ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արթիկի թեմը մեր եկեղեցւոյ նորաստեղծ թեմերէն է. 2012 թուականին հայրապետական սրբատառ կոնդակով Արթիկի տարածաշրջանի եկեղեցական համայնքերը զատուած են Շիրակի թեմէն եւ հռչակուած իբրեւ նոր՝ Արթիկի թեմ:

Շիրակի մարզի քաղաքներէն է Արթիկը՝ իր հնագոյն պատմութեամբ: Հոն հիմնականը կը բնակին 1829-1830 թուականներուն Կարինէն եւ Կարսէն ներգաղթածներու սերունդներ:

Թեմը նաեւ հարուստ է եկեղեցիներով: Հայաստանի եզակի մարզերէն մին է, ուր ամէն մէկ գիւղ ունի իր եկեղեցին, իբր այդ, բնակիչներն ալ կը ջանան հաւատարիմ մնալ նախնեաց աւանդութիւններուն եւ կառչիլ հաւատքէն: Այդ հարցին մէջ անոնց ամէն կերպով կ՚օժանդակէ թեմը՝ իր առաջնորդով եւ միւս սպասաւորներով:

Արթիկի թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպիսկոպոս Աւագեան, վերջերս ձեռնադրուած վեց եպիսկոպոսներէն մէկն է, որ ձեռնադրուելէ եւ Մայր Տաճարի մէջ անդրանիկ եպիսկոպոսական պատարագը մատուցելէ անմիջապէս ետք վերադարձաւ թեմ՝ շարունակելու ամենօրեայ ծառայութիւնը:

Տ. Նարեկ Եպիսկոպոս Աւագեան ծնած է 1979 թուականին՝ Արագածոտնի մարզի Օշական գիւղը: Դպրոցական կրթութիւնը ստացած է Օշականի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» դպրոցին մէջ:

1996-2002 թուականներուն ուսանած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանին մէջ:

2001 թուականի դեկտեմբերի 25-ին՝ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի տօնին, ձեռամբ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Աջապահեանի, Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած է սարկաւագ:

2002 թուականին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ աշխատանքի նշանակուած է Մայր Տաճարին մէջ, որպէս լուսարար:

2002 թուականի դեկտեմբերի 10-էն մինչեւ 2003 թուականի փետրուարի 10-ը աշխատած է իբրեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչակազմակերպչական գործերու կառավարչի գործավար-քարտուղար, Մայր Աթոռին մէջ եղած է նաեւ պարէտ:

2003 թուականին պաշտպանած է աւարտաճառ՝ «Համատեսական Աւետարաններու արեւելահայերէն թարգմանութեան դարձուածային միաւորները» նիւթով:

2003 թուականի օգոստոսի 31-ին՝ Գիւտ Գոտւոյ Ս. Աստուածածնի տօնին օրը, ձեռամբ Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ:

2005 թուականի դեկտեմբերի 9-ին նշանակուած է Աբխազիայի հոգեւոր հովիւ:

2006 թուականի ապրիլի 28-ին վերադարձած է Հայաստան եւ կրկին ծառայութեան անցած՝ Մայր Աթոռի մէջ, որպէս պարետ, եղած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մկրտարանի տեսուչ:

2007-2013 թուականներու միջեւ եղած է Սուրբ Խոր Վիրապ վանքի վանահայր:

2013 թուականին պաշտպանած է վարդապետական թեզ՝ «Թաղման ծէսը ըստ ձեռագիր եւ տպագիր «Մաշտոցներու» ԺԶ.-ԺԸ. դարեր եւ ժողովրդական սովորութիւնները» նիւթով: Նոյն թուականի հոկտեմբերի 11-ին, ձեռամբ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Աջապահեանի, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ ստացած է մասնաւոր վարդապետական աստիճան:

2013 թուականի նոյեմբերի 1-ին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ ծառայութեան նշանակուած է Իրաքի հայոց թեմէն ներս:

2014 թուականին ծառայութեան անցած է Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանին մէջ՝ որպէս աւագ վերակացու եւ դասախօս:

2015-ին նշանակուած է Արթիկի թեմի առաջնորդական տեղապահ:

Տ. Նարեկ Եպիսկոպոս Աւագեան եպիսկոպոսական ձեռնադրութենէն վերջ առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:

*

-Սրբազան Հայր, ի՞նչ զգացումներով համակուած էք, երբ ձեռնադրուելէ, վերաօծուած Մայր Տաճարին մէջ պատարագ մատուցելէ ետք վերադարձաք թեմ, ուր ձեզ դիմաւորեցին հաւատացեալները:

-Իմ զգացումները որքան ուրախալի են, նոյնքան ալ պատասխանատուութեան զգացում կայ, որովհետեւ արժանանալ եպիսկոպոսական աստիճանի՝ կը նշանակէ աւելի շատ աշխատել, աշխատիլ աւելի նախանձախնդիր, աւելի ուշադիր կերպով: Եւ կրկնակի երջանիկ կը զգամ, որ Մայր Տաճարի վերաբացումէն յետոյ առաջին ձեռնադրուողներն էինք, ուրեմն եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ուրախութիւնը կայ եւ Մայր Տաճարի վերաբացումի, նոր միւռոնի ուրախութիւնը…

Այս բոլոր զգացումները այնքան յախուռն ու փոթորկուն էին մեր ներսը, որ յաճախ դժուար էր մեզի համար միտքերը թեւածումէն հաւաքել եւ արտայայտուիլ, ուստի, խօսիլ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան կամ պարտականութեան մասին, չեմ կարծեր, թէ ոեւէ հոգեւորական կը կարողանայ լիարժէք ձեւով ներկայացնել: Դժուար է բացատրել զգացումներս, առաւել եւս, որ հոն կար ուխտագիր, զայն երբ կը կարդաս, կը ստորագրես, կրկին ուխտ կը կնքես Աստուծոյ հետ, դարձեալ մեծ բեռ յանձն կ՚առնես: Բայց նաեւ լիայոյս կ՚ըլլաս, որ Սուրբ Հոգիի զօրակցութիւնն ու իմաստութիւնը միշտ օգնական կ՚ըլլան՝ կարենալ յաղթահարելու համար այդ բոլոր դժուարութիւնները, առաւել եւս, երբ Սուրբ Գիրքը մեզի կ՚ըսէ, թէ որու որ շատ կը տրուի, անկէ շատ կը պահանջուի: Ուրեմն, այդ շատ պահանջուելու համար ալ, տրամաբանական է, որ մենք, արդէն, որպէս եպիսկոպոս, պէտք է շատ աշխատինք:

-Ի՞նչ բան ամենաշատը կ՚օգնէ ձեզի՝ ձեր ծառայութեան մէջ:

-Արթիկի թեմին մէջ ինծի կ՚օգնէ ժողովուրդին վերաբերմունքը, եկեղեցիներու մէջ պատարագի ժամերգութեան ժամանակ անոնց ներկայութիւնը, երբ արդէն կը սկսինք մտածել, թէ մէկ նշխարը քիչ է պատարագին ժամանակ, ուրեմն, հաւատացեալներու թիւը կ՚ակելնայ։

-Ժողովուրդի՝ եկեղեցի յաճախելու առումով երբ ստանձնած էք թեմը, ի՞նչ վիճակ էր:

-Ինը տարիէ ի վեր ես առաջնորդ եմ, ամէն տարի երբ ամփոփումներ կ՚ընենք, Փառք Աստուծոյ, միշտ յառաջընթաց կ՚արձանագրենք՝ նախորդ տարուան համեմատ: Իմ սկզբունքս հետեւեալն է՝ գերազանցել որեւէ մէկը՝ աւելի դիւրին է, քան՝ գերազանցել ինքզինքիդ: Իմ նշաձողը այն է, որ ամէն տարի ես ինքզինքիս գերազանցեմ։ Փառք Աստուծոյ, ինն տարուան համեմատականին մէջ, երբ կը դիտարկենք ձեռքբերումները, նաեւ թիւերու տեսքով, աճ կը տեսնենք: Ուրեմն, ես ինն տարի այդ սկզբունքին հաւատարիմ կը ծառայեմ՝ ես զիս գերազանցելով:

-Բայց, այնումենայնիւ, ըլլալու են խնդիրներ, որոնց առջեւ կեցած է թեմը, ինչե՞ր են անոնք:

-Իւրաքանչիւր թեմ, իւրաքանչիւր եկեղեցի կամ ոեւէ հոգեւորական կեցած է մարտահրաւէրներու առջեւ: Մենք ալ ունինքն մեր խնդիրները, մարտահրաւէրները, ըստ կարգի կը դիտարկենք առաջնային, երկրորդական խնդիրները եւ զանոնք լուծելու կը սկսինք: Իմ առաջին մարտահրաւէրը կամ մեծագոյն առաքելութիւնը, որ ես իմ առջեւ դրած եմ, այն է, որ Արթիկի խոնարհուած եկեղեցիները (մենք հոս քով քովի երկու եկեղեցի ունինք՝ 5-րդ եւ 7-րդ դարերու) նորոգել, նաեւ հնարաւորութեան պարագային, զուգահեռաբար, նորը կառուցել: Եւ արդէն, քանի մը տարուայ աշխատանքի արդիւնքին մենք այսօր ունինք Արթիկի 5-րդ դարու խոնարհուած եկեղեցիի նորոգման հաստատուած նախագիծ եւ ունինք այդ եկեղեցին նորոգելու դրամը: Այս մէկը, կարելի է ըսել, իմ առջեւ եղած մարտահրաւէրներէն առաջնայիններէն էր, որ, Փառք Աստուծոյ, մենք լուծելու ճամբուն մէջ ենք, նաեւ լիայոյս ենք, որ այս փոքրը կառուցելէ ետք կը կարողանանք մեծը կառուցել։ Այս մէկը, որպէս առաջնորդ, ինծի համար կ՚ըլլայ մեծագոյն երջանկութիւն: Եւ, ինչպէս, ըսի նոր եկեղեցի կառուցելու մասին, մենք անցեալ տարի արդէն սկսած ենք եւ հիմա բաւական բարձրացած է Արթիկի մէջ կառուցուելիք նոր եկեղեցին: Այն ալ ըսեմ, որ մենք մեր թեմի ամէն մէկ գիւղին մէջ ունինք եկեղեցի, չկայ գիւղ, ուր եկեղեցի չունենանք: Եւ այս տարիներու ընթացքին մենք քանի մը գիւղերու եկեղեցիներ ալ վերաօծեցինք։ Ըստ վիճակագրութեան, մենք այսօր Արթիկի թեմին մէջ ունինք աւելի շատ գործող եկեղեցի, քան՝ չգործող: Այս առումով Արթիկի թեմը առաջնային է կամ եզակի թեմ է, ուր խոնարհուած եկեղեցիները գործող եկեղեցիներէն քիչ են, նաեւ կան գիւղական որոշ եկեղեցիներ, որոնց նախագիծերը նոյնպէս կրցած ենք կատարել, հաստատուած են նախարարութեան կողմէ եւ հիմա կը սպասենք պատեհ առիթի, բարերարի, որպէսզի զանոնք նոյնպէս նորոգենք: Այսինքն, բարերարներու չենք սպասեր, որպէսզի սկսինք, այլ ճարտարապետական բաժինով եւ բոլոր կառոյցներով կը պատրաստենք խոնարհուած եկեղեցիներու նորոգման նախագիծերը եւ պատրաստ պահելով՝ երբ որ բարերարը գտնուի, անմիջապէս կը սկսինք նորոգումի:

-Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ինչո՞վ նշանաւորուցաւ ձեզի եւ ձեր օծակց եղբայրներուն համար:

-Ինչպէս ըսի՝ Մայր Տաճարի վերաօծումն էր, նոր միւռոնը, բայց նաեւ եղաւ հանգամանք մը, որ վերջին անգամ 1986 թուականին եղած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ընթացքին: Այդ մէկը Պոլսոյ Պատրիարքին ներկայութիւնն էր, որ մեզի համար ուրախութիւն էր եւ պատիւ, որովհետեւ պատրիարքի առընթերական ըլլալու բախտը բոլորին չի վիճակիր։ Ինծի համար կրկնակի ուրախութիւն ու պատիւ էր, քանի որ ես Պոլսոյ շատ սիրելի պատրիարքին հետ Մայր Աթոռի մէջ նոյն սենեակին մէջ մնացած եմ, երբ երկուքս ալ աբեղաներ էինք, մեր մտերմութիւնը այդ տարիներէն կու գայ: Եւ հոս ալ իմ զգացումներս նոյնպէս կրկնակի էին, որովհետեւ զիս ձեռնադրած է Պոլիսէն լուսահոգի Շահան Սրբազան Արք. Սվաճեանը: Ինչ-որ թելերով ես կարծես կապուած եմ Պոլսոյ հետ՝ աբեղայական ձեռնադրութիւն, եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն, երբ պատրիարքը ներկայ էր, ես կը կարծեմ, որ այս մէկը աստուածային նախախնամութիւն էր, ոչ թէ՝ պատահականութիւն, որ Սահակ Պատրիարքը եղաւ մեզի հետ վկայութիւն տուողը եւ մեր ուխտագիրը նաեւ ինք ստորագրեց որպէս վկայ: Այս մէկն ալ, որքան որ պատիւ է, նոյնքան պատասխանատուութիւն է, որպէսզի կարողանանք այնպէս ծառայել, որ երբեք ամօթով չձգենք բոլոր ներկայ եղողները եւ ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցին:

-Իսկ ի՞նչ խօսք կ՚ուղղէք պոլսահայ համայնքին, որուն հետ ձեւով մը կապ կը զգաք:

-Միշտ դրական վերաբերուած ենք պոլսահայ համայնքին, միշտ ուսուցողական եղած է պոլսահայութեան ներդրումը, անոնց միասնականութիւնը, եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած ըլլալը: Անոնք կրցած են դժուարութիւններուն մէջ իմաստուն կերպով յաղթահարել այդ ամէնը՝ հաւատքի մէջ զօրաւոր մնալ, իրենց պատրիարքութեան աթոռին հաւատարիմ մնալ եւ ուր որ իրենք գացած են, միշտ համախումբ եղած են եկեղեցւոյ շուրջ: Կը մաղթենք՝ պոլսահայերուն, որ նոյն նախանձախնդրութեամբ, ամուր հաւատքով կամք ի բռի շարունակեն յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, որովհետեւ չկայ տեղ մը, որ դժուարութիւն չըլլայ: Ամէն տեղ իր դժուարութիւնը ունի եւ ամէն դարաշրջան այդ դժուարութիւնները իւրովի կերպով կը հրամցնէ մեզի, բայց կառչած մնալով հաւատքին եւ ինչպէս իրենք կը սիրեն ըսել՝ մնալ ի ծոց եկեղեցւոյ, այս ամէնը հնարաւոր է յաղթահարել, առաւել եւս՝ նման պատրիարք ունենալու պարագային:

-Եւս հինգ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցան ձեզի հետ, իսկ անոնց ի՞նչ խօսք կ՚ուղղէք:

-Մենք անոնց հետ կրկնակի եղբայրացանք, որովհետեւ եթէ մինչ այդ նոյն ուխտի զաւակ էինք, հիմա դարձանք նաեւ օծակից եղբայրներ, մենք այս մասին արդէն խօսած ենք եղբայրներով:

Կը մաղթեմ այն, ինչ որ մէկս միւսին մը մաղթէ՝ իմաստութիւն, նախանձախնդրութիւն եւ երբեք չյուսահատիլ՝ յուսալ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, որովհետեւ, ինչպէս Սաղմոսը կ՚ըսէ՝ «Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր»: Եթէ մենք յոյս ունինք Աստուծոյ հանդէպ, եթէ մենք հաւատք ունինք, եթէ մենք սէր ունինք մեր նմանին հանդէպ, ուրեմն, բոլոր դժուարութիւնները կը յաղթահարենք եւ այդ բոլորի արդիւնքին աստուածային նախախնամութիւնը կ՚աշխատի հոգիիդ մէջ, այսինքն մենք կ՚ունենանք ինքնաճանաչողութիւն, որ մարդուն համար ամենէն կարեւորն է այս կեանքին մէջ: Դուն քեզ ճանչնալ՝ հասկնալու համար, թէ ո՞վ ես դուն եւ ի՞նչ կրնաս ընել: Իսկ դժուարութիւններ միշտ ալ ըլլալու են, որեւէ դժուարութիւն յաղթահարելէ յետոյ, ես միշտ կը մտածեմ, որ ասկէ աւելի մեծը պիտի ըլլայ եւ կը պատրաստուիմ աւելի մեծ, աւելի դժուար մարտահրաւէր յաղթահարելու: Իսկ այդ բոլորը հնարաւոր է հաւատքով, յոյսով եւ սիրով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024