ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՊՍԱԿԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հաւաքական մկրտութեան եւ պսակի արարողութիւն։ Խորապէս տպաւորիչ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ տերսիմցի տասներկու պատանիներու եւ չափահասներու Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեան ընթացքին։ Մկրտութեան յաջորդեց անոնց շարքին երկու զոյգերու Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը։
Հոգեպարար արարողութեան հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Մկրտեալ տասներկու տերսիմցի հայերէն տասն արդէն չափահասներ էին, իսկ երկուքը՝ պատանիներ։ Անոնց կնքահայրերը եղան՝ Նազար Պինաթլը, Բագրատ Էսդուքեան, Գամէր Գարաթայլը, Յակոբ Ալթընգայա եւ Պօղոս Չոլաք։ Յաջորդած Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւններուն ընթացքին խաչեղբայրները եղան Գամէր Գարաթայլը եւ Երուանդ Տինք։
Խորհրդակատարութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, մինչ ստեղծուած էր իսկապէս շատ յուզումնալի մթնոլորտ մը։ Բոլորը զիրար շնորհաւորեցին բարձր տրամադրութեամբ ու ողջագուրուեցան բարեմաղթութիւններով։