ՏՈԼՄԱՅԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Այս տարի հինգերորդ անգամ ըլլալով, վերջերս կազմակերպուեցաւ Տոլմայի աւանդական մրցոյթ-փառատօնը՝ «Ուդուլի» անունով, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ հայկական խոհանոցի թագուհին նկատուող տոլման: Միջոցառման ժամանակ փառատօնի վայրին մէջ՝ Մուսալեռ յուշահամալիրի շրջակայքը տեղակայուած տաղաւարներու վրայ ցուցադրուած էր իննսուն տեսակի տոլմա, որոնց մէկ մասի պատրաստման բաղադրատոմսերը հայկական խոհանոց ներմուծուած են տարածքաշրջանի երկիրներու խոհանոցներէ, իսկ մէկ մասն ալ պարզապէս յօրինուած է խոհարարական միտքի արդիւնքին: Հայկական նկատուող տոլման նաեւ այլ դրացի երկիրներու մէջ նշանաւոր ուտեստ մըն է։ Ուստի այսօր դժուար է միանշանակ ըսել՝ զուտ հայկակա՞ն է այս ուտեստը, թէ ոչ: Բայց Հայաստանի մէջ, հայ խոհարարներու ձեռքով պատրաստուող տոլման անկրկնելի է, այդ մէկը անվիճելի փաստ մըն է, ինչ որ կը հաստատուի արդէն աւանդական դարձած փառատօնի ընթացքին:
Աւանդաբար Արմաւիրի մարզէն ներս տեղի ունեցող այս միջոցառումը միտքի եւ ստեղծարարութեան աներեւակայելի դռներ կը բանայ մասնակիցներու եւ խոհարարներու համար։ Փառատօնին ամէն տարի տոլմայի աւելի ու աւելի նոր տեսակներ կը պատրասուին, իսկ հազարաւոր մարդիկ կը շտապեն համտեսելու այս համեղ ճաշատեսակը: Անցեալ տարիներուն փառատօնը իրականացուած էր Սարտարապատի մէջ, իսկ այս տարի ան փոխադրուած էր Մուսալեռ, միաժամանակ նուիրուելով Մուսալերան հերոսամարտի յոբելենական տարուան: Ներկայ ըլլալով տոլմայի փառատօնին՝ զարմանալ կարելի է, թէ նոյն անունը կրող մէկ ճաշատեսակը ինչպիսի ամենատարբեր համային գունաւորումներ կը ստանայ: Բացի աւանդական տեսակներու՝ մսային եւ բանջարեղէնային հումքով տոլմաներէ, այս տարի Տոլմայի փառատօնին ցուցադրուեցան եւ վաճառուեցան այնպիսի արտասովոր լիցքերով, համերով եւ տարօրինակ տեսքով տոլմաներ, որոնց պատրաստութիւնը նորութիւն էր ո՛չ միայն հայաստանցիներու, այլեւ՝ փառատօնին ներկայ օտարներու համար: Ներկաները կը գնէին ու տեղւոյն վրայ կը համտեսէին զանազան տոլմաներ, նաեւ կը տանէին իրենց հետ: Բացի միսով, բրինձով, ձաւարով տոլմաներէ, կային սերկեւիլով, մորենիով, այլ պտուղներով, պաղպաղակով, շուշմայով տոլմաներ, միսով լեցուած ստեպղին ու գետնախնձոր, կասիայով տոլմա, որ երեսպատուած էր նռան հիւթէ պատրաստուած հաստ շերտով, խեցգետնի ու ձկան միսով, ձմերուկով տոլմա, սոխի մէջ եփուած տոլմա, կարմիր կաղամբի մէջ գառնուկի միսով տոլմա, տոլմա՝ պահուած սառոյցի մէջ եւ այլ հետաքրքրական մտայղացումներով պատրաստուած տեսակներ: Կային նաեւ իրենց չափերով արտասովոր տոլմաներ: Այս տարի իր երկարութեամբ համաշխարհային ցուցանիշ սահմանեց 10 մեթր երկարութիւն ունեցող տոլման, որու հեղինակը «Ափրիկեաններու պանդոկ» ճաշարանի խոհարարներն էին։ «Ափրիկեաններու պանդոկ»ն ալ դարձաւ այս տարուան փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիրը։ Նպատակ կայ «Ափրիկեաններու պանդոկ»ի պատրաստած տոլման ներկայացնելու եւ ընդգրկելու Կինէսի ցուցանիշներու գիրքին մէջ, որովհետեւ ըստ կազմակերպիչներու, այդպիսի չափերով տոլմա տակաւին աշխարհի մէջ չէ պատրաստուած: Մրցոյթին ամենաերկար տոլմայէն զատ ընտրուած են նաեւ ամենահամեղ տոլման, լաւագոյն մտայղացում ունեցող տոլման եւ ամենագեղեցիկ ձեւաւորուած տոլման, պարգեւատրուած են անոնց հեղինակները: Բնականաբար մեծ համարում ունէին աւանդական տոլմաները, մանաւանդ՝ խաղողի թուփի մէջ փաթթուած, կաղամբով եւ ամառնային տոլմաները: Ամառնային տոլման կը պատրաստուի կանաչ պղպեղի, լոլիկի, սմբուկի մէջ լեցուած միսի խճողակէ: Տոլման եզակի հայկական ուտեստներէ է, որ կը պատրաստուի տարուան բոլոր եղանակներուն եւ միշտ պահանջուած է: Այս տարուան «Ուդուլի» փառատօնին մասնակցած են քսանեօթ ճաշարաններ եւ սնունդի ոլորտի մէջ աշխատող զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ:
ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԵՐ
Հայկական տոլմայի փառատօն-մրցոյթ կազմակերպելու գաղափարի հեղինակը «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութիւնն է, որ ստեղծուած է 2007 թուականին: Հինգ տարի առաջ, հիմ դնելով տոլմայի փառատօնին, կազմակերպութիւնը նպատակ ունեցած է Հայաստանի բնակչութեան տօն մը եւս նուիրել, նաեւ՝ արհեստավարժ եւ սիրողական խոհարարներուն դրսեւորուելու հնարաւորութիւն տալ: Մենք ժամանակին առիթ ունեցած ենք հարցազրոյց մը կատարելու «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեանին հետ, որ մեզի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ ուտելիքային փառատօները նախեւառաջ զբօսաշրջութեան զարկ տալու նպատակ ունին, եւ այդ գաղափարը յառաջացնելու համար Հայաստանի մէջ վերջին եօթ տարուան ընթացքին կը կազմակերպուին զանազան ուտեստային փառատօներ. ինչպէս՝ Խորովածի աւանդական փառատօնը, որու հիմը նոյնպէս Սեդրակ Մամուլեանի ղեկավարած կազմակերպութիւնը դրած է: Իսկ այս փառատօներու կողքին զանազան միութիւններ ամէն տարի կը կազմակերպեն նաեւ գինիի փառատօն, «Հացը՝ լեռներու մէջ», Դիլիջանի «Մշակութային վերածնունդ» խորագրեալ փառատօները, Դդումի տօն, ծիրանի օրհնութիւն, խաշի եւ ձկան փառատօներ, որոնք զբօսաշրջիկներու մեծ հոսքեր կը պարգեւեն: Մանաւանդ ներքին զբօսաշրջութեան առումով այս փառատօները կարեւոր միջոցառումներ են, որովհետեւ Հայաստանի զանազան մարզերէ տեղացի բնակիչներ կը տեղաշարժուին դէպի փառատօներու կազմակերպման վայրեր, ինչ որ երկիրը, շրջանները եւ գիւղերու կենցաղը աւելի լաւ ճանչնալու միջոց մըն է եւ համայնքները զարգացնելու ճանապարհ մը: Քանի որ Հայաստանի մէջ ուտեստային փառատօները կը սկսին գարնան եւ կը շարունակուին մինչեւ աշուն, ուրեմն մեծ է նաեւ այդ ամիսներուն Հայաստան գտնուող օտար զբօսաշրջիկներու մասնակցութիւնը, որոնք ուտեստային մշակոյթի միջոցով կը բացայայտեն երկիրը եւ նոր համեր կը տանին իրենց հետ: Միայն Ախթալայի մէջ տեղի ունեցող Խորովածի փառատօնին ամէն տարի ներկայ կը գտնուի հինգ հազար հոգի: Եւ քանի որ Ախթալան մօտ է Վրաստանին, արդէն աւանդոյթ դարձած է նաեւ վրացի խոհարարներու եւ զբօսաշրջիկներու մասնակցութիւնը: Ուտեստային փառատօներ տեղի կ՚ունենան նաեւ Արցախի մէջ։ Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Արցախի մէջ տեղի ունեցան Արցախի աւանդական կանաչիով հացի (Ժենգյալով հացի) եւ Թութի փառատօները: Զբօսա-շըրջութիւնը տարուէ տարի կը փոխէ իր դէմքը եւ մը մօտենայ այն ժամանակը, երբ զբօսաշրջիկները երկիրներ պիտի ճամբորդեն ըստ նախասիրութիւններու եւ թեմաներու: Ինչպէս համոզուած է Սեդրակ Մամուլեան, հայկական խոհանոցը իր մէջ սնող յատկութիւն ունի, զայն տարիներ շարունակ սնած է տարածքաշրջանի խոհանոցները։ Իր հարուստ պատմութեամբ նշանաւոր եղած է մանաւանդ արեւմտահայկական խոհանոցը։ Բայց եւ այնպէս, աշխարհի մէջ այսօր նշանաւոր չէ հայկական խոհանոցը, եւ այս փառատօները զայն հանրահռչակելու նպատակ ունին:
«ՈՒԴՈՒԼԻ»
Հայաստանի մէջ կազմակերպուող Տոլմայի փառառօնը կը կոչուի «Ուդուլի», որ ուրարտական «ուդուլի» բառէն սերած է։ «Ուդուլի» կը նշանակէ որթատունկ. «դուլի»՝ խաղողի տերեւ, իսկ «տոլմա» անուանումը կը նշանակէ փաթթուած:
Հայկական տոլման վաղնջական ժամանակներուն պատրաստուած է միայն խաղողի տերեւի մէջ, իսկ այսօր փառատօնին արդէն հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող տոլմայի կողքին կ՚երեւի նաեւ վերջին սերունդի խոհարարներու մտքին արգասիքը: Այս փառատօներու ժամանակ ոչ միայն բուն ուտեստը կը ներկայացուի, այլեւ՝ երգ, պար, տեղի կ՚ունենան համերգներ, ներկայ կ՚ըլլան նշանաւոր հիւրեր, դեսպաններ եւ միջոցառումները կը վերածուին շփումներու, ծանօթութիւններու եւ հաղորդակցութեան հնարաւորութիւններու:
Լաւ լուր մը կայ հայկական տոլմայի սիրահարներուն համար. այս տարուան Մարտ ամիսէն սկսեալ հայկական տոլման սկսած է արտահանուիլ արտասահմանեան կարգ մը երկիրներ՝ «Դոլմամա» («Տոլմամա») անուան ներքոյ: Մինչ այդ «Դոլմամա» ապրանքանիշը կը տարածուէր Հայաստանի մէջ եւ մեծ համարում ունէր կիսապատրաստ սնունդի ասպարէզին մէջ:
Շուտով կը հրատարակուի գիրք մը, որու մէջ ամփոփուած կ՚ըլլան Տոլմայի աւանդական փառատօնին ցուցադրուած եւ համտեսուած տոլմաներու բաղադրատոմսերը:
Իսկ մինչ այդ Սեդրակ Մամուլեան սիրով տրամադրեց տոլմայի քանի մը բաղադրատոմս, նշելով, որ տոլման ոչ միայն ուտեստ մըն է, այլեւ՝ ինքնութեան ցուցիչ եւ մշակոյթ կրող եւ փոխանցող ճաշ մը: Հայկական աւանդական ընտանիքը կը հաւաքուի տոլմայի շուրջ, իսկ ճաշարաններու մէջ, օտար զբօսաշրջիկը, երբ հայկական ճաշ մը կը պահանջէ, առաջինը կը ներկայացնեն տոլման: Անոր տրամադրած բաղադրատոմսերը կը տարբերին աւանդական տոլմայի բաղադրատոմսերէն։ Անոնք ներկայացուցած են «Ուդուլի» փառատօնի մասնակիցները, եւ այս բաղադրատոմսերով պատրաստուած տոլմաները մեծ համարում ունեցած են մանաւանդ համադամ ճաշի սիրահարներու կողմէ:
Տոլմա «արգօ»
Կը պատրաստուի ուլիկի կտրատուած եւ ոչ՝ քաշուած միսէ, բրինձէ, համեմունքներէ եւ թութի օղիէ;
Ծխեցուած տոլմա
Այս տոլման իր մէջ կը պարունակէ ոսպ, հաւու միս, սոխ, համեմունքեր, գարեջուր:
Տոլմա՝ փունջ
Այս մէկը հաւու, խոզի, գառնուկի, հորթի կտրատուած միսերէ պատրաստուած տոլման է՝ առատ համեմներով, փաթթուած թարմ կաղամբի տերեւներով:
Բանջարեղէնով եւ միսով տոլմա
Տաւարի միս, ձաւար, ծոթրին, գինձ, համեմունքներ:
Սերկեւիլով ու թուզով տոլմա
Բաղադրիչներու մէջ կայ գառնուկի միս, նուռ, ծիրանաչիր, համեմունքներ:
Լաւաշով տոլմա
Աղացուած ձաւար, սունկ, հաւու կուրծքի միս, համեմունքներ:
Խեցգետնի պոչիկներով տոլմա
Խեցգետնի պոչիկներ, բրինձ, համեմունքներ, սալոր:
Կարմիր լուբիայով տոլմա
Կարմիր լուբիա, կանաչիներ, սոխ, սեւ պղպեղ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ