ՄՈՆԻՔ ԵՐԿԱՆԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Թոփ­գա­բուի Ս․ Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւա­գա­լի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ 

Մեծ պահ­քի Մի­ջին­քին զու­գա­դի­պած ժա­մեր­գու­թեան նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ․ Ա­րամ Արք․ Ա­թէ­շեան, որ տուաւ նաեւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ներ­կայ էին Տ․ Զա­տիկ Ա­բե­ղայ Պա­պի­կեան եւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ․ Մի­նաս Քհնյ․ Ճի­հան­կիւ­լեան։ Յա­ւարտ ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թեան կա­յա­ցաւ խա­չա­հան­գիստ։ 

Միա­ժա­մա­նակ, յօ­գուտ թա­ղի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի, կազ­մա­կեր­պուած էին տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տու­հի Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի գե­ղա-նը­կար­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառքն ու տիկ­նանց կազ­մի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տուած Ս․ Զատ­կուան ա­ւան­դա­կան քէր­մէ­սը։ Զա­նա­զան թա­ղե­րէն փու­թա­ցած այ­ցե­լու­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ վար­ժա­րա­նի կրթա­կան մշակ­ներն ու սա­նե­րը ա­ռիթն ու­նե­ցան տես­նե­լու Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի  քա­ռա­սու­նե­րեք կտաւ­նե­րը։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Մո­նիք Եր­կա­նեան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան նման աշ­խա­տանք կը տա­նի՝ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին իր յա­ւե­լեալ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար։ Իր այս հեր­թա­կան ցու­ցա­հան­դէսն ալ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեան ա­ռիթ դար­ձաւ Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քին մօտ։  Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ ցու­ցա­հան­դէ­սը այ­ցե­լե­լու ժա­մա­նակ ար­տա­յայ­տեց իր հայ­րա­կան գնա­հա­տան­քը հե­ղի­նա­կին նկատ­մամբ, ո­րու կող­քին էր նաեւ իր կո­ղա­կի­ցը՝ յայտ­նի բա­րե­րար Ա­րէտ Եր­կա­նեան։ 

Այս առ­թիւ Մո­նիք Եր­կա­նեան մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն յայտ­նեց, թէ այս աշ­խա­տան­քը կա­տա­րուած էր ի նպաստ կրթու­թեան եւ նոր սե­րուն­դի դաս­տիա­րա­կու­թեան։ Ան ը­սաւ, որ բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րը բաց պէտք է պա­հեն ի­րենց դռնե­րը եւ նոյ­նիսկ պէտք է  ա­մէ­նու­րեք բա­ցուին նո­րե­րը, որ­պէս­զի մար­դիկ դաս­տիա­րա­կուին, կրթուին։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նաեւ բո­լոր բա­րե­րար­նե­րուն ու օ­ժան­դա­կող­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ մա­մու­լին։ 

Եր­կա­նեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սին ա­ռըն­թեր տիկ­նանց կազ­մին կող­մէ պատ­րաս­տուած քէր­մէսն ալ այ­ցե­լու­նե­րու ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ, մա­նա­ւանդ, որ տրա­մադ­րուած էին ճա­շա­կա­ւոր ձե­ռա­գործ­ներ։ 

Այս­պէ­սով, Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քին ե­րէ­կուան ար­տա­սո­վոր օ­րը պսա­կուե­ցաւ յա­ջո­ղու­թեամբ։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015