ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐՊԵՏՈՒՀԻՆ
Անկախութեան տօնի շաբաթը լեցուն է իրադարձութիւններով: Հայաստան ժամանած են բազմաթիւ հիւրեր՝ աշխարհի զանազան երկիրներէ՝ մասնակցելու Անկախութեան տօնակատարութեան միջոցառումներուն, յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք ցուցահանդէսներուն, 24 Սեպտեմբերին՝ Համահայկական երգի փառատօնին, միաժամանակ Կիրակի օրը, ժամը 17.00-ին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ներկայ գտնուելու Սուրբ Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան, որ կը կատարուի ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին տրամադրած իր հետաքրքրական տեղեկութիւններուն մէջ այս անգամ խօսեցաւ նուիրակներու եւ Միւռոնօրհնութեան վերաբերող այլ մանրամասնութիւններու մասին, որով ալ կ՚աւարտենք Անկախ Հայաստանի չորրորդ Միւռոնօրհնութեան նուիրուած մեր անդրադարձներու շարքը:
ՆՈՒԻՐԱԿՆԵՐԸ
Դարեր շարունակ հայոց իրականութեան մէջ Սուրբ Միւռոնը օրհնուելէ յետոյ բաշխուած է Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հայկական զանազան գաղթօճախներ ուղարկուած նուիրակներուն միջոցաւ: Անոնք կը շրջէին հայկական համայնքներով, Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայոց Հայրապետի օրհնութիւնը կը փոխանցէին մարդոց, Սուրբ Միւռոնը կը բաժնէին, ինչպէս նաեւ կը հաւաքէին Մայր Աթոռին տրուող նուէրները: Հայ ժողովուրդի համար դարեր շարունակ ազգապահպան ու եկեղեցապահպան մեծ նշանակութիւն ունեցած է նուիրակութիւնը: Նուիրակները գաղթաշխարհի հայութեան կը պատմէին հայրենի երկրի մասին, որ թէեւ առկայ դժնդակ պայմաններուն՝ կայ եւ կանգուն է հայոց աշխարհը նուիրական իր սրբութիւններով օծուն:
Նուիրակները չունէին հաստատուն նըս-տավայր, ինչպէս որ թեմակալ առաջնորդինն է: Ըլլալով Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը՝ այս կամ այն բնակավայրին մէջ, անոնք կը կարգաւորէին եկեղեցական համայնքներու կեանքը եւ հաշուետու կ՚ըլլային միայն Հայոց Հայրապետին:
Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան կը նշէ, որ Սուրբ Միւռոնը հայկական գաղթօճախներ տանելու մասին առաջին յիշատակութիւններէն մէկը պահպանուած է Մեսրոպ Ա. Արտազեցի (1359-1372) Կաթողիկոսի կոնդակին մէջ՝ ուղղուած Լվովի հայութեան: Մեսրոպ Կաթողիկոս կոնդակի մէջ կը նշէ, որ թեմի առաջնորդ կը նշանակէ Գրիգորիս Սրբազանը եւ անոր միջոցաւ նաեւ Միւռոն կ՚ուղարկէ: Իսկ արդէն նուիրակի միջոցաւ Միւռոնը արտերկիր տանելու մասին վաղագոյն տեղեկութիւնը պահպանուած է լեհահայերուն ուղղուած Թէոդորոս Բ. Կիլիկեցիի (1382-1392) կոնդակին մէջ:
«Նուիրակը այն անձն էր, որ կ՚ապահովէր Սուրբ Էջմիածնի եւ տուեալ համայնքի կապը՝ Սուրբ Միւռոնի օգնութեամբ յիշեցնելով անոնց՝ իրենց հոգեւոր ծննդավայրին մասին», կը նշէ Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան:
Նուիրակները իրենց հետ կը տանէին Սուրբ Միւռոնը եւ Հայրապետական կոնդակը, որոնցմով կը հաստատուէին անոնց ինքնութիւնը եւ իրաւասութիւնները, քանզի որոշ հոգեւորականներ նուիրակի անուան տակ կը շահագործէին մարդիկը եւ կը վնասէին Սուրբ Էջմիածնի հեղինակութիւնը: Այն ժամանակ չկային այսօրուան փոխադրամիջոցները, եւ նուիրակները ստիպուած էին շրջագայիլ քարաւաններով, նաւերով եւ այլ հասանելի ձեւերով: Անոնք ապահովագրուած չէին բնական աղէտներէ, արհաւիրքներէ եւ աւազակային յարձակումներէ, երբեմն ալ կը յայտնուէին արկածներու մէջ:
Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան կը յիշեցնէ Սուրբ Էջմիածնի նուիրակ Յովհաննէս Պոնտացի Եպիսկոպոսին առընչուող դէպք մը, երբ ան, 1762 թուականի 20 Յունուարին Պասրայէն նաւ կը նստի եւ քառասուն օր յետոյ կը հասնի Հնդկաստանի Սուրաթ քաղաքը, ուրկէ ալ նաւով կը շարժուի դէպի հայաշատ Կալկաթա: Վաթսունօրեայ նաւավարութիւնէն յետոյ, երբ գրեթէ հասած էին Կալկաթա, փոթորիկը կը կործանէ նաւը, նուիրակը եւ չորս այլ հայեր հրաշքով կը փրկուին: Դժբախտաբար, ջուրը տարած էր նուիրակի սնտուկը, որուն մէջ էին Միւռոնը, անոր գիրքերն ու կոնդակը: Աստուծոյ նախախնամութեամբ քանի մը օր վերջ պատահաբար կը յայտնուի սնտուկը, որուն մէջ անվնաս մնացած էր միայն Միւռոնը: Բայց այդ դէպքէն ետք ալ նուիրակը հանգստութիւն չէ գտած։ Ան քառասուն օր շարունակ ստիպուած եղած է փախչիլ առիւծներէ՝ ուտելով ինչ որ գտած է: Վերջապէս 1763 թուականի 15 Յունուարին նուիրակը կը հասնի Հնդկաստանի Սէյտապատ քաղաքը, որ այսօր Կալկաթայէն ինքնաշարժով չորս ժամուան ճանապարհ է:
«Այս մէկը պատմական փաստ մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի դժուարութիւններ յաղթահարած են նուիրակները՝ ժողովուրդին Միւռոնը հասցնելու համար»:
Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան անգամ մը եւս աւելորդ չի նկատեր նշելու Միւռոնի հրաշագործ զօրութեան մասին. «Մեր մատենագրութեան մէջ պահպանուած են բազում պատմութիւններ, որոնց մէջ անգամ մը եւս կ՚ընդգծուին հայոց Միւռոնի իւրայատկութիւնն ու առանձնայատկութիւնը: Այսպէս՝ Գրիգոր Դարանաղցի (1576-1643) ժամանակագիր վարդապետը, նկարագրելով 1605 թուականի ձմրան տեղի ունեցած Միւռոնօրհնութիւնը, նշած է, որ եղանակը սաստիկ ցուրտ էր, նոյնիսկ ատամները կը կրճտէին: Բայց երբ հին Միւռոնի մակարդը կը լեցնեն նորի մէջ եւ կ՚օրհնեն Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջով, կաթսան կը սկսի եռալ եւ գոլորշի դուրս կ՚ելլէ: Գրիգոր Վարդապետը ձեռքերը կը մօտեցնէ կաթսային եւ կը տաքցնէ: Տաճիկներու մեծաւոր Ղուլ Աղասին, զոր կը կոչէին Տաւուտ Աղա, նոյնպէս կը մօտենայ կաթսային, ձեռքերը կը հպէ կաթսայի կողին եւ ի լուր ամէնքին, կ՚ըսէ. «Հաւատացի, ինչ որ լսած էի Մեռոնի մասին»: Ըստ ժամանակագրի՝ այլ հրաշքներ նոյնպէս կատարուած են»:
Ինչպէս կը նշէ Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան՝ Հայոց Եկեղեցիին մէջ պատրաստուող Սրբալոյս Միւռոնը իր բաղադրութեամբ եւ խորհուրդով կը տարբերի միւս եկեղեցիներու օրհնած իւղէն: Ան պատահական չի նկատեր այն, որ մեր հարուստ ձեռագրական աշխարհին մէջ պահպանուած են բազում գրչագրեր, որոնք կ՚անդրադառնան Միւռոնի կանոնին, խորհուրդին, անհրաժեշտ նիւթերուն եւ այս սրբազան Իւղին առընչուող այլ խնդիրներու: «Մանաւանդ մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն այն ձեռագրերը, որոնք մանրամասն կ՚անդրադառնան Միւռոնի համար անհրաժեշտ նիւթերուն: Ասոր առընչուող մեզի հասած ամենէն հին ձեռագիրը 1461 թուականին ընդօրինակուած Մաշտոցեան Մատենադարանի ձեռագիր թիւ 4997 ձեռագիրն է, որուն մէջ կը նշուի քառասուն բոյսերու եւ նիւթերու մասին: Այլ ձեռագրերու մէջ նիւթերուն քանակը կը հասնի մինչեւ յիսունութի: Հետաքրքրական է, որ նմանաբնոյթ ձեռագիր մատեաններու մէջ կը բացակայի ձիթապտուղի ձէթի մասին յիշատակութիւնը, քանզի բոլորին ալ պարզ էր, որ առանց ձիթաիւղի անհնար է Միւռոն պատրաստել: Միւռոնի նիւթերու ուսումնասիրութիւնը եւ անոնց աշխարհագրական տարածուածութեան տեսանկիւնէ վերլուծութիւնը կը փաստեն, որ այդ բոյսերու մեծ մասը կ՚աճի մերձարեւադարձային եւ արեւադարձային կլիմայական գօտիներու մէջ», կ՚ըսէ ան:
ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՈԶՆԵՐ
Կիրակի, 27 Սեպտեմբերին համայն հայութիւնը պիտի ունկնդրէ Անկախ Հայաստանի չորրորդ Միւռոնօրհնութեան քարոզին: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի քարոզը, վստահ, իր մէջ պիտի ներառէ հայ մարդու այսօրուան կեանքի դժուարութիւնները ուղենշող կէտեր: Միւռոնօրհնութեան խորհուրդին առընչուած իւրաքանչիւր ոք տուն պիտի դառնայ համոզումով, որ ամէն մէկ դժուարութիւն կարելի է յաղթահարել՝ եթէ հաւատաւոր մարդու ճանապարհին անոր ուղեկիցն է ազգային կնիքը:
1996 թուականի 8 Սեպտեմբերի Միւռոնօրհութեան քարոզի ժամանակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը սապէս ըսած է.
«Միւռոնը ոչ միայն Աստուածային կնիքն է Ս. Հոգւոյն, այլեւ՝ «Ճակտի գիր»ին պէս ազգային դրոշմը հայ մարդու իւրայատուկ կերպարին եւ ինքնուրոյն դիմագծութեան: Միւռոնը մեր քրիստոնէական հայկականութեան խորհրդանիշն է, մեր ինքնութեան եւ արժանապատւութեան ցուցանիշը, մեր միութեան սրբազան շաղախը, մեր հոգեկան կեանքի աւիշը, որ մեր հոգեւոր ծառի՝ Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ արմատներէն կ՚արտաբխի որպէս կենսայնութեան եւ պտղաբերութեան աղբիւր: Հին Միւռոնը այսօր ահա խառնուեցաւ նորին մէջ եւ մեր Եկեղեցւոյ դարաւոր կեանքի անբեկանելի շարունակականութեան զօրութիւնը լեցուց մեր հոգիներուն մէջ՝ մեր նոր կեանքին որպէս մղիչ ուժ եւ մեր ազգային ամբողջականութեան որպէս կաթ մայրենի եւ հաց կենդանի»:
Մէկ այլ հատուած, այս անգամ՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի 2008 թուականի 28 Սեպտեմբերին տրուած Միւռոնօրհնութեան քարոզէն:
«Ս. Միւռոնի դրոշմով կը ճանչնանք, կ՚ապրինք, կը զգանք եւ կը պահպանենք մեր հայ եւ քրիստոնեայ ինքնութիւնը, մեր ազգային ամբողջականութիւնը: Միւռոնադրոշմ յաղթած ենք վասն հաւատքի եւ վասն հայրենեաց կենաց եւ մահու մեր բոլոր պատերազմներուն, մեր գոյութեան եւ լինելիութեան բոլոր մարտերուն: Միւռոնի զօրութեամբ եւ լոյսով միաւորած ենք եւ կը միաւորենք մեր անցեալը, ներկան եւ մեր զաւակներուն ապագան: Միւռոնօրհնութիւնը, սիրելի հայորդիներ, կոչ է եւ հրաւէր ազգիս՝ մնալու սրբութեան շնորհի մէջ, մերժելու չարն ու չարի գործերը եւ մեր կեանքին մէջ անստուեր պահպանելու Տիրոջ Աւետարանի լոյսը: Միւռոնօրհնութիւնը պատգամ է ապրելու Քրիստոսով, ընթանալու Քրիստոսի հետ, քանզի Ս. Միւռոնով ի Քրիստոս մկրտուած՝ Քրիստոսով հանդերձաւորուեցանք: Տիրոջ հետ, տէրունապարգեւ սիրով միայն պիտի գերակայեն մեր կեանքին մէջ բարութիւնն ու արդարութիւնը, մեր սիրտերուն մէջ անսասան ու անբիծ պիտի մնայ մեր հայրերու սուրբ հաւատքը եւ մեր ուղին ըլլայ բազմարդիւնք ու բարեյոյս...:
«Ժողովուրդ հայոց, ժողովուրդ շնորհընկալ եւ յաղթական, որ դարէ դար ապրածդ կեանքով, սխրալի վկայութիւններով հաւատարիմ ես Սուրբ Էջմիածնով Աստուծոյ հետ հաստատած ուխտիդ, հանապազ նորոգուէ հաւատքով, պայծառացիր եկեղեցաշէն եւ հայրենանուէր գործոց արդար ու բարի արգասիքներով, որ Աստուծոյ օրհնութեան ներքոյ յաւերժ անսասան մնայ Քրիստոսապսակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, միշտ ապրի ազատ ու ինքնիշխան, Արարատով յաւերժ թագադրեալ մեր Հայրենիքը, եւ հայ կեանքը լոյսով նայի գալիքին»:
ԱՆԱՀԻՏ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Հայաստանի Ժողովրդական վարպետ, Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան դրօշի եւ Աշոտ Երկաթի Խաչի դրօշի հեղինակ, ասեղնագործութեան վարպետուհի Անահիտ Կարապետեան արդէն քսանհինգ տարիէ ի վեր՝ իր իւրովի ծառայութիւնը կը մատուցէ Հայ Եկեղեցւոյ: Ան կ՚ասեղնագործէ եւ եկեղեցիին կը նուիրաբերէ հոգեւորականներու զգեստներ, սուրբ խորաններու, խաչերու, սկիհներու ծածկոցներ, վարագոյրներ, շուրջառներ, մաշիկներ ու դրօշներ:
Վարպետուհին 100-ամեակի առթիւ պատրաստած եւ եկեղեցիին նուիրած էր ծիսական բոլոր սրբութիւններուն ծածկոցները:
Այս տարի Անահիտ Կարապետեանի ձեռամբ պատրաստուած են նաեւ միւռոնի կաթսայի եւ միւռոնաթափ աղաւնիի ծածկոցները:
Ծածկոցներու կտորներու ընտրութիւնը ան կատարած է Յովնան Սրբազանի հետ միասին, իսկ զարդանախշերը գծագրած է ինքնուրոյն` օգտուելով հայրաբանութենէն, հայ մանրանկարչութեան հարստութենէն, որոշ տեղեր նաեւ ինքնուրոյն ստեղծագործած է:
Միւռոնի կաթսայի ծածկոցը գօտեւորուած է հրեշտակներով, սերովբէներով եւ քերովբէներով, որոնք առանձնացուած են նուրբ զարդանախշերով: Մէջտեղը կայ՝ խաչը, իսկ կափարիչի հատուածին վրայ՝ աւետարանական թռչուններ, որոնք կ՚ելուզուին աւետարանական շուշանի բարակ եւ նուրբ նախշազարդով:
Շղարշը թափանցիկ է, նման հարսի քօղի, զարդարուած է ոսկեթել զարդանախշերով, իսկ միւռոնաթափ աղաւնիինը՝ բազմագոյն ծաղիկներով եւ թիթեռներով:
Վարպետուհին նուրբ ասեղնագործութեամբ անվնաս ասեղնագործած է ծածկոցները, այնուհետեւ զարդարած է մարգարիտներով եւ նռնաքարերով: Եկեղեցական կարգի համաձայն, ծածկոցները, մինչ կիրառութիւնը կ՚օրհնուին եւ կը սրբագործուին:
Աստեղնագործուհի Անահիտ Կարապետեան համոզուած է, որ ասեղնագործութիւնը Աստուծոյ տուած շնորհն է: Ան ասեղնագործութեամբ սկսած է զբաղիլ ուշ տարիքին: Խորապէս ուսումնասիրելով Աստուածաշունչը, պատմական բոլոր կարեւոր իրադարձութիւններն ու փաստերը՝ Անահիտ Կարապետեան այդ բոլորը ներկայացուցած է իր ձեռագործ աշխատանքներուն մէջ:
Հոգեւոր թեմայով անոր առաջին ասեղնագործ աշխատանքը կը կոչուի «Խաչքար»:
Քսան տարի առաջ ան «Խաչքար»ը փոխանցած է Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին, որ այդ ժամանակ մահամերձ եղած է:
Ժողովրդական վարպետուհին մեծ ցանկութիւն ունի եկեղեցիին կից հիմնել դպրոց մը՝ առանց տարիքային սահմանափակման: Դպրոցին այցելուները, բացի ասեղնագործական հմտութիւններէ, կը ստանան նաեւ հոգեւոր դաստիարակութիւն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ