ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԵՒ ԾԵՐԵՐԸ ԿՐՆԱ՞Ն ՄՆԱՅՈՒՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԵԼ
Ամենէն հին ժամանակներէն մինչեւ այսօր մարդոց համար միշտ կենսական եղած է ընկերոջ մը, կամ ընկերներու ներկայութիւնը: Փիլիսոփաներ, տեսաբաններ եւ ընկերաբաններ վաւերական-առարկայական տեսակէտներ արտայայտած են: Արուեստի մարզին մէջ բազմաթիւ ենթակայական կարծիքներ դրսեւորուած են բանաստեղծութեան, վէպի, երգի, գեղանկարի, պալէի, թատրոնի, շարժապատկերի տեսքով: Եթէ մօտիկ անցեալին բարեկամական կապեր հաստատելն ու պահելը շատ մեծ ջանքեր չէր պահանջեր, այսօր սակայն երեւոյթը այլ է:
Բրիտանական «Կարտիըն» թերթին մէջ վերջերս հրատարակուած յօդուածով մը, որ ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք, Փամելա Ռետմոնտ Սաթան շահեկան նշումներ կ՚ընէ մանաւանդ երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ բարեկամութեան հարցին:
Փամելա Ռետմոնտ Սաթան հեղինակն է «Նիւ Եորք Թայմզ»ի հրատարակած պեսթ սելըրին՝ «Աւելի երիտասարդ», որ այժմ պատկերասփիւռային հաղորդաշար է: Ան նաեւ հրատարակած է 20 գիրքեր, ստեղծած է 6 միլիոն այցելու ունեցող Nameberry.com կայքը: Observer եւ Glamour թերթերու յօդուածագիր է եւ մայր՝ երեք չափահասներու: Կը բնակի Լոս Անճելըս:
Ըստ Դիմատետրի իմ ընկերներուս պատրաստած անպաշտօն ուսումնասիրութեան, կան բազմաթիւ անձեր, որոնց բարեկամներուն տարիքները կը տարբերի 5-90-ի միջեւ:
«Իմ ամենէն տարիքոտ ընկերս 91, իսկ ամենէն երիտասարդը՝ 5 տարեկան է», կը զեկուցէ բարեկամ մը: Այլ բարեկամ մը կը գրէ. «Իմ ամենէն ծեր ընկերներս բոլորն ալ շատոնց մահացած են, իսկ ամենէն երիտասարդները տակաւին չեն ծնած»:
Արագ ակնարկ մը նետելով իմ ընկերներուս առցանց նկարներուն՝ նշմարեցի, որ հաւաքոյթներու, ընթրիքներու եւ պտոյտներու ընթացքին, անոնք նստած կամ կանգնած են գրեթէ իրենց տարեկիցներու, այլ ոչ թէ պատանիներու կամ ուսանողներու կողքին:
Շատ հաճելի է շուրջդ ունենալ ընկերներ, որոնք տարբեր են քեզմէ. օրինակ՝ Էլիոթ-ET, Հարոլտ-Մոտ: Թէեւ միշտ կը մտածեմ, թէ երիտասարդները եւ ծերերը իսկապէս կրնա՞ն ընկերներ ըլլալ:
Առաջին հարցումը թերեւս պէտք է ըլլայ. ի՞նչ կը նշանակէ ընկեր: Արդեօք ընկերները մարդիկ ե՞ն, որոնց հետ պարբերաբար կ՚ընթրես, կեանքիդ հիմնական դէպքերը պատմելու: Կամ մարդիկ՝ քննարկելու համար ամենէն անձնական, չբացայայտուելիք հարցերը: Թերեւս՝ երկուքն ալ, բայց ես վստահ եմ, որ տարիքով մեզմէ շատ աւելի փոքր եւ մեծ ընկերներու կը պատմենք մեր պտոյտներուն մասին, մինչ մեր կեանքի անմաքուր մանրամասնութիւնները կը բացայայտենք գլխաւորաբար մեր տարեկիցներուն: Հաւանաբար, որովհետեւ մեր տարիքի անձեր նոյն այդ հարցերը կը դիմագրաւեն եւ մեզի կը թուի, թէ աւելի կը հասկնան, քան՝ մեզմէ քանի մը տասնամեակ աւելի տարեցներ, որոնք մեր ծնողքին նման կը զգան, մինչ շատ աւելի նուազ տարիք ունեցող ընկերներն ալ կրնան մեր երախաները նկատուիլ: Ուրեմն իսկական մտերմութեան դժուարութիւն մը կայ:
«Իսկապէս աւելի կարեւոր է տարբեր տարիքի ընկերներ ունենալս, քան իմ երկու ուղղութիւններով ընթանալս, մասամբ աշխատանքիս բերումով», կ՚ըսէ Փեկի Օռնշթէյն, որ հեղինակն է «Դպրոցական աղջիկներ» նորարարական վաւերագրական գիրքին, իսկ այժմ կը գրէ նոր գիրք մը՝ «Աղջիկներ եւ սեռային կեանք»:
«Ես միշտ հարցազրոյցներ կ՚ունենամ ինձմէ աւելի երիտասարդ աղջիկներու հետ (սկիզբը 10-15, իսկ այժմ՝ 30 տարի աւելի փոքր) եւ ինծի համար շատ կարեւոր է ունենալ աւելի տարեց ընկերուհիներ, որոնց կեանքերը մօրմէս աւելի՝ իմ կեանքիս նման են», կ՚ըսէ ան:
Հակառակ տարիքային բազմաբնոյթ բարեկամութիւններ մշակելու գիտակից ջանքերուն՝ տիկին Օռնշթէյն կ՚ըսէ. «Իմ ընկերներուս մեծամասնութիւնը 7 տարի մեծ կամ փոքր է ինձմէ, եւ ես կը կարծեմ, թէ իմ տարիքս 45-55-ի միջեւ է»:
Իմ մտերիմ ընկերներս ալ ընդհանրապէս ինծի տարեկից են, յատկապէս՝ աւելի երիտասարդ կողմը: Բայց արդեօք «Իմ տարիքս» արտայայտութիւնը կը նշանակէ՞ իմ կենսաբանական տարիքս, կամ տարիքը, որ կը համապատասխանէ կեանքի մէջ իմ կեցուածքիս, դիրքիս: Ես չափահաս զաւակներ եւ 35 տարուան աշխատանքի ասպարէզ ունիմ, որոնք զիս հանգստեան կոչող եւ թոռնիկներու հետ զբաղող մարդոց տարեկից կը դարձնէ: Բայց ես վէպեր սկսայ հրատարակել միայն 10 տարի առաջ: Ասիկա կը նշանակէ, թէ ես ասպարէզի ժամանակակիցն եմ 40-50 տարեկան մարդոց, եւ ես նաեւ կը վարեմ կեանք մը, որ նոյնիսկ աւելի երիտասարդ կը դարձնէ զիս:
Ապա՝ ես վերջերս ամուսնալուծուեցայ եւ տեղափոխուեցայ Լոս Անճելըս, ուր սկսայ պատկերասփիւռային հաղորդաշարերու համար կատակերգական նիւթեր գրել: Ուրեմն այժմ 23 տարեկան եմ: Շատ կարծր 23-ամեայ…
Ասոնք բոլորը շփոթեցնող կը դառնան նոր ընկերներ գտնելու համար, եւ ես այս առումով նախանձելի վիճակի մը մէջ չեմ: Ինծի բառացիօրէն տարեկից մարդիկ արդէն բաւարար թիւով ընկերներ ունին, եւ եթէ նոյնիսկ պատրաստակամ ըլլան այդ խումբին մէջ զիս տեղ մը թխմելու, անոնք ամբողջովին այլ կենսակերպ ունին: Ժամանակին իմ ապրած կեանքիս նման բան մը. ամուսին, տուն, ընտանիք, ազգականներ, դրացիներու հետ ամէն շաբաթ ընթրիք, դպրոցներու եւ մանկամսուրներու մէջ թոռնիկներ ունեցող ընկերներ:
Այսպէս կոչուած նոր ընկերներու շուկային մէջ իմ հանդիպած անձերս կը թուին, թէ 30 տարեկան են: Չեմ գիտեր, անոնք թերեւս 38, կամ ալ 26 տարեկան են: Անկեղծօրէն չեմ գիտեր: Անոնք բոլորն ալ ինծի երիտասարդ կը թուին, այնպէս՝ ինչպէս 40-էն վեր տարիք ունեցողները ծեր կը թուէին:
Ես կ՚ուզեմ ընկեր ըլլալ այս երիտասարդներուն, որոնք ընդհանրապէս եռանդուն եւ լաւատես են: Անոնց կեանքին մէջ կ՚արտացոլայ իմս: Բայց մտահոգ եմ, որ անոնք իսկապէս չեն ուզեր իմ ընկերներս ըլլալ: Ասիկա հաւանաբար անոր համար, որ երբ ես 30 տարեկան էի, չէի ուզեր ինձմէ աւելի տարիքոտ ընկերներ ունենալ:
Տասնամեակներ ետք ես կ՚ամչնամ տարիքի մեծամը-տութեանս, չտեսութեանս համար, երբ ինձմէ վանեցի բարեկամական մերձեցումը տարեց (հաւանաբար 50-ոց) գործարար կնոջ մը, որուն շնորհիւ ես աշխատանքի կոչուեցայ «Կլեմըր» ամսաթերթին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ դրացի ամուսնացած զոյգ մը, որոնք շատ ազնուօրէն իմ երիտասարդ ընտանիքս բարի գալուստի ընթրիքի մը հրաւիրեցին, երբ մենք նոր տեղափոխուեցանք Լոնտոն: Վստահաբար ես անոնց հանդէպ քաղաքավար էի, բայց չփոխադարձեցի անոնց հրաւէրը եւ խուսափեցայ հաղորդակցելէ:
Իմ մասիս կրնամ ըսել, որ աւելի հաճելի անձ մըն եմ, աւելի եռանդուն երիտասարդ, քան այդ մարդիկն էին, բայց ասիկա ամբողջովին յիմարութիւն է:
Տարեցի եւ երիտասարդի միջեւ բարեկամութեան կեդրոնին միշտ կայ ծնողական տարր մը, որ անհանգիստ կը դարձնէր բարեկամութիւնը այդ օրերուն, եւ այժմ զիս կ՚անհանգստացնէ միւս կողմը: Ես կ՚ուզեմ իմ երիտասարդ ընկերներուս արհեստավարժ խորհուրդներ տալ, անոնց քափուչինօ հրամցնել, գրկել անոնց երախաները: Որոշ առումով ես այնպէս կը զգամ, որ ասոնք պէտք է ընեմ, որպէսզի երիտասարդները մղուին իմ ընկերներս ըլլալու: Բայց միաժամանակ, յաճախ կը զգամ, որ մայր-երախայ, դաստիարակ-աշակերտ, մատուցող-ստացող ուժականութիւնը կը խոչընդոտէ իսկական բարեկամութիւնը, տարիքային բաժանման գիծին՝ ո՛ր կողմին վրայ ալ նստած ըլլաս:
Իմ նոր ընկերս՝ Քորտելիա, տարիներ աշխատած է ժամանցի ներկայացումներու մարզին մէջ, իրմէ ընդհանրապէս քանի մը տասնամեակ աւելի երիտասարդ պաշտօնակիցներու հետ: Ան կ՚ըսէ, թէ յարաբերութիւնները յոգնեցուցիչ եղած են: «Աւելի երիտասարդ պաշտօնակից ընկերներ կ՚ուզեն, որ դուն զիրենք ներկայացնես այդ մարզի պատասխանատու ծանօթներուդ, իրենց ասպարէզներուն մեծ թափ տաս, ճաշի հրաւիրես: Բայց յաճախ չեն երազեր փոխադարձելու մասին, կամ նոյնիսկ՝ մխիթարելու, քաջալերելու քեզ, երբ իրենց ասպարէզը կը ծաղկի, մինչ քուկդ տեղքայլի մէջ է»:
Ամենէն փայլուն ընկերները անոնք են, որոնք այնպէս կ՚ընեն, որ դուն քեզ շատ լաւ զգաս, եւ ասիկա շատ դիւրաւ կը կատարուի քեզի նման մարդոց հետ: Արուարձաններու ամենէն հրապուրիչ (եւ յիմարացնող) գործօններէն մէկը այն է, որ բոլոր չափահասներուն, որոնց կը հանդիպիս, միջին տարիքի են, ամուսնացած, բնակարաններու սեփականատէր ծնողներ: Անշուշտ կան միասեռական զոյգը, իսլամ զոյգը, խառն ամուսնութիւնները, բայց խորքին մէջ այս մարդոց մեծամասնութիւնը քեզի կը յիշեցնէ քու անցեալդ, մանաւանդ՝ անյիշարժան եղելութիւններ:
«Տարիքը այլ գործօն մըն է, որ այս ձեւով կ՚ազդէ բարեկամութեան վրայ», կը գրէ նոր ընկեր մը՝ Տանիէլ, որ 34 տարեկան է, այսինքն՝ երկու առաւել տարի փոքր ինձմէ:
«Դուն այս բարեկամական ցնորքին, պղպջակին մէջն ես այլ անձերու հետ, որոնք համալսանաւարտ են, միջին դասակարգի մարդիկ, որոնք կը սիրեն Ճոն Սթիուըրտը, որոնք նորարարական արուեստի յաւակնոտութիւններ ունին, սակայն վայրի եւ խենթ չեն, բայց, օ՜հ, Փրուստ կը կարդան: Երբ դուն լքես այդ պղպջակը, դուն քու սեփական տարբերութիւններդ կը զգաս ձեւով մը, որ միշտ դրական չէ: Թէեւ տարբեր սերունդներու միջեւ բարեկամութիւնը իր դրական կողմերը ունի: Երբ մօրս հետ կը խօսիմ, ան կ՚ուզէ, որ ընկերոջ մը պէս ըլլամ, բայց շատ դատողութիւններ կ՚ընէ, վճիռներ կ՚արձակէ: Բայց երբ քեզի հետ կը խօսիմ, կը յայտնեմ բնական բաներ, որոնք կ՚ուզեմ յայտնել ընկերոջ մը, եւ ասիկա շատ լաւ է», կ՚ըսէ Տանիէլ:
Համաձայն եմ: Քու ցնորքդ լքելով եւ տարիքի բաժանման գիծին հասնելով՝ դուն ընդունելի կը դառնաս մարդոց, որոնք քեզ իբրեւ անհատ մը կը տեսնեն, այլ ոչ թէ՝ իրենց հայելին:
Տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ բարեկամութեան դիմաց կրնան առաւել բնական պատնէշներ ըլլալ, սակայն երբ այդ պատնէշները փուլ կու գան, յաւելեալ գոհացում կը պարգեւեն:
«Իմ երիտասարդ ընկերներս նոյնիսկ երբ աւելի փոքր էին, շուրջ 20 տարեկան, ես կեանքիս հանդէպ աւելի շրջահայեաց էի: Կը զգայի, որ այդ տարիքի ընկերներու հետ անպատշաճ է չափազանց բաց, անկեղծ ըլլալը, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ըլլայի տարեկիցներուս հետ: Բայց երբ անոնք իրենց ուսումը աւարտելով՝ չափահասներու աշխարհը մտնեն, ես գիտակցաբար կը ձգեմ, որ պատնէշը փուլ գայ», կ՚ըսէ Փեկի Օռնշթէյն:
Երբ ես այս յօդուածը գրելով զբաղած էի, հեռաձայնս հնչեց : 93-ամեայ իմ… ընկերուհիս էր… ճի՞շդ է այդպէս անուանելը: Ո՛չ, բայց չեմ ալ գիտեր՝ ի՛նչ անուանել: Մեզի դրացի մանկութեան ընկերոջ մը մայրը, Մերին, որուն վերջին անգամ հանդիպած եմ ութերորդ դասարանին: Ան նոյնիսկ լաւ չէր յիշեր զիս, կամ ընտանիքս: Ան պարզապէս կ՚ուզեր վերյիշել քանի մը մօտիկ դրացիներ, անոնց տուները, մեր փողոցը:
Պէ՞տք է իրմէ խնդրեմ իմ նոր գիրքիս վաճառքին աջակցութիւն, կամ նոյնիսկ մայրական համակրանք: Ո՛չ: Երջանի՞կ եմ, որ ան մեր տարօրինակ բարեկամութիւնը կը հրահրէ. բացարձակապէ՛ս:
Երբ կ՚աւարտէինք հեռաձայնային մեր զրոյցը, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ինծի՝ իրեն հետ խօսելուս համար:
«Դուն զիս իմ երիտասարդութեանս վերադարձուցիր», ըսաւ ան յուզումնախառն ձայնով մը՝ զիս ետ տանելով ի՛մ երիտասարդութեանս:
Հիմա, միայն գիտնամ, թէ անոր նկարը ինչպէ՞ս կրնամ տեղադրել իմ հեռաձայնիս վրայ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ