ԸՆԴԱՌԱՋ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՎԵՐԱՕԾՄԱՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ «ԼՈՅՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԸ»
Մայր Աթոռի «Ռուբէն Սեւակ» թանգարանէն ներս բացուած ցուցադրութինը նուիրուած է Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին: Այս ցուցադրութեամբ տրուեցաւ մեկնարկը միջոցառումներու, որոնք նախատեսուած են Մայր Տաճարի վերաօծումին ընդառաջ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ բացուած ցուցահանդէսը կը կրէ «Լոյսի Մայր Տաճարը» խորագիրը եւ անոր բացումը կատարուեցաւ հայոց ամենամեծ սուրբի՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու գիւտի տօնին:
Յատկանշական այս ցուցահանդէսին ներկայացուած են արուեստագէտ, նկարիչ, ճարտարապէտ Լուսինէ Դանիէլեանի աշխատանքները՝ նուիրուած Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին:
Գծանկարչական եօթ թերթ են նկարները, որոնք կը պատկերեն Մայր Տաճարի ինքնատիպ ճարտարապետութեան արտաքին ու ներքին յարդարանքի, զանգակատան, պատկերաքանդակներու, մուտքի եւ գմբէթի դրուագները: Մասնագէտները նկատեցին, որ նկարչուհին իր այս գծագրութիւններով փոխանցած է աշխարհի ամենահին մայր տաճարներէն մէկուն՝ Էջմիածնի Տաճարին հմայքն ու խորհուրդը, որ դարեր շարունակ ուղեցոյց եղած է հայոց համար:
Լուսինէ Դանիէլեան, ըլլալով ճարտարապետ, ջանացած է նաեւ ճարտարապետական մօտեցում մը ցուցաբերել իր գործերուն՝ Մայր Տաճարի կառոյցի մասնիկները ընդգծած է ճարտարապետական ձեւերու մէջ, բայց միաժամանակ՝ գեղարուեստական եւ գունային շունչ հաղորդած անոնց:
«Լոյսի Տաճարը» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացոմը կատարեց Մայր Աթոռի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան:
Արուեստաբան, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի աւագ գիտաշխատող Մարգարիտա Խաչատրեանն ալ անդրադարձաւ Լուսինէ Դանիէլեանի նկարչական արուեստին եւ ներկայացուած պատկերներուն:
Այնուհետեւ, իր ստեղծագործական մղումներու եւ ներշնչումներու մասին խօսեցաւ նկարներուն հեղինակը՝ Լուսինէ Դանիէլեան: Նկատելի է, որ արուեստագէտը մեծ սէր ու նուիրում դրած է իր այս աշխատանքներուն մէջ:
Ցուցահանդէսի հրաւիրեալները առիթ ունեցան վայելելու նաեւ Հայաստանի «Սարեան» լարային քառեակի երաժշտական կատարումները, հնչեցին հայ հոգեւոր երգեր, Մոցարթի, Ղազարոս Սարեանի, Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւններէն:
Ցուցահանդէսի կազմակերպման աջակցած է նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու բարեկամ Ամսթերտամի հայոց «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» հիմնադրամը:
ՎԵՐԱՕԾՈՒՄԸ
Ինչպէս արդէն պաշտօնապէս յայտարարուած է՝ Մայր Տաճարի վերաօծման եւ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնները նախատեսուած են այս տարուան սեպտեմբերի 28 եւ 29 թուականներուն՝ Սուրբ Գէորգ զօրավարի եւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօներուն:
Հայոց սիրելի սուրբերէն է համաքրիստոնէական եկեղեցւոյ Սուրբ Գէորգը: Սուրբին պատկերը, զանազան դրսեւորումներ ունենալով կրօնական եւ ժողովրդական տեսակէտներէ, դրոշմուած է նաեւ միւռոնամաններու վրայ: Իսկ միւռոնը, ըլլալով հայ ժողովուրդի ամենանուիրական սրբութիւններէն, միւռոնամաններու վրայ Սուրբ Գէորգին պատկերը դրոշմելը խօսուն վկայութիւնն է, թէ որքան սիրելի սուրբ եղած է:
Վարագայ Սուրբ Խաչին տօնը նոյնպէս նուիրական է հայոց համար: Տօնը կը վերագրուի Ս. Խաչի երեւման՝ Վարագայ լեռներու բարձունքներուն վրայ կառուցուած վանքին մէջ: Ըստ աւանդութեան, Ս. Հռիփսիմէն այդ վայրին մէջ պահեր էր իր վիզի խաչը: Հոն, շուրջ 653 թուականին, երկու ճգնաւորներ՝ Յովէլ եւ Թոդիկ, տեսիլք մը կ՚ունենան, ուր հրաշալի լուսաւորութիւն մը զիրենք կ՚առաջնորդէ դէպի Վանի Վարագայ լեռներ, ուր լուսաւորութիւնը կը կեդրոնանայ ու ի յայտ կու գայ խաչ մը: Այսօր, լոյսի կարիք ունեցող մեր ժողովուրդին համար խորհրդանշական է այդ տօնի առթիւ մասնակից ըլլայ Մայր Տաճարի վերաօծման եւ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւններուն:
Մայր Տաճարի վերաօծման, Միւռոնօրհնէքի, յարակից միւս միջոցառումներու համակարգող յանձնախումբը մօտէն կը հետեւի իրականացուող աշխատանքներուն, ամէն բան ըստ պատշաճի կ՚ընթանայ, եւ հաւատացեալ հայութիւնը սրտի անհուն թրթիռով կը սպասէ այս սքանչելի արարողութիւններուն:
Մեր ազգային եկեղեցական կեանքին մէջ անփոխարինելի է Սուրբ Էջմիածնի դերն ու նշանակութիւնը: Ան միշտ մեր ժողովուրդի միասնութեան խորհրդանիշը եղած է, իր երեւոյթով մայր հայրենիքի սիրտին մէջ կանչող եւ շողշողացող լոյս է: Բոլոր դժուար ժամանակներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ուղեցոյց է ողջ աշխարհով սփռուած հայ ժողովուրդի համար, եւ այսօր ալ իրական հաւատացեալի համար այդպիսին է, որքան ալ ջանան մթագնել անոր փայլը:
Իբրեւ ճարտարապետական կառոյց, Մայր Տաճարը նոյնպէս անկրկնելի է: Ան իր վրայ բոլոր ժամանակաշրջաններու ճարտարապետական կնիքը եւ ճարտարապետական ազդեցութիւնները կը կրէ: Ուսումնասիրողները կառոյցին մէջ կարող են տեսնել, 4-րդ, 5-րդ, 7-րդ, 11-րդ, 12-րդ, 17-18-րդ դարերու հայ կառուցողական արուեստի ողջ պատմութիւնը:
2018 թուականի վերջաւորութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը գոցուեցաւ այցելուներուն առջեւ եւ մօտաւորապէս չորս տարիէ՝ ի վեր՝ պատուած է շինարարական ցանկապատով: Վերջին անգամ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը վերանորոգուած էր 1954-1958 թուականներուն, նորոգումներ կատարուած էին նաեւ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակելու 1700-ամեակին առթիւ՝ 2000 թուականին. այդ ժամանակ վերանորոգուած էր արտաքին ծածկոյթը, որմնանկարները մաքրուած էին մոմերու արձակած մուխի հետքերէն եւ վերջին տարիներուն կրկին թարմացումներու, նորոգումներու եւ ամրացումներու անհրաժեշտութիւնը յառաջացած էր: Այս անգամ տաճարի ողնասիւնը՝ ներքին օրկանիզմը հիմնականը ենթարկուած է նորոգման, ամրացման: Հիմնովին կը նորոգուին նաեւ տաճարին որմնանկարները, որոնք արուեստանոց տարուած եւ մասնագէտներու կողմէ մանրամասնօրէն վերականգնուած եւ տեղադրուած են տաճարին մէջ:
Որմնանկարները հանելէն ետք ի յայտ եկած է, որ անոնց ետին, պատերուն վրայ ճեղքեր, ճաքեր ու խաթարումներ կան: Մասնագէտները ջանացած են ճեղքերը գոցել, նորագոյն միջոցներով ամրացնել սիւները, կամարները, զանգակատունը, բարեկարգել բակը եւ այլն: Նոյն մասնագէտները կը նշեն, որ այնպիսի աշխատանք մը տարուած է, որ շուրջ հարիւրամեակ մը այլեւս հիմնովին նորոգման կարիք չըլլայ:
Հակառակ նորոգութեան աշխատանքներուն, Մայր Աթոռին շրջափակը միշտ լեցուն է այցելուներով եւ զբօսաշրջիկներով: Աշխարհի ամենահին մայր տաճարներէն մէկը միշտ կը հետաքրքրէ օտարները, որոնք հոս կը ծանօթանան կրօնական կառոյցին պատմութեան, որ նաեւ մշակութային, քաղաքական, քաղաքակրթական հնագոյն օրրան է: Մայր Տաճարը նաեւ ուխտավայր է, նաեւ ուխտաւորներ չեն յետաձգեր իրենց ուխտը, անպայման կը կատարեն…
Մայր Տաճարը կառուցումէն անմիջապէս յետոյ ենթարկուած է վնասուածքներու, զանազան ազդեցութիւններու: Ամենայն Հայոց շատ մը կաթողիկոսները ձեռնարկած են անոր նորոգումին: Սակայն պատերազմները, այնուհետեւ հայկական պետականութեան անկումը, երկրի անկախութեան համար եղած ժողովրդական ապստամբութիւնները, նիւթական ծանր դրութիւնները եւ այլ հանգամանքներ յաճախ խանգարած են ամբողջական նորոգումին: Եղած են բաւական մեծ նորոգումներ, ամրացումներ, բայց այս վերջին նորոգումը՝ ժամանակակից միջոցներով եւ նիւթերով, լաւագոյնն է:
ՏԱՃԱՐԸ՝ ՀՈՍՈՂ ՋՈՒՐԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
Մայր Տաճարի հիմնանորոգումէն ի վեր ամենածաւալուն աշխատանքը տաճարին հիմքերը բնահողային ջուրերէն մաքրելը եղած է: Մասնագէտներ նկատած են, որ Մայր Տաճարի կառոյցը միշտ խեղճացած է խոնաւութեան պատճառով: Ներսէն եւ դուրսէն կատարուած են խոնաւութեան մեկուսացման մասնագիտական աշխատանքներ, շարուած են անջրանցիկ սալիկներ, ներսէն դրուած են օդատար եւ խոնաւամեկուսիչ սարքեր: Այս աշխատանքները ուղղուած են Մայր Տաճարի վնասակար խոնաւութեան վերացմանը, մինչդեռ Մայր Տաճարի ներսը երկու ջրհոր կայ՝ մէկը հիւսիսային աւանդատան ներսը, միւսը՝ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի խորանի դիմաց: Այս ջրհորներու գոյութեան մասին միշտ զանազան կարծիքներ կան. շատեր կը պնդեն, թէ անհնար է, որ Մայր Տաճարի ներսը այդպիսի ջրային կառոյցներ գոյութիւն ունենան, մինչդեռ ատոնք ոչ միայն կան, այլ նաեւ Մայր Տաճարի հարստութիւններէն են, որոնք զանազան նպատակներու ծառայած են:
Հին ու փորձառու վարպետները պատահական չեն ընտրած Մայր Տաճարի վայրը՝ զայն կառուցելով հոսող ջուրերուն վրայ: Ջրհորներու քարերու դասաւորուածութեան ձեւը այնպիսին է, որ երկրաշարժի պարագային կառոյցը կարող է ճօճուիլ եւ զերծ մնալ փլուզումէն: Այդ ջուրերէն կը գոյանան ջրհորները, որոնցմէ մէկուն մէջ ջուր արդէն չկայ, իսկ միւսին մէջ երթալէն պակսած է, սակայն այդ քիչ ջուրն իսկ կը գործածուի հրաշագործութեան հաւատով, յայտնի է իր համային եւ որակական զանազանուող յատկութիւններով:
Մայր Տաճարի նորոգութեան աւարտին նորոգուած, մաքրուած կ՚ըլլան նաեւ այս երկու ջրհորներուն ակունքները, իսկ մասնագէտներ վստահ են, որ ցամքած ջրհորին մէջ պէտք է որ ջուր յայտնուի, քանի որ երկու ջրհորները կապով մը կապուած են իրարու եւ կառուցուած են գրեթէ տաճարին հետ միաժամանակ: Անոնք նաեւ այլ նպատակ ունեցած են՝ թշնամիներու յարձակումներու ժամանակ եկեղեցիի ներսը միշտ ջուրի պաշար ունենալու համար: Ժամանակին շատ հաւատացեալներ տաճար կու գային՝ ջրհորէն ջուր խմելու, հաւատացած էին, որ անոր ջուրը բուժիչ եւ զօրացնող յատկութիւն ունի: Տաճարի բակի ցայտաղբիւրներէն նոյնպէս այդ ջրհորի ջուրերէն կը հոսին եւ գիտցողը հաւատով կը խմէ նաեւ ցայտաղբիւրէն:
ՅԱՐԱԿԻՑ ՏԱՐԱԾՔԻ ԿԱՆԱՉԱՊԱՏՈՒՄ
Մայր Տաճարի վերականգնման զուգահեռ կը բարեկարգուի նաեւ յարակից կանաչ տարածքը: Մայր Տաճարի շրջակայքը արդէն իսկ կանաչապատ է եւ տարուան բոլոր եղանակներուն խնամուած, այժմ բարեկարգելու սկսած են նաեւ յարակից տարածքը: Տարածքի ամբողջական կանաչապատումը նախատեսած է աւարտել մէկ-երկու տարուան ընթացքին: Ատոր համար նոյնպէս հրաւիրուած են մասնագէտներ, որոնք կ՚իրականացնեն Ամենայն Հայոց Հայրապետի առաջարկը. այն է՝ Տաճարի կանաչապատումը ըլլալու է հայկական գորգարուեստի զարդանախշերու տեսքով: Բուսատեսակները ընտրուած են կառոյցներու արտաքին տեսքին պատշաճ, նաեւ՝ տեղական եղանակին բնորոշ: Բուսաբանները, կանաչապատման ճարտարապետները եւ միջավայրի ձեւաւորողները իրենց առջեւ նպատակ դրած են ստանալ ճաշակով տարածք մը: Ծաղկատեսակներէն ընտրուած են ճերմակ եւ կարմիր վարդեր, մանիշակագոյն աբեղախոտ (լաւանտ) եւ զանազան գոյներու դրախտավարդեր, որոնք իրարմէ զատուած պիտի ըլլան յատուկ տեսակի թուփերով: Ոչ-պտղատու ծառաթուփերէ ալ ընտրուած եւ տնկուած են ճերմակ բալենի եւ հուտայածառ: Բուսատեսակները ներկրուած են եւրոպական զանազան երկիրներէ եւ արդէն իրենց մշտական տեղը կը գտնեն Մայր Տաճարի շրջակայքը:
ՀԱՅՈՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ
Տօնական իրադարձութիւններուն ընդառաջ կը բարեկարգուի նաեւ Վաղարշապատը՝ հայոց հոգեւոր մայրաքաղաքը: Նախատեսուած է պաշտօնական հիւրերու, ուխտաւորներու մեծ հոսք, եւ Վաղարշապատը սեպտեմբերին պատրաստ պիտի ըլլայ ընդունիլ հիւրերը:
Հայաստանի քաղաքներէն մեծութեամբ չորրորդը՝ Վաղարշապատը նաեւ իր միւս եկեղեցիներով նշանաւոր է: Վաղարշապատը ունի գլխաւոր մայրուղի՝ դէպի մայրաքաղաք Երեւան եւ մայրաքաղաք Երեւանին միացած է գիւղերով։ Իր երկու անուններով ալ՝ Էջմիածին եւ Վաղարշապատ, քաղաքը սիրելի է: Բայց հայոց հոգեւոր մայրաքաղաքը նաեւ այլ անուններ ունեցած է:
Ըստ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութեան», մինչեւ Վաղարշապատ կոչուիլը՝ քաղաքը անուանուած է Վարդգէսաւան, իսկ նախապէս՝ Արտիմեդ։
Բնակավայրի Արտիմեդ անուանումը, հաւանաբար, պայմանաւորուած եղած է այնտեղ գտնուող Արտիմեդ՝ Անահիտ աստուածուհիին նուիրուած տաճարով։ Այս ենթադրութիւնը կը հիմնաւորեն 1950-ական թուականներուն Մայր եւ Սուրբ Հռիփսիմէ տաճարներու պեղումներու ժամանակ տաճարներու հիմքերէն յայտնաբերուած հեթանոսական կառոյցներու բեկորները։
Վարդգէսաւան անունն ալ կապուած է աւանդութեան մը հետ, ըստ որու, Վարդգէս Մանուկը, բաժնուելով Տուհաց գաւառէն, Քասախ գետով կու գայ, կը նստի Շրէշ բլուրի եւ Քասախ գետի մօտ՝ Արտիմեդ քաղաքը, Երուանդ արքային խնամախօսելու, ուր իր անունով կը հիմնուի Վարդգէսաւանը։
Բ. դարու առաջին կէսին, ըստ Մովսէս Խորենացիի, Սանատրուկ Բ.-ի որդին՝ Վաղարշ Ա. թագաւորը Վարդգէսաւանը կը պատէ պարիսպով եւ մեծ ամբարտակով, դարձնելով թագաւորանիստ քաղաք՝ վերակոչելով զայն Վաղարշապատ կամ Նոր Քաղաք:
Միջին դարերուն, յատկապէս միջնադարուն, Վաղարշապատ մերթ ընդ մերթ կոչուած է նաեւ Էջմիածին, որ համանուն վանքին եւ ոչ ամբողջ բնակավայրին անունն է։
163 թուականէն մինչեւ 193 թուականը հռոմէացիք Վաղարշապատը նոյնիսկ մայրաքաղաք կը հռչակեն գրաւուած եւ աւերուած Արտաշատի փոխարէն եւ կ՚անուանեն Կայնեպոլիս (Նոր Քաղաք):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան