ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԿԱՌՈՅՑ
Պոստոնաբնակ երկու հայուհիներու՝ Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրտեաններուն կողմէ ստեղծուեցաւ «Մաշտոց» հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման հիմնարկը։ Նախաձեռնարկները Երեւանի Մատենադարանի բարեկամներու շարքին են եւ սոյն հիմնադրամն ալ ստեղծուած է Մատենադարանի տնօրէնութեան ջանքերով։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անցեալ Ապրիլին Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի եւ նորաստեղծ հիմնադրամի համանախագահներուն՝ Ղրտեաններու միջեւ ստորագրուած է «Մաշտոց» հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման հիմնադրամի ստեղծման վերաբերեալ պայմանագիրը։ Սա նոր ուղիներ կը բանայ Մատենադարանի կրթական, գիտական եւ մշակութային ծրագրերու առաւել ընդլայնման ու զարգացման ուղղութեամբ։
Նորաստեղծ հիմնադրամի կարեւորագոյն նպատակներուն շարքին կը դասուին Մատենադարանի շրջանակներէն ներս գործունէութիւն ծաւալող երիտասարդ գիտնականներու համար գիտական, ստեղծագործական, կրթական գործընթացներու արդիւնաւէտութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն ու խթան՝ երիտասարդ գիտնականներու գիտաուսումնական, գիտահետազօտական աշխատանքներու մէջ ներգրաւման ուղղութեամբ։
«Մենք շատ կը սիրենք ճամբորդել, շատ երկիրներու մէջ շրջագայած ենք, բայց այստեղ ամէն ինչ հարազատ է։ Մատենադարանի մէջ մենք զմեզ զգացինք ինչպէս հարազատ օճախի մէջ, տեսանք բազմաթիւ երիտասարդներ ու շփուեցանք անոնց հետ։ Ուրախ ենք տեսնելով երիտասարդ գիտնականներու աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը ձեր աշխատանքներուն մէջ։ Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր կատարած աշխատանքը եւ ի սրտէ կը մաղթենք, որ այս հիմնադրամը ծառայէ երիտասարդ գիտնականներու գիտելիքներու եւ հմտութեան համալրման ուղղեալ ծրագրերուն», ըսաւ Պէաթրիս Ղրտեան ու նշեց, թէ նորաստեղծ հիմնադրամը այդ իսկ նպատակներուն պիտի ծառայէ։
Անցեալ տարի Հոկտեմբերին Հայաստան այցելած Ղրտեանները Մետանադարանին նուիրաբերած են իրենց ընտանիքին պատկանող տպագիր եւ ձեռագիր գիրքերու ճոխ հաւաքածու մը։ Այդ հին ձեռագրերէն մին 17-րդ դարուն գրուած Աստուածաշունչ մատեան մըն էր։ Հաւաքածոյին մաս կը կազմէին նաեւ արաբատառ չորս ձեռագրեր եւ շուրջ 144 կտոր հնատիպ գիրքեր՝ մեծամասնութամբ 17-րդ եւ 18-րդ դարերու հայ գրքարուեստի երախայրիքներ։ Բացի վերոյիշեալ հազուագիւտ նմոյշներէն, վերջերս Մատենադարան հասան նաեւ Ղրտեան քոյրերու կողմէ նուիրաբերուած հայկական երկու թանկարժէք գորգեր, որոնք պատմամշակութային արժէք կը ներկայացնեն։ Մատենադարանի հաւաքածոները հարստացուցած այս կարեւոր նմոյշները նուիրատուներուն փափաքով հաստատութեան յանձնուած են ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ եղբօր՝ մասնագիտութեամբ բժիշկ Ռուբէն Ղրտեանի։ «Հիմա, որ այդ բոլորը իրենց ապահով տեղը գտան, հանգստացանք, Ռուբէնի հոգին ալ հանգստացաւ», ըսին Ղրտեան քոյրերը։ Շուրջ տարի մը տեւած նախապատրաստական աշխատանքներու աւարտին պաշտօնապէս հաստատուած է նաեւ Ղրտեան ընտանիքին կողմէ ստեղծուած հիմնադրամը։
Ներկայիս Մատենադարանէն ներս կ՚իրականացուին բազմաթիւ գիտամշակութային, կրթական ծրագրեր, որոնց զգալի մասը յառաջ կը տարուի երիտասարդ մասնագէտներու կողմէ։ Այս վերջիններուն թիւը բաւականին բարձրացած է վերջին տարիներուն ընթացքին եւ անոնց վրայ մեծ յոյսեր դրուած են Մատենադարանին մէջ։ Այդ երիտասարդ գիտնականներուն աշխատանքները խթանելու, ուղղորդելու համար անհրաժեշտ են յաւելեալ ելմտական միջոցներ եւ այս առումով աւելի կը կարեւորուի նման հիմնադրամի մը ստեղծուիլը։ Նորաստեղծ կառոյցը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ նաեւ այլ աղբիւրներէ ալ միջոցներ ներգրաւելու, ներառեալ միջազգային կազմակերպութիւններն ու անհատ բարերարները։