ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՍԱՆ ԼՈՂԻ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի աշակերտները փայլուն յաջողութիւններ արձանագրած են Պէյօղլուի շրջանի վարժարաններուն միջեւ կազմակերպուած լողի մրցաշարքի արդիւնքին։ Պէյօղլուի Գաւառապետութեան, Կրթական տնօրէնութեան, Քաղաքապետութեան եւ Մարզական տնօրէնութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքը նախատեսուած էր երեք տարիքային խմբաւորումներու ձեւաչափին մէջ։ Աստղերը, փոքրերն ու ամենափոքրերը հանդէս եկան յաջող ելոյթներով։
Ամենափոքրերու դասաւորման մէջ Էսաեանը ներկայացուցին Թալիա Եշիլթէփէ, Նիքոլ Իշկիւզար, Արտա Սուսուք եւ Ճան Պարըշ։ Բոլորն ալ առանց բացառութեան մաս կազմեցին առաջին երեք դափնեկիրներու շարքին։ Թալիա Եշիլթէփէ նուաճեց առաջնութիւնը։
Փոքրերու դասաւորման մէջ Էսաեանը ներկայացուցին՝ Իլայտա Պօղոսեան, Թալիա Կէզէրօղլու, Լարիսա Պէյլէր, Տաւիտ Իւկէ եւ Սայաթ Քուշ։ Նմանապէս այս խմբաւորման տղաքն ալ առանց բացառութեան մաս կազմեցին առաջին երեք դափնեկիրներու շարքին, մինչ Լարիսա Պէյլէր նուաճեց առաջնութիւն։
Աստղերու դասաւորման մէջ Էսաեանի 7-րդ դասարանէն Արիս Թիրեաքիեան եւս նուաճեց առաջնութիւն մը։
Իսկ խմբային մրցաշարքին մէջ Էսաեանի կազմը դարձաւ ախոյեան։ Խումբին մէջ էին Արիս Թիրեաքիեան, Արաս Գարամըզրաք, Շանթ Շիմշէքչաք եւ Ճան Եշիլթէփէ։
Այս գերազանց յաջողութիւնները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին Էսաեանի ընտանիքին մօտ։ Տղաքը մետայլներով եւ բաժակով վարժարան վերադառնալով՝ իրենց դասընկերներուն կողմէ շրջապատուեցան ջերմօրէն։ Էսաեանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ եւ մարզանքի ուսուցչուհի Անժէլ Ելէկէնն ալ շնորհաւորեցին աշակերտները։
Միւս կողմէ, Էսաեան վարժարանի 5-րդ դասարանի աշակերտներէն Ալէն Նշան առաջնութիւն մը նուաճեց «Mind Lab»ի Թուրքիոյ 9-րդ աւարտականին շրջագծով։ Այս արդիւնքին հիման վրայ ան իրաւունք շահեցաւ յառաջիկայ շրջանին ներկայացնելու Թուրքիան։ Ալէն Նշան անցեալ տարի ալ նոյն շրջագծով երրորդ դիրքին տիրացած էր համաշխարհային մակարդակով։