«ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ. Համարձակ ըլլալ բոլոր պարագաներուն մէջ»

Ընթացող տարւոյս՝ 2024-ի կէսերուն, Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ «Բարոյագիտութիւն. Համարձակ ըլլալ բոլոր պարագաներուն մէջ» գիրքը: Գիրքին հեղինակն է Շոն Մքտաուըլ (ծնած 17 մայիս 1976-ին): Գիրքը հայացուցած է Բերոյ թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպսկ. (այժմ՝ Արք.) Աշգարեան: Մքտաուըլ «Փիլիսոփայութեան տքթ. եւ Քրիստոնէական ջատագովութեան փրոֆեսէօր է Պայոլա համալսարանի Աստուածաբանական դպրոցին մէջ: Ան քառասունէ աւելի գիրքերու հեղինակ է. իր առաքելութեան նպատակ դարձուցած է երիտասարդները սպառազինել աստուածաշնչական ճշմարտութեամբ, հաւատքով ու առողջ եւ ճշգրիտ բարոյական հիմունքներով ու սկզբունքներով, որպէսզի կարենան ճշմարտութեան համար ոտքի կանգնիլ եւ երբ ժամանակը ներկայանայ՝ ճիշդ որոշումներ առնել» («Բարոյագիտութիւն», էջ 5):

Գիրքը բաղկացած է 216 էջերէ: Թղթակազմ: Գիրքը լոյս տեսած է մեկենասութեամբ Գասապեան եղբայրներու, ի յիշատակ իրենց մօր՝ Արշալոյս Գասապեանի (մահուան քառասունքին): Մակար Սրբազան հմտութեամբ կատարած է սոյն աշխատանքը, որով ընթերցողը երբ այս գիրքը իր ձեռքերուն մէջ առնէ, հեշտութեամբ եւ ոգեւորութեամբ պիտի կարդայ զայն:

«Բարոյագիտութիւն» գիրքը բաղկացած է 11 գլուխներէ, ուր քննարկուած են երիտասարդութիւնը յուզող տարբեր հարցեր ու երեւոյթներ: Հեղինակը տուեալ գլուխին տակ շօշափուող նիւթին մասին խօսելէ ետք, գրութեան աւարտին տուած է եզրակացութիւն մը իւրաքանչիւր գլուխին համար: Այսպէս, այդ գլուխներն են:

1. Ոտքի կանգնիլ յանուն ճշմարտութեան:

2. Ինչպէ՞ս կրնամ յանուն ճշմարտութեան ոտքի կանգնիլ:

3. Արդեօք ճշմարտութիւն ըսուածը գոյութիւն ունի՞:

4. Ո՞վ ես դուն, որ կը դատես:

5. Սեռային յարաբերութեան (կենակցութեան) բարոյականութիւնը:

6. Թմրանիւթերն ու ալքո(հ)լը:

7. Պաշտպանել կեանքի արգաւանդութիւնը:

8. Միասեռականութիւնը:

9. Ամունսութեան պարագան:

10. Պատերազմի բարոյականութիւնը:

11. Ինչպէ՞ս գիտնալ Աստուծոյ կամքը:

Սրբազան հայրը գիրքին սկիզբը իր երկու խօսքին մէջ այսպէս կը գրէ. «…Առ այդ, գիրքը յստակ ճամբու քարտէս մը կը տրամադրէ ընթերցողին, արդի աշխարհի վտանգաւոր տարածութեան ու քաոսային մշակոյթին մէջէն անսայթաք ու անվնաս նաւարկելու համար: Հեղինակին փափաքն է, ընթերցողը սպառազինել ճշգրիտ որոշումներ առնելու կարողութեամբ, աշխարհի մը մէջ, որ լքած է ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ հրաւիրել զայն համարձակ կեցուածք ճշդելու միջավայրի մը մէջ, որ զիջում կը յառաջացնէ եւ իր կործանարար յարաբերապաշտութեամբ, աստուածաշնչական արժեչափերը կ՚արհամարհէ եւ մարդկային ընկերութեան բարոյականութեան առողջ հիմերը կը կործանէ:

Յոյսով եմ, որ գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը կ՚օգնէ ընթերցողին, որ կը պայքարի պատասխաններ գտնել կեանքի ամենադժուար հարցերուն, ինչպէս նաեւ՝ պատասխանելու այն մարդոց, որոնք կը հեգնեն աստուածաշնչական ճշմարտութիւններն ու չափանիշերը» (էջ 6):

Մարդուն իր կեանքի ընթացքին դժուար կացութիւնները դիմագրաւելու կերպին եւ ատոր հետեւանքին մասին խօսելով, Մքտաուըլ կը գրէ.

* Մեր կեանքին մէջ այնքան դժուար կացութիւններ պիտի դիմագրաւենք, որոնք դժուար որոշումներ առնելու պատճառ պիտի դառնան: Ի՛նչ կերպով, որ կը պատասխանես այդ ընտրութիւններուն, անոնք են, որոնք կ՚որոշեն, թէ՛ ով ես դուն հիմա, եւ փոխարէնը քու էութեանդ մէջ կը ձեւաւորեն վաղուան մարդը (էջ 9):

Կեանքի մէջ ընտրութիւններ կատարելու եւ կայացնելու մասին այսպէս կը գրէ.

* Մեծապէս զգաստացուցիչ է գիտնալ, որ այսօր-ւան մեր կատարած ընտրութիւնները կ՚օգնեն ձեւաւորելու մեր ապագան: Մեր կեանքի որեւէ մէկ վայրկեանին մեր կատարած բոլոր բարի ընտրութիւնները իրականութեան մէջ ազդուած են նախապէս կատարած մեր ընտրութիւններէն։ Բացատրեմ.-

Երբեւիցէ սուտ խօսա՞ծ ես։ Առաջին անգամ սուտ խօսելէդ ետք, երբ երկրորդ սուտ մը փորձած ես խօսիլ, ատիկա աւելի դիւրի՞ն եղած է թէ՝ դժուար: Եթէ անկեղծ ես, ապա վստահաբար պիտի ըսես, որ երկրորդ անգամ սուտ խօսիլդ աւելի դիւրին եղած է քան առաջինը:

Ուրիշ հարցում մը: Կեանքիդ մէջ որեւէ ատեն յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան հաստատ կեցուածք ճշդա՞ծ ես. արդեօք պաշտպանա՞ծ ես արդարութիւնը: Եթէ այո՛, ապա պիտի անդրադառնաս որ շատ աւելի դիւրին է ճիշդը կատարելը, մա՛նաւանդ՝ երբ յաճախակիօրէն կ՚ընես: Մարդոց հանդէպ յարգալիր վերաբերմունք ունի՞ս։ Աչքերդ եւ սրտի խորհուրդներդ մաքուր կը պահե՞ս ընդհանրապէս այն նկարներէն ու երեւոյթներէն, որոնք առջեւդ կը պար-զըւին: Իշխանութեան կը հնազանդի՞ս, Աստուծոյ պատուիրանները կը պահե՞ս, եւ այլն։

Կեանքի մէջ ճիշդ ընտրութիւն կատարելը շատ կարեւոր է, որովհետեւ ատիկա այն գործընթացն է, որուն միջոցաւ մեր նկարագիրը կը ձեւաւորենք։

Ասիկա ճշմարտութիւն մըն է, որ Աստուածաչնչական Յովսէփի պատմութիւնը լաւագոյն կերպով կը լուսաբանէ: Յակոբ նահապետ Յովսէփը աւելի սիրելով իր միւս որդիներէն, անոնց նախանձը կը գրգռէ եւ օր մը եղբայրները Յովսէփը առնելով` Եգիպտոս գացող ստրկավաճառի մը կը ծախեն: Օտար երկրի մէջ Յովսէփ ստրուկ կը դառնայ Պետափրէսի տան մէջ, ինչպէս նաեւ յայտնի դէմք մը Եգիպտոսի պալատին մէջ։ Յովսէփի հաւատարմութեան եւ աշխատասիրութեան պատճառով, Պետափրէս ո՛չ միայն իր տան, այլեւ իր ամբողջ ունեցուածքին վրայ ընդհանուր պատասխանատու կը կարգէ զայն։ Թէեւ ժամանակ մը ետք Յովսէփ իր կեանքի ամենածանր փորձութիւնը կը դիմագրաւէ, երբ Պետափրէսի գեղեցիկ կինը կը փորձէ հրապուրել զինք, որպէսզի իր հետ կենակցի, եւ հակառակ այդ վատ արարքը արդարացնելու համար բազմաթիւ պատճառաբանութիւններու առկայութեան (թէ այսքան տարի առանձին էր, թէ ոեւէ մէկը պիտի չտեսնէ ու չգիտնայ, ոեւէ մէկը պիտի չվնասուի, եւ այլն), ան կը մերժէ դաւաճանել իր տիրոջ եւ ի վերջոյ՝ Աստուծոյ:

Յովսէփ յստակօրէն ճիշդ ընտրութիւններ կատարեց, հակառակ անոր, որ ան երիտասարդ էր: Ի՞նչ բան զօրութիւն եւ ուժ տուաւ Յովսէփին, որ ան ճիշդ որոշումներ առնէ, երբ այդքան շատ պատճառներ կային տեղի տալու: Մէկ բան յստակ է, որ Յովսէփ յանձնառու եղած էր Աստուծո՛յ հետեւելու՝ անտեսելով զինք շրջապատող երեւոյթները: Հակառակ անոր, որ Յովսէփ իբրեւ ստրուկ օտար երկիր ղրկուած էր եւ ապա բանտ նետուած, սակայն ան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ եւ չի՛ դաւաճաներ իր Տիրոջ: Ճիշդը կատարելու յանձնառութիւնը իր կեանքին մէջ այնպիսի հիմք մը կառուցած էր, որ ի վերջոյ զինք առաջնորդեց իր եղբայրներուն հանդէպ բարեսիրութիւն եւ բարեխղճութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ՝ անոնց կենսական պէտքերը հայթայթելու. անոնց՝ որոնք դաւաճանած էին իրեն (էջ 13-15):

Իսկ թէ Աստուած ի՞նչ տեսակի ընտրութիւններ կ՚ակնկալէ մարդէն, Մքտաուըլ կը գրէ.

* Աստուած կ՚ակնկալէ քեզմէ, որ բարոյական ընտրութիւններ կատարես: Որովհետեւ Աստուծոյ արժեչափերը բնաւ չեն փոխուիր, նոյնիսկ եթէ մարդոց ունեցածները փոխուին: Եւ Աստուած ոչ միայն մեզմէ կ՚ակնկալէ, որ արդարութեան եւ ճշմարտութեան ի խնդիր ոտքի կանգնինք, այլ այդ ընելու համար, Ան մեզ կարողութեամբ կը զօրացնէ, որպէսզի կարենանք ընել այն՝ ինչ որ հարկաւոր է (էջ 24):

Մարդոց՝ հասարակաց մեղքերը քննադատելու մասին, այսպէս կը գրէ.

* Քրիստոնեաներ ընդհանրապէս հասարակաց մեղքերը քննադատելու համար, ինչպէս վիժումը, անբարոյութիւնը կամ պոռնկագրութիւնը, միայն Աստուածաչունչը չէ որ իբրեւ հիմք պէտք է օգտագործեն: Որովհետեւ, ճիշդ է, որ վերոյիշեալները Աստուծոյ դէմ գործուած մեղքեր են, բայց միւս կողմէ նաեւ մեղքեր են ընդդէմ մարդկային բնութեան եւ բնական օրէնքին։ Ուստի, պաշտպանելու համար չծնած երեխաներու իրաւունքները եւ ամուսնութեան սրբութիւնը, մենք կրնանք որեւէ բարի կամեցողութիւն ունեցող մարդու դիմել (աննկատ թողնելով անոր կրօնական պատկանելիութիւնը): Բնականաբար մենք չենք ուզեր, որ մարդիկ կարծեն, թէ մենք մեր կրօնական արժէքները կը պարտադրենք ուրիշներուն, այլ կ՚ուզենք, որ անոնք գիտնան, որ մենք համոզիչ եւ սիրալիր կերպով կը վիճինք հասարակաց բարոյական ճշմարտութիւններու համար (էջ 47):

Ներկայիս ճիգ մը կատարուի ամէն ինչ մեղմացնելու, թեթեւցնելու, պատճառաբանելով, որ այդպիսով ներկայ սերունդներուն աւելի հեշտութեամբ կարելի է պահել բարոյականութեան եւ հաւատքի սահամաններէն ներս: Այս առումով կայ եզրոյթ մը, որ յաճախակի կերպով սկսած է օգտագործուիլ՝ յարաբերական. այսինքն՝ մարդիկ արդարացնելով իրենց արարքները, կամ քայլերը այսինչ նպատակը կամ այնինչ ծրագիրը իրագործելու համար, կը գործածեն յարաբերական եզրոյթը, ըսելով՝ յարաբերական բարոյականութիւն, յարաբերական գրականութիւն, յարաբերական թատրոն, եւ այլն: Մքտաուըլ բարոյականութեան յարաբերականութեան մասին այսպէս կը գրէ, ինչ բանը սակայն կարելի է վերագրել նաեւ միւս յարաբերականութիւններուն վրայ ալ: Կը կարդանք.

* Յարաբերական բարոյականութիւնը առասպել մըն է, որ իբրեւ վարագոյր նոր սերունդին աչքերուն առջեւ քաշուած է: Հակառակ անոր ունեցած մեծ ժողո-վըրդականութեան, յարաբերականութիւնը լուրջ խնդիրներով առեղծուած է: Անիկա չի կրնար հաշուի առնել մշակոյթներու միջեւ տարածուող բարոյական կողմնացոյցը, եւ մարդս կը դնէ այնպիսի վիճակի մը մէջ, որ անկարող կ՚ըլլայ բարոյական դատաստաններ կատարել (այսինքն՝ դուն ո՞վ ես, որ կը դատես Նացիները այն արարքներուն համար, որ իրենց մշակոյթը իբրեւ ճիշդ կը վճռէ):

Երբ զԱստուած կ՚ընդունինք եւ զԻնք կ՚ընտրենք իբրեւ բարոյականութեան եւ բարոյագիտութեան հիմք, այն ատեն միայն կրնանք բարոյական դատաստաններ կատարել (էջ 78):

Թմրեցուցիչ, ալքոլ եւ ծխախոտ օգտագործելու մասին կը գրէ.

* Աստուած մեզի վստահած է բան մը, որ էապէս մեզի չի պատկանիր. մեր մարմինները: Թմրեցուցիչի օգտագործումն ու ալքոլի չարաշահումը կամ մասնակցիլը որեւէ աշխատանքի, որ ժխտականօրէն կ՚ազդէ ու կը վնասէ մեր մարմիններուն եւ մոլութիւն կը պատճառէ, սխալ է այդ իսկ նկատառումով:

Սխալ օգտագործել մեր մարմինները, կը նշանակէ՝ վնասել բանի մը, որ մեր սեփականը չէ: Աստուած մեր մարմիններուն վերաբերող յատուկ սահմաններ եւ ցուցմունքներ կը ճշդէ ո՛չ թէ մեր ուրախութեան եւ հաճոյքի քանդումին ու խորտակման համար, այլ՝ մեր պահպանութեան եւ իր փառքին համար (էջ 110):

* Անգամ մը, որ Յիսուս Քրիստոսով հաւատքի կու գանք, մենք յօժարակամ մեր մարմինները Աստուծոյ կը յանձնենք: Այս իմաստով, վնասել մեր մարմիններուն, կը նշանակէ քանդել բան մը, որ մեր սեփականը չէ: Ծխելը անօրինական է ո՛չ միայն պատանիներուն համար, այլեւ՝ բոլորին, որովհետեւ շատ դիւրութեամբ վնաս կը պատճառէ բանի մը, որ Աստուծոյ սեփականութիւնն է, կրնամ ըսել՝ անոր գլուխ գործոցը (էջ 111):

* Թմրեցուցիչներն ու ալքոլը այն մեծագոյն երկու ճնշումներն են, որոնց կ՚ենթարկուին այսօր մեր երիտասարդները: Թէեւ այնպէս կը կարծուի, թէ թմրեցուցիչները գրգռիչ եւ ազատ կեանք մը տալ կը խոստանան, բայց իրականութեան մէջ, անոնք դէպի լքուածութիւն եւ տառապանք կ՚առաջնորդեն:

Աստուած չի՛ թելադրեր, որ խուսափինք թմրեցուցիչներէն, պարզապէս մեր հաճոյքն ու ուրախութիւնը քանդելու համար, այլ որովհետեւ Ան կ՚ուզէ ազատագրել մեզ: Ան կ՚ուզէ խնայել մեզի թմրեցուցիչ եւ ալքոլ օգտագործել փորձելու կործանարար ծանր հետեւանքներէն: Ան կ՚ուզէ, որ մեր կեանքը ըլլայ մաքուր, որպէսզի Սուրբ Հոգին զօրութեամբ կարենայ բնակիլ մեր մէջ, եւ աւելին՝ որպէսզի նշանակալից եւ ամբողջական կեանք մը ապրինք (էջ 122):

Մարդու մասին, կը գրէ.

* Աստուածաշունչը մեզի կ՚ընծայէ ճշմարիտ մարդկային իրաւունքներու միակ հիմքը, ցոյց տալով, որ մարդիկ արժէքաւոր ու թանկագին են, ոչ թէ իրենց մորթի գոյնին, իմաստութեան եւ կամ արտաքին երեւոյթին համար, այլ պարզապէս՝ որովհետեւ անոնք Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած մարդիկ են: Պարզապէս մարդ ըլլալն է, որ անձը կամ մէկը արժէքաւոր ու թանկագին կը դարձնէ (էջ 137-138):

Դեռ եւս չծնած մանուկներու մասին, կը գրէ.

* Մարդկային կեանքը կը սկսի նոյնինքն յղութեան պահէն: Յղութեան պահէն սկսեալ մինչեւ սաղմին ծնիլը երկարող ժամանակամիջոցին չկայ ո՛չ իսկ պահ մը, ուր սաղմը ամբողջական իմաստով մարդ չըլլայ:

Հետեւաբար, անծին մանուկը յղութեան պահէն իսկ արժանի է մարդկային ամբողջական իրաւունքներուն (էջ 139):

Միասեռականութեան մասին կը գրէ.

* Մարդկային կեանքի ու մշակոյթի գոյութիւնը կախեալ է առողջ սեռային (այր եւ կնոջ) յարաբերութիւններէն: Յիշեալ այլասեռական յարաբերութենէն դուրս, նոյնիսկ միասեռական յարաբերութիւն չի կրնար ըլլալ: Պարզապէս ասած՝ ո՛չ ոք երբեւէ ծնած է միասեռական յարաբերութենէ:

Այլասեռական (այր եւ կնոջ) յարաբերութիւնները բացարձակապէս անհրաժեշտ են մարդկային ցեղի պահպանումին համար, եւ առանց անոնց, մարդիկ մէկ սերունդի ընթացքին պիտի չքանան: Վերոյիշեալ հասկացողութեամբ միասեռականութիւնը մարդկային ցեղի շարունակականութեան մեծագոյն սպառնալիքն է:

Բաւարար պիտի չըլլայ վիճիլ, ըսելով, թէ ատիկա չի պատահիր այնքան ատեն, որ մարդկութեան փոքր տոկոսը միայն արուամոլ կամ արուագէտ է եւ կամ միասեռական: Եթէ մարդկային ընկերութիւնը միասեռականութիւնը որպէս կիրառելի կամ ընդունելի արարք համարէ, ապա տեսականօրէն բոլորն ալ պիտի կիրառեն զայն: Եւ յետոյ, եթէ ամէն մարդ սկսի կիրառել զայն, այն ատեն մարդկային ցեղը վստահաբար ինքզինք պիտի կործանէ (էջ 162):

Պատերազմի մասին կը գրէ.

* Բնաւ պէտք չէ մոռնանք, որ պատերազմը շատ լուրջ հարց մըն է եւ ուստի թեթեւօրէն պէտք չէ մօտեցում ցուցաբերենք անոր: Առանց լիարժէք գնահատականը կատարելու, ո՛չ թեթեւամտութեամբ պէտք է մօտենանք եւ ոչ ալ եռանդով պաշտպանենք պատերազմը: Որովհետեւ պատերազմը կը քայքայէ մարդկային կեանքը եւ յաճախ վերին աստիճանի կործանում կը պատճառէ:

Պատերազմը նկատի պէտք է առնուի միայն այն պարագային, երբ միւս բոլոր ընտրութիւնները ապարդիւն կ՚անցնին (էջ 202):

Աստուծոյ կամքի մասին, կը գրէ.

*  Հետեւեալը պէտք է նկատի ունենաս, որ Աստուծոյ կամքը այնքան ալ առնչուած չէ ըրած բաներուդ, որքան՝ քու ո՛վ ըլլալուդ: Աստուծոյ կամքը ո՛ր շրջանի դպրոցը յաճախելուդ մասին չէ, այլ ինչպիսի՞ աշակերտ ըլլալուդ: Աստուծոյ կամքը որուն հետ ժամադրուելուդ վրայ չէ՛ կեդրոնացած որքան՝ ինչպէս կը վարուիս հակառակ սեռին պատկանող մարդոց հետ իրականութեան մէջ: Աստուած քեզ ընտրելու ազատութեամբ օժտած է:

Հեղինակ մը՝ Ճոն Մքարթր, բացատրելով Աստուծոյ կամքին էութիւնը, կ՚ըսէ. «Աստուծոյ կամքը գլխաւորաբար տեղ մը չէ. անիկա, ամէն բանէ առաջ, քեզի համար այսինչ տեղը երթալ կամ այնինչ տեղը աշխատիլը չէ։ Այլ անիկա քեզի հետ կ՚առնչուի՝ քեզ նկատելով իբրեւ անձ մը։ Եւ եթէ դուն ճիշդ այդ անձն ես, պիտի կարենաս հետեւիլ ցանկութիւններուդ եւ իրագործես ու ամբողջացնես Աստուծոյ կամքը»։

Ուստի մի՛ սպասեր Աստուծոյ յատուկ եւ անձնաւորեալ հրահանգին, այլ այժմէն ներգրաւուէ զանազան աշխատանքային մարզերու մէջ եւ սկսէ համոզում զարգացնել ի՛նչ բանի եւ ինչո՛ւ հաւատալուդ մասին: Երբ սկսիս շարժիլ, այն ատեն Աստուած կ՚առաջնորդէ քեզ այն ուղղութեամբ՝ որ Ինք կ՚ուզէ որ երթաս: Ահա թէ ինչու Առակացի հեղինակը կը գրէ. «Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ, բայց Տէրը կ՚ուղղէ անոր քայլերը» (Առ 16.9):

***

Այս ամփոփ կէտերուն մէջ փորձեցինք ճաշակ մը տալ գիրքի մասին:

Վերջաւորութեան մեզի կը մնայ շնորհակալութիւն յայտնել Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանին, այսպիսի շատ կարեւոր եւ օգտակար գիրքի մը հայացումով, զայն հայ ընթերցողին, մա՛նաւանդ հայ երիտասարդին ձեռքերուն մէջ դնելուն համար, որովհետեւ այնտեղ մեզմէ շատերուս բազմաթիւ անպատասխան մնացած հարցումներուն պատասխանները կան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

18 նոյեմբեր 2024, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024