ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացան Խաչիկ Ճանէլ, Մանուկ Քալայճեան, Վարդան Մառանճըօղլու եւ Հերման Քաւաֆեան։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի անձնակազմէն Մարթա Ժոսլին Տինչքայըքճը։ Խորհրդակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնուեցաւ յանձնախումբի 2021 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը։ Գրաւոր փաստաթուղթին առընթեր, զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բանաւոր մանրամասնութիւններ ալ քաղեց յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն։

Ցայսօր այս յանձնախումբը նպաստընկալ 803 ընտանիքի համար կատարած պարէնի եւ սահմանափակ նիւթական օժանդակութեան առընթեր, 255 համակարգիչ տրամադրած է կարիքաւորներու՝ նոյնպէս որպէս օժանդակութիւն։ Ընդհանուր առմամբ, հանգանակուած 1 միլիոն 261 հազար 373 լիրա նուիրատուութեան փոխարէն՝ յանձնախումբի կատարած աջակցութիւններուն արժէքը կազմած է 1 միլիոն 400 հազար 556 լիրա։

Զրոյցի տեւողութեան քննարկման նիւթ դարձաւ, որ Պատրիարքարանէ ներս հաստատուած այս յանձնախումբի գրասենեակը արդիւնաւէտ աշխատանք կը տանի եւ հասարակական զանազան կառոյցներու հետ մշակուած կանոնաւոր երկխօսութիւնը ողջունելի պտուղներ կ՚ունենայ։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հերթական անգամ բարձր գնահատեց յանձնախումբի գործունէութիւնը եւ տուաւ իր օրհնութիւնը։ Ապագայ ծրագրերու վերաբերեալ խորհրդածութիւններ ընելու առընթեր ան յաջող շարունակութիւն մաղթեց աշխատանքներուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 1, 2022