ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՐԱՄ ՎՐՈՅՐԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՅԱՒԵՐԺԻ ՎԱՒԵՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ
Ուշագրաւ եւ արժէքաւոր ցուցահանդէս մը բացուած է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ: «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին հետ համատեղ կազմակերպուած է «Յաւերժի վաւերագրողները․ Արամ, Արա, Արտաշէս Վրոյրներ» խորագրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է պոլսահայ դերասան, լուսանկարիչ, արուեստագէտ, մամուլի գործիչ Արամ Վրոյրի ծննդեան 160-ամեակին եւ կը լուսաբանէ նաեւ անոր որդիներուն՝ Արա եւ Արտաշէս Վրոյրներու նոյնքան արժէքաւոր գործունէութիւնը:
Փաստավաւերագրական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ 19-20-րդ դարերու հնագիտական լուսանկարչութեան եւ միաժամանակ թատրոնի մէջ իրենց ուրոյն տեղնը ունեցած հայ ընտանիքի մը՝ Վրոյրներու կեանքը, աշխատանքները եւ անոնց ձգած հետքը հայ իրականութեան մէջ:
Ցուցադրուած են աւելի քան 200 բնօրինակ առարկաներ՝ արխիւային լուսանկարներ, յուշային իրեր, Վրոյրներու ձեռամբ Անիէն փրկուած մասունքներ, վաւերագրական կարեւոր եւ եզակի նմոյշներ, փաստաթուղթեր: Ցուցահանդէսի բացումին «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն, գրականագէտ Վահագն Սարգսեան ըսաւ, որ Վրոյրներու ընտանիքը իր ժամանակին շատ յայտնի եղած է գիտական շրջանակներու մէջ, սակայն հասարակութիւնը անոնց այնքան ալ լաւ չի գիտեր, ուստի ցուցահանդէսը բարեպատեհ առիթ մըն է՝ այդ ընտանիքի կատարած աշխատանքը արժեւորելու համար:
Յատկանշական է, որ թէ՛ Պոլսոյ մէջ 1863 թուականին ծնած Արամ Վրոյր, թէ՛ Թիֆլիզի մէջ 1890-ականներուն ծնած անոր երկու որդիները իրենց ամբողջ կեանքը նոյն ասպարէզներու մէջ գործած են՝ թատրոնի եւ վաւերագրական լուսանկարչութեան:
Վահագն Սարգսեան ցուցահանդէսի բացումին նաեւ նշեց, որ Վրոյրները լուսանկարչութեան միջոցով պահպանած են հայ ժողովուրդի վտանգուած պատմամշակութային ժառանգութիւնը եւ ատով իսկ կարողացած են պահպանել հոգեւոր հայրենիքի գաղափարը: Այս ցուցահանդէսը ձեւով մը նաեւ կորուստի եւ ցաւի մասին է, երբ կը տեսնենք, որ Վրոյրներու պատկերած բազմաթիւ յուշարձաններ, կոթողներ այսօր չկան, գոյութիւն չունին: «Ցուցահանդէսի կազմակերպման ժամանակ, ցաւօք, այնպիսի իրադարձութիւններ տեղի ունեցան, որ այս ցուցադրութիւնը ինչ-որ առումով մեզ տեղափոխեց այն ժամանակները, որուն մէջ ապրած են հեղինակները: Հայրը եւ որդիները, իրենց ստեղծագործական փայլուն կեանքէն բացի, իրենք զիրենք նուիրեցին շատ հայրենանուէր աշխատանքի մը՝ փաստավաւերագրեցին մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնը», ցուցահանդէսի բացումին ըսաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան:
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ, ԼՐԱԳՐՈՂ, ՀԵՏԱԶՕՏՈՂ, ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ…
Արամ Վրոյրը (իսկական մականունով՝ Մաքասճեան) ծնած է Սկիւտար: Ուսումը ստացած է ծննդավայրի ճեմարանին մէջ: Հազիւ 16 տարեկան էր, երբ ծնողքը կը գաղթէ Կովկաս, ուր շուտով ան կը նուիրուի բեմին: Բեմական գործունէութիւնը սկսած է 1882 թուականին՝ Թիֆլիզ: Աշխատած է Թիֆլիզի, Պաքուի թատերախումբերու մէջ, հանդէս եկած է նաեւ Ռուսաստանի, Անդրկովկասի հայաշատ վայրերէ ներս։ Արամ Վրոյր ծանօթ եղած է իբրեւ կատակերգակ դերասան, բայց անձնաւորած է նաեւ այլ բնոյթի կերպարներ, խաղացած է ողբերգական եւ այլ ժանրերու ներկայացումներու մէջ:
1890 թուականին Պոլսոյ մէջ տեղւոյն հայերէնին փոխադրած եւ բեմադրած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պեպօ»ն՝ ինք ալ խաղալով գլխաւոր դերը։ 1895 թուականին Թիֆլիզի մէջ առաջին անգամ բեմադրած է Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»ը, «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը՝ անձնաւորելով գլխաւոր հերոսները։ Արեւելահայ թատրոնին մէջ անոր թարգմանութեամբ բեմադրուած են բազմաթիւ եւրոպական թատերախաղեր եւ ինքն ալ հեղինակած է բեմականացումներ: 1891 թուականին Արամ Վրոյր Թիֆլիզի մէջ հրատարակած է Պետրոս Ադամեանին եւ Դաւիթ Թրեանցին նուիրուած իր ուսումնասիրութիւնները:
Իր 160-ամեակին առթիւ կազմակերպուած Երեւանի ցուցահանդէսին նշուեցաւ, որ ըստ էութեան Արամ Վրոյրն է ադամեանագիտութեան հիմնադիրը:
1891-1900 թուականներուն Արամ Վրոյր աշխատակցած է «Մուրճ» ամսագրին, եղած է «Կայծեր» թերթի, «Կարմիր աքլոր» երգիծական շաբաթաթերթի պատասխանատու քարտուղարը։ 1907-1913 թուականներուն խմբագրած եւ հրատարակած է «Յուշարար» թատերական, գեղարուեստական հանդէսը։ 1912 թուականին Արամ Վրոյր ընտրուած է Հայ գրողներու կովկասեան ընկերութեան անդամ։ Բեմական ու գրական, լրագրական գործունէութեան զուգընթաց, Արտաշէս Վրոյր շուրջ երեք տասնամեակ զբաղած է հնագիտական լուսանկարչութեամբ: Այդ ժամանակ լուսանկարչութիւնը նոր իրողութիւն էր ու Արամ Վրոյր իւրացուցած էր ատոր բոլոր հմտութիւնները: Լուսանկարչութեան մէջ այս շատ կարեւոր ճիւղին ան հետեւած է՝ ընդամէնը մեկ տարի, ուսուցիչ ունենալով Յովհաննէս Քիւրքճեանը (ծնած Կիւրին), որ կը նկատուի հայ իրականութեան մէջ պատմական յուշարձաններու լուսագրման գործին հիմնադիրը: Յովհաննէս Քիւրքճեանէն, սակայն, շատ գործեր չեն պահպանուած, փոխարէնը Արամ Վրոյր իր գործով ո՛չ միայն լրացուցած է այդ պակասը, այլեւ՝ պատմական յուշարձաններու լուսանկարչութիւնը հասցուցած է բարձր մակարդակի:
Երբ 1892 թուականին վրացի հնագէտ, հայագէտ Նիկողայոս Մառ ոտք դրած է Անի, Արամ Վրոյր արդէն հոն էր: Անիի մէջ անոնց միջեւ աշխատանքային կապ հաստատուած է եւ խզուած 1917 թուականին, երբ Անին անմատչելի դարձած է մեր հնագիտութեան համար:
1904-1917 թուականներուն մասնակցելով Նիկողայոս Մառի գլխաւորած գիտարշաւներուն (Անի, Գառնի, Վան եւ այլն)՝ Արամ Վրոյր բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ, անոր անմիջական մասնակցութեամբ յայտնաբերուած են Անիի Գրիգոր Լուսաւորչի տաճարի (Գագկաշէն) աւերակները (1905): Ունի դասախօսութիւններ Անի քաղաքի վերաբերեալ, որոնց մասին տեղեկութիւններ պահպանուած են «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի Արամ Վրոյրի արխիւին մէջ, ուր բազմաթիւ նիւթերու մէջ նկատելի է, որ բազմակողմանի աշխատած այս մտաւորականը՝ արուեստագէտը, ուսումնասիրողը, լուսանկարիչը իր կեանքի գործը դարձուցած էր Բագրատունեաց մայրաքաղաքի յուշարձաններու ուսումնասիրութիւնն ու վաւերագրումը, ատոնց ճշգրիտ պատկերները, տեղը, դիրքը պատմութեան փոխանցելը:
Անիի աշխատանքներէն զատ Արամ Վրոյրը Մառի յանձնարարութեամբ, որպէս հնագէտ-լուսանկարիչ, գործուղուած է Հաղբատ, Սանահին, Թալին, Խոշավանք, Արգինա, Հին Ջուղա եւ այլ տեղեր, ուր նոյնպէս կատարած է զգալի լուսանկարահանումներ:
Արամ Վրոյրի լուսապակիներու մեծ ժողովածոն 1909 թուականին փոխադրուած է Պոլիս՝ հրատարակութեան նպատակով, բայց ինչպէս իր որդին՝ Արտաշէս Վրոյրը կը նշէ իր գրութիւններուն մէջ, նիւթական արգելքները, այնուհետեւ պատերազմը պատճառ դարձած են ատոր անհետացման: Ժողովածոյի՝ Կովկասի մէջ մնացած մասը պահուած է որդիներէն Արտաշէսի մօտ, որուն մէջ էր Հին Ջուղայի լուսագիրներուն մեծ մասը: Հին Ջուղայի խաչքարերու յուշարձանախումբը այլեւս գոյութիւն չունի՝ ատրպէյճանցիները զայն ոչնչացուցած, հողին հաւասարեցուցած են, իսկ այդ ժառանգութեան մասին մենք գիտենք միայն լուսանկարներով, որոնց մեծ մասը կատարած է նոյնինքն՝ Արամ Վրոյր:
Վրոյրի աշխատանքներու մէկ մասն ալ Անիի գիտարշաւի բազմաթիւ նիւթերու հետ կորսուած է 1917 թուականին: Մէկ բեռնակառք կազմող այդ նիւթերը, որոնք Թիֆլիզ ղրկուած էին՝ տեղի պատմահնագիտական հիմնարկին մէջ վերամշակելու նպատակով, ինչ-ինչ հանգամանքներու բերումով այդպէս ալ տեղ չեն հասած:
Պահպանուած են Արտաշէս Վրոյրի յօդուածները՝ տպուած մամուլի մէջ, ինչպէս նաեւ աշխատութիւնները, որոնցմէ նաեւ՝ «Սուրբ Էջմիածին ու շրջակայք» ժողովածոն, որու մասին պատմաբան Լէոն գրած է, որ օրին կը վաճառուի շատ մատչելի գինով՝ «25 պատկերի համար 6 ռուբլի»: Հայ արդի լուսանկարչութեան պատմութեան մէջ եզակի են նաեւ հայ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու դիմանկարները, որոնք կատարուած են Անիի եւ այլ պատմական վայրերու մէջ: Ատոնց հեղինակը Արամ Վրոյրն է. այդ լուսանկարներէն յիշարժան են մանաւանդ Սիրանոյշի, Թորոս Թորամանեանի՝ Անի այցերու ժամանակ առնուած պատկերները: Այդ համադրութեամբ լուսանկարիչը ցոյց տուած է հայ մտաւորականի եւ մեր պատմութեան կապը:
Արտաշէս Վրոյրը մահացած է 1924 թուականին՝ Թիֆլիզ, անոր մարմինը ամփոփուած է Խոջիվանքի հայ մեծերու գերեզմանատունը, բայց 1938 թուականին Խոջիվանքի գերեզմանատան բազմաթիւ դամբարաններւ հետ միասին ոչնչացուած է Խորհրդային Վրաստանի իշխանութիւններու հրահանգով:
ՈՐԴԻՆԵՐԸ՝ ՀՕՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ
1917 թուականին Անիի պեղումներու վերջին՝ 16-րդ գիտարշաւին Արամ Վրոյրին կը փոխարինէ որդիներէն Արտաշէս Վրոյրը (ծնած 1897 թուականին): Մանուկ հասակէն հետեւելով հնագիտական լուսանկարչութեամբ զբաղող հօր գործին՝ ան նաեւ կանուխ տարիքին մասնակից եղած է այդ գործին: 1912 թուականին Արամ Վրոյր իր հետ Անի կը տանի Արտաշէս որդին, որպէս կրտսեր գործընկեր: Մառի կողմէ որդին կը ստանայ առաջին առաջադրանքը՝ լուսանկարել Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մօտակայքը պեղուած եկեղեցւոյ դրան ճակտի արձանագրութիւնը:
1915-1917 թուականներուն Արտաշէս Վրոյր որպէս լուսանկարիչ մասնակցած է Նիկողայոս Մառի պեղումներուն, Յովսէփ Օրբելիի եւ այլ հնագէտներու արշաւախումբերուն։ 1926 թուականին Յուշարձաններու պահպանման նորաստեղծ կոմիտէի գիտական քարտուղար Աշխարհբէկ Քալանթարի հրաւէրով Պաթումէն տեղափոխուած է Երեւան եւ ընդգրկուած Սեւանի գիտարշաւին մէջ, որպէս լուսանկարիչ։
Արտաշէս Վրոյրի թատերական գործունէութիւնը հիմնականը Երեւանի մէջ եղած է. ան 1928-1936 թուականներուն աշխատած է Երեւանի Բանուորական թատրոնին մէջ: Այդ աշխատանքին զուգահեռ լուսանկարած է Աշտարակի, Էջմիածնի յուշարձանները։ Աւագ եղբօր՝ Արայի հետ շրջած է Հայաստանի բնակավայրերը եւ Ամբերդի, Աշտարակի, Էջմիածնի, Գառնիի, Գեղարդի մէջ եւ այլուր կատարած է լուսագրումներ: 1936 թուականին Յովսէփ Օրբելիի ղեկավարութեամբ որպէս լուսանկարիչ մասնակցած է Ամբերդի առաջին գիտարշաւին։
1941 թուականին Արտաշէս Վրոյր զօրակոչուած է բանակ, մասնակցած է Հայրենական մեծ պատերազմին։ Պատերազմէն ետք, 1950-ական թուականներէն սկսեալ, մինչեւ 1960-ականներու վերջը, Արտաշէս Վրոյր հիմնականը գործած է հնագէտ-պատմաբան Սեդրակ Բարխուդարեանի գլխաւորած գիտարշաւներու մէջ: Այդ շրջանի անոր բազմաթիւ աշխատանքները տեղ գտած են Սեդրակ Բարխուդարեանի «Դիւան հայ վիմագրութեան» մատենաշարի Բ. եւ Ե. հատորներուն մէջ:
1964 թուականին լոյս է տեսած է Արտաշէս Վրոյրի «Անիի մէջ» յուշագրութիւնը՝ Անի քաղաքի ու անոր պատմութիւնը ստեղծած երախտաւորներու մասին բազում արժէքաւոր վաւերագրերով։ 1979 թուականին այդ յուշագրութիւնը վերահրատարակուած է՝ որոշ յաւելումներով։ Ան մահացած է 1987 թուականին, Երեւանի մէջ, իսկ 1981 թուականին իր անձնական արխիւը արդէն յանձուած էր Էրեբունի պատմահնագիտական թանգարանին։
ՊԱՏԵՐԱԶՄՈՎ ԸՆԴՀԱՏՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔ
Արամ Վրոյրի աւագ որդին՝ Արա Վրոյրը ծնած է 1896 թուականին։ Ժամանակակիցները զայն կը բնորոշեն իբրեւ կենսախինդ, սրամիտ, կատակասէր, ուրախ անձնաւորութիւն։ Լուսանկարած է Երեւանի Աւանի, Պտղնիի, Թարգմանչաց վանքի, Աշտարակի Կարմրաւոր եւ Մարինէ, Եղվարդի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները, Կամսարականներու Թալինի եկեղեցին եւ պազիլիքան, Սանահինի կամուրջը, Մուղնիի, Յովհանավանքի, Սաղմոսավանքի, Բջնիի, Կեչառիսի, Սեւանի, Մակարավանքի, Ամաղու Նորավանքի յուշարձանները։ Ան ընկերացած է հօրը եւ լուսանկարած է Ջուղայի խաչքարերը։
1930-1932 թուականներուն Արա Վրոյր եղած է թատրոնի դերասան եւ այդ գործին զուգահեռ լուսանկարած է Երեւանի բնակելի տուներ, որոնք այսօր չեն պահպանուած: Այդ տարիներու Երեւանի մասին կը տեղեկանանք իր լուսանկարներէն: 1939 թուականին պաշտօն զբաղեցուցած է Երեւանի ճարտարապետութեան բնագաւառին մէջ, սակայն պատերազմը ընդհատած է անոր կեանքը: 1941 թուականին զօրակոչուելով բանակ, 1943 թուականին զոհուած է ռուսական Նովորոսիյսք քաղաքի ճակատամարտի ընթացքին:
Արամ, Արա եւ Արտաշէս Վրոյրներու հարուստ ժառանգութեան նուիրուած այս ցուցահանդէսը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բաց պիտի ըլլայ մինչեւ տարեվերջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024