ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԿՈՍԻ ՅԱՋՈՐԴԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի հրա­ւէ­րով, 20 Ապ­րի­լին,  Հա­յաս­տան ժա­մա­նեց այս օ­րե­րու ա­ռա­ջին բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րը՝ Ա­ղեք­սանդ­րիոյ եւ հա­մայն Ա­փրի­կէի Պապ, Ա­ղեք­սանդ­րիոյ Ղպտի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­ռաջ­նորդ Նո­րին Սրբու­թիւն Թե­ւադ­րոս Բ.: Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին եւ ե­պիս­կո­պո­սաց դա­սուն հետ հան­դի­պում ու­նե­նա­լէ եւ իր պա­տուին կա­տա­րուած բա­րի­գալս­տեան «Հրա­շա­փա­ռ­»ի ա­րա­րո­ղու­թեա­ն մաս­նա­կից ըլ­լա­լէ ետք  ղպտի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը մեկ­նե­ցաւ ե­րե­ւա­նեան իր կե­ցու­թեան վայ­րը՝ Կա­ռա­վա­րու­թեան ըն­դու­նե­լու­թիւն­նե­րու տուն, ուր ալ, իր ե­րե­կո­յեան ընթ­րի­քէն ետք, Մայր Ա­թո­ռի Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Տ. Յո­վա­կիմ Ե­պիս­կո­պոս Մա­նու­կեա­նի եւ Ե­գիպ­տա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Ա­շոտ Սրբա­զա­նի ջա­նադ­րու­թեամբ հար­ցազ­րոյց մը տուաւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին: Սուրբ Մար­կո­սի Ա­թո­ռի Պատ­րիար­քը սի­րով ըն­դու­նեց մեզ, իսկ զրոյ­ցի ա­ւար­տին ըն­ծա­յեց հին ե­գիպ­տա­կան ի­մաս­տուն խօս­քե­րէ կազ­մուած յի­շա­տա­կի գիր մը, որ իր հետ բե­րած էր Ե­գիպ­տո­սէն:

Հա­մայն Ղպտի­նե­րու Պատ­րիար­քը  ա­ռա­ջին ան­գամ կ­­՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ կը մնայ մին­չեւ Ապ­րի­լի 25-ը:

Նո­րին Սրբու­թիւն Պա­պը իր պաշ­տօ­նին ընտ­րուած է 2012 թուա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րին, երբ վախ­ճա­նե­ցաւ  Ե­գիպ­տո­սի ղպտի­նե­րու նա­խորդ ա­ռաջ­նորդ Շենուտա Գ. Պատ­րիար­քը:

Ղպտի­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը նշա­նա­ւոր կրօ­նա­կան գոր­ծիչ է քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն մէջ: Թե­ւադ­րոս Բ. 1975 թուա­կա­նին Ա­ղեք­սանդ­րիոյ հա­մալ­սա­րա­նէն վկա­յուած է դե­ղա­գոր­ծու­թեան պսա­կա­ւոր գի­տու­թեան վկա­յա­կա­նով, ա­պա իր ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է Անգ­լիոյ մէջ: Ան ծա­նօթ է իբ­րեւ փոք­րիկ­նե­րու կրօ­նա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն տուող անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, ո­րով­հե­տեւ նոր սե­րուն­դը կը նկա­տէ ե­կե­ղեց­ւոյ զար­թօն­քի գրա­ւա­կա­նը: Հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը Աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ տաս­ներ­կու գիր­քե­րու հե­ղի­նակ է: Մինչ հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան անց­նի­լը, ան կա­ռա­վա­րած է դե­ղա­գոր­ծա­կան ձեռ­նար­կու­թիւն մը, եւ ու­նի մեծ փորձ եւ կա­ռա­վա­րա­կան հմտու­թիւն­ներ, ո­րոնք գա­հա­կա­լու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն  օգ­նած են  ղպտի­նե­րու հա­մար ոչ դիւ­րին ժա­մա­նակ­նե­րուն։ Ծա­նօթ է, որ Ա­ղեք­սանդ­րիոյ եւ Ս. Մար­կո­սի Ա­թո­ռի Պատ­րիար­քը գա­հա­կա­լու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նին խիստ քննա­դա­տու­թեան են­թար­կած է Ե­գիպ­տո­սի օ­րուան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, նշե­լով, որ իս­լա­մա­մէտ­նե­րու կող­մէ ըն­դու­նուած նոր Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը խտրա­կա­նու­թիւն կը դնէ ղպտի­նե­րու եւ մահ­մե­տա­կան­նե­րու մի­ջեւ: Ղպտի­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը յայ­տա­րա­րած է, որ Ե­գիպ­տո­սի բնակ­չու­թեան 10 առ հա­րիւ­րը կազ­մող  ղպտի­նե­րը կա­րե­լի չէ դի­տար­կել որ­պէս փոք­րա­մաս­նու­թիւն, քա­նի որ ա­նոնք Ե­գիպ­տո­սի հնա­գոյն ժո­ղո­վուր­դի ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը կը կազ­մեն, եւ ըստ ա­ւան­դու­թեան՝ ղպտի­նե­րը հին ե­գիպ­տա­ցի­նե­րու հե­տե­ւորդ­ներն են: Իսկ այ­սօր, ինչ­պէս ը­սաւ Գե­րեր­ջա­նիկ Պատ­րիար­քը, Ա­ղեք­սանդ­րիոյ Ղպտի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղե­ցին լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը փոր­ձէ հաս­տա­տել Ե­գիպ­տո­սի ներ­կայ ղե­կա­վա­րու­թեան հետ, մա­նա­ւանդ ղպտի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­հաս­տատ­ման ա­ռու­մով: Ե­գիպ­տո­սի մէջ Օս­մա­նեան շրջա­նէն օ­րէնք մը կայ ե­կե­ղե­ցա­շի­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ, ո­րով երկ­րին մէջ կը սահ­մա­նա­փա­կուի քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կա­ռու­ցու­մը եւ այդ օ­րէն­քին մա­սին խօ­սե­լով, Նո­րին Սրբու­թիւն Պա­պը ը­սաւ, որ կը փոր­ձեն այդ օ­րէն­քին մէջ փո­փո­խու­թիւն­ներ մտցնե­լու մթնո­լորտ ձե­ւա­ւո­րել երկ­րէն ներս:

Ան ե­րեք տա­րուան ըն­թաց­քին կա­տա­րած է բազ­մա­թիւ հով­ուա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ, հան­դի­պած է քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րու եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ՝ գտնե­լով մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եզ­րեր:

Երբ մեր զրոյ­ցին սկսանք, Ղպտի­նե­րու Ա­ռաջ­նոր­դը ը­սաւ, որ ի­րեն հա­մար մե­ծա­գոյն պա­տիւ է հիւ­րըն­կա­լուիլ ե­կե­ղեց­ւոյ մը կող­մէ, ո­րուն հետ ղպտի­նե­րը ու­նին հզօր պատ­մա­կան կա­պեր։ «Շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ Աստ­ու­ծոյ այս այ­ցե­լու­թեան հա­մար: Հայ Ե­կե­ղե­ցին մաս­նա­կից ե­ղաւ  Շենուտա Պա­պի վախ­ճան­ման սու­գին,  Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան մեր Պա­պի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ան­կէ ետք ներ­կայ ե­ղան իմ պա­պա­կան ա­թո­ռը ստանձ­նե­լու ա­րա­րո­ղու­թեա­ն», ը­սաւ Թեւադ­րոս Բ. Պա­պը։ Ան  յի­շեց­, որ 2012 թուա­կա­նի 18 Նո­յեմ­բե­րին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տու­թեան պատուի­րա­կու­թիւ­նը Ե­գիպ­տո­սի Գա­հի­րէ քա­ղա­քին մէջ մաս­նակ­ցած է իր գա­հա­կա­լու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեա­ն՝ փո­խան­ցե­լով Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղեր­ձը:

Այ­նու­հե­տեւ խօ­սե­լով հայ-ղպտիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին, ը­սաւ, որ Հայ եւ Ղպտի ե­կե­ղե­ցի­նե­րը կը պատ­կա­նին Հին Ա­րե­ւե­լեան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ըն­տա­նի­քին, ղպտի­նե­րը եւս ա­ռա­քե­լա­կան են։ Ա­նոնց դա­ւա­նան­քը նոյ­նն է Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տու­թեան հետ։ Ա­նոնք ու­նին հա­ւատ­քի նոյն սկզբունք­նե­րը, եւ հա­ղոր­դա­կան միու­թեան մէջ։ Այ­սինքն մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դա­մը կրնայ հա­ղոր­դուիլ Ղպտի Ե­կե­ղե­ցոյ մէջ եւ փո­խա­դար­ձա­բար: Ղպտի­նե­րու Հո­գե­ւոր Ա­ռաջ­նոր­դը ը­սաւ, որ հայ-ղպտիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վաղ միջ­նա­դա­րուն ձե­ւա­ւո­րուած են, եւ մին­չեւ այ­սօր այդ կա­պե­րը հզօր մնա­ցած են աշ­խար­հի տա­րած­քին: Ղպտի Ե­կե­ցեց­ւոյ գա­հե­րէ­ցը նաեւ յայտ­նեց, որ  Ե­րե­ւա­նի մէջ է՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար 100-րդ տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ Սրբա­դաս­ման կար­գին։ «Այս սրբա­դա­սու­մը շատ կա­րե­ւոր է նաեւ Ղպտի Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար, ո­րով­հե­տեւ մենք խոր­քին մէջ այդ նա­հա­տակ­նե­րուն բա­րե­խօ­սու­թեան կա­րի­քը ու­նին­ք», ը­սաւ Թե­ւադ­րոս Պա­պը:

Խօ­սե­լով Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րու դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, Ղպտի­նե­րու Հո­գե­ւոր Ա­ռաջ­նոր­դը ը­սաւ. «Ա­րե­ւել­քը օրհ­նեալ է: Ե­րեք կա­րե­ւոր կրօ­ննե­րը՝ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը, իս­լա­մու­թիւ­նը եւ մով­սի­սա­կա­նու­թիւ­նը սկիզբ ա­ռած են Ա­րե­ւել­քի մէջ: Բարձ­րեալն Աս­տուած ու­զեց, որ Ա­րե­ւել­քը բազ­մակ­րօն տեղ մը ըլ­լայ: Եւ այս կրօն­նե­րու հարս­տու­թիւ­նը խոր­քին մէջ օրհ­նու­թիւն է բո­լո­րիս հա­մար։ Ե­թէ ո­րոշ ու­ժեր կը փոր­ձեն իր պա­րու­նա­կէն դա­տար­կել Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը, գոր­ծած կ­­՚ըլ­լան Աս­տու­ծոյ կամ­քին դէմ: Քրիս­տո­նեա­նե­րը պար­պել, դա­տար­կել, գաղ­թա­կա­նու­թեան մղել, կը նշա­նա­կէ Աս­տու­ծոյ կամ­քին դէմ գոր­ծել: Եւ մի՛ մոռ­նաք, որ ինչ­պէս Ա­ւե­տա­րա­նին մէջ նշուած է՝ «Քրիս­տո­սի ա­նու­նով վկա­յու­թիւն տուող­նե­րը պի­տի հա­լա­ծուի­ն»: Քրիս­տո­նեայ մար­դը բա­ւա­րար ուժ ու­նի այդ հա­լա­ծանք­նե­րը տա­նե­լու, եւ ու­նի մեծ սիրտ՝ չա­րա­կամ­նե­րը նե­րե­լու, միշտ նե­րող ե­ղած է քրիս­տո­նեայ մար­դը: Եւ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք այ­սօր ի­րենց ա­րիւ­նը եւ կեան­քը կը նուի­րա­բե­րեն, ա­նոնք Քրիս­տո­սի վկա­ներն են Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ: Մեր ճա­կա­տա­գիրն է վկա­յել յա­նուն Յի­սու­սի»:

Մեր զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ան խօ­սե­ցաւ նաեւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ե­գիպ­տո­սի  դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րու մա­սին, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ե­գիպ­տոս ան­ցաւ ծանր տագ­նապ­նե­րէ: Ան ը­սաւ, որ այ­սօր ե­րե­ւե­լի է, որ եր­կի­րը տագ­նա­պէն դուրս կու գայ:

«Չմոռ­նանք, որ Ե­գիպ­տո­սը ա­րաբական եր­կիր­նե­րու խիղճն է եւ ա­րաբ­նե­րու ու աշ­խար­հի միջեւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ երկ­խօ­սու­թեան կա­րե­ւոր կա­մուրջ կը հա­մա­րուի: Ե­գիպ­տո­սը Մի­ջին Ա­րեւ­ել­քի սիրտն է, Ե­գիպ­տո­սը ոչ միայն Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի, այլ ամ­բողջ աշ­խար­հի սիրտն է, եւ չմոռ­նանք, որ Ե­գիպ­տո­սը օրհ­նեալ եր­կիր մըն է, ո­րով­հե­տեւ մեր Տէ­րոջ, Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի ոտ­քե­րը դպած են ա­նոր հո­ղին: Ա­նոր հա­մար է, որ օրհ­նուած է այս եր­կի­րը: Դուք ձեր հար­ցու­մին մէջ անդ­րա­դար­ձաք Ե­գիպ­տո­սի մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րու դէմ առ­կայ հա­լա­ծան­քին: Խոր­քին մէջ հա­լա­ծան­քը մեծ բառ է, ո­րով­հե­տեւ ինչ որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­գիպ­տո­սի մէջ, տար­բե՛ր խնդիր­նե­րու, տար­բե՛ր ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րու կու­տա­կու­մին հե­տե­ւան­քով էր, եւ այդ խնդիր­նե­րը ու­նին տար­բեր պատ­ճառ­ներ, ո­րոնց մա­սին կը նա­խընտ­րեմ այս­տեղ չանդ­րա­դառ­նալ: Բայց այ­սօր մենք դար­ձեալ ոտ­քի կը կանգ­նինք, մենք ու­նինք նոր նա­խա­գահ բո­լոր ե­գիպ­տա­ցի­նե­րուն հա­մար, ու­նինք նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւն, ու­նինք նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն, ու­նինք նոր մտա­ծե­լա­կերպ, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք մեր եր­կի­րը ճիշդ կա­ռա­վա­րել։ Հե­տե­ւա­բար մենք՝ ղպտի­ներս ա­ւե­լի ա­պա­հով պայ­ման­նե­րու մէջ կ՚ապ­րինք այ­սօր: Մենք մեծ յոյ­սե­րով կը նա­յինք ա­պա­գա­յին: Եւ վստահ ենք, որ Ե­գիպ­տո­սը պի­տի վերս­տանձ­նէ իր ա­ռաջ­նոր­դող դե­րը շրջա­նին մէջ եւ սա­տար պի­տի կանգ­նի ի­րեն բա­րե­կամ բո­լոր դրա­ցի­նե­րու­ն», ը­սաւ Թե­ւադ­րոս Բ. Պա­պը:

Տա­րա­ծքաշր­ջա­նի մէջ խա­ղա­ղու­թիւն ստեղ­ծե­լու գոր­ծին մէջ կա­րե­ւո­րե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ դե­րը, Թե­ւադ­րոս Բ. ը­սաւ, որ ե­կե­ղե­ցին խա­ղա­ղու­թիւն ստեղ­ծող կա­ռոյց մըն է, իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի մէջ ե­կե­ղե­ցին պար­տա­ւոր է իր կա­տա­րած գոր­ծով ա­պա­ցու­ցել սէ­րը, ա­նով կեր­տե­լով խա­ղա­ղու­թեամբ հա­սա­րա­կու­թիւն: «Մենք կը սի­րենք բո­լո­րը, մենք խա­ղա­ղու­թիւն կը փոր­ձենք հաս­տա­տել մար­դոց սիր­տե­րուն մէ­ջ», ը­սաւ ան:

Ան խօ­սե­ցաւ նաեւ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պի պատ­գա­մին մա­սին։ Ան շեշ­տեց, որ յոյս ու­նի, թէ այդ պատ­գա­մը իր տե­ղը գտաւ եւ հա­սաւ ա­նոնց, ո­րոնք շատ կա­րե­ւոր ը­նե­լիք ու­նին այս խնդիր­նե­րու լուծ­ման հա­մար: «Մի՛ մոռ­նաք, որ խա­ղա­ղու­թիւն կա­րե­լի է կեր­տել միայն հաշ­տու­թեան եւ նե­րո­ղամ­տու­թեան շնոր­հիւ: Մենք, որ­պէս քրիս­տո­նեա­ներ, մեր ա­մէ­նօ­րեայ ա­ղօթ­քին մէջ կ­­՚ը­սենք՝ «Նե­րէ մե­զի Տէր Աս­տուած, ինչ­պէս որ մենք կը նե­րենք ա­նոնց, որ մե­ղան­չե­ցին մե­զի դէմ»: Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ մէկ ճա­նա­պարհ կայ, եւ այդ մէ­կը երկ­խօ­սու­թեան ճա­նա­պարհն է: Երկ­խօ­սու­թեան ճա­նա­պարհն է, ինչ­պէս նաեւ այս խնդրի ա­ռու­մով նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը շատ մը փակ դռներ կրնայ բա­նալ: Եւ կրնայ ի­րար­մէ հե­ռու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րա­րու մօ­տեց­նել: Հա­յե­րը վստահ պէտք է ըլ­լան, որ աշ­խար­հի բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ի­րենց կող­քին ե­ն», մեր զրոյ­ցը այս­պէս եզ­րա­փա­կեց Ղպտի­նե­րու պատ­րիարք Թե­ւադ­րոս Բ. Պատ­րիար­քը՝ տե­ղե­կաց­նե­լով նաեւ, որ Մա­յիս ամ­սուն սկիզ­բը պի­տի այ­ցե­լէ Եւ­րո­պա:

ՂՊՏԻ ՄՇԱ­ԿՈՅ­ԹԸ 

Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ Հայ­կա­կան Հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նը, Դ. եւ Է. դա­րե­րուն, մինչև ա­րաբ նուա­ճող­նե­րը, ղպտի­նե­րը ստեղ­ծած են Հին Ե­գիպ­տո­սի եւ հին աշ­խար­հի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեա­ն ա­ղեր­սուող ինք­նա­տիպ ա­րուեստ։ Ա­ղեք­սանդ­րիա­յէն դէ­պի հա­րաւ, Նե­ղո­սի հո­վի­տը, պահ­պա­նուած են Բաուի­տի վան­քը, Ճեր­մակ վան­քի մայր տա­ճա­րը, Կար­միր վան­քը, Բա­գաուա­տի քա­նի մը հա­րիւ­րի հաս­նող դամ­բա­րան­նե­րը, ո­րոնք ու­նին գմբէ­թա­ւոր ա­ղօ­թա­րան­ներ, ինչ­պէս նաեւ եր­կու-չորս յար­կա­նի բնա­կե­լի տու­ներ։ Այդ կո­թող­նե­րուն մէջ առ­կայ են պիպ­լիա­կան եւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան նիւ­թե­րով վաղ շրջա­նի որմ­նան­կար­ներ, ո­րոնց բնո­րոշ է գու­նա-գծագ­րա­կան պարզ ըն­կա­լու­մը։

Հա­մաշ­խար­հա­յին համ­բաւ կը վա­յե­լեն ղպտիա­կան գե­ղա­րուես­տա­կան գոր­ծուածք­նե­րը, ո­րոնց վրայ մեծ մա­սամբ պատ­կե­րուած են յու­նա­կան եւ ե­գիպ­տա­կան դի­ցա­բա­նա­կան եւ քրիս­տո­նէա­կան կեր­պար­ներ։ Ղպտի­նե­րու ա­րուես­տը նոր ծաղ­կում ապ­րած է 17-րդ դա­րուն: Ղպտի­նե­րու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ պահ­պա­նուած են բազ­մա­թիւ սրբա­պատ­կեր­ներ, իսկ ղպտի­նե­րու ա­րուես­տի բազ­մա­թիւ նմոյշ­ներ պահ­պա­նուած են Ե­գիպ­տո­սի Ղպտի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ Ղպ­­տիա­կան ա­րուես­տի թան­գա­րա­նին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2015