ԱՂՈՒՀԱՑԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

Կով­կա­սի Ա­ռեւ­տու­րի եւ զար­գաց­ման ցան­ցը (CBDN) Կար­սի Քա­ղա­քա­յին եւ մշա­կու­թա­յին ու­սում­նա­սի­րու­թեանց կեդ­րո­նի (KAŞKA) հետ հա­մա­տեղ կ՚ի­րա­գոր­ծէ «Միաս­նա­բար քի՞չ աղուհաց կե­րանք» նա­խա­գի­ծը։ Այս շրջագ­ծով Հա­յաս­տա­նի Կիւմ­րի քա­ղա­քէն եւ Կար­սէն կի­ներ ի­րենց խո­հա­նո­ցին մէջ պատ­րաս­տած կե­րա­կուր­նե­րը իֆ­թա­րի ընթ­րի­քի ըն­թաց­քին հրամ­ցու­ցին կար­սե­ցի­նե­րուն։

Յի­շեալ նա­խա­գի­ծը կը ջա­նայ կա­մուրջ ստեղ­ծել եր­կու հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ՝ ընդգծե­լով հա­սա­րա­կաց մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս կա­րե­ւո­րե­լով կե­րա­կու­րի մշա­կոյ­թը։ KAŞKA-ի ա­տե­նա­պետ եւ նա­խագ­ծի հա­մա­կար­գող Իհ­սան Քա­րաեա­զը իր ե­լոյ­թին մէջ յայ­տա­րա­րեց, թէ կիւմ­րե­ցի եւ կար­սե­ցի կա­նանց մի­ջեւ հա­սա­րա­կաց կե­րա­կու­րի մշա­կոյ­թի եւ դե­ղա­տոմ­սե­րու մի­ջո­ցով կ՚ընդգ­ծեն միաս­նա­բար ապ-րըւած յի­շո­ղու­թիւ­նը։ Ան ը­սաւ, թէ հիւ­րըն­կա­լուած են Կիւմ­րիի եւ Կար­սի եւ շրջա­կայ գիւ­ղե­րու մէջ բնա­կող ըն­տա­նիք­նե­րուն կող­մէ։ «Մար­դիկ մեզ ըն­դու­նե­ցին ի­րենց խո­հա­նո­ցէն ներս, մե­զի հա­մար պատ­րաս­տե­ցին յա­տուկ ճա­շեր։ Այս բո­լո­րը կը վե­րա­ծուին գիր­քի եւ փաս­տագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Կիւմ­րին եւ Կար­սը եր­կու դրա­ցի եւ սահ­մա­նա­կից քա­ղաք­ներ են, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ քա­ղաք­ներ են, ո­րոնց շուրջ կը ստեղ­ծուի հե­ռա­ւոր զգա­ցում­ներ, տար­բեր ըն­կա­լում­ներ։ Մեր նպա­տակն է այս եր­կու քա­ղաք­նե­րու հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ի­րա­րու մեր­ձեց­նել եւ դիւ­րաց­նել գոր­ծըն­թա­ցը», ը­սաւ ան։

Հա­յաս­տա­նի կող­մէ նա­խա­գի­ծը հա­մա­կար­գող Ար­տուշ Մկրտչեան յայտ­նեց, թէ ու­րախ են այս­քան մարդ տես­նե­լով։ Ան շեշ­տեց, թէ ու­նին հա­սա­րա­կաց կող­մեր եւ ար­ժէք­ներ եւ այս ա­մէ­նը պէտք է վե­րա­ծել դրօ­շի մը ու եր­թալ դէ­պի խա­ղա­ղու­թիւն։

ՀՏՓ­-ի Կար­սի ե­րես­փո­խան Շա­ֆաք Էօ­զան­լի նոյն­պէս յայտ­նեց իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը։ Ան ը­սաւ, թէ Կար­սը ու­նի բազ­մամշա­կոյթ խճան­կար մը։ «Հայ, ե­զի­տի, մա­լա­կան, քիւրտ, թուրք, ա­մէն գոյ­նէ, տար­բեր մշա­կոյթ­նե­րէ ժո­ղո­վուրդ մը կը բնա­կի այս­տեղ։ Այս նա­խագ­ծով համոզուած ենք, որ տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­ներ կրնան ապ­րիլ միաս­նա­բար։ Այս հա­սա­րա­կու­թիւ­նը մին­չեւ 1915-ա­կան թուա­կան­նե­րը միաս­նա­բար ապ­րե­ցաւ եւ բաժ­նեց նոյն մշա­կոյ­թը։ Մենք կը մտա­ծենք, որ ալ պէտք է վե­րա­նան այս սահ­մա­նադռ­նե­րը, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ բո­լոր սահ­մա­նադռ­նե­րը պէտք է վե­րա­նան», ը­սաւ ե­րես­փո­խա­նը։

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ան­գա­րա­յի դես­պա­նա­տան մշա­կոյ­թի կցորդ Քաթ­րին Վան Տէ Վա­թէ ալ նշեց, թէ տպա­ւո­րուած է այս ի­րա­դար­ձու­թեամբ։ «Որ­պէս ԱՄՆ կը փա­փա­քինք, որ Թուր­քիա բա­րիդ­րա­ցիա­կան կա­պեր ու­նե­նայ իր բո­լոր հա­րե­ւան­նե­րուն հետ, յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի հետ», յայ­տա­րա­րեց ան։

Մի­ջո­ցառ­ման տե­ւո­ղու­թեան հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեան սար­քեց դաշ­նա­մու­րի հա­մերգ մը։ Ե­րէկ ի­րի­կուն Տիգ­րան Հա­մա­սեան եւ Ե­րե­ւա­նի Սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բը, Յա­րու­թիւն Թո­փի­կեա­նի մա­կա­նին ներ­քոյ, հա­մերգ մը սար­քեց նաեւ պատ­մա­կան Ա­նի քա­ղա­քի պա­րիսպ­նե­րուն տակ։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015