանը եկած է Լիբանանէն։ Ան ազգային, հասարակական ու կուսակցական գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ նաեւ կրթական առաքելութեան նուիրեալ մըն է, որպէս ուսուցիչ։ «Հայկական վարժարաններ ունենալը գաղութին մէջ շատ կարեւոր է։ Հայախօսութիւնը՝ եթէ ընտանիքներէն կը սկսի, բայց հայ վարժարանը կ՚ամբողջացնէ։ Հայ լեզուի, ինքնութեան ու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացը կը դրոշմուի հայկական վարժարանի մէջէն ու միջոցաւ», ըսաւ Մհեր։
Լորի Ապրաքեանը Սուրբ Յակոբ երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհին է։ Ան ծնած է Մոնթրէալ։ Իր ծնողքը եկած են Պէյրութէն։ Հայկական առօրեայ դպրոց չէ յաճախած։ Լորին սորված է մայրենին շաբաթօրեայ վարժարանի միջոցաւ եւ այսօր կրթական առաքելութեան նուիրեալ մըն է։ Լորիին հետ կը շրջագայէինք գեղեցիկ հայ վարժարանը իր բոլոր կարելիութիւններով։ Դպրոցը օժտուած է ներկայ ժամանակներու կրթական արդիական համակարգով։ «Կարեւոր է որ հայերէն լեզուն հաճելի դառնայ պզտիկին ու պատանիին։ Մեր լեզուն դժուար է, բայց պէտք է սիրցնենք», ըսաւ ան։
Դպրոցի կրթական ծրագիրը տեղական է եւ անոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն լաւագոյն արդիական ուսուցումներով դաստիարակել աշակերտները՝ ներառեալ մայրենի լեզուին ուսուցումը։ «Խօսակցական հայերէնի շատ կարեւորութիւն կու տանք։ Կը ջանանք նաեւ հայերէնի ուսուցումը հաւասարեցնել ֆրանսերէնին, որու համար հինգ գիրք պէտք է կարդալ՝ իսկ հայերէնի համար երեք։ Կամաց-կամաց կը փորձենք կամրջել երկու լեզուներու ուսուցումի միջոցառումները», բացատրեց ան։
Լորիին հետ շարուակեցինք շրջագայիլ դպրոցի դասարանները եւ խաղավայրերը։ Կանգ առի խումբ մը հայ աւարտական կարգի աշակերտներու մօտ եւ միասին զրուցեցինք հայերէնով։ Հրաժեշտ առնելէ առաջ անոնց հարցուցի. «Հայերէնը կը սիրէ՞ք»։ Պատասխանները եղան կարճ եւ հաստատ. «Շա՜տ»։ Շա՜տին մէջ կար զգացում, սէր եւ նուիրում։ Ու տակաւին հպարտութիւն։ Շա՜տին մէջ տեսայ հայակերտումի եւ մարդակերտումի առաքելութեան արդիւնքները եւ անոր յաջողութիւնները։
Սուրբ Յակոբ վարժարանը ունի մօտաւորապէս հազար հայ աշակերտ։ Ու տակաւին կան աշակերտներ, որոնք կը սպասեն իրենց հերթին։ «Եթէ դպրոցը վերցնենք, գաղութը կը մեռնի։ Դպրոցը կ՚արտադրէ այն, ինչ որ գաղութը պէտք ունի։ Մեր ապագայ ղեկավարները հայ դպրոցէն կ՚ելլեն», համոզուած է ան։ Լորին ճիշդ է իր տեսլականին մէջ։ Հայ դպրոցը կը դարբնէ հայ անհատը ու կը պատրաստէ հայուն առաջնորդները։
Մոնթրէալ մեծ քաղաք մըն է։ Շատ են հայ ընտանիքները, որոնք իրենց զաւակները չեն կրնար հայկական ամենօրեայ դպրոց ղրկել։ Բայց շաբաթօրեայ վարժարանը՝ մէկ այլ լաւագոյն ապացոյցն է, թէ հայը կը սորվի ու կը պահէ մայրենին՝ ամենօրեայ թէ շաբաթօրեայ դպրոցի միջոցաւ։
Շողիկ Ազարիկեանը եկած է Հալէպէն։ Շողիկը եւ իր նուիրեալ ուսուցչական կազմը՝ բոլորն ալ սիրողական, հայ մանուկ-պատանիներու կը ջամբեն հայեցի դաստիարակութիւն իւրաքանչիւր շաբաթ օր։ Մէկ ժամ տեւողութեամբ վայելեցի ու տակաւին ապրեցայ հոգեկան լիցքաւորումի պահ մը, երբ մտիկ ըրի աշակերտներուն երգը եւ արտասանութիւնները, նաեւ հաճելի զրոյցը, որ ունեցայ անոնց հետ։ Եթէ հարց-պատասխանի նման ժամանակ մը ունեցայ, բայց նոյնքան տեսայ հայ պատանիին ուշիմութիւնը եւ թէ ինչքան գիտակ են սորվելու։ Շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ անոնք կը սորվին հայերէն, պատմութիւն, մշակոյթ եւ կրօնք։ Եթէ մէկ կողմէ տեսայ աշակերտներուն խանդավառութիւնը, բայց նաեւ հայ ուսուցիչներուն նուիրական ծառայութիւնը։ Հայակերտումը եւ հայապահպանումը կարելի չէ առանց մեծ զոհողութիւններու։
Սփիւռքահայ այս մեծ խճանկարին մէջ Մոնթրէալի հայ գաղութը տուաւ կարեւոր օրինակ մը՝ հայապահպանումի եւ հայակերտումի։ Սփիւռքը գունաւոր է, տարբեր եւ այլազան։ Իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր ապրելու եւ տոկալու գրաւականը։ Պայմանները նոյնպէս կը փոխուին իւրաքանչիւր գաղութի հետ։ Բայց կարելի է սորվիլ ու տակաւին կամրջել մէկ գաղութի փորձը միւսին հետ։
Սփիւռք(ներ) ունինք, որոնք իրենց հերթին ունին քաղաքական, ընկերային ու քաղաքացիական տարբեր երեւոյթներ՝ մեկնելով մեր ապրած երկիրներու տեղական պայմաններէն։ Այս բոլոր տարբեր ենթահողերուն մէջէն կայ միացնող օղակը՝ իմա առաքելութիւնը։ Սփիւռք(ներ)ը անցողակի վիճակէն անցած են մնայուն կարգավիճակի։ Այս պիտի նշանակէ, թէ բոլորս պիտի լծուինք հայակերտումի եւ հայապահպանումի մեծ առաքելութեան ի խնդիր։ Այս վերջինը սփիւռք(ներ)ու առաքելութիւնն է եւ անխուսափելի պարտականութիւնը իւրաքանչիւր գաղութի։ Եթէ մայրենին վտանգուած է, այս պիտի նշանակէ որոնել միջոցներ, որպէսզի պահենք եւ վերապրեցնենք զայն։
Իսկ պահելու եւ վերապրեցնելու համար կայ մի քանի կարեւոր հիմքեր։ Առաջինը՝ հայ դպրոցը։ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանն է. «Բախտաւոր ենք, որ լաւ հայկական դպրոց ունինք»։
Պիտի համոզուինք, որ հայ ընտանիքէն ետք հայ դպրոցը անհրաժեշտութիւն է մայրենի լեզուի պահպանումին ու հայակերտումի մեծ առաքելութեան մէջ։ Պիտի փորձենք խուսափիլ վարժարան փակելու քաղաքականութենէն, որքան ալ ճգնաժամային ըլլայ դպրոցի մը բարոյական եւ նիւթական պարտաւորութիւնները «շալկել»ը։
Եւ դարձեալ Մոնթրէալ։ Մհեր Գարագաշեանն է. «Ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի ժամանակին հետ քայլ պահենք։ Եկեղեցի, դպրոց եւ հայ կեդրոն՝ այս երրեակ գործիքակազմը կ՚աշխուժացնենք, որովհետեւ անոնք են մեր հիմքը հայակերտումի եւ նոր սերունդ յառաջացնելու գրաւականը»։
Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան մեր հանդիպումին ընթացքին խօսեցաւ հոգեւոր եւ քրիստնէական արժեչափերու մասին եւ մատնանշեց որոշ մտահոգութիւններ։ «Արեւմտեան ապակրօն ուսուցումներ եւ նոր արժեչափեր արդէն Գանատան ընդգրկած է եւ անոնք սկսած են մուտք գործել հայկական իրականութենէն ներս», ըսաւ սրբազան հայրը։ Աբգար սրբազան կ՚ակնարկէր սեռային դաստիարակութեան դպրոցներուն մէջ եւ անոր ազդեցութիւնը ընտանեկան կառոյցներուն վրայ։ «Մենք դէմ յանդիման ենք այս նոր ուսուցումներուն, որոնք կը ներմուծուին հայկական իրականութիւններուն մէջ։ Եկեղեցին որքա՞ն պիտի կարենայ հանդուրժել եւ դիմադրել այս իրականութիւնները։ Այս լուրջ մտահոգութիւն է մեզի համար»։
Եթէ հայակերտումի համար լեզուն եւ մշակոյթը անհրաժեշտ են, բայց հայակերտումի անքակտելի մասնիկն է նաեւ մեր քրիստոնէական հաւատքն ու անոր ուսուցումը։ Ներկայ օրերուն նոյնքան մեծ մտահոգութիւն է այս նոր ալիքը, որուն դիմագրաւելու համար պէտք ունինք մեր եկեղեցիներուն եւ բոլոր ազգային միաւորներու ուժեղացումին։
Մոնթրէալի հայ գաղութը՝ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու բախումին առջեւ։ Գաղութը այս բախումի մէջէն կրցած է պատուհասը վերածել պատեհութեան։ Պատեհութիւնը, ուր ստեղծուած իրավիճակը կարելի է օգտագործել՝ պահելու մայրենին ու զօրացնել հայկական կառոյցները։ Պէտք է պահել հայ դպրոցը, պէտք է պահել հայկական կառոյցները եւ ուժեղացնել զանոնք։
Պիտի խօսինք անգլերէն։ Պիտի խօսինք ֆրանսերէն ու տակաւին այլ լեզուներ, ինչպէս որ պէտք է եւ ստիպուած ենք՝ մեկնելով մեր սփիւռքեան իրավիճակներէն։
Բայց պիտի պահենք մայրենին։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Քուէյթ, 2024