ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Որոշ երեւոյթներու նկատմամբ կանխակալ վերաբերմունք է նախապաշարումը, որ կ՚արտայայտուի մտածելակերպի եւ վարուելակերպի ներքեւ ամրագրուած ձեւերով։ Նախապաշարումները՝ ըլլալով որպէս հոգեբանութեան տարր, աստիճանաբար կը դառնան անհատական կամ հասարակական գիտակցութեան բաղադրամասը։ Ընկերային անհաւասարութեան մասին ուսումնասիրութիւնները, հասարակական հոգեբանութեան եւ գիտակցութեան գիտական վերլուծութիւնը եւ դաստիարակչական աշխատանքը պայմաններ կը ստեղծեն նախապաշարումներու վերացման համար։

Տասնամեակներէ ի վեր կ՚ուսումնասիրուի այն գաղափարը, թէ նախապաշարումները յառաջացած են ընկերային դասակարգումները պարզեցնելու անհրաժեշտութեան պատճառով։ Թոմաս Փեթերսոն եւ Լինտա Թրոփ կատարած են շուրջ 38 երկրէն մօտաւորապէս քառորդ միլիոն մարդոց մասնակցած 515 ուսումնասիրութիւններու վերլուծութիւն մը, որ հետամուտ է պարզել միջխմբային եւ արտախմբային շփման մէջ նախապաշարումներու ազդեցութիւնը։ Անոնք յանգած են այն եզրակացութեան, թէ միջխմբային շփումը կը նուազեցնէ նախապաշարումները՝ բարձրացնելով նաեւ արտաքին խումբի մասին գիտելիքները, հանդուրժողութիւնն ու հասկացութիւնը։ Խումբերը այսպէսով կ՚ունենան նաեւ ընդհանուր նպատակ։ Խումբերու միջեւ անհրաժեշտ են նաեւ շփման հնարաւորութիւններ եւ հաւասարութեան գաղափարը պէտք է գոյութիւն ունենայ բոլորի մօտ։

Փիլիսոփայ մը օգտագործեց հոգեվերլուծութիւնը՝ պարզելու համար, թէ ինչո՞ւ մարդիկ յաճախ անտեղեակ են իրենց սեփական նախապաշարումներուն: Իր իսկ յայտարարութիւններուն մէջ ան մանրամասն կը բացատրէ, թէ ինչպէս կարելի է անգիտակցաբար նախապաշարուած ըլլալ։ Պոխումցի փիլիսոփայ տքթ. Պէյթ Քրիքել հոգեվերլուծութեան միջոցաւ պարզած է, թէ ինչո՛ւ մարդիկ յաճախ չեն անդրադառնար իրենց սեփական նախապաշարումներուն։ Քրիքել միեւնոյն ժամանակ Պոխումի Ռուհր համալսարանի Փիլիսոփայութեան կաճառի գիտաշխատողներէն է, իր տեսութիւնը ներկայացուցած է «Philosophical Psychology» ամսագրի 2018 թուականի մայիսի 15-ի թիւին մէջ։

Յօդուածին մէջ ներկայացուած օրինակի մը համաձայն, սպիտակամորթ դասախօս մը ինքզինք կը նկարագրէ որպէս ազատական, հանդուրժողական աշխարհահայեացքով անհատ։ Ան կը հաստատէ, թէ անհեթեթ ու անհիմն է ենթադրել, որ տարբեր ցեղախումբէն մարդիկ ունին իմացութեան տարբեր մակարդակներ։ Այնուամենայնիւ, իր համոզումները կարծէք թէ կը հակասեն իր վարքագծին. օրինակ՝ ան կը զարմանայ, երբ իր դասախօսութեան ժամանակ սեւամորթ մը լաւ հարցում մը ուղղէ իրեն։ Այսինքն, անոր «պայծառամիտ» տպաւորութիւնն է, թէ սպիտակամորթ ուսանողները աւելի խելացի են։

Այս խնդրին հետամուտ հետազօտողներ կը մատնանշեն այն դէպքը, երբ ենթադրեալ տեսակէտ մը կը շեղի պայծառամիտ վարքագիծէն՝ որպէս քօղարկուած նախապաշարում։ Այս նախապաշարումները կարելի է յայտնաբերել որոշ հոգեբանական քննութիւններու միջոցաւ։ Տքթ. Քրիքել յայտնած է, որ ընկերային հոգեբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ոլորտներէն ներս կը շարունակուին բանավէճեր այն մասին, թէ արդեօք նման քննութիւններով չափուած նախապաշարումները անգիտակցաբա՞ր են, թէ ոչ։ Հակառակ իրենց նախապաշարումներուն, մարդոց արտայայտած ազատական եւ հանդուրժողական կարծիքները կը վկայեն «անգիտակցաբար»ի մասին։ Մինչդեռ անցեալի փորձնական (empiric) ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ հետազօտութեան մասնակիցները կը կարողանան որոշ պայմաններու տակ ճանչնալ իրենց կանխակալութիւնները։ «Բաւական հետաքրքրական է, որ այդ մասնակիցները յաճախ կը զարմանան եւ նոյնիսկ կը ցնցուին, երբ կ՚անդրադառնան իրենց նախապաշարումներուն», կ՚ըսէ Քրիքել, որ այս տուեալները բացայայտելու համար օգտագործած է հոգեվերլուծութիւնը։

Տքթ. Քրիքելի հետազօտութեան արդիւնքին պարզուած է, թէ ենթադրական օրինակին մէջ նշուած դասախօսը կը ճնշէ իր իսկ զգացումները, քանի որ անոնք չեն համապատասխաներ իր ինքնակերպարին։ Արդիւնքին, ան անտեղեակ կ՚ըլլայ իր նախապաշարումներուն։ «Փիլիսոփայութեան գործառոյթը, նախ եւ առաջ, խոր վերլուծութիւն կատարելն է, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ է ճնշումը», կ՚ըսէ տքթ. Քրիքել։ Հիմնուելով գիտակցութեան փիլիսոփայական տեսութիւններու վրայ՝ կը յառաջանայ համապատասխան օրինաչափութիւն, երբ յայտնաբերուի, թէ ճնշումը ակնյայտ փոփոխութիւն է, որ տարիներու ընթացքին կը դառնայ սովորական։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024