ՀԱՅՐ ՂՈՒԿԱՍ ԻՆՃԻՃԵԱՆ. ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ ՈՒ ՄԵԾԱՐԺԷՔ ԵՐԱԽՏԱՒՈՐԸ

Մ­խի­թա­րեան Միա­բա­նու­թեան մե­ծա­վաս­տակ դէմ­քե­րու ոս­կե­մա­տեա­նին մէջ բարձր է ար­ժէ­քը ­Հայր ­Ղու­կաս Ին­ճի­ճեա­նի (Ղուզիոս Միքայէլեան), որ վախ­ճա­նած է ­Յու­լիս 2-ի օ­րը, 182 տա­րի ա­ռաջ։

Բա­նա­սէր եւ հա­յա­գէտ, պատ­մա­բան ու աշ­խար­հագ­րա­գէտ, աստ­ղա­բաշ­խու­թեան վար­պետ եւ հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու հմուտ տե­սա­բան, բազ­մա­վաս­տակ խմբա­գիր ու մե­ծար­ժէք գի­տուն՝ ­Հայր Ղու­կաս Ին­ճի­ճեան ան­վի­ճե­լիօ­րէն կը հան­դի­սա­նայ գլխա­ւոր ռահ­վի­րա­նե­րէն մէ­կը 19-րդ ­դա­րու հա­յոց Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քին։

Հայր Ղու­կաս Ին­ճի­ճեան ոչ միայն ա­րե­ւել­քի խա­ւա­րամ­տու­թեան տակ հիւ­ծող հա­յու­թեան առ­ջեւ լայ­նօ­րէն բա­ցաւ եւ­րո­պա­կան մտքին ու գի­տու­թեան լու­սա­մուտ­նե­րը, այ­լեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րուն ու­սու­ցա­նո­ղը, տա­րա­ծիչն ու վե­րա­նո­րո­գո­ղը դար­ձաւ։

Յատ­կա­պէս իբ­րեւ մարմ­նա­ւո­րու­մը գի­տուն մտա­ւո­րա­կա­նի եւ ան­խոնջ հրա­պա­րա­կագ­րի ե­զա­կի հա­մադ­րու­մի մը՝ ­Հայր Ղու­կաս Ին­ճի­ճեան ամ­բողջ կէս դար հո­գեմ­տա­ւոր սնունդ հաս­ցուց մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն։ Իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներն ու աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը ա­նուս բազ­մու­թիւն­նե­րուն մատ­չե­լի դարձ­նե­լու բնա­տուր ձիր­քը ու­նէր, աշ­խար­հա­բա­րի ա­ռա­ջին մշա­կող­նե­րէն ե­ղաւ, հայ պար­բե­րա­կան մա­մու­լի նա­խա­կա­րա­պետ դար­ձաւ ու յատ­կա­պէս Տա­րե­գիր­քե­րու հի­մը դրաւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

Ծ­­նած է 1758 թուականին, Պո­լիս։ ­Մեծհայ­րը Ադ­րիա­նա­պոլ­սէն (Է­տիր­նէ) էր՝ հան­րա­ծանթ Ին­ճի­ճի ­Հա­ճի ­Մի­քա­յէլ ա­նու­նով։ ­Հայ­րը՝ ­Պո­լիս հաս­տա­տո­ւած Ին­ճի­ճի ­Պօ­ղոս ­Մի­քա­յէ­լեանն էր։ Իսկ մայ­րը՝ ­Տի­րու­հին, կը յի­շա­տա­կո­ւի իբ­րեւ քոյ­րը Մ­­խի­թա­րեան ­միա­բա­նու­թեան մե­ծա­նուն պատ­մա­բան ­Մի­քա­յէլ Չամ­չեա­նի (1738-1823)։

1770 թուականին հայ­րը ­Վե­նե­տի­կի Մ­­խի­թա­րեան ­միա­բա­նու­թիւն ու­ղար­կեց 12-ա­մեայ իր զաւ­ակը, որ իր ու­շի­մու­թեամբ գրա­ւեց ու­շադ­րու­թիւ­նը միա­բա­նու­թեան ա­ռաջ­նորդ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ս­­տե­փա­նոս Ա­կունց Քու­վե­րին (1740-1824) եւ վա­յե­լեց ա­նոր հո­գա­ծու­թիւնն ու քա­ջա­լե­րան­քը։ 1774 թուականին, 16-ա­մեայ պա­տա­նին ընտ­րեց հո­գե­ւո­րա­կա­նի կեան­քը եւ դար­ձաւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան ան­դամ։ Իսկ 1786 թուականի վեր­ջե­րուն վե­րա­դար­ձաւ Պո­լիս, ուր մնաց չորս տա­րի։ 1790 թուականին վերս­տին մեկ­նե­ցաւ Վե­նե­տիկ, ուր գոր­ծեց մին­չեւ 1805 թո­ւականի Մարտի 14-ը, երբ ա­ռող­ջա­կան պատ­ճառ­նե­րով՝ բուժ­ման հա­մար դար­ձեալ վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս, եր­կար ժա­մա­նա­կով հոն մնա­լու եւ աշ­խար­հագ­րա­կան ո­րոշ վայ­րեր մօ­տէն ու­սում­նա­սի­րե­լու մտադ­րու­թեամբ։

Հայր Ղու­կաս Ին­ճի­ճեան ա­ւե­լի քան քսաներեք տա­րի մնաց ու գոր­ծեց Պոլ­սոյ մէջ։ ­Մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ 1810 թուականին հիմ­նադ­րո­ւած Ար­շա­րու­նեաց ­միու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մին եւ հզօ­րաց­ման մէջ։

Միու­թեան նպա­տակն էր տա­րա­ծել ռա­միկ, այ­լեւ աշ­խար­հա­բար հա­յե­րէ­նով հրա­տա­րա­կո­ւած գիր­քե­րը։ ­Կազ­մած էր սե­փա­կան մեծ գրա­դա­րան մը, որ 1815 թուականին հրդե­հի մը բռնկման հե­տե­ւան­քով ամ­բող­ջա­պէս մո­խիր դար­ձաւ։ Հ­­րոյ ճա­րակ դար­ձան նաեւ մեծ թիւով իր ձե­ռա­գր­ե­րը, ո­րոնց շար­քին՝ «Օս­մա­նեան ­պե­տու­թեան աշ­խար­հագ­րու­թեան» նուի­րո­ւած իր ծա­ւա­լուն գոր­ծին երկ­րորդ եւ եր­րորդ հա­տոր­նե­րը։

1819 թուականին, Ար­շա­րու­նեաց միու­թեան հո­վա­նա­ւոր ­Գիւ­զեան ու­նե­ւոր ըն­տա­նի­քը օ­րո­ւան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ են­թար­կո­ւե­ցաւ հա­լա­ծան­քի եւ ­Հայր Ղուկաս Ին­ճի­ճեան, իբ­րեւ ըն­տա­նի­քին մտե­րի­մը, խոյս տո­ւաւ դէ­պի Օ­տե­սա։ ­Թէեւ տա­րի մը ետք դրու­թիւ­նը կար­գա­ւո­րո­ւե­ցաւ եւ ­Հայր Ին­ճի­ճեան 1820 թուականին վե­րա­դար­ձաւ Պո­լիս, բայց ­Գիւ­զեան ըն­տա­նի­քի գլխուն ե­կած փոր­ձան­քին հե­տե­ւան­քով՝ Ար­շա­րու­նեաց ­միու­թիւ­նը կազ­մա­լու­ծո­ւած գտաւ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, ­միու­թեան կող­մէ նիւ­թա­պէս մա­տա­կա­րա­րո­ւող ­Հայր Ղու­կաս Ին­ճի­ճեա­նի հրա­տա­րա­կած մե­ծար­ժէք «Ե­ղա­նակ ­բիւ­զան­դեան-բազ­մա­վէպ» տա­րե­գիր­քը եւս դադ­րե­ցաւ լոյս տես­նե­լէ։

Ընդ­հան­րա­պէս ­կա­թո­լիկ հա­յե­րու նկատ­մամբ հա­լա­ծան­քի տա­րի­ներ էին 1820-ա­կան­նե­րը. 1828 թուականի սկիզ-բը, Պոլ­սոյ ­կա­թո­լիկ ­հա­յե­րը աք­սո­րո­ւե­ցան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ։ ­Հայր Ին­ճի­ճեան՝ ­Պո­լիս մնա­լը այ­լեւս վտան­գա­ւոր հա­մա­րե­լով՝ նոյն տա­րո­ւան ­Մա­յի­սին վերջ­նա­կա­նա­պէս գնաց ­Վե­նե­տիկ, ուր տա­րի մը ա­ռաջ վախ­ճա­նած ­Հայր Գաբ­րիէլ Ա­ւե­տի­քեա­նի (1751-1827) փո­խա­րէն ընտ­րո­ւե­ցաւ ­միա­բա­նու­թեան փոխա­ռաջ­նորդ։ Այդ պաշ­տօ­նին վրայ ալ վախ­ճա­նե­ցաւ 2 ­Յու­լիս 1833 թուականին։

Հան­րա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը միա­ձայ­նու­թեամբ կը շեշ­տեն, որ ­Հայր ­Ղու­կաս Ին­ճի­ճեան իր ա­նու­նին կա­պեց բա­նա­սի­րա­կան եւ խմբագ­րա­կան բե­ղուն վաս­տակ մը։ ­Յա­տուկ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի են.

- 1791-ին ­Վե­նե­տիկ լոյս տե­սած իր «Տե­սու­թիւն հա­մա­ռօտ հին եւ նոր աշ­խար­հագ­րու­թեան» չա­փա­ծոյ եր­կը, որ նաեւ լրիւ թարգ­մա­նո­ւած է ի­տա­լե­րէ­նի, իսկ մաս­նա­կիօ­րէն՝ ֆրան­սե­րէ­նի։

- 1794-ին հրա­տա­րա­կո­ւած «Ա­մա­րա­նոց բիւ­զան­դեան» գիր­քը։

- 1799-1802-ին՝ «­Տա­րեգ­րու­թիւն»նե­րու շար­քը, որ «Ազ­դա­րար»էն յե­տոյ երկ­րորդ պար­բե­րա­կա­նը ե­ղաւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, նաեւ ե­ղաւ ա­ռա­ջի­նը՝ իր գոր­ծա­ծած աշ­խար­հա­բար լեզո­ւով։ ­Կը պա­րու­նա­կէ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թեանց մա­սին հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ։

- 1803-1820-ին, «­Տա­րեգ­րու­թիւն»նե­րու փո­խա­րէն, լոյս տե­սած «Ե­ղա­նակ բիւ­զան­դեան-­բազ­մա­վէպ» աշ­խար­հա­բար տա­րե­գիր­քը, ա­ւե­լի ճոխ ու բազ­մա­զան բո­վան­դա­կու­թեամբ, նաեւ՝ ա­ւե­լի մեծ ծա­ւա­լով ու գե­ղե­ցիկ նկա­րա­զար­դում­նե­րով։

- 1824-էն սկսեալ հրա­տա­րա­կո­ւած «Դա­րա­պա­տում­ներ» շար­քը, տա­րե­կան մէկ կամ եր­կու հա­տո­րով, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը կը պա­րու­նա­կէ դա­րաշրջա­նի մը քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ի­րա­դար­ձու­թեանց պատ­մու­թիւ­նը։

Հայր ­Ղու­կաս Ին­ճի­ճեա­նի թո­ղած ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մեն նաեւ պատ­մա­բա­նա­սի­րա­կան եւ աշ­խար­հագ­րա­կան ու­շագ­րաւ հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը պա­րու­նա­կեն հա­րուստ նիւթ՝ հին ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան, աշ­խար­հագ­րու­թեան, տե­ղագ­րու­թեան եւ հնու­թեանց մա­սին։

Ա­նոնց կա­րե­ւո­րա­գոյն­ներն են՝

- «Աշ­խար­հագ­րու­թին չո­րից մա­սանց աշ­խար­հի» բազ­մա­հա­տո­րեա­կի ա­ռա­ջին մա­սին Ա. հա­տո­րը եւ երկ­րորդ մա­սին Ե.-Զ. հա­տոր­նե­րը (1806, 1804)։

- «Ս­­տո­րագ­րու­թիւն հին Հա­յաս­տա­նեայց»ը (1822), ուր ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցո­ւած են պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի տասնվեց նա­հանգ­նե­րը, տրուած է ա­նոնց տե­ղագ­րա­կան եւ աշ­խար­հագ­րա­կան նկա­րա­գի­րը։

- «Հ­­նա­խօ­սու­թիւն աշ­խար­հագ­րա­կան ­Հա­յաս­տա­նեայց աշ­խար­հի» (ե­րեք ստո­ւար հա­տոր­ներ, տպո­ւած ­Վե­նե­տիկ, 1835-ին)։

­Հայր Ղու­կաս Ին­ճի­ճեան հրա­տա­րա­կած է նաեւ քա­նի մը մաս­նա­յա­տուկ աշ­խա­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք իբ­րեւ դա­սա­գիրք օգ­տա­գոր­ծո­ւած են ա­տե­նին, ինչ­պէս «­Պատ­մու­թիւն կեն­դա­նեաց ի չորս կարգս բա­ժա­նեալ՝ ի ցա­մա­քա­յին, ի ջրա­յին, յեր­կա­կեն­ցաղ եւ յօ­դա­յին» (Վե­նե­տիկ, 1801։ Բ. տպագ­րու­թիւն՝ 1810)։

­Վեր­ջա­պէս, բայց վեր­ջի­նը, յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի է ­Հայր ­Ղու­կաս Ին­ճի­ճեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը «Ազ­գա­սի­րու­թեան մա­սին», որ հայ մտքի եւ գի­տու­թեան մե­ծար­ժէք այս Մ­­խի­թա­րեա­նը գրած էր 1812-ին, Ար­շա­րու­նեաց ըն­կե­րու­թեան խնդրան­քով՝ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար իր հա­մո­զում­ներն ու տե­սա­կէտ­նե­րը ի պաշտ­պա­նու­թիւն հա­յոց ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր գան­ձա­րա­նին։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2015