«ԷՋՄԻԱԾԻՆ» ՀԱՆԴԷՍԸ՝ 80 ՏԱՐԵԿԱՆ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս տեղի ունեցած անցուդարձերը լաւագոյնս կը լուսաբանուի Մայր Աթոռի «Էջմիածին» հանդէսին մէջ:
Բացի պաշտօնական ամսագիր ըլլալէ, «Էջմիածին»ը կրօնագիտական եւ հայագիտական ամսագիր մըն է, որ իր կարեւոր տեղը ունի հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Ան միաժամանակ Մայր Աթոռի պատմութեան անբաժանելի մասը կը կազմէ:
Այս տարի կը տօնուի հանդէսի՝ «Էջմիածին» անունով լոյս տեսնելու 80-ամեակը:
Այս ամսագիրին պատմութիւնը, սակայն, շատ աւելի երկար է. զայն մինչեւ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումը հրատարակուած (1868-1919 թուականներուն) «Արարատ» ամսագրի աւանդութիւններու անմիջական ժառանգորդն ու շարունակողն է:
1868 թուականին իր առաջին թիւը լոյս ընծայած «Արարատ»ը, իբրեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական ամսագիր, հիմնուեցաւ Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ:
Հետաքրքրական դրուագ մը կայ կառավարական հրամանին մէջ, որով կաթողիկոսին արտօնուած էր տպագրել ամսագիրը. «Կը թոյլատրուի հրատարակել «Արարատ»ը, առանց Կովկասեան գրաքննչական կոմիտէի նախնական քննութեան, եթէ Պատրիարքը՝ Գէորգ Դ., իր վրայ վերցնէ ամսագրին գրաքննութիւնը եւ զայն հրատարակէ իր պատասխանատուութեամբ»:
Յատկանշական է, որ ժամանակակիցներուն կողմէ «Մեծագործ» պատուատիտղոսին արժանացած Գէորգ Դ. Կաթողիկոսը «Արարատ» պատմական ամսագիրը հիմնելէն զատ բազում ստեղծարար, շինարարական ծրագիրներ իրականացուցած է:
1868 թուականին Մայր Տաճարի արեւելեան կողմը Գէորգ Դ. կառուցել տուած է կցաշէնք մը, ուր կազմակերպած է եկեղեցապատմական թանգարան, նորոգել տուած է Սուրբ Գայիանէ վանքը, ուր կառուցած է արեւմտեան կամարակապ դարպասը, կառուցած է Մայր Աթոռի միաբաններուն համար բնակելի շէնքերը, Բիւրականի կաթողիկոսական ամարանոցը, վերակառուցած է Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին եւ այլն։ 1874 թուականին Գէորգ Դ. Կաթողիկոս հիմնած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, ապա՝ Էջմիածնի թանգարանը։ Կաթողիկոսը նաեւ հետեւողական աշխատանքներ կատարած է հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ միակերպ ժամերգութիւն մտցնելու ուղղութեամբ:
Ծնած է Կոստանդնուպոլիս, 1813 թուականին։ 1827-1829 թուականներուն ուսանած է Գումգաբուի պատրիարքականի ժառանգաւորաց վարժարանը, ուր աշակերտած է նշանաւոր մտաւորական պատուելի Գրիգոր Փեշտիմալճեանին։ 1830 թուականին Կարապետ Պատրիարք Պալաթեցիի կողմէ նշանակուած է պատրիարքարանի փոխանորդարանի քարտուղար։
1834 թուականին ստացած է սարկաւագութեան աստիճան, 1835 թուականին ձեռնադրուած է Պոլսոյ Ս. Աստուածածին, Ս. Խաչ եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցիներու քարոզիչ։ Անոր ջանքերով ստեղծուած է Պոլսոյ առաջին հայկական եկեղեցական երգչախումբը։
1841 թուականին արժանացած է ծայրագոյն վարդապետի աստիճանին։ 1848 թուականի յուլիսի 11-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Ներսէս Ե․ Աշտարակեցիի ձեռամբ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։ 1858 թուականին Արեւմտահայոց ժողովի կողմէ ընտրուած է Պոլսոյ պատրիարք (1858-1860), մասնակցած է Ազգային Սահմանադրութեան մշակման։ 1866 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ ընտրուած է ամենայն հայոց կաթողիկոս՝ յաջորդելով Մատթէոս Ա․ Կոստանդնուպոլսեցիին, իսկ կաթողիկոսական գահուն՝ Գէորգ Դ․ Կոստանդնուպոլսեցիին յաջորդած է Մակար Ա․ Թեղուտցին։
Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի օծումը տեղի ունեցած է 1867 թուականի մայիսի 21-ին։ Անոր ջանքերով ստեղծուած են «Ձայնագրեալ երգեցողութիւնք Սրբոյ Պատարագի» (1874), «Ձայնագրեալ շարական հոգեւոր երգոց» (1875), «Ժամագիրք» (1877), «Ձայնագրեալ քաղուածք օրհնութեանց» (1882) գիրքերը։
Եղած է լաւ շարականագէտ եւ կազմակերպած է հայկական ձայնագրութեան նոր (Համբարձում Լիմոնճեանի ստեղծած) համակարգի ուսուցումն ու տարածումը։ Գէորգ Դ․ Կոստանդնուպոլսեցին վախճանած է 1882 թուականին: Անոր աճիւնը ամփոփուած է Մայր Տաճարի բակին մէջ։
Անոր պատմական գործերէն է, անշուշտ, «Արարատ» ամսագրին հիմնումը՝ իբրեւ հրատարակչական խոշոր ծրագիր մը:
Հիմնուելով իբրեւ հոգեւոր կեդրոնի պաշտօնական ամսագիր, «Արարատ»ը այլ նպատակներ եւս ունեցած է, ինչպէս՝ երիտասարդութեան մէջ կրթութեան, գիտութեան հանդէպ սիրոյ սերմանումը, Մայր Աթոռի առաքելութեան եւ դերին տարածումը հայութեան մէջ: «Արարատ»ը, տպագրուելու օրերուն, մեծ համբաւ ձեռք բերած է հայութեան մէջ, նաեւ Հայաստանէն դուրս: Ամսագիրը կը հասնէր մինչեւ Պոլիս, Իզմիր, Կալկաթա, Երուսաղէմ, Մոսկուա, Սեն Փեթերսպուրկ, Վենետիկ, Վիեննա եւ այլ հայաշատ վայրեր:
Ամսագրին լրջութեան, անոր նպատակներուն մասին կը կարդանք առաջին իսկ թիւին նախաբանին մէջ եւ կարելի է ըսել, որ կէս դար լոյս տեսնելով, ամսագիրը հաւատարիմ մնացած է իր առաքելութեան՝ ընդհանրապէս հայ մամուլի եւ մասնաւորապէս կրօնական մամուլի մէջ մնալով իբրեւ ամենաերկարակեաց ամսագիրներէն մին:
«Արարատ» ամսագիրը լոյս տեսած է աշխարհաբար հայերէնով, լեզուին մասին ամսագիրը յայտարարած է իր առաջին թիւին մէջ, գրելով, որ թերթին լեզուն «Հայաստանայ Երեւանայ գաւառի պարզ աշխարհաբար լեզուն է, որ աւելի մերձ է գրաբարին»: Բայց էջերուն մէջ նաեւ գրաբարով յօդուածներ լոյս տեսած են: Ամսագիրը խմբագրած է Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն կազմուած խմբագրակազմը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նշանակած խմբագրին միջոցով: Ամսագրին խմբագիրները եղած են Աբէլ Արքեպիսկոպոս Մխիթարեան, Խորէն Վարդապետ Ստեփանէ, Կարապետ Վարդապետ Տէր-Մկրտչեան, Գալուստ Տէր-Մկրտչեան, Գարեգին Վարդապետ Յովսէփեան (Գարեգին Ա. Յովսէփեան), Յուսիկ Արքեպիսկոպոս Մովսիսեան, Աբէլ Աբեղայ Աբրահամեան, Ներսէս Վարդապետ Միքայէլեան եւ ուրիշներ:
Չսահմանափակուելով զուտ եկեղեցական նիւթերով, ամսագիրը առաջին օրէն կոչուած է «Ամսագիր կրօնական, պատմական, բանասիրական եւ բարոյական գիտելեաց»: Իր էջերուն մէջ «Արարատ»ը տպագրած է կաթողիկոսական կոնդակներ եւ կարգադրութիւններ, քաղուածքներ Սինոդի գրագրութիւններէն, տեղեկութիւններ եւ թղթակցութիւններ թեմերէն, ծիսական եւ թեմական դպրոցներէն, քոյր եկեղեցիներէն: Հրատարակած է մատենագիտական բնագրեր, վաւերագրեր, միջնադարեան հայ տաղերգուներու երգեր: Տպագրած է սեպագիր արձանագրութիւններու լուսանկարներ, որոնք ուղեկցած են վերծանութեամբ:
Ամսագրին մէջ մեծ տեղ տրուած է կրթութեան, մանկավարժութեան, տպագրուած են հայկական դպրոցներու վիճակին մասին յօդուածներ:
Նաեւ անդրադարձներ, նիւթեր եւ յօդուածներ տպագրուած են Կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն կեանքէն: Գալով աշխարհիկ նիւթերուն՝ ամսագրին մէջ մեծ տեղ գրաւած են հայ ժողովուրդի պատմութեան մասին յօդուածներ, հայ հին եւ նոր գրականութեան մասին նիւթեր, ազգագրական, բանահիւսական եւ այլ ասպարէզներու առընչուող ուսումնասիրութիւններ, տպագրուած են յօդուածներ հայ ժողովուրդի դրացի երկիրներուն հետ առընչութիւններուն, աղանդներուն եւ օրուան կարեւոր հարցերուն մասին:
Յառաջաբանին մէջ կը կարդանք, որ «Արարատ» ամսագիրը, հիմնուած օրէն իր առջեւ հարց չի դներ «հաւատոյ վէճեր նորոգել», այլ կը ջանայ պահպանել Հայ Եկեղեցւոյ կարգն ու կանոնը, պարզաբանել եկեղեցւոյ պատմութեան առընչուող հարցերը, ներկայացնել Հայ Եկեղեցւոյ դաւանական դիրքը, առաքելականութիւնը, առաքելական յաջորդականութիւնը, նուիրապետական հաստատման պատմութիւնը եւ այդ բոլորը ընել նոր ուսումնասիրութիւններով՝ հիմնուած աղբիւրներու վրայ, մատենագիտական հիմնաւորումներով:
Բանալով ամսագրին թիւերը, կը տեսնենք, որ այս ամսագրին շուրջ իրաւ համախմբուած եղած են ժամանակի բոլոր նշանաւոր մտաւորականները, գրողները, հոգեւորականները: «Արարատ»ին աշխատակցած են. Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Գաբրիէլ Արքեպիսկոպոս Այվազովսքի, Երուանդ Վարդապետ Տէր-Մինասեան, Կոմիտաս, Ղազարոս Աղայեան, Հրաչեայ Աճառեան, Նիկողայոս Ադոնց, Ստեփան Մալխասեանց, Լէօ, Նիկողայոս Մառ, Երուանդ Լալայեան, Յակոբ Մանանդեան եւ այլ անուանի մտաւորականներ, որոնցմէ մէկ մասը նոյնինքն «Արարատ»ի մէջ տպագրած է իր առաջին ուսումնասիրութիւնները, յօդուածները: Մեծանուն հայագէտ Մանուկ Աբեղեան հայկական առասպելներուն, խաղերուն եւ հայ գրականութեան պատմութեան նուիրուած իր յօդուածները առաջին անգամ տպագրած է «Արարատ»ի մէջ: Հրաչեայ Աճառեան 1898 թուականին սկսած է աշխատակցիլ «Արարատ»ին: Իւրայատուկ ակադեմիա մը հանդիսացած է «Արարատ» ամսագիրը եւ պատահական չէ, որ յետագային հիմնուած Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ առաջին աշխատակիցները եղած են ամսագիրին շուրջ երբեմնի խմբուած գիտնականներն ու մտաւորականները:
«Արարատ»ի շուրջ համախմբուած միաբաններն ու մտաւորականները 1913 թուականին հրատարակած են «Շողակաթ» հայագիտական ժողովածոյի առաջին գիրքը՝ նուիրուած Հայ գիրերու ստեղծման 1500 եւ տպագրութեան 400-ամեակներուն:
Առաջին իսկ թիւէն ամսագրին մէջ տեղ գտած են հայ ձեռագրագիտութեան եւ հայագիտութեան հարցերուն վերաբերեալ գրութիւններ։ Այս մէկը արդիւնքն էր անոր, որ «Արարատ»ի հիմնադրման տարին Էջմիածնի Մատենադարանին մէջ արդէն հաւաքուած էր 2382 ձեռագիր: Գէորգ Դ. Կաթողիկոս յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէր ձեռագիրներուն, մեծ ջանքեր կը գործադրէր Մատենադարանը նոր ձեռագիրներով հարստացնելու ուղղութեամբ:
Մատենադարանի ձեռագիրներէն զատ, ամսագիրը չէ անտեսած նաեւ Հայաստանէն դուրս գտնուող ձեռագիրները: Ընթերցողին համառօտ կերպով ծանօթագրուած են նաեւ Փարիզի Ազգային մատենադարանին մէջ պահուող 273 հայերէն ձեռագիրները:
Պէտք է նշել, որ Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոսութեան օրերուն նոյնպէս մեծ հովանաւորութիւն եղած է դէպի հայագիտութիւնը, ահա թէ ինչու ան ամսագրի խմբագիր նշանակած է գիտնական Կարապետ Վարդապետ Տէր-Մկրտչեանը: Վերջինս, որոշ շրջան մը պաշտօնավարելէ ետք, ստիպուած էր հրաժարիլ, քանի որ շատ զբաղած էր Մայր Աթոռի Ժառանգաւորաց ճեմարանի տեսչութեան գործով եւ 1900-ականներու սկիզբը Խրիմեան Հայրիկ խմբագրութիւնը յանձնած է հայագիտութեան ապագայ մեծ նուիրեալ Գարեգին Վ. Յովսէփեանին: Ըստ էութեան, ամսագիրը ունեցած է երկու ստեղծագործական շրջան՝ 1868-1895 եւ 1895-1919:
ԸՆԴՀԱՏՈՒՄ
1919 թուականին ամսագիրը, քաղաքական հանգամանքներու բերումով, դադրած է լոյս տեսնելէ՝ ցաւ պատճառելով ընթերցողներուն, մանաւանդ հոգեւորականութեան: Մէկ կողմէ Առաջին աշխարհամարտի հետեւանքները, միւս կողմէ՝ հայ գաղթականութիւնը, լաւ չէր նաեւ պատմական Հայաստանի վիճակը։ Պատերազմի հետեւանքով տակնուվրայ եղած էր հայ ժողովուրդի խաղաղ կեանքն ու երկրի քաղաքական վիճակը: Հարիւր հազարաւոր գաղթականութեան ժամանումը դէպի արեւելք, հաստատուելով Հայաստանի, Վրաստանի եւ Սեւ ծովու ափամերձ բնակավայրերու մէջ, ցարական Ռուսաստանի իշխանութեան քայքայումը, ռուսական զօրքերուն պարտադրուած դուրսբերումը պատմական Հայաստանի կարգ մը գաւառներէն եւ մեծ կորուստներով ու զոհերով ամբողջ բնակչութեան արտագաղթը դէպի այսօրուայ Հայաստանի տարածք, փոխանցիկ հիւանդութիւնները, սովը իրենց ազդեցութիւնները ունեցան նաեւ Էջմիածնի վրայ: Մայր Աթոռը նոյնպէս վատ վիճակի մէջ էր եւ Գէորգ Ե. Սուրենեանց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ակամայ ստիպուած եղաւ 1919-ին դադրեցնել «Արարատ» ամսագրի հրատարակումը: Յետագայ տարիներուն, ճիշդ է, որ երկրի տարածքին խաղաղութիւն տիրեց, բայց տեղի ունեցան ուրիշ աղէտներ՝ քաղաքական բռնութիւններ, Մայր Աթոռի ունեցուածքի բռնագրաւում, 1926 թուականի երկրաշարժ, Բ. աշխարհամարտ, որոնք պատճառ դարձան, որ քսանհինգ տարի Մայր Աթոռը մնայ առանց պաշտօնական հրատարակութեան…
«Արարարտ» ամսագրին վերջին երկու թիւերը, որոնք միացեալ լոյս տեսած են (1918-1919), ամբողջութեամբ նուիրուած են հայագիտութեան: Այսօր ալ անիկա կը հանդիսանայ հայագիտութեան բացառիկ աղբիւր եւ հայ ու օտար հայագէտները, իրենց ուսումնասիրութիւնները կատարելու համար անպայման կը դիմեն «Արարատ»ի օգնութեան:
ԵՐԿԱՐ ԴԱԴԱՐԷ ՅԵՏՈՅ՝ 1944-ին՝ «ԷՋՄԻԱԾԻՆ»
1944 թուականին Ամենայն Հայոց Գէորգ Զ. Չէօրէքճեան Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ լոյս կը տեսնէ «Էջմիածին» հանդէսը՝ ժառանգորդը «Արարատ» ամսագրին եւ անոր շարունակողը: Նոյնպիսի աւանդոյթներով ամսագիրը կը սկսի իր աշխատանքը՝ դառնալով հայագիտութեան կարեւոր հրատարակութիւններէն մէկը:
Նոյնպիսի հարուստ հայագիտական նիւթ կարելի է գտնել «Էջմիածին» հանդէսին մէջ: «Էջմիածին»ը միշտ անդրադարձած է իր նախորդ հրատարակութեան՝ «Արարատ»ի թիւերուն, յոբելեաններուն: 1968 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մեծ շուքով նշուած է «Արարատ» ամսագրի հիմնադրման 100-ամեակը եւ «Էջմիածին» ամսագիրը ամբողջ թիւ մը նուիրած է հայ մամուլի, հայագիտութեան, եկեղեցական կեանքի այդ կարեւոր տարեթիւին։
«Էջմիածին» ամսագրի էջերուն մէջ նաեւ մաս առ մաս հրատարակուած է «Արարատ» ամսագրի կարեւորագոյն յօդուածներուն մատենագիտութիւնը, որ անփոխարինելի ուղեցոյց է գիտնականներուն համար: Իսկ Մայր Աթոռը, ժամանակ առ ժամանակ կը հրատարակէ «Արարատ»ի ժառանգութիւնը մատենաշարէն գիրքեր, որոնց մէջ կ՚ամփոփուին այն կարեւորագոյն բաժինները, որոնք ժամանակին տեղ գտած են թիւերուն մէջ:
Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ հայ ժողովուրդը ազատագրուած էր պարսկական տիրապետութենէն եւ ռուսական հոգածութեան ներքոյ սկսած էր ազատ գոյութեան կեանքին, «Արարատ» ամսագրին հիմնումը, պատմական այդ շրջանին մեծ կարեւորութիւն ունեցած է: Պատմագիրները կը նշեն, որ հայ ժողովուրդին եւ Էջմիածնին վիճակը շատ թշուառ էին պարսկական տիրապետութեան ներքոյ եւ երբ ազատագրումէն ետք կազդուրուած էր Էջմիածինը, կարիքն ունէր իր սեփական մամուլը ունենալու եւ անոր միջոցաւ ամրապնդելու եւ վերականգնելու հայ ժողովուրդի սէրն առ եկեղեցին, մշակոյթը, աւանդութիւնները: Այդ առաքելութիւնը լաւագոյնս գործի դրուած է:
«Էջմիածին» ամսագիրը այսօր կը հրատարակուի ամենամսեայ պարբերականութեամբ՝ տարին տասներկու թիւ:
Խմբագրական աշխատանքները պատշաճ կազմակերպելու համար 1956 թուականին, Վազգէն Ա․ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ խմբագրութեանը յատկացուած է առանձին գրասենեակ, իսկ պարբերականի տպագրութիւնը անխափան իրականացնելու նպատակով՝ 1961 թուականին վերաբացուած է Մայր Աթոռի տպարանը: Կրօնագիտական, հայագիտական պարբերականի գիտականութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ հրատարակութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով՝ 1965 թուականին Վազգէն Ա․ Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ կազմաւորուած է խմբագրական խորհուրդ:
2018 թուականէն սկսեալ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ, «Էջմիածին» ամսագրի խմբագրութեան աշխատանքները կը համակարգէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը, որու տնօրէնն է Տ. Արարատ Քահանայ Պօղոսեան: Հանդէսի գլխաւոր խմբագիրը այսօր հայագէտ Գէորգ Մատոյեանն է:
Հրատարակութեան ութսուն տարիներու ընթացքին «Էջմիածին» ամսագրին թղթակցած են զանազան երկիրներու գիտութեան կաճառներու եւ կրթական հաստատութիւններու բազմաթիւ՝ հայ եւ օտարազգի մեծանուն ու վաստակաշատ հայագէտներ ու աստուածաբաններ, պատմաբաններ, բանասէրներ եւ այլ բնագաւառներու մշակներ: Անոր մէջ տպագրուող գիտական յօդուածները կը գրախօսուին: Իսկ ամսագրի տպագրուած օրինակները կ՚առաքուին հայաստանեան եւ արտերկրի կարգ մը գրադարաններ: Համացանցի վրայ ալ հասանելի է թուային տարբերակները:
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծումին ընդառաջ հանդէսը պատրաստած է բազմաթիւ պատմական, մշակութային, ճանաչողական նիւթեր, իսկ շաբաթավերջի սրբազան արարողութիւններն ալ մանրամասն իրենց արձագանգը պիտի գտնեն անոր էջերուն մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան