ԿԱՆՈՆ ՀՈԳՒՈՅՆ ՍՐԲՈՅ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պատրիարքական Աթոռի հրատարակչութեան յանձնախումբը լոյս ընծայեց «Կանոն հոգւոյն սրբոյ գալստեան» խորագրեալ գրքոյկը, եկեղեցական ու եկեղեցասէր շրջանակներու գործածութեան համար։ Խմբագիրն է Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։
Հոգեգալուստի տօնին, Ս. Պատարագի, օրուան մասնաւոր աղօթքներու եւ շարականներու երգեցողութեան կանոնաւորութիւնը ապահովելու նպատակաւ պատրաստուեցաւ նոր գրքոյկ մը, որ կը բաղկանայ քառասուն մեծադիր էջերէ եւ կը սկսի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առաջնորդող խօսքով՝ «Այս հրատարակութեան առթիւ»։ Հայր Սուրբը կը բացատրէ, թէ սոյն գիրքը կու գայ օղակ մը եւս աւելցնել Պատրիարքական Աթոռոյ ծիսական-արարողական հրատարակութեանց օգտաշատ ու գործնական աշխատութեանց փաղանգին, ի պայծառութիւն Ս. Եկեղեցւոյ եւ ի գործածութիւն դպրաց ու հաւատացելոց։ «Սոյն գրքոյկի պատրաստութեան ընթացքին, մեր մտահոգութիւններէն մէկն էր նաեւ երգեցողութեան ու արարողակարգի միօրինակութիւնը ապահովել, տրամադրել նաեւ հաւատացեալներուն, որպէսզի Հոգեգալստեան տօնին խորհուրդը փորձեն լաւագոյնս ըմբռնել՝ աղօթքներու եւ երգեցողութեան ընդմէջէն։ Յայտնի ճշմարտութիւն է, թէ Հոգեգալստեան հօնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարանման արժէք վայելող տօնակատարութեան օր է»։
Հատորին մէջ բնագրի հանդիպակաց սիւնակներուն վրայ տեղադրուած է աշխարհաբարի թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ շարականներու ձայնագրութիւնները։ Բնագիրէն ետք տեղադրուած են նաեւ շարականներու բազմաձայն տարբերակները։ Շարականներու թէ՛ միաձայն եւ թէ բազմաձայն տարբերակները պատրաստուած են Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի կողմէ։
Սոյն հատորը, որ լոյս տեսաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասու մեկենասութեամբ, ի յիշատակ բիւրաւոր նահատակաց։