ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՍԱՄԱԹԻԱՑԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹ՝ ՖԼՈՐԻԱՅԻ ՄԷՋ
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ անցեալ շաբաթ Ֆլորիայի մէջ տիկնանց ճաշկերոյթ մը կազմակերպուեցաւ ի նպաստ դպրոցին։ «Տէվէլի» ճաշարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 250 հոգի։ Նկատի ունենալով, որ ճաշկերոյթը կը զուգադիպէր Մայրերու օրուան շաբթուան՝ կազմակերպիչները յուշանուէրներ պատրաստած էին հիւրերուն համար։ Ծնողաց միութեան անդամուհիները, Տիանա Գույումճուի եւ Լուիզա Տէմիրճիի գլխաւորութեամբ, ջերմ հիւրասիրութիւն ցոյց տուին բոլորին նկատմամբ, ստեղծելով հաճելի ժամանցի մթնոլորտ։
Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Թալին Մաթոսօղլու եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ։