ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Սիրոյ մասին պատմութիւնները օրինակներ կու տան, թէ ինչպէս կրնանք մեր կեանքը նուիրել այլ մարդու մը։ Իսկ ընկերութեան մասին պատմագրութիւնները յաճախ կը խօսին այն մասին, թէ ինչպէս կրնանք նուիրուիլ մեր կեանքին։ Ֆրանսացի իմաստասէր, գրականագէտ, մշակութաբան ու փիլիսոփայ Ժաք Տերիտա երբ կը դասախօսէր բարեկամութեան մասին, ան հիացած էր Արիստոտելի վերագրուող «O philoi, oudeis philos» խօսքով։ Այս տարօրինակ միտքը, որ կը պարունակէ թէ՛ հաստատում եւ թէ ժխտում, թարգմանուած է որպէս՝ «Օ՜հ իմ ընկերներ, ընկերը գոյութիւն չունի»։ Ոմանք կ՚ըսեն, որ Արիստոտել նկատի ունէր աւելի պարզ բան մը. ան որ ունի բազմաթիւ ընկերներ, իրականութեան մէջ ընկեր չունի։ Բայց Տերիտա աւելի համախոհ գտնուեցաւ այն մտքին, որ իր նախընտրած թարգմանութեան ակնյայտ հակադրութիւնն էր։ Ան կը կարծէր, որ Արիստոտելի վերոյիշեալ միտքը հասկնալը մեզ կը տանի նոր «դաշինք»ներով ու հնարաւորութիւններով լի ապագայի մը։
Տերիտա իր դասախօսութիւնները հաւաքելով 1994 թուականին հրատարակեց «Բարեկամութեան քաղաքականութիւնը» գիրքը, որու իւրաքանչիւր հատուածը կը սկսի Արիստոտելի կամ անոր ազդեցութեան տակ գտնուող այլ փիլիսոփաներու՝ Ֆրիտրիխ Նիցչէի, Էմմանուէլ Քանթի եւ քաղաքական տեսաբան Քարլ Շմիթի նման մտաւորականներու արտայայտած գաղափարներով։ Ինչպէս միշտ, այս գիրքին մէջ եւս Տերիտայի արտայայտածները «կասկածելի վճռականութիւն»ն են՝ ընկերոջ ու թշնամիի, անձնական ու ընկերային կեանքի, ապրելու եւ «ուրուական»ի։ Մինչ հատորին մէկ մասը կը կեդրոնանայ անհատական բարեկամութեան եւ հաւաքական «եղբայրութեան» տարբերութեան վրայ, միւս մասը խոշորացոյցի տակ կը դնէ գաղտնիքներու դերը բարեկամութեան եւ հասարակութեան մէջ։
Ինչպէս կը նշեն տեսաբանները, արդի կեանքը լի է «անհատականացուած» անձերով, որոնք կը փնտռեն կեդրոն մը եւ կասկածի տակ կը դնեն իրենց կեանքի շարժիչ ուժը։ Գործնական իմաստով բարեկամութիւնը դիտաւորեալ կատարուած անհասկնալի երեւոյթ մըն է. յարաբերութիւն, որ հեշտութեամբ կրնայ սահիլ կեանքի «երկրորդ փլանը»։ Ոմանց համար բարեկամութիւնը երկարակեաց է, կշռական ու չափական, իսկ ոմանց համար ան երբեմն մտերմութիւն է, որ կը ձեւաւորուի տարիներ առաջուան խօսակցութիւններու շարունակութենէն։ Մեր կեանքին ներգրաւուած են մարդիկ, որոնց հետ միայն լուրջ հարցերու մասին կը խօսինք, նաեւ կան մարդիկ, որոնք իմաստ ունին հարբած գիշերներու քէֆին մէջ։ Մեր ընկերներէն ոմանք կարծէք կը լրացնեն մեզ, իսկ ոմանք՝ կը բարդացնեն մեր կեանքերը։
Ինչպէս կը գրէ Տերիտան՝ ընկերութեան անկեղծութիւնը՝ ուրիշի աչքերէն զինք ճանչնալու մէջ է։ Մենք կը շարունակենք ճանչնալ մեր ընկերը, նոյնիսկ եթէ ան այլեւս մեզի չի նայիր։ Տերիտա կը պնդէ, որ այն պահուն, երբ կ՚ընկերանանք մէկու մը հետ, պատրաստ կ՚ըլլանք ընդունիլ, թէ մեզմէ մէկը միւսէն աւելի երկար պիտի ապրի։ Ըստ Տերիտայի՝ բարեկամութեան մեր ներառած այն բազմաթիւ տենչերու մէջ ոչինչ կրնայ համեմատուիլ այս անզուգական յոյսին՝ մահէն անդին ապագայի հանդէպ այս խանդավառութեան հետ։
Տերիտայի յօդուածները յայտնի են յոգնեցուցիչ եւ ծանր ըլլալով, լի են մէջբերումներով եւ անհասկնալի եզրաբանութիւններով։ Այնուամենայնիւ, սեփական յարաբերութիւններու մասին իր մտածումները իր գրութիւնները կը դարձնեն աւելի յոռետեսական։ «Բարեկամութեան քաղաքականութիւնը» հատորը ընթերցողը կը ստիպէ անիծուած զգալ։ Տերիտա կը պնդէ, թէ բարեկամութիւնը մեզմէ կը պահանջէ անընդհատ մտածել, թէ արդեօք կրնան՞ք օր մը ոգեկոչել մեր ընկերները։ Ան իր այս պնդումը կը յիշեցնէ 2001 թուականին «Սգոյ գործը» գիրքին մէջ, որու ներքեւ հաւաքած է մահացած ընկերներուն նուիրած իր յարգանքի, գնահատանքի գրութիւնները եւ նամակները։ Այս կարճ գրութիւններով Տերիտա կը բացայայտէ, որ ուրիշներու գաղափարներու հետ կապը կրնայ ըլլալ բարեկամութեան վերջնական արտայայտումը։ Ան նաեւ ձգտած է պարզել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ խորապէս կապուիլ այլ մարդու մը հետ։ Տերիտայի գրութիւնները կը կեդրոնանան վերապրածի եւ անոր վիշտերու վրայ։
Ընկերային ցանցերու, հաղորդակցութեան եւ փոխանակման անկայուն եւ շարունակ բազմացող ուղիներու դարաշրջանին բարեկամութեան գաղափարը կը թուի կա՛մ հետաքրքրական կամ ալ ծայրայեղ վտանգաւոր։ Բազմաթիւ անկայուն յարաբերութիւններու պայմաններու ներքեւ մարդիկ աւելի կոշտ տրամաբանութեան համեմատ դասակարգելը կը դառնայ աւելի գերիշխող՝ քան երբեք։
«Բարեկամութեան քաղաքականութիւնը», ինչպէս կ՚ենթադրուի անունէն, նոյնպէս համահունչ է Տերիտայի ստեղծագործութեան այսպէս կոչուած՝ քաղաքական վերափոխման: Ի վերջոյ, սա գիրք մըն է, որ կը պատմէ մեր ընկերային կապերու եւ հաւաքական ապագայ պատկերացնելու կարողութեան մասին։ Տերիտան ըսած է. «Բարեկամութիւնը սիրելու համար բաւարար չէ ուրիշի վշտակից ըլլալը, անհրաժեշտ է սիրել նաեւ ապագան»:
Թերեւս բարեկամութիւնը կրնայ առաջարկել քաղաքականութեան այլ մոտել մը, կամ տեսակէտ, թէ ինչի կրնայ վերածուիլ քաղաքականութիւնը: Որպէս ընկերներ՝ մենք կամաւոր կ՚աշխատինք իրարու համար եւ կը պահենք մեր գաղտնիքները: Թերեւս բարեկամութիւնն է, որ առաջին հերթին հնարաւոր դարձուց քաղաքականութիւնը, որովհետեւ ինչպէ՞ս կրնանք հասկանալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մէկը «թշնամի» անուանել:
Գիրքի վերջաւորութեան Տերիտա կը պնդէ, որ առանց թշնամիի աշխարհի մը մէջ այն, ինչ որ մենք կ՚անուանենք քաղաքականութիւն, կը կորսնցնէ իր սահմաններն ու նպատակները անկախ ամէն ինչէ։ «Ժողովրդավարութիւնը դեռ կու գայ եւ, հաւանաբար, երբեք ամբողջութեամբ պիտի չգայ», կ՚ըսէ Տերիտա։ Ան նաեւ յուսադրուած էր, թէ բարեկամութեան աւելի արմատացած եւ արդար ձեւը կրնայ առաջարկել նոր տեսակի «ազատութեան եւ հաւասարութեան» փորձառութիւն մը։
Ի վերջոյ, ան իր խօսքերը կ՚աւարտէ Արիստոտելի վերագրուող արտայայտութիւնը փոխելով՝ «իմ ժողովրդավար ընկերներ»։
Բարեկամութիւնը քաղաքական համատեսքին մէջ յանուն ժողովրդավարութեան քննարկելու ժամանակ Տերիտա նաեւ ընդգծած է յարաբերութիւններու բանաստեղծական կողմը։ Ան իր ընթերցողները կը հրաւիրէ դիտարկել բարեկամութիւնը, որ կը գերազանցէ պատմական, մշակութային կամ կրօնական հիմքերը, ինչպէս նաեւ անհամաչափութիւնը, որ էական է բոլոր յարաբերութիւններու համար։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024