ԳԻՐԵՐՈՒ ԳԻՒՏԻՆ ԵՒ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՎՐԱՅ

5-րդ դարու դարասկիզբին հայ իրականութենէն ներս կատարուած իրադարձութիւնը շրջադարձային էր բոլոր առումներով: Եթէ մինչ այդ հայը կ՚ապրէր, կ՚արարէր բանաւոր կերպով, կամ բնութեան իրեն յատկացուցած միջոցներուն շնորհիւ, ապա Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հայ այբուբենի յայտնաբերմամբ կամ կարգաւորմամբ, նոր էջ մը կը բացուէր հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Էջ մը, որ նոր երանգ պիտի տար մեր պատմութեան, ա՛լ աւելի հարստացնելով ու ճոխացնելով մեր մշակոյթը, ամրացնելով մեր ինքնութիւնը, զօրացնելով մեր գոյատեւման ընթացքը մարդկութեան պատմութեան թաւալքին մէջ:

Հայ գիրերու գիւտով հայկական մշակոյթը նոր թափ պիտի ստանար, որովհետեւ մշակոյթի մը բաղկացնող տարրերը ճարտարապետութեան, քանդակագործութեան, բանահիւսութեան եւ երաժշտութեան կողքին, ե՛ն նաեւ լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը: Այս առումով, ի զուր չէ որ մեր պատմագիրներն ու ուսումնասիրողները գիրերու գիւտին յաջորդող ժամանակաշրջանը կոչած են Ոսկէ դար, նկատի ունենալով այդ ժամանակաշրջանին կատարուած աշխատանքները, յատկապէս լեզուի կարգաւորման եւ գրականութեան մշակման պարագային:

Գիւրերու գիւտին հետ սերտօրէն կապուած է թարգմանչական շարժումը, որ առաջին հերթին ձեռնարկեց Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը: Առաջին թարգմանութիւնը, որ կոչուած է՝ փութանակի, այդքան ալ յաջող եւ կատարեալ չէ եղած, ինչ բանի պատճառով, մեր նախնիները ձեռնարկած են երկրորդ թարգմանութեան մը: Երկրորդ թարգմանութիւնը կոչուած է «Թագուհի թարգմանութեանց», նկատի ունենալով կատարուած յաջող ու գեղեցիկ թարգմանութիւնը:

Գիւրերու գիւտէն շուրջ մէկ դար առաջ Հայաստանը ընդունած էր Քրիստոսի լոյսը, սակայն հայ ռամիկն ու շինականը, իշխանն ու ճորտը հայերէնով չէ՛ որ կը լսէին այդ լոյսին Աւետիսը: Այդ պատճառով է, որ մեր նախնիները առաջին որպէս աշխատանք ձեռնարկեցին Աստուածաշունչի թարգմանութեան, որպէսզի հայը Աստուծոյ պատգամը հայերէնով լսէ, հայերէնով հաղորդակցի Անոր հետ, հայերէնով աղօթէ Աստուծոյ:

Այդ ժամանակաշրջանին Աստուածաշունչի թարգմանութեան կողքին բազմաթիւ այլ բաներ ալ թարգմանուած են հայերէնի: Թարգմանութեան կողքին նաեւ սկիզբ առաւ հայերէնով ատեղծագործելու հնարաւորութիւնը, որով մեր պատմիչները սկսան հայերէնով արտադրել:

Արդարեւ, Գիրերու գիւտը իր ազդեցութիւնը ունեցած է մեր այսօրուան մշակոյթի ձեւաւորման մէջ: Եթէ այսօր փորձենք ուսումնասիրել մեր մշակոյթը, ապա առանց Գիրերու գիւտին եւ թարգմանչական շարժումին չե՛նք կրնար կատարեալ պատկեր մը կազմել անոր մասին, որովհետեւ թէ՛ թարգմանչական գրականութիւնը եւ թէ պատմագրական, փիլիսոփայական, բարոյախրատան եւ բարոյախօսական գրականութիւնը հիմքն են մեր այսօրուան ունեցած մշակոյթին, որ ձեւաւորուած ու կազմաւորուած է մինչ այդ մեր ունեցածին վրայ:

Առ այդ, եթէ հպանցիկ կերպով անդրադարձ մը կատարենք Գիրերու գիւտին յաջորդող ժամանակաշրջանի թարգմանիչներուն եւ ստեղծագործողներուն, ապա հետեւեալ պատկերը կ՚ունենաք.

1. Փաւստոս Բիւզանդ (4-5-րդ դարեր). հեղինակ է «Պատմութիւն հայոց» աշատութեան, որ ժամանակագրական առումով շարունակութիւնն է Ագաթանգեղոսի գրած պատմութեան: Բիւզանդի երկը կը պարունակէ կարճ ժամանակաշրջան մը, Խոսրով Գ. Կոտակէն մինչեւ Հայաստանի առաջին բաժանումը՝ 387 թուականին, Բիւզանդիայի եւ Պարսկաստանի միջեւ:

2. Կորիւն (4-5-րդ դարեր). Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտը եղած է: Իր գրիչին կը պատկանի «Վարք Մաշտոցի» աշխատասիրութիւնը, որու մէջ ներկայացուցած է Մաշտոցի կեանքն ու գործունէութիւնը:

3. Եզնիկ Կողբացի (4-5-րդ դար). Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտը եղած է: Կը նկատուի հայ փիլիսփայութեան առաջին նշանաւոր ներկայացուցիչը: Հեղինակած է «Եղծ աղանդոց» երկը, որ քրիստոնէութիւնը ջատագովող աշխատասիրութիւն մըն է, ընդդէմ հեթանոսութեան եւ զրադաշտականութեան:

4. Մովսէս Խորենացի (5-րդ դար). ծանօթ է որպէս պատմահայր կամ քերթողահայր տիտղոսներով: Հեղինակ է «Պատմութիւն հայոց» երկին, որ մեր առաջին ամբողջական պատմութիւնը նկատուած է: Խորենացիի պատմութիւնը կ՚ընդգրկէ հայ ժողովուրդին ծագումէն մինչեւ 5-րդ դարի կէսերու ժամանակաշրջանը:

5. Եղիշէ (5-րդ դար). եղած է Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտը: Հեղինակած է «Վասն Վարդանայ եւ հայոց պատերազմին» գիրքը, ուր ներկայացուած են Վարդանանց հերոսամարտի մանրամասնութիւնները:

6. Ագաթանգեղոս (5-6-րդ դարեր). հեղինակ է «Պատմութիւն հայոց» աշխատասիրութեան, ուր կը պատմէ քրիստոնէութեան ընդունման մասին, ինչպէս նաեւ հին հեթանոսական կրօնի մասին:

7. Ղազար Փարպեցի (5-6-րդ դարեր). հեղինակ է «Պատմութիւն հայոց» երկին, որու մէջ ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ կատարուած իրադարձութիւնները 387-485 տարիներու ընթացքին: Անոր կը պատկանի նաեւ «Թուղթ առ Վահան Մամիկնոեան» երկը, որ ինքն իր մասին ջատագովական գրութիւն մըն է իր հակառակորդներուն դէմ, ուղղուած Վահան Մամիկոնեանին: Փարպեցին մեծ համբաւ ունեցած է եւ այդ հանգամանքը բազմաթիւ հակառակորդներ յարուցած է իր դէմ, որոնք զրպարատած են զինք Վահան Մամիկոնեանի առջեւ, որով եւ Փարպեցին իր նշանաւոր թուղթը գրած է Մամիկոնեան իշխանին, իր դէմ կատարուած զրպարտութիւնները փաստերով մէկ առ մէկ հերքելով:

8. Դաւիթ Անյաղթ (6-րդ դար). փիլիսոփայ: Հեղինակն է «Սահմանք իմաստասիրութեան» երկին, ուր անդրադարձած ու մեկնաբանած է նշանաւոր յոյն փիլիսոփաներու գաղափարները:

9. Սեբէոս (7-րդ դար). հեղինակն է «Պատմութիւն» երկին, որ իր մէջ կը պարունակէ Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մասին նիւթեր, ինչպէս նաեւ արաբական առաջին արշաւանքներու մասին տեղեկութիւններ:

10. Մովսէս Կաղանկատուացի (7-րդ դար). հեղինական է «Պատմութիւն աղուանից աշխարհի» երկին: Այս երկը միակ աղբիւրն է աղուաններու մասին:

11. Անանիա Շիրակացի (7-րդ դար). փիլիսոփայ եւ գիտնական: Հեղինակ է շուրջ մէկ տասնեակ աշխատութիւններու. «Տիեզերագիտութիւն», «Ծիր կաթինի մասին», «Երկինքի շրջագայութիւններու մասին», «Արեգակի շարժումի մասին», «Ամպերու եւ մթնոլորտային նշաններու մասին», «Սակս բացայայտութեան թուոց», «Յաղագս կշռոյ, կշռոց եւ կշռորդաց» եւ այլն:

12. Ղեւոնդ Վանանդեցի (8-րդ դար). ան արձանագրած է Հայաստանի 640-788 տարիներու պատմութիւնը: Վերջին շրջանի եղելութիւնները որպէս ականատես ներկայացուցած է:

Արդարեւ, այդ ժամանակաշրջանին «հայերէնով իրենց նոր կեանքը ապրեցան ժամանակի յոյն թէ ասորի մեծանուն հեղինակներ, ինչպէս Աթանաս Աղեքսանդրացի եւ Եփրեմ Խուրի Ասորի, Պրոկլ եւ Տիոնիսիոս Թրակացի, Արիսթոթէլ եւ Պղատոն, Փիլոն Եբրայեցի եւ Պորփիւր ու անուանի բազում այլ հեղինակութիւններ:

Անոնց իմաստասիրական, գիտական եւ գեղարուեստական գլուխգործոցներուն հայերէն թարգմանութիւնը եւ հայացումը ո՛չ միայն յատկանշուեցան հարազատութեամբ ու խոր ընկալումով, այլ նաեւ ներշնչման աղբիւր դարձան թարգմանիչներու ինքնուրոյն ստեղծագործութեանց համար» (Նազարէթ Պէրպէրեան):

Այս բոլոր եղելութիւնները ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն իրենց ազդեցութիւնը եւ ներգործութիւնը ունեցած են եւ ունին այսօր եւս մեր մշակոյթին վրայ: Մերժել այս բոլորը, կամ փորձել քօղարկել կամ արժեզրկել կատարուած աշխատանքը, կը նշանակէ հարուածել Հայ Մշակոյթի հաստ բունին, փորձելով արմատախիլ ընել զայն:

Նման փորձ մը անձնասպանութիւն է պարզապէս… եւ դժբախտաբար, ներկայիս այդ փորձին ականատեսները կը դառնանք գրեթէ ամէն օր…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2024