ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԶՈՀԱԲԵՐԵՆՔ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Ինչո՞ւ զոհաբերութիւններ կ՚ընենք: Ի՞նչ բան կը մղէ մեզ անհրաժեշտութեան պարագային հրաժարիլ մենք մեզմէ:
Կեանք՝ նուիրուած ուրիշի մը երջանկութեան…
Բոլորս կը ձգտինք լաւ մարդ ըլլալ։ Հասարակութեան մէջ յարգուած ըլլալը, մեր սիրելիներու հետ ներդաշնակ ապրիլը եւ ուրիշներէն օգուտներ քաղելը լաւ բաներ են, բայց որոշ պարագաներուն այս ջանքերը կրնան վերածուիլ պարոյրի, ուր կը վնասենք մենք մեզ՝ առանց նոյնիսկ սա գիտակցելու:
Ուշադիր կը հետեւիմ տքթ. Կապոր Մաթէի ուսումնասիրութիւններուն, որոնք կը վերաբերին անձի բնաւորութեան յատուկ գիծերուն։ Իր հետազօտութիւնները լոյս կը սփռեն յանուն ուրիշներու երջանկութեան եւ ակնկալիքներու անձը զոհաբերելու հետեւանքներու վրայ։ Արդեօք որքա՞ն կը զոհաբերենք ուրիշները գոհացնելու համար:
Որոշ մարդոց պարագային ուրիշներու յուզական կարիքները առաջնային են իրենց սեփական կարիքներու բաղդատմամբ: Անոնք մէկդի կը դնեն սեփական երջանկութիւնն ու ցանկութիւնները եւ անընդհատ կը փորձեն ուրախացնել շրջապատի մարդիկը։ Այս վարքագծի ծագումը սովորաբար մանկութիւնն է, երբ դժուարութեամբ սէր ստացող անհատները կը մեծնան այն համոզումով, որ «ես պէտք է օգտակար ըլլամ, որպէսզի զիս սիրեն»: Այս մարդիկ անընդհատ իր շրջապատի մարդոց յուզական վիճակը կ՚ընկալեն որպէս սեփական պատասխանատուութիւն։ Անոնք երկրորդական կը պահեն սեփական կարիքները։ Բայց նման «զոհաբերութիւնը» յոգնեցուցիչ է ու նոյնիսկ վնասակար՝ երկարաժամկէտ հեռանկարով։
Մեզմէ շատեր հակուած են մեր անձը բնորոշել հասարակութեան կողմէ մեզի վերապահուած դերերով՝ լաւ ծնող, յաջող աշխատող, օրինակելի կողակից... Կարեւոր է կատարել այս դերերու պահանջները, բայց առողջ չէ անոնց կեդրոնացնել մեր ամբողջութիւնը: Երբ կը չափենք մեր ինքնարժէքը՝ բացառապէս «լաւ մայրիկ», «նուիրուած աշխատող» կամ «հաւատարիմ ընկեր» ըլլալով, մեր կեանքի այլ կողմերը կը խաւարին: Եւ երբ այս դերերը աւարտին կամ մեզ պարտադրեն, ապա կրնանք յայտնուիլ խոր դատարկութեան մէջ: Ըստ Մաթէի, անհատի ընկերային դերերու հետ կոշտ նոյնացումը կրնայ պատճառ դառնալ, որ ան ինքնութեան ճգնաժամեր ապրի եւ ներքաշուի հոգեբանական անկման մէջ:
Որոշ մարդոց համար իրենց արժանիքը ապացուցելու միջոցը անընդհատ գործելն է կամ ուրիշներուն տալը: Անհատները, որոնք կը դժուարանան զգալ իրենց սեփական ներքին արժէքը, կ՚ընդունին իրենց ուրիշի մը տուած օգուտը՝ որպէս ինքնագնահատականի տեսակ մը չափանիշ: Ուրիշներու գործերով զբաղիլը, զանոնք ուրախացնելը կամ խնդիր լուծելու փորձը նման մարդոց համար «արժէքաւոր» զգալու ամենադիւրին ձեւն է։ Այնուամենայնիւ, վարքագծի այս տեսակը մշտական «խռովութիւն» կը ստեղծէ եւ կը խանգարէ անհատը՝ վերադառնալ ինքն իրեն: Երկարաժամկէտ հեռանկարով այս ապրելակերպը կը թուլացնէ մարդու հոգեբանական եւ ֆիզիքական առողջութիւնը եւ նոյնիսկ կրնայ դուռ բանալ որոշ հիւանդութիւններու։
Սեփական սահմանները պաշտպանելու համար շատ կարեւոր է առողջ «յարձակողականութիւն» ցուցաբերելը։ Այնուամենայնիւ, հասարակութիւնը մեզ խորհուրդ կու տայ զսպել զայրոյթի, յարձակողականութեան նման զգացումներ: Սակայն առողջ յարձակողականութիւնը անհրաժեշտ է ո՛չ թէ ուրիշները վնասելու, այլ սեփական իրաւունքներն ու սահմանները պաշտպանելու համար։ Մարդիկ, որոնք անընդհատ կը զսպեն իրենց զայրոյթը եւ կը խախտեն իրենց սահմանները, կը կորսնցնեն իրենց յարգանքը եւ հոգեպէս կը ճնշուին, երբ կը կուտակուին այդ զգացումները: Ճնշուած զայրոյթը այնքան ուժեղ ազդեցութիւն ունի, որ կրնայ նոյնիսկ ֆիզիքական մարմնի հիւանդութիւններ յառաջացնել: Սեփական սահմաններ դնելը եւ անհրաժեշտութեան պարագային «ոչ» ըսելը կը բազմապատկէ մարդու ինքնավստահութիւնը եւ կ՚օգնէ առողջ յարաբերութիւններ հաստատել:
Որոշ մարդոց համար ուրիշներու զգացումները գրեթէ աւելի կարեւոր են, քան իրենց սեփական յոյզերը: Ուրիշը վրդովեցնելը կամ հիասթափեցնելը մեծ խնդիր է այդպիսի անհատներու համար։ Գործելով նման համոզումներով, մարդիկ իրենց սահմանները կը մղեն ուրիշներու սպասելիքները բաւարարելու համար եւ անընդհատ կը ձգտին ըլլալ «կատարեալ»։ Այնուամենայնիւ, ուրիշներու յուզական վիճակի կամ բաւարարուածութեան միջոցով դուք ձեզ սահմանելը վատառողջ մօտեցում մըն է: Այս տեսակի վարքագիծը անհատը կը ստիպէ ճնշել իր սեփական ցանկութիւնները եւ ինքն իրեն անարժէք զգալ:
Ինչպէս կը նշէ Կապոր Մաթէ, ուրիշներու բաւարարուածութեան միջոցով ինքն իրեն սահմանելը եւ շրջապատի հաւանութեան միջոցով սեփական արժէքը չափելը կրնայ վնասել ինչպէս մեր մտաւոր, այնպէս ալ ֆիզիքական առողջութեան: Ուրիշներու ակնկալիքները բաւարարելու անընդհատ փորձը կրնայ յանգեցնել զայրոյթի, տխրութեան նման բնական յոյզերու ճնշման, անհանգստութեան եւ նոյնիսկ որոշ քրոնիք հիւանդութիւններու: Անընդհատ սեփական կարիքները երկրորդ կարգ մղող մարդը պահու մը համար կը վտանգէ իր ֆիզիքական ու հոգեկան առողջութիւնը։
Դիւրին չէ ազատիլ նման վարքային օրինաչափութիւններէն։ Այնուամենայնիւ, ապրելով մեր սեփական արժէքը՝ առանց կախեալ զգալու ուրիշներու երջանկութենէն, առողջ սահմաններ դնել եւ անհրաժեշտութեան պարագային «ոչ» ըսել սորվիլը կրնայ դռներ բանալ դէպի աւելի գոհացուցիչ կեանք: Մեր սեփական կարիքները պէտք է տեսնել արժէքաւոր՝ առանց ուրիշներու ակնկալիքներու ստրուկը դառնալու։
Սա հարցումը հարցնենք մենք մեզի. «Որքա՞ն կը զոհաբերենք ուրիշները ուրախացնելու համար»։
Այս հարցման պատասխանը կրնայ նոր ելակէտ մը ըլլալ։ Յիշենք, որ պէտք է գնահատենք մենք մեզ այնքան, որքան կը գնահատենք ուրիշները: Մեզի համար առողջ սահմաններ դնելը կարեւոր է մեր մտաւոր, հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութեան համար: Այլ խօսքով, պէտք է պաշտպանենք մեր սահմանները յանուն մեր մտաւոր եւ ֆիզիքական առողջութեան եւ սորվինք ապրիլ նախ մենք մեզի համար։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024