ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ֊ ՀԵՌՈՒ ՄՆԱԼ ԱՇԽԱՐՀԻԿ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 36.1-9:
Պօղոս առաքեալին Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած առաջին նամակէն 1.1-10:
Ղուկասի Աւետարանէն 12.13-31:
Ղուկասի Աւետարանին 12.16-21 համարներուն մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի խօսած մէկ առակի՝ Անմիտ Հարուստին մասին, այսպէս.
«16Յիսուս անոնց առակ մըն ալ խօսեցաւ եւ ըսաւ.
-Հարուստ մարդ մը կար, որուն արտերը առատ բերք տուին։ 17Անիկա կը մտածէր ու կ՚ըսէր. «Ի՞նչ ընելու եմ, որովհետեւ հունձքս ամբարելու համար շտեմարաններուս մէջ տեղ չմնաց։ 18Այո՛, գիտե՛մ ինչ պիտի ընեմ։ Պիտի քակեմ շտեմարաններս, աւելի ընդարձակները պիտի շինեմ եւ հոն ամբարեմ ցորենս եւ ամբողջ բերքերս։ 19Ապա ես ինծի պիտի ըսեմ.- Ո՜վ մարդ, քանի որ երկար տարիներու համար ամբարած հարստութիւն ունիս, հանգիստ ըրէ. կե՛ր, խմէ՛ եւ վայելէ՛»։ 20Բայց Աստուած ըսաւ իրեն. «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեմ. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ»։
21Եւ Յիսուս եզրակացուց.
-Նոյնն է պարագան բոլոր անոնց, որոնք միայն իրենց անձերուն համար հարստութիւն կը դիզեն, փոխանակ Աստուծոյ աչքին հարստանալու»:
Ի՜նչ խօսուն է այս առակը մեր ներկայ օրերուն համար: Տնտեսական այս անհասկնալի եւ դժնդակ պայմաններուն մէջ մարդը սկսած է ա՛լ աւելի եսակեդրոն, անձնապաշտ դառնալ, միմիայն մտածել իր եսին մասին, իր ունեցուածքին, իր հարստութեան մասին, երբեմն նոյնիսկ արհամարհելով իրեն ամենէն մտերիմ ու մօտիկ անձերը:
Տէր Յիսուսի խօսած առակը արդարեւ, կը ներկայացնէ մեզի անմիտ մարդ մը, որ մեծ հարստութեան տիրացած էր իր ունեցած արտերուն շնորհիւ: Այնքան հարստացած, ճոխացած ու առատացած էր, որ իր բերքի առատութեան պատճառով իր ամբարները քակելով ընդարձակած էր զանոնք ու բերքը այնտեղ հաւաքած: Իր աշխատանքը աւարտելէ ետք ալ, միտքը հանգիստ ու ապահով, ինքն իրեն ըսած էր. «Ո՜վ մարդ, քանի որ երկար տարիներու համար ամբարած հարստութիւն ունիս, հանգիստ ըրէ. կե՛ր, խմէ՛ եւ վայելէ՛» (Ղկ 12.19): Մարդկային միտքին համար շատ բնական եւ ընդունելի ապրելակերպ: Այսօրուան մարդն ալ նոյնը չ՚ընե՞ր միթէ. մթերելու, հարստութիւն ձեռք ձգելու մնայուն վազքի մը մէջ է, ինչ բանի համար ինքզինք ամբողջովին դատարկած է մարդկայնութենէ եւ վերածուած է մարդամեքենայի մը, որ հակառակ մեքենայ ըլլալուն, իր ապրելակերպը սակայն աւելի անասուններու ապրելակերպին նման է, որովհետեւ միմիայն իր գոյատեւութեան, փորը լեցնելուն եւ իր հաճոյքին մասին կը մտածէ, ատոնցմէ անդին կեանքը կարծէք իրեն համար ո՛չ մէկ իմաստ կամ նշանակութիւն ունի:
Պահ մը դիտենք մեր չորս կողմը, ի՜նչ պիտի տեսնենք. չափէն աւելի հարուստներ, միւս կողմը չափէն աւելի աղքատներ: Հարուստները իրենց կեանքը բարեկեցութեան մէջ կ՚ապրին, առանց մտածելու իրենց նմաններու մասին, նոյնիսկ իրենց սեղանէն աւելցածը կը նախընտրեն թափել կամ շուներուն տալ, քան թէ իրենց տան կողքը ապրող աղքատ դրացիին տան: Հարուստները, իրենք զիրենք, իրենց զաւակները ապահոված են ամէն ինչով, անդին, աղաքատները, նոյնիսկ կը դժուարանան կտոր մը հաց ապահովել իրենց զաւակներուն:
Աւետարանական «անմիտ հարուստ»ի կերպարը այսօր եւս գոյութիւն ունի եւ շա՜տ տարածուած կերպով: Այսօրուան մարդը վերածուած է ըսինք մարդամեքենայի մը: Տանք մի քանի օրինակ-փաստեր.
ա. Ամառը եւ ամառնային արձակուրդները տակաւին նոր աւարտեցան: Մարդոցմէ շատերը սակայն, վազվզուքի մէջ են, միտքերու մէջ ինկած են, թէ եկող ամառ ո՞ւր երթան հանգստանալու, եկող ամառնային արձակուրդին ի՞նչ կարելի է ընել, ո՞ր երկիրը կարելի է երթալ՝ «լաւ ժամանակ» անցընելու համար:
բ. Նոր տարին կը մօտենայ, մարդոցմէ շատեր նոյն մտահոգութեան մէջ են, ո՞ւր երթալ, ո՞ւր անցընել նոր տարին, ո՞ր երկրին մէջ, կամ ո՞ր ճաշարանը, ի՞նչ ուտել, ի՞նչ հագուիլ, ի՞նչ նուէր առնել, եւ այլն…:
գ. Ընտանիքի մը զաւակը 12-րդ դասարանցի կը դառնայ սեպտեմբերին, սեպտեմբեր 20-ին արդէն ծնողները կը սկսին մտածել ո՞ւր կարելի է անցընել աւարտական հանդէսը, որո՞ւ հրաւիրել, ի՞նչ նուէր առնել, ի՞նչ հագուստ հագուիլ, ո՞ր ճաշարանը երթալ… Բնականաբար այս բոլոր մտահոգութիւններուն մէջ իրենց զաւակին յաջողութեան կամ ձախողութեան պարագան կը բացակայի, կարեւորը իրենց անցընելիք խրախճանքն է:
դ. Ընտանիքի մը մէջ մէկ, երկու կամ երեք տղայ զաւակներ կը ծնին, տակաւին 7-8 տարեկան չդարձած երեխաները, ծնողները արդէն փնտռտուքներու մէջ են… տան, հարսի, ինքնաշարժի, եւ այլն…, եւ դարձեալ այս բոլոր մտահոգութիւններուն մէջ իրենց զաւակներուն կարծիքը կամ ուզածը կը բացակային, կարեւորը իրենց ուզածը, իրենց որոշումը յաջողութեան հասնի…
Մարդկային սին ու փուճ մտահոգութիւններ, որոնք ո՛չ մէկ օգուտ ունին մարդուն, ընդհակառակը վնաս կը պատճառեն մարդուն, զայն մօտեցնելով կորուստի՝ յաւիտենական կորուստի: Աստուած մարդուն նմանատիպ սին ու փուճ մտահոգութիւններով ապրելու համար չէ՛ ստեղծած, առաւել եւս Աստուած մարդուն բանականութիւն եւ տրամաբանութիւն չէ՛ տուած, որպէսզի մարդ իր միտքը նմանատիպ յիմարութիւններով ծանրաբեռնէ:
Ըսինք, մտահոգութիւնը ոչինչով կ՚օգնէ մարդուն: Կարդա՛նք թէ Տէր Յիսուս ինչ կ՚ըսէ այս մասին.
«24Ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի սիրէ եւ միւսը ատէ, կա՛մ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ։ Նոյնպէս ալ դուք, չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել, որքան ատեն որ կը ծառայէք դրամին։ 25Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմինին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան կերակուրը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը։
…
31Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. «Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք»։ 32Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են։ Որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն թէ այդ բոլորին պէտք ունիք։ 33Դուք նախ խնդրեցէք որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք Իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի։
34Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է» (Մտ 6.24-25, 31-34):
Մտահոգութիւնը, դարձեալ կը կրկնենք ո՛չինչով կրնայ օգնել մարդուն, ընդհակառակը, մարդուն պարզապէս անյարմարութիւն եւ շատ յաճախ հիւանդութիւն կը պատճառէ եւ դէպի յաւիտենական կորուստ կ՚առաջնորդէ:
Վերոնշեալ Աւետարանական համարները լաւ հասկնալու համար պէտք է կարդանք նաեւ անոնցմէ մի քանի համարներ առաջ գրուածները, որպէսզի ա՛լ աւելի համոզուինք, որ մտահոգութիւնը ոչինչով կրնայ օգնել մեզի: Այսպէս նոյն Աւետարանին մէջ կը կարդանք.
«19Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն։ 20Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ։ 21Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.19-21):
Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը այսպէս կը մեկնէ Մատթէոսի Աւետարանին 6-րդ գլխուն 24-25 եւ 31-34 համարները, որոնք առընչութիւն ունին նաեւ նոյն գլուխի 19-21 համարներուն հետ: Կարդանք.
* …Երկնային գանձը Աստուծոյ մեզի տալիքն է, Աստուծոյ մեզի կատարելիք հատուցումն է: Արդ, եթէ երբեք մենք մեր աչքը սեւեռած ենք առ Աստուած, կամ մեր կեանքին ուղղութիւնը դարձուցած ենք առ Աստուած, բնական կերպով երկրորդական կը դասենք այն ինչ որ այս երկրի վրայ մեզ երկրաւոր մտահոգութիւններուն կը կապէ: Տեսանք, ան որ կը դիզէ՝ ինքզինք կը շղթայէ ներկայ աշխարհի հարստութիւններուն կամ ներկայ կեանքի արժէքներուն: Եւ ինքնաբերաբար իր ուշադրութիւնը կը հեռանայ երկնային կամ իսկական գանձէն: Հետեւաբար, այս սկզբունքն է, որ կը բանաձեւուի այստեղ. «ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել»: Ով որ կ՚ուզէ Աստուծոյ կամ աստուածայինին ծառայել՝ ինքնաբերաբար չի՛ կրնար ծառայել աշխարհին կամ աշխարհայինին: Բնական մղումը կայ բոլորիս մէջ հաշտեցնելու այս երկուքը: Որովհետեւ ներկայ աշխարհի մարդը առաւել եւս նիւթապաշտութեան ընկղմելու մէջ է: Այսպիսի աշխարհի մէջ մեր բնական մղումը կ՚ըլլայ հաշտեցնել զԱստուած եւ նիւթական հարստութիւնը: Այնպէս մը ընել, որ չմերժենք մէկը կամ միւսը, այլ միջին լուծում մը գտնենք եւ կարենանք գոհացնել թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը:
Առաջին հարցում: Կարելի՞ է սակայն մէկը գոհացնելով միւսը գոհ պահել:
Երկու հիմնական փորձութիւններ կան մարդուն դիմաց:
Առաջինը՝ դրամին փորձութիւնն է. աւելի ճիշդ՝ դրամ ունեցողին փորձութիւնն է: Այն մարդը որ տէր է հարստութեան կամ ստացուածքի՝ հարստութիւնը կամ ստացուածքը իր փորձութիւնն են: Որովհետեւ ան տեւականօրէն պէտք է փորձէ հաշտութեան աշխատանքը կատարել: Եւ գտնել՝ թէ ի՞նչ ձեւով կրնայ հարստութիւնը կամ ստացուածքը ունենալ բայց չծառայել անոր, այլ ծառայել միայն Աստուծոյ: Ասիկա աւելորդ է ըսել, թէ հաւատացեալ մարդուն խնդիրն է: Անհաւատին համար այս հարցը գոյութիւն չունի իսկ: Քրիստոսի կեցուածքը եթէ կ՚ուզէք գիտնալ: Առհասարակ երբ Ան կը խօսի նիւթական հարստութեան մասին՝ չի դատապարտեր հարստութիւնը, երբեք դատապարտութեան խօսք չունի: Քրիստոս կը ջատագովէ կեցուածքը՝ որ դրամը ունենալով հանդերձ՝ դրամին ստրուկը չդառնալն է, այլ զայն օգտագործելն է կերպով մը, որ նիւթականը կը ծառայեցնէ Աստուծոյ: Օրինակ՝ յիշել Տնտեսին առակը: Անոր մէջ Յիսուս կը պատգամէ, թէ մեզի տրուած բազմատեսակ հարստութիւններ կան, որոնց մէջ նաեւ նիւթական հարստութիւնը: Մարդը կոչուած է տնտես մը ըլլալու: Ով որ տնտես է կամ մատակարար՝ չի կրնար չզբաղիլ հարստութեամբ: Անպայմանօրէն կը զբաղի: Զբաղիլ սակայն չի նշանակեր՝ ինքզինք ենթարկել կամ անոր ծառայեցնել:
Երբ այս երկուքին մասին կը խօսինք՝ գիտենք Աստուծոյ պահանջքը մեզմէ: Աստուած ամէն անգամ որ մեզի կը դառնայ՝ մեզմէ կը պահանջէ մեր անձերը: Զանոնք կը պահանջէ ամբողջականօրէն: Արդ, դարձեալ նոյն հարցումը կը կրկնուի տարբեր բառերով. եթէ Աստուած ամբողջականօրէն մեր միտքը եւ հոգին կ՚ուզէ՝ արդեօք կարելի՞ է երկու ծառայութիւններուն հաշտեցումը յաջողցնել: Հաշտեցնել արդեօք չի՞ նշանակեր՝ կէս ծառայութիւն ընծայել Աստուծոյ եւ կէս ծառայութիւն ընծայել աշխարհին կամ նիւթական հարստութեան: Իսկ Աստուած կիսատ այդ ծառայութիւնը կ՚ընդունի՞ արդեօք, թէ ոչ: Միւս փորձութիւնը, այն անգամ ճիշդ հակառակէն դիտած, փորձութիւնն է այն մարդոց, որոնք դրամ չունին: Մէկ՝ ունեցողը այդ մտահոգութեան եւ փորձութեան ենթակայ է, մէկ ալ՝ չունեցողը: Քրիստոսի պատգամն է, որ նիւթականին համար մտահոգութիւն ունենալը օգուտ չունի: Անիկա աւելորդ է եւ կը ծառայէ մարդը Աստուծմէ հեռացնելու: Որովհետեւ տեղ մը, մանաւանդ դրամ չունեցող մարդու սրտին մէջ՝ դառնութիւններ կը կուտակէ, եւ ան կը մտատանջուի՝ թէ ինչո՞ւ ինք չունի, թէ ինչո՞ւ իր դրացին ասիկա ունի, անիկա ունի, իսկ ինք չունի եւ պիտի չունենայ: Մտահոգութենէն յառաջացող մտատանջութիւնը մարդը հոգեւոր մահուան կը տանի: Մտահոգութիւնները միաժամանակ մարդու կեանքին մէջ քայքայիչ ուժ կը դառնան եւ են: Այն մարդը որ տեւականօրէն ուրիշին ունեցածը ունենալու մասին կը խորհի, բնականօրէն կը դադրի իր ուժերը կեդրոնացնելէ իր սեփական աշխատանքին վրայ: Մինչդեռ Քրիստոս ըսել կ՚ուզէ, թէ այն մարդը որ մտահոգութիւններէ չի բռնուիր՝ շատ աւելի պատրաստ կ՚ըլլայ ինքզինք նուիրելու որոշ աշխատանքի մը եւ աշխատանքին ընդմէջէն բարեկեցիկ կեանքի մը հասնիլ: Իսկ այն մարդը որ զուր տեղ ինքզինք կը տանջէ՝ ոչ միայն բան չի շահիր, այլեւ իր առողջութիւնը վրայ կու տայ եւ ինքզինք կը նետէ անյուսութեան մը գիրկը:
Մտահոգութիւնները երբեմն մեզի փնտռել կու տան այն՝ ինչ որ մեզի պէտք եղածէն աւելին է: Մտահոգութիւնները ոչ միայն Աստուծմէ կը հեռացնեն, այլեւ Աստուծոյ վրայ հաւատքի կամ վստահութեան պակասի արտայայտութիւն են: Այն անձը որ կը վստահի Աստուծոյ, ան երբեք պէտք չունի մտահոգութիւններէ բռնուելու: Զգոյշ, մտահոգութիւն բառն է շեշտուածը եւ ոչ թէ մտածելը: Որովհետեւ մարդը ամէնօրեայ իր գործին մասին պէտք է մտածէ, պէտք է զայն ծրագրէ, բայց ոչ թէ մտահոգուի անոր մասին:
Ի վերջոյ մտահոգութիւներու մասին խորհած ատեն յիշենք 19-րդ համար հարցը. երկրի՞ վրայ գանձ դիզել, թէ երկինքի մէջ: Արդ, մտահոգութիւնները ուրիշ բան չեն, քան երկրի վրայ գանձ դիզելու մարմաջին արդիւնքը: Եւ ինքնաբերաբար անոնք մեզ կը հեռացնեն եւ միաժամանակ կը զրկեն երկինքի մէջ ամբարուելիք գանձէն:
Այս մտածումները մեզ կը մղեն մեր աղօթքի բովանդակութեան մասին մտածելու: Թէ արդեօք աղօթքի մէջ մեր ամէնօրեայ կարիքներուն մասին որեւէ խնդրանք կամ ակնարկութիւն ընելը հեթանոսակա՞ն է: Մարդ արարածին իր գերդաստանի կամ ընտանիքի կամ իր անձի ամէնօրեայ ուտելիքին համար մտահոգութիւն ունենալը եւ զայն բաւարարելու մասին մտածելը արդա՞ր է, թէ ոչ: Այդ զինք Աստուծմէ կը հեռացնէ՞, թէ ոչ:
…
Քրիստոս հարստութիւնը աւելորդ չի նկատեր, հարստութիւնը չ՚արհամարհեր կամ չ՚անարգեր: Այլ ընդհակառակը, գիտէ անոր արժէքը մեր երկրաւոր կեանքին համար: Բայց բան մը կը սորվեցնէ նիւթական հարստութեան հետ մեր ունենալիք յարաբերութեան մասին:
Ամէն մէկ օրուան հոգերը իրեն համար բաւարար են: Օրը օրին կարելիդ կ՚ընես, բայց այդ կարելին ընելէ անդին մտահոգուիլը՝ կ՚օգնէ՞ որեւէ ձեւով: Ոչ մէկ բանով կ՚օգնէ: Ճիշդ հակառակ արդիւնքը կրնայ ունենալ:
32-րդ համարը կ՚ըսէ, թէ ուտելիք, խմելիք, հագուելիք փնտռելը հեթանոսներուն յատուկ է: Արդեօք հեթանոսին եւ քրիստոնեային միջեւ տարբերութիւն ընողը ճիշդ ի՞նչը պիտի ըլլայ:
Վերջին երկու համարները մեզի կու տան մտածում մը. «Նախ խնդրեցէք… եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»:
Մենք մինչեւ հիմա ըսինք, որ կը բաւէ վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ վրայ եւ Աստուած իբր գթառատ Հայր՝ այդ բոլորը պիտի տայ մեզի: Ի՞նչ է այստեղ «Երկինքի Արքայութիւնը խնդրեցէք»ը: Այս խօսքով, հարստութեան մասին մտքերը կը կապէ «Հայր մեր»ին:
Ի՞նչ է կապը մեր խնդրածին եւ Աստուծոյ տուածին: Ի՞նչ պէտք է խնդրենք, որ Աստուած մեզի տայ: Որովհետեւ Քրիստոս Ինք կ՚ըսէ, ինչպէս Աստուածաշունչը՝ թէ ի՛նչ բան որ Աստուծոյ կամքին համաձայն չենք խնդրեր՝ չենք ստանար: Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ձեր ուզածը չէք ունենար, որովհետեւ Աստուծմէ չէք խնդրեր. կամ՝ կը խնդրէք, ձեր հաճոյքներուն ծառայեցնելու համար» (Յկ 4.2-3):
Ի՞նչ բան պէտք է խնդրենք, որպէսզի Աստուծմէ ստանանք:
Քրիստոս մեզի կը պատասխանէ. «Աստուծոյ Արքայութիւնը»: Բայց ի՞նչ է Աստուծոյ Արքայութիւնը խնդրելը:
Աստուծոյ Արքայութիւնը երկրի վրայ արդէն սկսած իրականութիւն մըն է: Բայց նաեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը գալիք իրականութիւն մըն է, ամբողջանալիք իրականութիւն մըն է: Արդ, Աստուծոյ Արքայութիւնը խնդրելը կամ «Քու Արքայութիւն թող գայ» ըսելը ի՞նչ կը նշանակէ:
Գրաբարին մէջ «խնդրել» բայը ոչ թէ միայն ուզել կը նշանակէ, այլ նաեւ փնտռել: Ուստի, աղօթողը կամ աղօթողները ոչ թէ միայն պիտի ուզեն, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ, այլ նաեւ ճիգ տանին անոր երկրի վրայ հաստատման համար: Աշխատին որ այդ Արքայութիւնը գայ եւ հաստատուի: Որ Աստուծոյ կամքը կատարուի: Որ մեր շրջապատին մէջ արդարութիւն, սրբութիւն ու խաղաղութիւն տիրէ: Հետեւաբար, մենք պէտք է մտածենք այս մասին. դուք, կ՚ըսէ Քրիստոս, Աստուծոյ Արքայութիւնը խնդրեցէք, որ իրականանայ: Սակայն մենք ի՞նչ կ՚ընենք եւ ի՞նչ կրնանք ընել, որ մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ Արքայութիւնը ամէն ինչէ առաջ դասած ըլլանք:
«Արքայութիւնը խնդրեցէք»ը գործնական պահանջք մը ունի. միայն աղօթքի մէջ խնդրանքը կրկնելով չ՚ըլլար, ոչ ալ մտքին մէջ սնուցանելով: Այլ ամէնօրեայ մեր կեանքին մէջ ընել բարի բաներ եւ բարի գործեր, որոնք Աստուծոյ կամքին արտայայտութիւնը ըլլան, եւ որոնցմով մեր շրջապատին մէջ արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ խաղաղութիւնը բերած ըլլանք: Անկասկած՝ ո՛չ ամբողջականօրէն, քանի որ մարդկայնօրէն անկարելի է անիկա, այլ՝ մասնակիօրէն («Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, Մոնթրէալ, 2016, էջ 144-148):
Ահաւասիկ մեր դիմաց պարզուեցաւ, թէ ի՛նչ բան պէտք է ըլլայ մեր հիմնական մտահոգութիւնը. Աստուծոյ Արքայութիւնը խնդրել, որով միւս բոլոր մեր կարիքները, պէտքերը կը տրուին մեզի: Մենք մեզ աւելորդ մտահոգութիւններով պէտք չէ ծանրաբեռնենք, ուրեմն, որպէսզի մեր գլխաւոր նպատակէն՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը փնտռելէն ու գտնելէն չշեղինք, ընդհակառակը մեր աղօթքներով, առաքինի կեանքով ու բարեգործութիւններով զօրացած՝ հաստատ քայլերով դիմենք դէպի այնտեղ, ուր յաւիտենական հանգիստ պիտի գտնենք:
Արդարեւ, Մարդ արարածը առաջին հերթին պէտք է ինքզինք ճանչնայ, պէտք է հասկնայ ու գիտնայ, թէ ինք ո՞վ է, ինչո՞ւ համար կայ, ի՞նչ կոչում ունի այս կեանքին մէջ եւ ի՞նչն է իր կեանքին նպատակը, եթէ մարդ այս հարցումներուն պատասխանը չունենայ՝ գէթ որոշներուն, ապա դժուար թէ կարենայ ինքզինք գտնել այս կեանքին մէջ եւ միշտ ենթակայ կը դառնայ լսելու հետեւեալ սահմռկեցուցիչ յանդիմանական նախադասութիւնը, թէ՝ «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեմ. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ» (Ղկ 12.20):
Մարդ միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ այս աշխարհէն մեկնելու համար, սակայն վա՜յ այն մարդուն, որ այս նախադասութիւնը լսելով կը մեկնի այս աշխարհէն: Մարդ ամէն ինչ պէտք է ընէ, որպէսզի այս վիճակին չհասնի, այսինքն՝ աշխարհն ու աշխարհայինը չգերադասէ երկնաւորին ու երկնայինին, աշխարհի վրայ գանձեր չդիզէ, այլ՝ երկինքի մէջ:
Եթէ աշխարհին ու աշխարհայինին կապուինք, ապա ագահութեան գերին կը դառնանք, ու անմիտ հարուստին նման կը դիզենք եւ կը դիզենք, սակայն մեր դիզածով ո՛չ այստեղ կը կարենանք ուրախանալ, ո՛չ երկինքի մէջ մեր դիզածը օգուտ մը կու տայ մեզի:
Մեր ունեցածին պէտք չէ կառչինք, մանաւանդ հարուստները զգո՜յշ պէտք է ըլլան եւ հիւանդագին կերպով չկառչին իրենց ունեցածին, այլ՝ աշխարհի վրայ եղած ատեն բաշխելով՝ երկինքի մէջ հարստութիւն ձեռք բերեն, չնմանելով անոնց, որոնք՝ «չեն ուզեր իրենց ժառանգութիւնը նոյնիսկ այլոց ձգել: Անոնք կը նախընտրեն ու կը փափաքին որ գետինը բացուէր եւ կուլ տար իրենց հարստութիւնը, քան թէ տեսնեն որ ուրիշներ իրենց հարստութեան կը տիրանան» (Բարսեղ Մաշկեւորցի), այլ՝ տան, բաշխեն, որպէսզի Աստ-ւած իրենց հարստութիւնը ա՛լ աւելի օրհնէ ու բազմացնէ այս աշխարհի վրայ եւ միաժամանակ երկինքի մէջ իրենց համար տեղ պահէ:
Ի վերջոյ, «այն անձը որ իր ուրախութիւնը կը գտնէ այս աշխարհին մէջ, այն անձը որ այս աշխարհը կը նկատէ իր ուրախութեան առարկան ու պատճառը, մահուան պահուն, երբ իր ուրախութեան առարկան՝ այս աշխարհը խլուի իր ձեռքէն՝ ան կը դառնայ դժբախտ» (Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան): Հետեւաբար, ամէն ինչ ընենք, որպէսզի չդժբախտանանք, որովհետեւ ուրախ կամ դժբախտ ըլլալու բանալին մեր ձեռքն է, մենք ենք որոշողը մեր հանդերձեալ կեանքի պարագան, վիճակը, եւ ա՛յս կեանքին մէջ է որ պիտի որոշենք: Չծուլանանք, վաղուան չձգենք, այլ՝ այսօր իսկ սկսինք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Չնմանինք անմիտ հարուստին, որ դիզելով զբաղեցաւ, սակայն արժանացաւ ահաւոր դժբախտութեան, ինքզինք կորսնցուց՝ առանց իսկ կարենալ վայելելու տարիներով իր դիզածը: Չնմանինք այս հարուստին, այլ՝ մեր հոգին հարստացնենք աղօթքով, ծոմապահութեամբ, առաքինութիւններով, ողորմածութեամբ, բարեգործութեամբ եւ մարդասիրութեամբ, որպէսզի երբ այս աշխարհէն մեկնելու մեր ժամը հասնի, արժանի ըլլանք դէպի յաւիտենական հանգիստ նաւարկելու, վայելելու Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ փառաւորելու զԻնք, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, յաւտիեանս յաւիտենից: Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
21 նոյեմբեր 2023, Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024