ՏԻՅԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան շաբաթավերջին ուղեւորութիւն մը իրականացուց դէպի Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջանի գաւառները։ Այս առթիւ ան գոհաբանական Ս. Պատարագներ մատոյց՝ իր նոր պաշտօնին անցնելէ վերջ առաջին անգամ։ Շաբաթ, Գերապայծառը պատարագեց Մարտինի Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ երէկ ան պատարագեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։ Երէկուան Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հաւանութեամբ ու հանդիսապետութեամբ։ Ներկայ էին նաեւ Մարտինի ասորիներու մետրապոլիտը՝ Մոր Սալիպա Էօզմէն, Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Հոծ թիւով ուխտաւորներ եւս ներկայ էին արարողութեան։
Նախքան Տէրունական աղօթքը Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդը հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ մասին ու Գերապայծառը ներկայացնելով ողջունեց այդ պատմական սրբավայրի երդիքին տակ։ Ապա Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան խօսեցաւ օրուան քարոզը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի սարքուեցաւ նաեւ սիրոյ սեղան մը։ Տիարպաքըրի ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք եւ իր ընկերները եւս ներկայ գտնուեցան արարողութիւններուն։