ԴԷՊԻ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՓՈՒԼԸ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներուն շաբաթավերջի տարեվերջի հանդիսութիւնը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Վարժարանի սրահին մէջ այս առթիւ տեղի ունեցաւ երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով ձեռնարկ մը, որու բոլոր մասնակիցները փոքրիկները շրջապատեցին ապագայ յաջողութեան մաղթանքով։ Ներկայ էին Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, ծնողներ եւ հիւրեր։ Ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, որ փոքրիկներու կրթական կեանքի այս առաջին քայլափոխին թէ՛ անոնց եւ թէ ծնողներուն յիշեցուց մայրենի լեզուի կարեւորութիւնը եւ օտար լեզուներու ու հայերէնի համահունչ զարգացման անհրաժեշտութիւնը։
Սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ մանկապարտիզպանուհի Նաթալին Մուխթարեան, որու հսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր յայտագիրը։ Մինչ փոքրիկները ստացան խորհրդանշական վկայականներ, Ծնողաց միութեան ատենապետուհի Ժանէթ Արծիւեան եւ իր ընկերներն ալ նուէրներ յանձնեցին անոնց։
Յաջորդեց դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուած ընդունելութիւնը, որու ընթացքին կտրուեցաւ կարկանդակ մը եւ այս հանգրուանին արդէն կրկնապատկուեցաւ փոքրիկներուն ուրախութիւնը։ Այս հանդիսութիւնը ընդհանրապէս Ֆէրիգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ խրախուսական էր, որովհետեւ մանկապարտէզի փոքրիկները կը համարուին Մէրամէթճեան վարժարանի ապագան, իսկ այս թաղի պարագային բաւարար նախադրեալներ կան ապագայի համար լաւատես ըլլալու տեսանկիւնէն։