ԱՆԴՈՐՐ ՈՒ ԽԱՂԱՂ ԿԵԱՆՔ

Վա­նա­ձո­րի Տա­րեց­նե­րու տու­նը Վա­նա­ձոր քա­ղա­քէն քիչ մը դուրս վայ­րի մը մէջ է՝ ան­տա­ռը, գե­տի ա­փին: Դէ­պի Տա­րեց­նե­րու տուն տա­նող ճամ­բան ինք­նա­շար­ժը կը յաղ­թա­հա­րէ դիւ­րու­թեամբ, մեզ ու­ղեկ­ցող­նե­րը կ՚ը­սեն, որ ճամ­բան ա­հա­ւոր վատ վի­ճա­կի մէջ էր մին­չեւ այս տա­րուան Օ­գոս­տո­սը եւ միայն Տա­րեց­նե­րու տան բա­րե­րար­նե­րուն շնոր­հիւ հնա­րա­ւոր ե­ղած է բա­րե­կար­գել եւ ա­մառ թէ ձմեռ դիւ­րու­թեամբ հաս­նիլ այն կեդ­րո­նը, ուր օ­րուան զա­նա­զան ժա­մե­րուն մշտա­պէս հիւ­րե­րու եւ այ­ցե­լու­նե­րու կը սպա­սեն յի­սուն­մէկ տա­րեց­ներ: Ճա­կա­տա­գի­րը զա­նոնք հա­մախմ­բած է մէկ եր­դի­քի ներ­քոյ, ուր տա­քուկ ու ջերմ մի­ջա­վայ­րի մէջ զա­նոնք կը խնա­մեն Տա­րեց­նե­րու տան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, շուրջ քսա­նեօթ աշ­խա­տող, ո­րոնք հեր­թա­փո­խա­բար շուր­ջօ­րեայ աշ­խա­տանք կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն այս կեդ­րո­նին մէջ:

 Այս վայ­րին մէջ միայն մեծ սիրտ, համ­բե­րու­թիւն, հո­գա­տա­րու­թիւն եւ սրտցա­ւու­թիւն ու­նե­ցող մար­դը կրնայ աշ­խա­տիլ եւ ժպի­տը դէմ­քին օ­րուան բո­լոր ժա­մե­րուն դի­մա­ւո­րել տա­րեց­նե­րը, ո­րոնց­մէ ա­մէն մէ­կը իր խնդի­րը, ցա­ւը, հոգ­ը, հի­ւան­դու­թիւ­նը կամ ալ՝ ու­րա­խու­թիւ­նը ու­նի: Տա­րի­քը ա­ռած մար­դիկ այս վայ­րին մէջ կը զգան այն­պէս, ինչ­պէս ի­րենց տա­ն մէջ։ Պայ­ման­ներ ստեղծուած են ո՛չ թէ պարզ ըն­կալ­մամբ ծե­րա­նո­ցի, այլ՝ խա­ղաղ ու հան­գիստ վայ­րի հա­մար, ուր քով-քո­վի հաշտ կը բնա­կին Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան վայ­րե­րէն ե­կած տա­րեց­նե­րը, ո­րոնք ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով միայ­նակ մնա­ցած են եւ խնամ­քի ու հո­գա­տա­րու­թեան կա­րիք ու­նին:

Վա­նա­ձո­րի Տա­րեց­նե­րու տու­նը իր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ ա­ռած է Հայ օգ­նու­թեան ֆոն­տը (ՀՕՖ): Ծա­նօթ դաշ­նա­կա­հար, ե­րաժշ­տա­հան Շա­հան Արծ­րու­նին է այս հաս­տա­տու­թեան հիմ­նա­կան հո­վա­նա­ւո­րը, ՀՕՖ-ը Տա­րեց­նե­րու տա­ն նաեւ փոք­րիկ այլ հան­գա­նա­կու­թիւն­ներ կը յատ­կաց­նէ, հո­գա­ծու­թեան բա­ժին մը ու­նի նաեւ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւ­նը:

Այ­ցե­լե­լով Վա­նա­ձո­րի Տա­րեց­նե­րու տուն՝ մենք տե­սանք տա­րեց մար­դոց կեան­քը՝ շրջա­պա­տուած հո­գա­տար խնա­մա­կալ­նե­րով եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րով: Աշ­նան վեր­ջին օ­րերն էին, եւ հե­ռա­ցող ա­րե­ւու շո­ղին տակ տա­րեց­նե­րը կը զբօս­նէին բա­կը, կը դի­տէին տե­րե­ւա­թա­փուող ծա­ռե­րը եւ աշ­նան ա­րե­ւու հե­ռա­ցող շո­ղե­րը քիչ մը տխրու­թիւն կը պատ­ճա­ռէին ա­նոնց: Շու­տով ձմեռ է, եւ Տա­րեց­նե­րու տունն ալ, կ­­՚ա­պա­հո­վէ իր ձմե­ռնա­յին պայ­ման­նե­րը, քա­նի որ Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սա­յին այս վայ­րին մէջ ձմե­ռը ա­ւե­լի խստա­շունչ կ՚ըլ­լայ:

Տա­րեց­նե­րու տան տնօ­րէն Մա­նու­շակ Օ­հա­նեա­ն տա­րեց­նե­րու ա­մե­նէն հո­գա­տար բա­րե­կա­մը դար­ձած է, ա­նոր օգ­նա­կան­նե­րը, միւս աշ­խա­տող­նե­րը նոյն­պէս հա­ղոր­դա­կից են այս­տեղ բնա­կող մար­դոց հոգ­ե­րուն: Մա­նու­շակ Օ­հա­նեան 2002 թուա­կա­նէն ի վեր կ՚աշ­խա­տի Վա­նա­ձո­րի Տա­րեց­նե­րու տու­նին մէջ, սկիզ­բը, իբ­րեւ հա­շուա­կալ աշ­խա­տած է, իսկ յե­տոյ ար­դէն, մաս­նակ­ցե­լով տնօ­րէ­նի հա­մար յայ­տա­րա­րուած մրցոյ­թին, այ­սօր բո­լո­րի կող­մէ սի­րուած եւ ըն­դունուած տնօ­րէն է: Ան սի­րով պա­տաս­խա­նեց ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հար­ցում­նե­րուն:

-Տա­րուան այս շրջա­նին ինչ­պի­սի՞ն է Տա­րեց­նե­րու տան կեան­քը:

-Մեր ա­ռօ­րէա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ ենք, ինչ­պէս բո­լոր ա­միս­նե­րուն, ե­ղա­նակ­նե­րուն: Հի­մա ա­շուն է եւ աշ­նա­ն, բնա­կա­նա­բար, քիչ մը տխուր կ՚ըլ­լանք, երբ ցուր­տե­րը սկսին, բայց հիմ­նա­կա­նը աշ­խու­ժու­թիւն կը տի­րէ մեր կեդ­րո­նին մէջ: Հիւ­րե­րու պա­կաս չենք զգար, միշտ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր կ՚ու­նե­նանք, կը սպա­սենք ա­նոնց: Մա­նա­ւանդ, ճա­նա­պար­հը նո­րո­գե­լէ ետք շատ դիւ­րին ե­ղաւ քա­ղա­քի հետ կապ պա­հե­լը, կ՚եր­թան, կու գան, ի­րենք՝ տա­րեց­ներն ալ դուրս կու գան շէն­քէն, տա­րած­քէն, կ՚եր­թան, կը զբօս­նուն, կը վե­րա­դառ­նան:

-Բնա­կիչ­նե­րու մեծ մա­սը կար­ծես այր մար­դիկ են, մի՞շտ այդ­պէս ե­ղած է:

-Ա­յո՛, թե­րեւս այն պատ­ճա­ռով, որ այր մար­դիկ ա­ւե­լի շատ կա­րիք ու­նին խնամ­քի, քան թէ՝ կի­նե­րը: Կի­նե­րը ձե­ւով մը ի­րենց հար­ցե­րը կրնան լու­ծել: Այս պա­հուն գե­րակշ­ռո­ղը այր մար­դիկ են: Հիմ­նա­կա­նը՝ միայ­նակ տղա­մար­դիկ են:

Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան վայ­րե­րէն կու գան մեր մօտ, ոչ միայն՝ Վա­նա­ձո­րի եւ շրջա­նի բնա­կիչ­ներ են: Տա­րեց­ներ ու­նինք Նո­յեմ­բե­րեա­նէն, Կիւմ­րիէն, Սիւ­նի­քէն, Ար­մա­ւի­րէն: Հա­ւա­նա­բար, մար­դիկ, ի­րենց մի­ջա­վայ­րե­րուն մէջ խնդիր­ներ չու­նե­նան ը­սե­լով, հոս կու գան, նաեւ կու գան, կը ծա­նօ­թա­նան մեր կեդ­րո­նին, ա­ւե­լի լաւ կը գնա­հա­տեն մեր պայ­ման­նե­րը, քան՝ ու­նին միւս պե­տա­կան ծե­րա­նոց­նե­րու ու կ­­՚ընտ­րեն մեր կեդ­րո­նը: Ա­մէն մար­դու կը գրա­ւէ այս խա­ղա­ղու­թիւ­նը, այս հանգս­տու­թիւ­նը` բնու­թեան գիր­կին մէջ: Ան­շուշտ, կան տա­րեց­ներ, ո­րոնք կ՚ու­զեն քա­ղա­քի մէջ ըլ­լալ, բայց տա­րեց մար­դու հա­մար քա­ղա­քը պահ մը կու գայ, ձանձ­րա­լի կը թուի, մենք ալ, եր­բեմն մեր ծե­րե­րը քա­ղաք կը տա­նինք, ի­րենք կ՚ը­սեն, որ բան չկայ ը­նե­լու, ա­րագ կը ձանձ­րա­նան, դառ­նալ կ՚ու­զեն: Հոս ի­րենց օ­րը յա­գե­ցած կ՚ըլ­լայ, դպրոց­նե­րէն կու գան, կա­մա­ւոր­ներ կու գան, հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ կ՚այ­ցե­լեն, գրե­թէ ա­մէն շա­բաթ հիւ­րեր կ՚ըն­դու­նինք: Կու գան տա­րեց­նե­րուն հետ կը զբա­ղին, ի­րենց ա­ռօ­րեան կը կազ­մա­կեր­պեն: Մեր հոգ­ը քիչ մը թե­թեւ­նայ, քա­նի որ մենք մեր ա­ռօ­րեայ աշ­խա­տան­քին մէջ ա­նոնց հետ զբա­ղե­լու, զրու­ցե­լու շատ ժա­մա­նակ չու­նինք, բայց դուր­սէն ե­կող­նե­րը կ՚ը­նեն այդ մէ­կը:

Ծե­րե­րու ընտ­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րուի Ըն­կե­րա­յին ա­պա­հո­վու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջո­ցով, ո­րոշ պայ­ման­նե­րու պի­տի հա­մա­պա­տաս­խա­նէ տա­րեց մար­դը, որ­պէս­զի դառ­նայ մեր կեդ­րո­նին բնա­կի­չը:

-Դժուա՞ր է տնօ­րէ­նը ըլ­լալ հաս­տա­տու­թեան մը, ուր հա­ւա­ք­ուած են մար­դիկ, ո­րոնք ան­ցեա­լի յու­շե­րով կ՚ապ­րին, գրե­թէ չու­նին հա­րա­զատ­ներ եւ կեան­քի մայ­րա­մու­տին են:

-Դիւ­րին չէ, բայց քիչ մը վեր­լու­ծե­լով կը մօ­տե­նանք մեր աշ­խա­տան­քին: Ի­րենց պատ­մու­թիւն­նե­րը մտիկ կ՚ը­նենք, ճիշդ ու սխալ կ՚ը­նենք, կ՚ու­զենք հասկ­նալ զի­րենք, ձե­ւով մը մե­րը կը դառ­նան այդ պատ­մու­թիւն­նե­րը, հոգ­ե­րը: Հոս ա­մէն մարդ իր պատ­մու­թիւ­նը ու­նի, իր ճա­կա­տա­գի­րը ու­նի: Դուր­սէն ե­կող­նե­րը եր­բեմն կը տխրին այդ պատ­մու­թիւն­նե­րը լսե­լով, բայց յե­տոյ կը հա­մո­զուին, որ այս մար­դիկ, ա­յո, խնդիր­ներ ու­նե­ցած են, բայց հոս լքուած չեն, լիար­ժէք կ՚ապ­րին ի­րենց կեան­քը: Հա­սուն մար­դիկ են մեր բնա­կիչ­նե­րը, բայց մենք ի­րենց կը վե­րա­բե­րինք նման ե­րա­խա­նե­րու, ո­րոնք կրնան սխալ­ներ ալ ու­նե­նալ, թե­րա­ցում­ներ ալ ու­նե­նալ, պէտք է համ­բե­րա­տար ըլ­լալ եւ սի­րել զա­նոնք ու աշ­խա­տան­քը: Միայն այդ պա­րա­գա­յին ա­մէն դժուա­րու­թիւն կը յաղ­թա­հա­րուի:

-Քա­նի՞ տա­րիէ ի վեր այս հաս­տա­տու­թիւ­նը գո­յու­թիւն ու­նի եւ ին­չո՞վ կը տար­բե­րի Հա­յաս­տա­նի միւս նման հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն:

-1993 թուա­կա­նին հիմ­նուած է, ՀՕՖ-ին յանձ­նուած է 2002 թուա­կա­նին, իբ­րեւ հիմ­նադ­րամ կը գոր­ծէ 2008 թուա­կա­նէն ի վեր: Մինչ ՀՕՖ-ին յանձ­նու­լիը՝ ե­ղած է «Ազ­նա­ւու­րը Հա­յաս­տա­նի­ն» բա­րե­սի­րա­կան հիմ­նադ­րա­մի են­թա­կա­յու­թեան տակ: Այս շէն­քը խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն հանգս­տեան տուն ե­ղած է, նո­րո­գուած եւ յար­մա­րե­ցուած է տա­րեց­նե­րու բնա­կա­վայ­րի: Ես ինքս ՀՕՖ-ի մուտ­քի հետ ե­կած եմ այս կեդ­րոն, այն ժա­մա­նակ թուա­քա­նա­կը շատ քիչ էր, քսան­չորս ծեր ու­նէինք, այ­սօր կայ յի­սուն­մէկ հո­գի, բայց շէն­քը նա­խա­տե­սուած է յի­սուն­հինգ բնա­կի­չի հա­մար: Այս պա­հուն ու­նինք այլ դի­մորդ­ներ, կը սպա­սենք փաս­տա­թուղ­թե­րու ամ­բող­ջաց­ման, որ­պէս­զի ըն­դու­նինք զա­նոնք: Չեմ ը­սեր, որ մեր մօտ կան կա­տա­րեալ պայ­ման­ներ, բայց Հա­յաս­տա­նի նման հա­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ լա­ւա­գոյն­նե­րէն մէ­կը կը դի­տուի, թե­րեւս՝ ա­մե­նէն լա­ւը: Այդ մէ­կը նաեւ իր փոք­ր չա­փին շնոր­հիւ է, մեր սե­նեակ­նե­րուն մէջ եր­կու կամ ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը ե­րեք հո­գիով կը բնա­կին, իսկ 250-300 հո­գիի հա­մար նա­խա­տե­սուած են միւս ծե­րա­նոց­նե­րը, ուր պայ­ման­ներն ալ քիչ մը այլ են, սե­նեակ­նե­րու մէջ հինգ, վեց, եօթ հո­գիով կը բնա­կին, ին­չ որ կը դժուա­րաց­նէ աշ­խա­տան­քն ու պայ­ման­նե­րը: Թէեւ մենք ա­մէն տե­սա­կի ծե­րեր չենք ըն­դու­նիր, ծանր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րով, հո­գե­կան ա­ռող­ջու­թեան խնդիր­նե­րով մար­դիկ մեր քով չենք պա­հեր, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք միւս ծե­րե­րու լիար­ժէք կեան­քը, հան­գիս­տը ա­պա­հո­վել, ար­դէն այս մէ­կը մեզ տար­բեր կը դարձ­նէ միւս հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն: Դժուար է ծանր հի­ւան­դու­թիւ­նով, խնդիր­նե­րով մար­դը ա­ռող­ջին հետ պա­հել: Մեր նպա­տա­կը այն չէ, որ ա­մէն մարդ ըն­դու­նինք, փա­կենք սե­նեա­կի մէջ, մին­չեւ մա­հա­նա­լը: Մեր նպա­տա­կը այս մար­դոց կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րը լիար­ժէք ու ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քով ա­պա­հո­վելն է: Ցա­ւօք, Հա­յաս­տա­նի մէջ տա­րեց մար­դը ար­դէն հի­ւանդ կը նկա­տուի, բայց մենք կ՚ու­զենք կոտ­րել այդ մտայ­նու­թիւ­նը եւ բո­լոր տա­րեց մար­դի­կը չհա­մախմ­բել մէկ վայ­րի մէջ, իբ­րեւ հի­ւանդ­ներ: Մենք ու­նինք ծե­րեր, ո­րոնք կը կար­դան, կը հիւ­սեն, հա­գուստ­ներ կը գոր­ծեն, ու­նինք այլ զբա­ղում ու­նե­ցող­ներ, կեան­քի հան­դէպ հա­ւա­տով լե­ցուն մար­դիկ կան այս­տեղ: Մեր հաս­տա­տու­թիւ­նը լա­ւա­գոյն­նե­րէն մին կը նկա­տուի նաեւ իր հո­վա­նա­ւոր­նե­րու հա­մակ ու­շադ­րու­թեան շնոր­հիւ, միշտ կա­պի մէջ ենք, ո­րե­ւէ մէկ խնդրի պա­րա­գա­յին ան­մի­ջա­պէս մեր կող­քին կանգ­նած են:

-Իսկ ով­քե՞ր են այս մար­դոց հա­րա­զատ­նե­րը, ե­թէ կան՝ կ՚այ­ցե­լե՞ն ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ:

-Կան մար­դիկ, որ զա­ւակ­ներ ու­նին, հա­րա­զատ­ներ ու­նին, բայց այ­ցե­լու­թիւն­ներ գրե­թէ չկան, հա­րա­զատ­նե­րու մեծ մա­սը երկ­րէն դուրսն են: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ հա­րա­զատ­ներ չեն այ­ցե­լեր, ա­նոնք հոս լքուած չեն զգար, ո­րով­հե­տեւ այս­տեղ ի­րենց այն­քան բան կը տրուի՝ խնամ­քէն սկսեալ, մին­չեւ հո­գե­բա­նա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն, բժշկա­կան օգ­նու­թիւն, որ եր­բեմն նոյ­նիսկ չեն մտա­ծեր ի­րենց տան մա­սին։ Ի­րենք կը տօ­նեն բո­լոր տօ­նե­րը, այն­պէս ինչ­պէս ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ: Մօ­տա­լուտ է Կա­ղան­դը, եւ մեր հո­վա­նա­ւո­րը ա­ռա­ւել եւս հո­գա­ցած է, որ­պէս­զի Ա­մա­նո­րը լաւ պայ­ման­նե­րու մէջ տօ­նենք: Մենք ալ չենք զլա­նար, այն, ինչ որ կ՚ը­նենք մեր տու­նե­րուն մէջ, նոյ­նը կ՚ը­նենք այս­տեղ: Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­դու­նուած է Կա­ղան­դը Յու­նուա­րի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն տօ­նել, մենք ալ այս­տեղ ի­րենց հետ կ՚ան­ցը­նենք, որ­պէս­զի ի­նքզինք­նին ա­ռան­ձին չզգան տօ­նա­կան այդ օ­րե­րուն: Ա­մե­նէն կա­րե­ւոր հան­գա­ման­քը, որ կայ մեր կեդ­րո­նին մէջ, այն է, թէ մենք եր­բեք չենք բռնա­նար տա­րեց­նե­րու ա­ռօ­րեա­յին վրայ, ի­րենք ին­չ բա­նով որ կ­­՚ու­զեն, կը զբա­ղին, այն­պէս, ինչ­պէս ի­րենց տու­նին մէջ: Մարդ կայ՝ կ­­՚ու­զէ քնա­նալ, մարդ կայ՝ կ­­՚ու­զէ զբօս­նուլ, մենք չենք պար­տադ­րեր այս կամ այն բա­նը ը­նել, ի­րենք ա­զատ են: Հե­ռա­տե­սիլ­նե­ր կան, խա­ղե­ր կան, կը նստին, կը խօ­սին, պզտիկ հո­ղա­մաս մը ու­նինք, կը խնա­մեն, եր­բեմն խո­հա­նո­ցը կ՚օգ­նեն, բայց ծանր գոր­ծեր չեն կրնար ը­նել: Մենք բժիշկ ու­նինք, հաս­տա­տու­թիւ­նը ա­ռաջ­ին հեր­թին բժշկա­կան օգ­նու­թիւն ցոյց կու տայ հի­ւանդ­նե­րուն, իսկ հարկ ե­ղած պա­րա­գա­յին ալ հի­ւան­դա­նոց կը փո­խադ­րենք, բո­լո­րին հար­ցե­րը կը հո­գանք, մին­չեւ որ բու­ժուին ու կրկին կը բե­րենք հոս:

-Դուք, ըլ­լա­լով ե­րի­տա­սարդ, եւ տա­սէ ա­ւե­լի տա­րի­ներ աշ­խա­տե­լով ծե­րե­րուն հետ, ի՞նչ կա­րե­ւոր բան հաս­կ­­ցած էք այս աշ­խա­տան­քի մի­ջո­ցաւ:

-Դժուար է ծեր մար­դոց հետ աշ­խա­տիլ, բայց ա­սի­կա միակ վայրն է, ուր դուն կը ծա­ռա­յես մար­դուն: Երբ ես հոս կու գա­յի աշ­խա­տե­լու, կը վա­րա­նէի, չէի գի­տեր՝ ինչ­պէ՞ս պի­տի աշ­խա­տիմ ծե­րա­նո­ցը: Այ­սօր հասկ­ցած եմ, որ մեծ աշ­խա­տանք է այս մէ­կը, երբ օ­րուան ա­ւար­տին բա­ւա­րա­րուած կը զգաս, կը ստա­նաս ի­րենց օրհ­նու­թիւ­նը, վստա­հու­թիւ­նը, կը հասկ­նաս, որ տեղ մը հա­սած ես: Ան­շուշտ, հիաս­թա­փու­թեան պա­հեր ալ կ՚ըլ­լան, բայց շատ ա­րագ կը սթա­փուիմ, ի վեր­ջոյ, կը հասկ­նամ, որ ծե­րու­թիւ­նը ան­խու­սա­փե­լի բան մըն է, որ ա­մէն մար­դու կը սպա­սէ: Կ՚ու­զեմ ա­մէն մարդ ար­ժա­նա­պա­տիւ կեր­պով հաս­նի իր խոր ծե­րու­թեան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015